ԴԱՍ 5
Չափահասներու առաջնորդութիւնը գնահատել
ՈՐՈ՞ՆՔ ՊԷՏՔ Է ՊԶՏԻԿՆԵՐԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ
Պզտիկները պէտք ունին որ չափահասներ զիրենք ուղղեն եւ առաջնորդեն։ Որպէս ծնող, ամենալաւ կերպով կրնաս այդ դերը կատարել։ Ատիկա քո՛ւ պարտականութիւնդ է։ Սակայն ուրիշներ ալ կրնան պզտիկներուդ օգնել եւ խրատ տալ։
ՉԱՓԱՀԱՍԻ ԿՈՂՄԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԻԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
Կարգ մը երկիրներու մէջ, պզտիկները շատ քիչ ժամանակ կ’անցընեն չափահասներուն հետ։ Օրինակ՝
Պզտիկները իրենց օրուան մեծ մասը կ’անցընեն դպրոցը, ուր աշակերտներուն թիւը շատ աւելի է քան չափահասներուն թիւը։
Դպրոցէն ետք, կարգ մը պատանիներ տան մէջ առանձին կը մնան, քանի որ ծնողները գործի են։
Ուսումնասիրութիւն մը յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, 8-12 տարեկան պզտիկները ամէն օր միջին հաշուով վեց ժամ կը վատնեն ժամանցի համարa։
Գիրք մը կ’ըսէ. «Ուղղութեան, օրինակի եւ առաջնորդութեան համար, պզտիկները կը դիմեն ո՛չ թէ իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ ուրիշ պատասխանատու չափահասներու, հապա. . . իրենց տարեկիցներուն» (Hold On to Your Kids)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ
Պզտիկներուդ հետ ժամանակ անցուր։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առակաց 22։6)։
Պզտիկները բնականաբար իրենց ծնողներուն կը նային առաջնորդութեան համար։ Մասնագէտները կ’ըսեն, որ նոյնիսկ երբ պզտիկները կը սկսին պատանի դառնալ, կը նախընտրեն խրատ ստանալ իրենց ծնողքէն քան ուրիշ պատանիներէ։ «Գլխաւորաբար ծնողնե՛րը կ’ազդեն իրենց զաւակին կեցուածքներուն եւ վարուելակերպին՝ պատանեկութեան ընթացքին եւ չափահասութեան սկիզբը», կը գրէ տոքթ. Լորընս Սթայնպըրկ You and Your Adolescent գրքին մէջ։ Ան կ’աւելցնէ. «Պատանիները կ’ուզեն գիտնալ թէ ի՛նչ կը մտածես, եւ ըսածներդ մտիկ կ’ընեն, նոյնիսկ եթէ ատիկա չեն ցուցներ կամ միշտ չեն ընդունիր ամէն ըսածդ»։
Որովհետեւ պզտիկդ բնականաբար քեզի կը նայի առաջնորդութեան համար, ամէն կարելիդ ըրէ, որ զինք առաջնորդես։ Անոր հետ ժամանակ անցուր եւ խօսէ տեսակէտներուդ ու փորձառութիւններուդ մասին։
Զաւակիդ համար հասուն բարեկամ մը գտիր։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ» (Առակաց 13։20)։
Միտքդ կա՞յ չափահաս մը, որ կրնայ պատանիիդ օգնել եւ խրատ տալ։ Կրնա՞ս կարգադրութիւն ընել որ ան զաւակիդ հետ ժամանակ անցընէ։ Անշուշտ պիտի շարունակես ծնողական պատասխանատուութիւնդ շալկել։ Բայց այն քաջալերութիւնը, որ վստահելի չափահաս մը կու տայ, կրնայ զաւակիդ տուած կրթութեանդ նպաստել։ Տիմոթէոս,– նոյնիսկ չափահաս ըլլալով,– մեծապէս օգտուեցաւ Պօղոս առաքեալին հետ ընկերակցելով, եւ Պօղոսն ալ Տիմոթէոսի բարեկամութենէն օգտուեցաւ (Փիլիպպեցիս 2։20, 22)։
Ներկայիս, բազմաթիւ ընտանիքներ բաժան–բաժան եղած են, քանի որ մեծ հայրեր, մեծ մայրեր, հօրեղբայրներ, քեռիներ եւ ուրիշ ազգականներ տարբեր երկիրներու մէջ կ’ապրին։ Եթէ այս է պարագադ, փորձէ պատանիներուդ առջեւ առիթներ բանալ սորվելու չափահասներէ, որոնք ունին այն յատկութիւնները, որ կ’ուզես որ զաւակներդ ունենան։
a Նոյն ուսումնասիրութիւնը նաեւ մէջտեղ հանեց, թէ պատանիները օրական միջին հաշուով ինը ժամ կը տրամադրեն ժամանցին։ Ուսումնասիրութիւնը հաշուի չառաւ այն ժամերը, որոնք պզտիկները եւ պատանիները կ’անցընեն համացանցը գործածելով՝ դպրոցը կամ տան մէջ, իրենց դպրոցական պարտականութիւնները ընելու համար։