Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 84
  • Հրեշտակ մը Մարիամի կ’այցելէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հրեշտակ մը Մարիամի կ’այցելէ
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ»
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Ծնունդէն առաջ պատիւ կը ստանայ
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Մարիամի օրինակը ի՛նչ կրնայ սորվեցնել մեզի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Ան «իր սրտին մէջ կը մտածէր»
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 84
Մարիամ Գաբրիէլ հրեշտակին մտիկ կ’ընէ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 84

Հրեշտակ մը Մարիամի կ’այցելէ

ԱՅՍ գեղեցիկ կինը Մարիամն է։ Ան Իսրայելացի մըն է, որ Նազարէթ քաղաքին մէջ կ’ապրի։ Աստուած գիտէ թէ Մարիամ շատ բարի անձ մըն է։ Անոր համար իր Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկած է, որ անոր խօսի։ Գիտէ՞ք թէ Գաբրիէլ Մարիամի ի՛նչ ըսելու եկած է։ Տեսնենք.

‘Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս’, կ’ըսէ Գաբրիէլ անոր։ ‘Եհովան քեզի հետ է’։ Մարիամ նախապէս բնաւ տեսած չէ այս անհատը։ Ան կը մտահոգուի, քանի որ չհասկնար անոր խօսքերուն իմաստը։ Բայց անմիջապէս Գաբրիէլ կը հանդարտեցնէ զինք։

‘Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ’, կ’ըսէ ան։ ‘Եհովան շատ կը հաւնի քեզ։ Անոր համար է որ ան սքանչելի բան մը պիտի ընէ քեզի համար։ Շուտով մանուկ մը պիտի ունենաս եւ զինք Յիսուս պիտի կոչես’։

Գաբրիէլ կը շարունակէ բացատրել. ‘Այս երախան մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ Եհովա զինք Դաւիթին նման թագաւոր պիտի ընէ։ Բայց Յիսուս յաւիտեան թագաւոր մը պիտի ըլլայ եւ իր թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չվերջանայ’։

‘Այս բոլորը ինչպէ՞ս կրնան ըլլալ’, կը հարցնէ Մարիամ։ ‘Ես տակաւին չեմ ամուսնացած։ Ես մարդու մը հետ ապրած չեմ, ուստի ի՞նչպէս կրնամ զաւակ մը ունենալ’։

‘Աստուծոյ զօրութիւնը քու վրադ պիտի գայ’, կը պատասխանէ Գաբրիէլ։ ‘Անոր համար երախան պիտի կոչուի Աստուծոյ Որդի’։ Ապա ան կ’ըսէ Մարիամի. ‘Յիշէ քու ազգականդ՝ Եղիսաբէթը։ Մարդիկ իրեն համար ըսին թէ ան շատ ծեր էր զաւակներ ունենալու համար։ Բայց շուտով ան որդի մը պիտի ունենայ։ Ուստի կը տեսնես թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ’։

Այդ պահուն Մարիամ կ’ըսէ. ‘Ես Եհովային աղախինն եմ։ Թող քու ըսածիդ պէս ըլլայ ինծի’։ Այն ատեն հրեշտակը հրաժեշտ կ’առնէ։

Մարիամ արտորնօք Եղիսաբէթին այցելութեան կ’երթայ։ Երբ Եղիսաբէթ Մարիամի ձայնը կը լսէ, Իր արգանդին մէջ մանուկը կը ցատկէ ուրախութենէն։ Եղիսաբէթ Աստուծոյ հոգիով կը լեցուի եւ կ’ըսէ Մարիամի. ‘Դուն մասնաւորաբար օրհնեալ ես կիներուն մէջ’։ Մարիամ Եղիսաբէթին քով կը մնայ շուրջ երեք ամիս եւ ապա կը վերադառնայ Նազարէթ։

Մարիամ մօտ ատենէն պիտի ամուսնանայ Յովսէփ անունով մարդու մը հետ։ Բայց երբ Յովսէփ կը գիտնայ որ Մարիամ երախայ մը պիտի ունենայ, կը խորհի թէ ալ պէտք չէ ամուսնանայ անոր հետ։ Ապա Աստուծոյ հրեշտակը կ’ըսէ Յովսէփին. ‘Մի՛ վախնար Մարիամը քեզի կին առնելէ։ Քանի որ Աստուած է որ իրեն որդի մը տուած է’։ Ուստի Մարիամ եւ Յովսէփ կ’ամուսնանան եւ կը սպասեն Յիսուսի ծնունդը։

Ղուկաս 1։26–56. Մատթէոս 1։18–25

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել