ՄԱՍ Զ
Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ իր մահը
Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամ անունով գեղեցիկ երիտասարդուհիի մը ղրկուեցաւ։ Ան անոր ըսաւ թէ զաւակ մը պիտի ունենար, որ յաւիտեան պիտի թագաւորէր։ Մանուկը՝ Յիսուս՝ ախոռի մը մէջ ծնաւ, ուր հովիւներ իրեն այցելեցին։ Հետագային, Արեւելքէն աստղ մը կարգ մը մարդիկ առաջնորդեց դէպի երախան։ Կը սորվինք թէ ո՛վ պատճառ եղաւ որ անոնք այդ աստղը տեսնեն եւ թէ ի՛նչպէս Յիսուս փրկուեցաւ զինք սպաննելու ջանքերէն։
Ապա, Յիսուսը կը գտնենք, երբ 12 տարեկան էր, որ տաճարին մէջ ուսուցիչներուն հետ կը խօսէր։ Տասնըութը տարի ետք, Յիսուս մկրտուեցաւ, ապա Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ ուսուցանելու գործին սկսաւ, որու համար Աստուած զինք երկիր ղրկած էր։ Այս գործին մէջ իրեն օգնելու համար, Յիսուս 12 մարդիկ ընտրեց եւ զանոնք իր առաքեալները ըրաւ։
Յիսուս նաեւ շատ մը հրաշքներ ըրաւ։ Ան հազարաւոր մարդիկ կերակրեց միայն քանի մը պզտիկ ձուկերով եւ քանի մը նկանակներով։ Ան հիւանդներ բժշկեց եւ նոյնիսկ մեռելներ յարուց։ Վերջապէս, կը սորվինք իր կեանքին վերջին օրը Յիսուսի պատահած շատ մը դէպքերուն եւ սպանութեան մասին։ Յիսուս քարոզեց երեքուկէս տարի. ուստի ՄԱՍ Զ.–ը աւելի քան 34 տարիներու շրջան մը կը ծածկէ։