Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 38 էջ 215-էջ 219 պարբ. 3
  • Հետաքրքրութիւն Արթնցնող Բացում

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հետաքրքրութիւն Արթնցնող Բացում
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հետաքրքրական բացում պատրաստել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Ունկնդիրներուն Համար Տեղեկատու
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Համարները Ազդու Կերպով Ներկայացուած
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 38 էջ 215-էջ 219 պարբ. 3

Ուսումնասիրութիւն 38

Հետաքրքրութիւն Արթնցնող Բացում

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Ձեր բացման նախադասութիւններուն մէջ, տեղին բան մը ըսէք, որ ձեր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ, եւ ձեր իրագործելիք նպատակին ուղղակիօրէն պիտի նպաստէ։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Ձեր բացումէն կախեալ կրնայ ըլլալ թէ ոմանք մտիկ պիտի ընե՞ն թէ ոչ, եւ թէ՝ ո՛րքան ուշադրութեամբ պիտի հետեւին ձեզի։

ԲԱՑՈՒՄԸ՝ դասախօսութեան մը շա՛տ կարեւոր մասերէն մէկն է։ Եթէ կարենաք իրապէս ձեր ունկնդիրներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնել, անոնք աւելի հակամէտ պիտի ըլլան ուշադրութեամբ մտիկ ընելու ի՛նչ որ պիտի յաջորդէ։ Դաշտի ծառայութեան մէջ, եթէ ձեր բացումը հետաքրքրութիւն չարթնցնէ, թերեւս չկարենաք շարունակել ձեր նիւթը։ Երբ Թագաւորութեան Սրահին մէջ դասախօսութիւն մը կու տաք, ունկնդիրները սրահը ձգելով դուրս պիտի չելլեն, բայց անհատներ կրնան ուրիշ բաներու մասին մտածել, եթէ անոնց ուշադրութիւնը չկարենաք գրաւել։

Երբ ձեր բացումը կը պատրաստէք, հետեւեալ նպատակները ի մտի ունեցէք. (1) ձեր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը գրաւել, (2) ձեր նիւթը յստակօրէն բնորոշել, եւ (3) ցոյց տալ թէ նիւթը ինչո՛ւ կարեւոր է ձեր ունկնդիրներուն համար։ Կարգ մը պարագաներու, այս երեք նպատակները գրեթէ միեւնոյն ժամանակ կրնաք իրագործել։ Սակայն երբեմն, անոնց անջատաբար ուշադրութիւն պէտք է ընծայէք, եւ շարքաւորումը կրնաք փոխել։

Ի՛նչպէս Գրաւել Ձեր Ունկնդիրներուն Ուշադրութիւնը։ Դասախօսութիւն մը լսելու համար անհատներուն հաւաքուած ըլլալը ինքնին չի նշանակեր թէ անոնք պատրաստ են անշեղ ուշադրութիւն ընծայելու նիւթին։ Ինչո՞ւ։ Անոնց կեանքը լեցուն է շատ մը բաներով, որոնք իրենց ուշադրութիւնը կը խլեն։ Թերեւս անոնք մտազբաղ են տան մէջ եղած խնդրով մը, կամ՝ կեանքի ուրիշ մտահոգութիւն մը ունին։ Դասախօսի մը համար դիւրին չէ ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը գրաւել ու զայն պահել։ Ասիկա իրագործելու համար մէկէ աւելի կերպեր կան։

Ցարդ տրուած ամենէն համբաւաւոր դասախօսութիւններէն մէկն է՝ Լերան Քարոզը։ Անոր բացումը ի՞նչպէս էր։ Ըստ Ղուկասի տեղեկութեան, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի աղքատներուդ, . . . երանի՜ ձեզի որ հիմա անօթի էք, . . . երանի՜ ձեզի որ հիմա կու լաք, . . . երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն»։ (Ղուկ. 6։20-22) Ասիկա ինչո՞ւ հետաքրքրութիւն արթնցուց։ Քանի մը խօսքերով, Յիսուս իրեն մտիկ ընողներուն դիմագրաւած լուրջ խնդիրներէն ոմանց անդրադարձաւ։ Ապա, փոխանակ հարցերը մանրամասնօրէն ծեծելու, ան ցոյց տուաւ որ այսպիսի խնդիրներ ունեցողները տակաւին կրնային ուրախ ըլլալ, եւ ասիկա այնպիսի կերպով մը ներկայացուց որ իրեն մտիկ ընողները ուզեցին աւելին լսել։

Հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար հարցումները կրնան շատ ազդեցիկ ըլլալ, բայց անոնք տեղին հարցումներ պէտք է ըլլան։ Եթէ ձեր հարցումները նշեն թէ պիտի խօսիք այնպիսի բաներու մասին որ ձեր ունկնդիրները նախապէս լսած են, հետաքրքրութիւնը շուտով կրնայ մարիլ։ Մի՛ հարցնէք այնպիսի հարցումներ, որոնք կրնան նեղը ձգել ձեր ունկնդիրները կամ զանոնք տհաճեցնել։ Հապա ջանացէք ձեր հարցումները այնպէս մը կազմել որ զանոնք մտածելու մղեն։ Իւրաքանչիւր հարցումէ ետք կարճ դադար մը ըրէք, որպէսզի ձեր ունկնդիրները իրենց մտքին մէջ պատասխանեն։ Երբ անոնք զգան որ ձեզի հետ մտքի փոխանակում կ’ունենան, անոնց ուշադրութիւնը գրաւած կ’ըլլաք։

Իրական կեանքէ առնուած պատմութիւն մը գործածելը ուշադրութիւնը գրաւելու ուրիշ կերպ մըն է։ Բայց պարզապէս պատմութիւն մը պատմելով կրնաք ձեր նպատակին չհասնիլ, եթէ փորձառութիւնը նեղի մէջ ձգէ ունկնդիրներէն մէկը։ Եթէ ձեր պատմութիւնը յիշուի, բայց անոր միտք բանին մոռցուի, ձեր նպատակին մէջ ձախողած կ’ըլլաք։ Երբ բացման մէջ փորձառութիւն մը գործածուի, անիկա ձեր դասախօսութեան մարմինին յատկանշական մէկ երեսակին համար հիմ մը պէտք է հայթայթէ։ Թէեւ պատմուածքի մը կեանք տալու համար կարգ մը մանրամասնութիւններ կրնան հարկ ըլլալ, բայց ուշադիր եղէք որ փորձառութիւնը անտեղիօրէն չերկարի։

Կարգ մը դասախօսներ իրենց բացումը կը սկսին մամուլէն քաղուած նորանոր լուրով մը, տեղական լրագրէ մը առնուած հատուածով մը, կամ հանրածանօթ հեղինակութեան մը մէկ խօսքով։ Ասոնք ալ կրնան ազդու ըլլալ, եթէ իրապէս նիւթին եւ ունկնդիրներուն յարմար ըլլան։

Եթէ ձեր դասախօսութիւնը յօդուածաշարքի մը, կամ Ծառայութեան Ժողովի մը մէկ մասն է, նախընտրելի է ձեր բացումը կարճ ու կտրուկ ընել։ Եթէ հանրային դասախօսութիւն մը կու տաք, բացումին համար յատկացուած ժամանակը յարգեցէք։ Դասախօսութեան մարմինն է որ ձեր ունկնդիրներուն համար շատ արժէքաւոր եղող տեղեկութիւն պիտի փոխանցէ։

Երբեմն թերեւս խօսիք ունկնդիրներու, որոնք սկեպտիկ կամ նոյնիսկ հակառակ են։ Ի՞նչ կրնաք ընել անոնց ուշադրութիւնը գրաւելու համար։ Երբեմնի Քրիստոնեայ մը՝ Ստեփանոս, որ նկարագրուած է որպէս «Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն» մէկը, հրէական Սենետրիոնին դիմաց տարուեցաւ։ Հոն՝ ան ճարտար կերպով պաշտպանեց Քրիստո նէութիւնը։ Ան ի՞նչպէս սկսաւ։ Յարգալից կերպով, եւ բոլորին կողմէ ընդունուած բանի մը ակնարկելով։ «Մարդի՛կ եղբայրներ ու հայրե՛ր, մտի՛կ ըրէք. փառաց Աստուածը մեր Հօրը Աբրահամին երեւցաւ»։ (Գործք 6։3. 7։2) Աթէնքի Արիսպագոսի մէջ, Պօղոս առաքեալ իր բացումը բոլորովին տարբեր ունկնդիրներու յարմարցուց, ըսելով. «Ո՛վ Աթենացի մարդիկ, ամէն կողմանէ խիստ կրօնասէր կը տեսնեմ ձեզ»։ (Գործք 17։22) Ազդեցիկ բացումներուն որպէս արդիւնք, երկու պարագային ալ ունկնդիրները ուզեցին մտիկ ընել։

Երբ դաշտի ծառայութեան մէջ էք, դուք ալ պէտք ունիք մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու։ Եթէ ձեր այցելութիւնը կանխածրագրուած չըլլայ, տանտէրը ուրիշ հարցերով զբաղած կրնայ ըլլալ։ Աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, անկոչ այցելուէ մը կ’ակնկալուի որ անմիջապէս իր այցելութեան նպատակը յայտնէ։ Ուրիշ տեղեր, սովորութիւնը կը պահանջէ որ կարգ մը ձեւականութիւններէ անցնիք, ձեր այցելութեան պատճառը նշելէ առաջ։—Ղուկ. 10։5

Երկու պարագային ալ, բարեկամական անկեղծ մօտեցումը կրնայ մթնոլորտ մը ստեղծել, որ խօսակցութեան դուռ կը բանայ։ Յաճախ օգտակար է սկսիլ բանով մը, որ դիմացինին մտքին մէջ եղածին հետ ուղղակի կապ ունի։ Ի՞նչպէս կրնաք որոշել թէ ի՛նչ գործածէք։ Երբ իրեն կը մօտենայիք, անհատը գործով մը զբաղա՞ծ էր։ Թերեւս ագարակին մէջ կ’աշխատէր, տան շուրջի հողամասին հոգ կը տանէր, ինքնաշարժ կը նորոգէր, կ’եփէր, լուացք կ’ընէր, կամ երախաներուն հոգ կը տանէր։ Արդեօք բանի՞ մը կը նայէր՝ լրագրի մը, կամ փողոցին մէջ կատարուած գործունէութեան մը։ Իր շրջապատին մէջ կա՞յ բան մը որ ձկնորսութեան, մարզանքի, երաժշտութեան, ճամբորդութեան, համակարգիչի կամ այլ բանի մը հանդէպ մասնաւոր հետաքրքրութիւն կը նշէ։ Սովորաբար մարդիկ հետաքրքրուած կ’ըլլան վերջերս ձայնասփիւռէն իրենց լսածով, կամ հեռատեսիլին մէջ իրենց տեսածով։ Այսպիսի բաներու շուրջ հարցում մը կամ կարճ ակնարկութիւն մը կրնայ բարեկամական խօսակցութեան մը վերածուիլ։

Սուքարի մօտ ջրհորի մը քով Սամարացի կնոջ մը հետ Յիսուսի ունեցած խօսակցութիւնը, վկայութիւն տալու նպատակաւ խօսակցութիւն մը սկսելու մասին ուշագրաւ օրինակ մըն է։—Յովհ. 4։5-26

Պէտք է ձեր բացումը բծախնդրութեամբ պատրաստէք, մանաւանդ երբ ձեր ժողովքը իր թաղամասը յաճախ կը ծածկէ։ Այլապէս, պիտի չկարենաք վկայութիւն տալ։

Ձեր Նիւթը Բնորոշեցէք։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, սովորաբար ատենապետը կամ յայտագրին վրայ ձեզմէ առաջ ելոյթ ունեցող մէկը ձեր դասախօսութեան բնաբանը կը ծանուցանէ եւ ձեզ կը ներկայացնէ։ Այսուհանդերձ, օգտակար կրնայ ըլլալ ձեր բացման դիտողութիւններուն մէջ ձեր նիւթը վերյիշեցնել ունկնդիրներուն։ Ասիկա կրնաք ընել լման բնաբանը ըսելով, բայց այդպէս ընելու հարկ չկայ։ Ամենայնդէպս, բնաբանը աստիճանաբար պիտի պարզուի, մինչ դասախօսութիւնը ընթացքի մէջ է։ Բացման մէջ կերպով մը ուշադրութիւն պէտք է հրաւիրէք ձեր նիւթին վրայ։

Երբ Յիսուս իր աշակերտները քարոզելու ղրկեց, անոնց տալիք պատգամը յստակօրէն բնորոշեց։ «Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’»։ (Մատթ. 10։7) Մեր օրերուն մասին Յիսուս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի»։ (Մատթ. 24։14) Մեզի յորդոր տրուած է որ ‘խօ՛սքը քարոզենք’, ուրիշ խօսքով, Աստուածաշունչին կառչինք, երբ կը վկայենք։ (Բ. Տիմ. 4։2) Աստուածաշունչը բանալէ, կամ ուշադրութիւնը Թագաւորութեան վրայ դարձնելէ առաջ սակայն, յաճախ անհրաժեշտ է նշել նիւթ մը, որ ընթացիկ մտահոգութիւն է։ Կրնաք խօսիլ ոճիրի, անգործութեան, անիրաւութեան, պատերազմի, երիտասարդներուն օգնելու, հիւանդութեան կամ մահուան մասին։ Բայց բացասական բաներու վրայ երկար մի՛ կենաք. ձեր պատգամը դրական է։ Ջանացէք խօսակցութիւնը Աստուծոյ Խօսքին ու Թագաւորութեան յոյսին վրայ դարձնել։

Ցոյց Տուէք թէ Նիւթը Ինչո՛ւ Կարեւոր Է Ձեր Ունկնդիրներուն Համար։ Եթէ ժողովքին մէջ պիտի խօսիք, որոշ չափով վստահ կրնաք ըլլալ որ ձեր ունկնդիրները ընդհանրապէս հետաքրքրուած են ձեր ըսելիքով։ Բայց անոնք մտիկ պիտի ընե՞ն, ինչպէս անհատ մը մտիկ կ’ընէ, երբ իրապէս իրեն հետ առնչութիւն ունեցող բան մը կը սորվի։ Անոնք ուշադրութիւն պիտի ընե՞ն, գիտակցելով թէ ինչ որ կը լսեն իրենց կացութեան կը յարմարի, եւ քանի որ անոնց մէջ փափաք մը կ’արթնցնէք անոր համաձայն քայլ առնելու։ Ատիկա կարելի պիտի ըլլայ միայն երբ ձեր դասախօսութիւնը պատրաստելու ատեն ուշադրութեամբ նկատի առնէք ձեր ունկնդիրները՝ անոնց պարագաները, հետաքրքրութիւնները եւ կեցուածքը։ Եթէ ասիկա ըրած էք, ձեր բացումին մէջ բան մը պարփակեցէք որ ասիկա ցոյց կու տայ։

Բեմէն խօսիք թէ անհատի մը վկայէք, նիւթի մը մասին հետաքրքրութիւն արթնցնելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է՝ ձեր ունկնդիրները անոր մէջ պարփակել։ Ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս իրենց խնդիրները, կարիքները, կամ իրենց մտքին մէջ եղած հարցումները կապ ունին ձեր խօսած նիւթին հետ։ Անոնք շատ աւելի ուշադրութեամբ մտիկ պիտի ընեն, եթէ յստակ ընէք որ դուք այս նիւթը ընդհանուր կերպով նկատի առնելէ զատ, անոր մասնայատուկ երեսակներն ալ պիտի շօշափէք։ Ասիկա ընելու համար՝ պէտք է լաւ պատրաստուիք։

Բացումը Ի՛նչպէս Ներկայացնել։ Ձեր բացման մէջ ինչ որ կ’ըսէք, շատ կարեւոր է, բայց զայն ի՛նչպէս ըսելն ալ հետաքրքրութիւն կրնայ արթնցնել։ Այս պատճառով ձեր պատրաստութիւնը պէտք է պարփակէ ո՛չ միայն ինչ որ պիտի ըսէք, այլ նաեւ՝ ի՛նչպէս պիտի ըսէք զայն։

Բառերու ընտրութիւնը շատ կարեւոր է ձեր նպատակին հասնելու համար, ուստի հաւանաբար օգտակար գտնէք առաջին երկու կամ երեք նախադասութիւնները հոգածութեամբ պատրաստել։ Սովորաբար պարզ ու կարճ նախադասութիւնները նախընտրելի են։ Երբ ժողովքին մէջ կը դասախօսէք, թերեւս ուզէք զանոնք ձեր նոթերուն մէջ գրել, կամ թերեւս նախընտրէք գոց սորվիլ, որպէսզի ձեր բացման խօսքը պէտք եղած ուժգնութիւնը ունենայ։ Ազդեցիկ բացում մը ընելը՝ առանց աճապարելու՝ կը նպաստէ որ հարկ եղած հանդարտութիւնը ունենաք, ձեր դասախօսութեան մնացեալ մասը տալու համար։

Ե՛րբ Պատրաստել Բացումը։ Այս նիւթին շուրջ տարակարծութիւններ կան։ Կարգ մը փորձառու դասախօսներ կը խորհին որ դասախօսութեան մը պատրաստութիւնը պէտք է սկսի բացումով։ Իսկ ատենաբանութիւն ուսումնասիրած ուրիշներ այն կարծիքի են, որ բացումը պէտք է պատրաստուի մարմինը ամբողջացնելէ ետք։

Վստահաբար յարմար բացումի մը մանրամասնութիւններուն վրայ աշխատելէ առաջ, պէտք ունիք գիտնալու թէ նիւթը ի՛նչ է եւ ո՛ր գլխաւոր կէտերը կ’որոշէք զարգացնել։ Բայց ի՞նչ կ’ըլլայ պարագան, երբ ձեր դասախօսութիւնը տպագրուած ուրուագծէ մը կը պատրաստէք։ Ուրուագիծը կարդալէ ետք, եթէ բացումին համար գաղափար մը ունենաք, արգելք մը չկայ որ զայն գրի առնէք։ Մի՛ մոռնաք նաեւ, որ ձեր բացումը ազդեցիկ ըլլալու համար, պէտք է նկատի ունենաք ձեր ունկնդիրները, ինչպէս նաեւ ուրուագծին մէջի նիւթը։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

  • Նկատի ունեցէք ձեր ունկնդիրները՝ անոնց պարագաները, հետաքրքրութիւնները, կեցուածքը, ձեր նիւթին մասին անոնց արդէն ունեցած տեղեկութիւնը։

  • Որոշեցէք թէ ձեր նիւթին մէջ ի՛նչ բան մասնաւորաբար պիտի հետաքրքրէ զիրենք եւ արժէքաւոր պիտի ըլլայ իրենց համար։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. (1) Տունէ տուն ծառայութեան մասնակցելէ առաջ, բացում մը պատրաստեցէք, որ թէ՛ Թագաւորութեան պատգամին կը յարմարի եւ թէ վերջերս ձեր թաղամասին մէջ տեղի ունեցած դէպքի մը։ (2) Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի մէջ հինգ կամ վեց յօդուածներու առաջին պարբերութիւնը աչքէ անցուցէք։ Դուք ձեզի հարցուցէք թէ ի՛նչ բան իւրաքանչիւր բացում ազդեցիկ ըրած է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել