Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 2 էջ 12-13
  • 4. Ստեղծուած ենք տառապելո՞ւ համար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 4. Ստեղծուած ենք տառապելո՞ւ համար
  • Զարթի՛ր 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է
  • Պահ մը մտածէ
  • Աստուածաշունչը կ’ըսէ
  • Բովանդակութիւն
    Զարթի՛ր 2020
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Գ. հարցում՝ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապիմ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Տառապանքին տոկալով կրնանք օգտուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 2 էջ 12-13
Ընտանիք մը լեռներուն մէջ բանակում կը կատարէ։ Անոնք կը նկարուին լեռներուն առջեւ։

4. Ստեղծուած ենք տառապելո՞ւ համար

Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է

Պատասխանը կ’ազդէ կեանքի հանդէպ մեր տեսակէտին։

Պահ մը մտածէ

Այսքան գեղեցիկ բաներ Ստեղծողը ինչո՞ւ մեզ պիտի մատնէր տառապանքով լեցուն կեանքի մը։

Կրօնասէր չեղող մարդիկը տառապանքը պատճառ կը սեպեն հարցականի տակ դնելու Աստուծոյ շարժառիթները, կամ նոյնիսկ անոր գոյութիւնը։ Ըստ անոնց, տառապանքը ցոյց կու տայ, որ Աստուած 1) անզօր է զայն կեցնելու, կամ 2) չէ հետաքրքրուած զայն կեցնելով, եւ կամ 3) գոյութիւն չունի։

Ասոնք իրապէս միա՞կ հաւանական պատճառներն են, թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը տառապին։

ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Կրնաս դիտել Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ է վիտէոն, www.pr418.com/hyw կայքին մէջ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Աստուած մեզ չստեղծեց որ տառապինք։

Ան կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք։

«Ուրախ ըլլալէ ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ, ուրիշ աղէկ բան չկայ. . . Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է» (ԺՈՂՈՎՈՂ 3։12, 13)։

Աստուած առաջին մարդկային զոյգին տուաւ պէտք եղած ամէն բան։

Անոր նպատակը չէր որ անոնք, կամ անոնց սերունդը, տառապէին։

«Աստուած անոնց ըսաւ. ‘Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք’» (ԾՆՆԴՈՑ 1։28)։

Առաջին մարդկային զոյգը որոշեց Աստուծմէ անկախ ըլլալ։

Առ ի արդիւնք, անոնք իրենց եւ իրենց ամբողջ սերունդին վրայ ահռելի տառապանք բերին։

«Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5։12)a։

Աստուած մեզ չստեղծեց որ առանց իր առաջնորդութեան ապրինք։

Մենք չենք ստեղծուած որ մենք մեր վրայ իշխենք, ինչպէս որ չենք ստեղծուած որ ջուրին տակ ապրինք։

«Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (ԵՐԵՄԻԱ 10։23)։

Աստուած չ’ուզեր որ տառապինք։

Ան կ’ուզէ որ ապրինք այնպիսի կերպով մը, որ կարելի եղածին չափ հեռու մնանք խնդիրներէ։

«Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ գետի պէս. . . պիտի ըլլար» (ԵՍԱՅԻ 48։18)։

a Աստուածաշունչին մէջ «մեղք» բառը կ’ակնարկէ ոչ միայն սխալ արարքներու, հապա նաեւ այն վիճակին, որ բոլոր մարդիկը ժառանգած են։

Ստեղծուած ենք տառապելո՞ւ համար

Ո՛չ։ Տառապանքը բնաւ մարդոց համար Աստուծոյ նպատակին մէկ մասը չէր։ Տառապանքը սկսաւ, երբ առաջին մարդկային զոյգը որոշեց Աստուծոյ չհնազանդիլ։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ մարդկային ցեղը անվերջ պիտի տառապի։

Օրին մէկը մեր տառապանքը վերջ պիտի գտնէ՞։

Տե՛ս 5–րդ հարցումը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել