Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • գր1 էջ 23-28
  • Հաւատքը՝ եւ ձեր ապագան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հաւատքը՝ եւ ձեր ապագան
  • Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 1
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անցեալը Ի՞նչպէս Էր
  • Մարդկային Լուծումներ Չկան
  • Եհովայի Վկաները Ի՛նչպէս կը Դիտեն Ապագան
  • Մարդկային Իշխանութեան Ապագան
  • Եհովայի Խոստումներուն Հաւատք Ընծայեցէք
  • Աստուծոյ նպատակը շուտով պիտի իրագործուի
    Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ի՞նչպէս կրնաք գտնել զայն
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ երկրին նոր իշխանութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Եհովա հաւատարիմներուն նկատմամբ իր խոստումները կը կատարէ
    Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 1
  • Շուտով՝ ա՛ւելի լաւ կեանք մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 1
գր1 էջ 23-28

Հաւատքը՝ եւ ձեր ապագան

‘Հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնն է’։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11։1

1. Մարդոց մեծամասնութիւնը ի՞նչպիսի ապագայ կը փափաքի։

ԱՊԱԳԱՅՈՎ հետաքրքրուա՞ծ էք։ Շատեր հետաքրքրուած են։ Անոնց փափաքն է խաղաղ եւ վախէ զերծ ապագայ մը, ապրուստի համեստ վիճակներ, արդիւնաբեր եւ հաճելի աշխատանք, լաւ առողջութիւն եւ երկար կեանք։ Անկասկած, պատմութեան մէջ ամէն սերունդ այս բաները փափաքած է։ Իսկ ներկայիս, բազմաթիւ խնդիրներով լեցուն այս աշխարհին մէջ, այսպիսի վիճակներ որեւէ ժամանակէ աւելի փափաքելի են։

2. Դիւանագէտ մը ապագայի մասին ի՞նչ տեսակէտ յայտնեց։

2 Մինչ մարդկութիւնը դէպի ԻԱ. դարը կ’ուղղուի, կարելի՞ է կերպով մը գիտնալ թէ ապագան ի՛նչպէս պիտի ըլլայ։ Ասիկա գիտնալու կերպերէն մէկուն մասին խօսեցաւ Ամերիկացի դիւանագէտ՝ Փաթրիք Հէնրին, աւելի քան 200 տարի առաջ, ըսելով. «Ապագան կրնամ դատել միմիայն անցեալէն»։ Ըստ այս տեսակէտին, մարդկային ընտանիքին ապագան որոշ տարողութեամբ կարելի է գիտնալ մարդուն անցեալի գործունէութիւններէն։ Շատեր համաձայն են այս գաղափարին։

Անցեալը Ի՞նչպէս Էր

3. Պատմութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ ապագայ ակնկալութիւններուն նկատմամբ։

3 Եթէ ապագան անցեալին ցոլքը պիտի ըլլայ, կը խորհի՞ք որ անիկա քաջալերական պիտի ըլլայ։ Ամբողջ անցեալ դարերու ընթացքին, նախորդ սերունդներուն համար ապագան աւելի լաւ եղա՞ծ է։ Արդարեւ ո՛չ. հակառակ հազարաւոր տարիներէ ի վեր մարդոց յուսադրութիւններուն եւ հակառակ կարգ մը վայրերու մէջ նիւթական մարզերու մէջ կատարուած յառաջդիմութեան, պատմութիւնը հարստահարութեամբ, ոճիրով, բռնութեամբ, պատերազմով եւ աղքատութեամբ լեցուն եղած է։ Այս աշխարհը, գլխաւորաբար մարդկային անգոհացուցիչ իշխանութիւններուն կողմէ պատճառուած աղէտներու շարան մը տեսած է։ Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն կ’ըսէ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։—Ժողովողի 8։9

4, 5. (ա) Քսաներորդ դարու սկիզբը մարդիկ ինչո՞ւ յոյսերով լեցուն էին։ (բ) Ապագայի նկատմամբ իրենց յոյսերուն ի՞նչ պատահեցաւ։

4 Իրողութիւնը այն է թէ մարդկութեան աղիտալի պատմութիւնը կը շարունակէ ինքզինք կրկնել, միմիայն աւելի մեծ եւ աւելի վնասաբեր համեմատութեամբ։ Քսաներորդ դարը կ’ապացուցանէ ասիկա։ Մարդկութիւնը անցեալի սխալներէն սորված եւ անոնցմէ զգուշացա՞ծ է։ Ճիշդ է որ այս դարուս սկիզբը, շատեր աւելի լաւ ապագայի մը վրայ հաւատք ունէին, յարաբերաբար երկար ժամանակաշրջան մը խաղաղութիւնը պահպանուելուն, ինչպէս նաեւ, ճարտարարուեստական, գիտական եւ կրթական մարզերուն մէջ յառաջդիմութեան պատճառաւ։ Համալսարանի ուսուցիչ մը ըսաւ որ 1900–ական տարիներուն կը կարծուէր որ այլեւս պատերազմը անկարելի էր, քանի որ՝ «մարդիկ շատ քաղաքակրթուած էին»։ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ մը, այդ շրջանի մարդոց ունեցած հայեացքին մասին խօսելով ըսաւ. «Ամէն բան հետզհետէ աւելի լաւ պիտի ըլլար։ Ասիկա էր այն աշխարհը որու մէջ ես ծնայ»։ Ապա ան նշեց. «Յանկարծ, անսպասելիօրէն, 1914–ի առաւօտ մը, ամէն բան վերջ գտաւ»։

5 Այդ ժամանակ տիրական եղող, աւելի լաւ ապագայի մը հաւատքը ունենալով հանդերձ, նոր դարը հազիւ սկսած, աշխարհը մարդուն ձեռքով պատճառուած ամենէն գէշ աղէտին մէջ թաղուեցաւ. Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը։ Անոր բնոյթը հասկնալու համար նկատի առէք ինչ որ պատահեցաւ 1916–ին ճակատամարտի մը մէջ, երբ բրիտանական զօրքերը գերմանական ճակատներուն վրայ յարձակեցան Ֆրանսայի Սոմ Ռիվըրի մօտ։ Քանի մը ժամուան մէջ Բրիտանացիները 20,000 զինուոր կորսնցուցին, Գերմանացիներուն կողմն ալ շատեր սպաննուեցան։ Չորս տարուան սպանդը մօտաւորապէս տասը միլիոն զինուորներու եւ բազմաթիւ քաղաքացիներու կեանքերը խլեց։ Ֆրանսայի բնակչութեան թիւը որոշ ժամանակ մը նուազեցաւ, քանի որ մեծ թիւով այր մարդիկ սպաննուեցան։ Տնտեսական դրութիւններ փուլ եկան, 1930–ական թուականներու համաշխարհային Մեծ Ձախորդութեան առաջնորդելով։ Զարմանալի չէ որ ոմանք ըսած են որ այն օրը որ Առաջին Աշխարհամարտը սկսաւ՝ աշխարհ խենթացաւ։

6. Ա. Աշխարհամարտէն ետք կեանքը բարելաւուեցա՞ւ։

6 Այդ սերունդին յուսացած ապագան ա՞յս էր։ Բնա՛ւ երբեք։ Անոնց յոյսերը փշրուեցան։ Այս պատերազմը աւելի լաւ բանի մըն ալ չառաջնորդեց։ Անկէ միայն 21 տարիներ ետք, 1939–ին, մարդու ձեռքով կատարուած ուրիշ աւելի գէշ աղէտ մը պատահեցաւ՝ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմը։ Անիկա շուրջ 50 միլիոն այրերու, կիներու եւ երախաներու կեանքերը խլեց։ Զանգուածային ռմբակոծութիւնը քաղաքներ մոխրացուց։ Իսկ մինչ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, ճակատամարտի մը մէջ, միայն մի քանի ժամուան ընթացքին հազարաւոր զինուորներ սպաննուեցան, Երկրորդ Աշխարհամարտին, մի քանի երկվայրկեանի մէջ, կորիզային միայն երկու ռումբեր աւելի քան 100,000 անհատներու կեանքերը խլեցին։ Ասկէ աւելի վատ էր Նացի կեդրոնացման ճամբարներու մէջ միլիոնաւորներու սպանդը։

7. Այս ամբողջ դարու տեւողութեան իրողութիւնը ի՞նչ եղած է։

7 Տարբեր աղբիւրներ կը նշեն որ եթէ ազգամիջեան պատերազմները, քաղաքացիական կռիւները, եւ իրենց իսկ կառավարութիւններուն կողմէ քաղաքացիներու մահերը համախմբենք, այս դարուս սպաննուածներուն թիւը կը հասնի շուրջ 200 միլիոնի. իսկ ուրիշ աղբիւրի մը համաձայն՝ 360 միլիոնի։ Պահ մը երեւակայեցէք այս բոլորին պատճառած սարսափը. ցաւ, արցունք, տագնապ, եւ քանդուած կեանքեր։ Ասկէ զատ, միջին հաշուով շուրջ 40,000 հոգիներ կը մահանան ամէն օր, մեծաւ մասամբ մանուկներ, աղքատութեան վերաբերեալ պատճառներով։ Ամէն օր այդ թիւին եռապատիկը կը սպաննուի վիժումներու պատճառաւ։ Նաեւ, շուրջ մէկ միլիառ մարդիկ չափազանց աղքատ ըլլալնուն համար, կարող չեն առօրեայ սովորական աշխատանքը ընելու համար հարկ եղած ուտելիքը ձեռք ձգելու։ Այս բոլոր վիճակները կը փաստեն թէ մենք կ’ապրինք Աստուածաշունչի մէջ մարգարէացուած իրերու այս ամբարիշտ դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13. Մատթէոս 24։3-12. Ղուկաս 21։10, 11. Յայտնութիւն 6։3-8

Մարդկային Լուծումներ Չկան

8. Մարդկային առաջնորդներ ինչո՞ւ չեն կրնար աշխարհի խնդիրները լուծել։

8 Մինչ այս Ի. դարը իր աւարտին կը մօտենայ, կրնանք անոր փորձառութիւնը անցեալ դարերու փորձառութեան վրայ աւելցնել։ Արդ, այդ ամբողջ պատմութիւնը ի՞նչ կ’ըսէ մեզի։ Անիկա կ’ըսէ որ մարդկային առաջնորդներ աշխարհի գլխաւոր խնդիրները բնաւ չեն լուծած, զանոնք չեն կրնար լուծել հիմա եւ թէ բնաւ պիտի չկարենան լուծել ապագային։ Պարզապէս իրենց կարողութենէն գերիվեր է մեզի տալ մեր փափաքած ապագան, որքան ալ լաւ ըլլայ անոնց շարժառիթը։ Իսկ հեղինակութեան վրայ եղողներէն ոմանք այդ լաւ մղումը չունին. անոնք դիրք եւ հեղինակութիւն կը փնտռեն, իրենց անձնասիրական եւ նիւթական նպատակներուն համար եւ ո՛չ թէ ուրիշներու բարօրութեան համար։

9. Ինչո՞ւ կասկածելու պատճառներ ունինք թէ գիտութիւնը մարդուն խնդիրներուն լուծումներ կրնայ գտնել։

9 Արդեօք գիտութիւնը այս բոլորին պատասխանը ունի՞։ Եթէ անցեալին նայինք՝ Ո՛Չ կրնանք ըսել։ Կառավարական գիտնականները հսկայական գումարներ, ժամանակ եւ ջանք վատնած են քիմիական, կենսաբանական եւ այլ տեսակի ահաւոր կերպով քանդիչ զէնքեր յառաջ բերելով։ Ազգեր, մէջը ըլլալով ամենէն աղքատ ազգերը, հաւաքականօրէն ամէն տարի աւելի քան 700 միլիառ տոլար կը վատնեն զէնքերու համար։ ‘Գիտական յառաջդիմութիւնը’ որոշ չափով պատասխանատու է նաեւ օդի, հողի, ջուրի եւ ուտելիքի ապականութեան նպաստող քիմիական նիւթերուն։

10. Ինչո՞ւ նոյնիսկ կրթական հաստատութիւնները չեն կրնար աւելի լաւ ապագայ մը երաշխաւորել։

10 Կրնա՞նք յուսալ որ աշխարհի կրթական հաստատութիւնները աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու պիտի նպաստեն, բարոյական բարձր չափանիշներ, ուրիշներու հանդէպ նկատառութիւն եւ դրացիական սէր ուսուցանելով։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, անոնք իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են գործի ասպարէզներու, դրամ շահելու վրայ։ Անոնք ոչ թէ համագործակցող, այլ, շատ մրցակցական հոգի մը կը յառաջացնեն. բարոյագիտութիւն ալ չեն սորվեցներ։ Ընդհակառակը, անոնցմէ շատեր սեռային ազատախոհութեան աչք կը խփեն, որու հետեւանքը եղած է դեռատիներու յղութեան եւ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններու հսկայական յաւելում։

11. Առեւտրական հաստատութիւններու արձանագրութիւնը ի՞նչ կերպով ապագայի նկատմամբ մեզ կասկածի մէջ կը ձգէ։

11 Արդեօք աշխարհի առեւտրական մեծ հաստատութիւնները յանկարծ պիտի մղուի՞ն մեր մոլորակին լաւ հոգ տանելու եւ ուրիշներու հանդէպ սէր ցոյց տալու, այնպիսի ապրանքներ արտադրելով, որոնք իրապէս օգտակար են ու ո՛չ թէ՝ միայն շահու համար։ Ասիկա հաւանական չէ։ Անոնք պիտի դադրի՞ն բռնութեամբ եւ անբարոյութեամբ լեցուած հեռատեսիլի յայտագիրներ արտադրելէ, որոնք մարդոց՝ մանաւանդ երիտասարդներուն, մտքերը ապականելու կը նպաստեն։ Այս ուղղութեամբ մօտիկ անցեալը բնաւ քաջալերական չէ եղած, քանի որ հեռատեսիլը մեծաւ մասամբ անբարոյութեան եւ բռնութեան կոյալիճ մը եղած է։

12. Հիւանդութեան եւ մահուան նկատմամբ մարդկութեան վիճակը ի՞նչ է։

12 Ասկէ զատ, բժիշկները որքան ալ անկեղծ ըլլան, անոնք չեն կրնար հիւանդութիւնը եւ մահը նուաճել։ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, զոր օրինակ, անոնք չկրցան Սպանական ինֆլուէնզա–յի տարածումը կասեցնել։ Համայն աշխարհի մէջ, անիկա 20 միլիոն կեանքեր խլեց։ Ներկայիս, սրտի հիւանդութիւնները, խլիրդը եւ ուրիշ մահացու անհանգստութիւններ երթալով կ’աւելնան։ Բժշկական աշխարհը չէ կրցած նաեւ նուաճել ԱԴԱ–ի [ԷՅՏԾ] արդի պատուհասը։ Ընդհակառակը, Նոյեմբեր 1997–ին ծանուցուած՝ Միացեալ Ազգերու տեղեկագրութիւն մը եզրակացուց թէ ԷՅՏԾ ժահրին տարածման արագութիւնը նախկին ենթադրութիւններուն կրկնապատիկն է։ Արդէն իսկ միլիոնաւորներ մեռած են եւ 1996–ին, ուրիշ երեք միլիոն անհատներ վարակուած են անկէ։

Եհովայի Վկաները Ի՛նչպէս կը Դիտեն Ապագան

13, 14. (ա) Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս կը դիտեն ապագան։ (բ) Մարդիկ ինչո՞ւ չեն կրնար աւելի լաւ ապագայ մը բերել։

13 Եհովայի Վկաները սակայն, կը հաւատան որ մարդկութեան դիմաց փայլուն ու գեղեցիկ ապագայ մը կայ, լաւագո՛յնը։ Բայց անոնք չեն ակնկալեր որ այդ աւելի լաւ ապագան գայ մարդկային ջանքերով։ Հապա, Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ կը նային։ Ան գիտէ թէ ապագան ի՛նչ պիտի ըլլայ. անիկա արդարեւ հոյակապ ապագայ մը պիտի ըլլայ։ Ան գիտէ նաեւ որ մարդիկ չեն կրնար այսպիսի ապագայ մը յառաջ բերել։ Քանի որ ինք ստեղծեց զանոնք, ոեւէ մէկէն աւելի լաւ գիտէ անոնց սահմանափակումները։ Իր Խօսքին մէջ, ան յստակօրէն մեզի կ’ըսէ թէ ինք մարդիկը չստեղծեց որ կարենան իրենք զիրենք յաջող կերպով կառավարել, առանց աստուածային առաջնորդութեան։ Աստուծմէ անկախ մարդկային իշխանութեան երկարատեւ թոյլտուութիւնը, այդ անկարողութիւնը ապացուցանած է ամէն կասկածէ վեր։ Հեղինակ մը ընդունեց. «Մարդուն միտքը փորձած է գերիշխանութեան կարելի բոլոր բաղադրութիւնները, սակայն ի զուր»։

14 Երեմեայ 10։23–ի մէջ, կը կարդանք ներշնչուած մարգարէին խօսքերը. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ Դարձեալ, Սաղմոս 146։3 կ’ըսէ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ»։ Իրականութեան մէջ, քանի որ մենք անկատար ծնած ենք, ինչպէս ցոյց կու տայ Հռովմայեցիս 5։12–ը, Աստուծոյ Խօսքը կը զգուշացնէ մեզ որ մենք մեր անձին ալ չվստահինք։ Երեմեայ 17։9–ն կ’ըսէ. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է»։ Այս պատճառաւ, Առակաց 28։26–ը կ’ըսէ. «Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է, բայց իմաստութեամբ քալողը պիտի ազատի»։

15. Ո՞ւր կրնանք մեզի առաջնորդող իմաստութիւն գտնել։

15 Այս իմաստութիւնը ո՞ւր կրնանք գտնել։ «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է»։ (Առակաց 9։10) Այո, միայն Եհովան ունի այն իմաստութիւնը, որ կրնայ մեզ ուղղել այս վախազդու ժամանակներուն մէջ։ Ան մեզի կարելիութիւն տուած է որ այդ իմաստութեան հասնինք՝ իր Սուրբ Գրութիւններուն միջոցաւ, զորս ներշնչեց, որպէսզի մենք անոնցմով առաջնորդուինք։—Առակաց 2։1-9. 3։1-6. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

Մարդկային Իշխանութեան Ապագան

16. Ո՞վ որոշած է ապագան։

16 Արդ, Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ կ’ըսէ ապագայի մասին։ Անիկա կ’ըսէ որ ապագան վստահաբար պիտի չարտացոլացնէ այն ինչ որ մարդիկ ըրած են անցեալին։ Հետեւաբար, Փաթրիք Հէնրիին տեսակէտը սխալ էր։ Այս երկրին եւ անոր վրայ գտնուող մարդոց ապագան ո՛չ թէ մարդոց կողմէ պիտի որոշուի, այլ՝ Եհովա Աստուծոյ։ Ի՛ր կամքն է որ պիտի կատարուի երկրի վրայ եւ ոչ թէ՝ այս աշխարհի ոեւէ մարդու կամ ազգի։ «Մարդուն սրտին մէջ շատ դիտաւորութիւններ կան, բայց Տէրոջը խորհուրդը հաստատուն պիտի մնայ»։—Առակաց 19։21

17, 18. Աստուծոյ կամքը ի՞նչ է մեր ժամանակուան համար։

17 Ուստի, Աստուծոյ կամքը ի՞նչ է մեր ժամանակին համար։ Ան մտադրած է վերջ դնել այս ներկայ վայրագ ու անբարոյ աշխարհին։ Մարդկային տիրապետութեան դարաւոր գէշ իշխանութիւնը շուտով պիտի փոխարինուի Աստուծոյ իշխանութեամբ։ Դանիէլ 2։44–ի մէջ եղած մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «[Ներկայիս գոյութիւն ունեցող] թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը [երկնքի մէջ] պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ Թագաւորութիւնը նաեւ Բանսարկու Սատանային չար ազդեցութիւնը պիտի վերցնէ, բան մը զոր մարդիկ բնաւ չեն կրնար ընել։ Ան այլեւս այս աշխարհին պիտի չիշխէ։—Հռովմայեցիս 16։20. Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Յովհաննու 5։19

18 Նկատեցէք որ այդ երկնային կառավարութիւնը մարդկային ամէն տեսակ իշխանութիւն պիտի չքացնէ։ Այլեւս երկիրը կառավարելը մարդոց պիտի չձգուի։ Երկնքի մէջ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կազմողները, երկրի գործերը պիտի ստանձնեն՝ յօգուտ մարդկութեան։ (Յայտնութիւն 5։10. 20։4-6) Երկրի վրայ, հաւատարիմ անհատներ Աստուծոյ Թագաւորութեան ցուցմունքներուն ներդաշնակ պիտի գործեն։ Յիսուս այս իշխանութեան մասին էր որ խօսեցաւ, երբ մեզի սորվեցուց որ աղօթենք՝ «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։10

19, 20. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը նկարագրէ Թագաւորութեան կարգադրութիւնը։ (բ) Անոր իշխանութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ մարդկութեան համար։

19 Եհովայի Վկաները Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ կը դնեն իրենց յոյսը։ Անիկա «նոր երկինք»ն է, որու մասին Պետրոս առաքեալ գրեց. «Նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) «Նոր երկիր»ը՝ մարդկային նոր ընկերութիւնն է, որ պիտի ղեկավարուի «նոր երկնքի»՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմէ։ Ասիկա այն կարգադրութիւնն է, որ Աստուած տեսիլքով մը յայտնեց Յովհաննէս առաքեալին, երբ ան գրեց. «Ահա նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, վասն զի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան . . . եւ [Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։1, 4

20 Նկատի առէք որ նոր երկրի մէջ արդարութիւն պիտի ըլլայ։ Բոլոր անարդար տարրերը չքացած պիտի ըլլան Աստուծոյ կատարած մէկ արարքով՝ Արմագեդոնի պատերազմով։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Առակաց 2։21, 22–ի մարգարէութիւնը հետեւեալ կերպով կը բացատրէ. «Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին»։ Իսկ Սաղմոս 37։9–ն կը խոստանայ. «Չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն»։ Այսպիսի նոր աշխարհի մը մէջ չէ՞ք ուզեր ապրիլ։

Եհովայի Խոստումներուն Հաւատք Ընծայեցէք

21. Եհովայի խոստումներուն ինչո՞ւ հաւատք կրնանք ընծայել։

21 Կրնա՞նք հաւատալ Եհովայի խոստումներուն։ Մտիկ ըրէք թէ Եհովա ի՛նչ կ’ըսէ իր Եսայի մարգարէին միջոցաւ. «Սկիզբէն եղած բաները յիշեցէ՛ք. քանզի ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը՝ չկայ. ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ, որ վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի ու կ’ըսեմ թէ ‘Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի’»։ Իսկ 11–րդ համարին վերջին մասը կ’ըսէ. «Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։ Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ»։ (Եսայեայ 46։9-11) Այո՛, կրնանք հաւատալ Եհովայի եւ իր խոստումներուն, որպէս թէ այդ խոստումները արդէն իսկ կատարուած ըլլային։ Աստուածաշունչը զայն հետեւեալ կերպով կ’արտայայտէ. «Հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն [«իրողութիւններուն», ՆԱ] ապացոյցն է»։—Եբրայեցիս 11։1

22. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա իր խոստումները պիտի կատարէ։

22 Հեզ անհատներ այսպիսի հաւատք կը ցուցաբերեն, քանի որ գիտեն որ Աստուած իր խոստումները պիտի կատարէ։ Օրինակ, Սաղմոս 37։29–ի մէջ կը կարդանք. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ Կրնա՞նք ասոր հաւատալ։ Այո՛, քանի որ Եբրայեցիս 6։18–ի մէջ կ’ըսէ՝ «Անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի»։ Արդեօք երկիրը Աստուծո՞յ է որ զայն հեզ անհատներուն կրնայ տալ։ Յայտնութիւն 4։10–ը իր մասին կ’ըսէ. «Ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ Սաղմոս 24։1–ը կ’ըսէ. «Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը»։ Արդարեւ, Եհովա՛ն ստեղծեց երկիրը. հետեւաբար անիկա իրեն կը պատկանի եւ կրնայ իրեն հաւատք ընծայողներուն տալ։ Ասոր նկատմամբ մեր վստահութիւնը կերտելու համար, յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ թէ Եհովա ի՛նչպէս անցեալին եւ ներկայիս իր ժողովուրդին վերաբերեալ իր խոստումները կատարած է, եւ թէ ինչո՛ւ կրնանք բացարձակ վստահութիւն ունենալ թէ ապագային նոյնը պիտի ընէ։

[Նկար՝ էջ  27]

Վերաքաղի Կէտեր

◻ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին մարդոց յոյսերուն ի՞նչ պատահած է։

◻ Աւելի լաւ ապագայի մը համար ինչո՞ւ մարդոց պէտք չէ նայինք։

◻ Ապագայի նկատմամբ Աստուծոյ կամքը ի՞նչ է։

◻ Ինչո՞ւ վստահ ենք որ Աստուած իր խոստումները պիտի կատարէ։

[Նկար՝ էջ  24]

Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն կ’ըսէ. «Մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։—Երեմեայ 10։23

[Նկար՝ էջ  24]

Bomb: U.S. National Archives photo; famished children: WHO/OXFAM; refugees: UN PHOTO 186763/J. Isaac; Mussolini and Hitler: U.S. National Archives photo

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել