ՄԱՍ Ը
Աստուածաշունչի նախագուշակութիւնները շիտակ կ’ելլեն
Աստուածաշունչը ոչ միայն անցեալին պատահած ճշմարիտ պատմութիւնները կու տայ, այլ նաեւ կը պատմէ թէ ի՛նչ պիտի պատահի ապագային։ Մարդիկ չեն կրնար ապագան գուշակել։ Անոր համար է որ գիտենք թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ է։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ ապագային մասին։
Ան կը խօսի Աստուծոյ մեծ պատերազմին մասին։ Այս պատերազմին մէջ, Աստուած երկիրը բոլոր չարութենէ եւ չար մարդոցմէ պիտի մաքրէ, բայց իրեն ծառայողները պիտի պահպանէ։ Աստուծոյ թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ հոգ պիտի տանի որ Աստուծոյ ծառաները խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն վայելեն եւ այլեւս բնաւ չհիւանդանան կամ չմեռնին։
Ուրախ ենք որ Աստուած երկիրը նոր դրախտի մը պիտի վերածէ, այդպէս չէ՞։ Բայց մենք բան մը պէտք է ընենք եթէ կ’ուզենք այս դրախտին մէջ ապրիլ։ Այս գրքին վերջին պատմութեան մէջ պիտի սորվինք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, իրեն ծառայողներուն համար Աստուծոյ վերապահած այդ հոյակապ բաները վայելելու համար։ Ուստի կարդացէք ՄԱՍ Ը.–ը եւ տեսէք թէ ապագայի մասին Աստուածաշունչը ի՛նչ կը նախագուշակէ։