Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուղ էջ 34-35
  • 5 Աստուածաշունչին պատգամը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 5 Աստուածաշունչին պատգամը
  • Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց
  • Ենթավերնագիրներ
  • Ք.Ա. 4026–էն ետք
  • Ք.Ա. 1943
  • Ք.Ա. 1070–էն ետք
  • Ք.Ե. 29
  • Ք.Ե. 33
  • Շուրջ Ք.Ե. 1914
  • Ապագայ
Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց
ուղ էջ 34-35

5

Աստուածաշունչին պատգամը

Նկար

Եհովա Աստուած իշխելու իրաւունք ունի։ Իր իշխելու կերպը լաւագոյնն է։ Երկրի եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակը պիտի կատարուի։

Ադամն ու Եւան Եդեմի պարտէզին մէջ, օձի մը մօտ

Ք.Ա. 4026–էն ետք

«Օձը» Եհովայի իշխելու իրաւունքն ու կերպը հարցականի տակ կը դնէ։ Եհովան կը խոստանայ մէջտեղ բերել «սերունդ» մը, որ ի վերջոյ պիտի ջախջախէ օձը՝ Սատանան (Ծննդոց 3։1-5, 15)։ Սակայն, Եհովան մարդոց ժամանակ կու տայ որ օձին ազդեցութեան ներքեւ ինքզինքնին կառավարեն։

Աբրահամ Աստուծոյ խոստումը կը լսէ

Ք.Ա. 1943

Եհովան Աբրահամին կ’ըսէ թէ խոստացուած «սերունդը» իր շառաւիղէն պիտի գայ (Ծննդոց 22։18)։

Դաւիթ թագաւոր

Ք.Ա. 1070–էն ետք

Եհովան կը վստահեցնէ Դաւիթ թագաւորը եւ յետագային՝ անոր տղան Սողոմոնը, թէ խոստացուած «սերունդը» իրենց շառաւիղէն պիտի գայ (Բ. Թագաւորաց 7։12, 16. Գ. Թագաւորաց 9։3-5. Եսայի 9։6, 7)։

Յիսուս իր մկրտութեան ժամանակ

Ք.Ե. 29

Եհովան ցոյց կու տայ թէ խոստացուած «սերունդը» Յիսուսն է, Դաւիթի գահաժառանգը (Գաղատացիս 3։16. Ղուկաս 1։31-33. 3։21, 22)։

Յիսուս իր մահուան ժամանակ

Ք.Ե. 33

Օձը՝ Սատանան, խոստացուած «սերունդ»ին գարշապարը կը խայթէ՝ Յիսուսը սպաննել տալով։ Եհովան Յիսուսը երկնային կեանքի համար կը յարուցանէ եւ կ’ընդունի Յիսուսի կատարեալ կեանքին արժէքը, այսպէս՝ մեղքեր ներելու եւ Ադամի զարմին յաւիտենական կեանք տալու հիմ մը հայթայթելով (Ծննդոց 3։15. Գործք 2։32-36. Ա. Կորնթացիս 15։21, 22)։

Օձը՝ Սատանան, երկիր կը ձգուի, ինչպէս որ Յայտնութիւն գրքին մէջ նշուած է

Շուրջ Ք.Ե. 1914

Յիսուս երկնքէն վար կը ձգէ օձը՝ Սատանան, զինք քիչ ժամանակ մը երկրի շրջակայքը արգելափակելով (Յայտնութիւն 12։7-9, 12)։

Յիսուս իր երկնային գահէն երկրի վրայ կ’իշխէ, ինչպէս որ խոստացուած է Յայտնութիւն գրքին մէջ

Ապագայ

Յիսուս 1000 տարի կը բանտարկէ Սատանան եւ ապա կը կործանէ զինք, այլաբանօրէն անոր գլուխը ջախջախելով։ Երկրին եւ մարդկութեան նկատմամբ Եհովայի սկզբնական նպատակը կը կատարուի, իր անունը ամէն նախատինքէ կը մաքրուի եւ իր իշխելու կերպը կը ջատագովուի (Յայտնութիւն 20։1-3, 9. 21։3, 4)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել