Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Բ. Կորնթացիս 4
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Բ. Կորնթացիս 4։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    9/1/2005, էջ 6-7

Բ. Կորնթացիս 4։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    9/1/2005, էջ 6-7

    3/1/1998, էջ 15-17

    Ծառայութեան դպրոց, էջ 153

Բ. Կորնթացիս 4։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    9/1/2005, էջ 12-14

Բ. Կորնթացիս 4։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    4/1/2004, էջ 14-15

    3/1/2002, էջ 21

Բ. Կորնթացիս 4։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    6/2017, էջ 10-11

    Եհովային վերադարձիր, էջ 6

    Դիտարան,

    7/1/2000, էջ 18

    4/1/1999, էջ 11

    2/1/1999, էջ 22-23

    Թագաւորութեան ծառայութիւնը,

    2/2007, էջ 1

    1/1998, էջ 1

Բ. Կորնթացիս 4։16

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր,

    5/2019, էջ 2

    Դիտարան,

    7/1/2008, էջ 16

    9/1/2004, էջ 19

Բ. Կորնթացիս 4։17

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները (2019), 5/2019, էջ 1

Բ. Կորնթացիս 4։18

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    5/2020, էջ 26-31

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Բ. Կորնթացիս 4։1-18

Բ. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

ՀՈԳԵՒՈՐ ԳԱՆՁ ԿԱՒԷ ԱՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

4 Այս պաշտօնը ստացանք Աստուծոյ ողորմութիւնով, ուստի չենք ձանձրանար. 2 Հապա կը հրաժարինք ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր եւ խարդախութիւն չենք ըներ Աստուծոյ խօսքին մէջ. հապա ճշմարտութիւնը յայտնելով՝ անձերնիս կը ներկայացնենք մարդոց խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ։ 3 Իսկ եթէ մեր աւետարանը ծածկուած ալ է, կորսուածներուն համար ծածկուած է. 4 Որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը։ 5 Վասն զի ո՛չ թէ անձերնիս կը քարոզենք, հապա Քրիստոս Յիսուս Տէրը ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսին համար. 6 Վասն զի Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը։ 7 Արդ՝ մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք, որպէս զի զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ։ 8 Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք. 9 Հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք։ 10 Ամէն ատեն Յիսուսին մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէս զի Յիսուսին կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի։ 11 Վասն զի մենք որ կենդանի ենք՝ Յիսուսին համար մահուան կը մատնուինք, որպէս զի Յիսուսին կեանքն ալ մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ յայտնի ըլլայ։ 12 Ուստի մահը մեր մէջ կը ներգործէ եւ կեանքը՝ ձեր մէջ։ 13 Բայց հաւատքին նոյն հոգին ունինք, ինչպէս գրուած է. «Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ»։ Մենք ալ կը հաւատանք ու անոր համար կը խօսինք։ 14 Գիտենք թէ ան որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց՝ մեզ ալ Յիսուսով պիտի յարուցանէ ու անոր առջեւ պիտի կայնեցնէ ձեզի հետ։ 15 Վասն զի ամէն բան ձեզի համար է, որպէս զի շատերուն գոհութեամբ առատացած շնորհքը՝ աւելնայ Աստուծոյ փառքին համար։

ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԱՊՐԻԼ

16 Այս պատճառով չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի։ 17 Վասն զի մեր վայրկենական թեթեւ նեղութիւնը աւելի ու աւելի յաւիտենական փառքի գերազանցութիւնը պիտի ներգործէ, 18 Ուստի մենք երեւցած բաներուն չնայինք, հապա չերեւցածներուն. քանզի երեւցած բաները ժամանակաւոր են, բայց չերեւցածները՝ յաւիտենական։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել