Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 53 էջ 268-էջ 271 պարբ. 2
  • Ունկնդիրները Քաջալերել եւ Զօրացնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ունկնդիրները Քաջալերել եւ Զօրացնել
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ընդօրինակենք Եհովան՝ մեր քաջալերող Աստուածը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Եհովան քեզի ոյժ պիտի տայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Շարունակեցէ՛ք ‘զիրար շինել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 53 էջ 268-էջ 271 պարբ. 2

Ուսումնասիրութիւն 53

Ունկնդիրները Քաջալերել եւ Զօրացնել

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Յոյս կամ քաջալերութիւն ներշնչեցէք ձեր ունկնդիրներուն։ Զանոնք ոգեւորեցէք եւ զօրացուցէք։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Մարդիկ աշխարհի կողմէ մեծ ճնշումի տակ են։ Շատեր կը վհատին։ Դասախօսը ի՛նչ որ կ’ըսէ եւ ի՛նչպէս որ կ’ըսէ, կրնայ խոր ազդեցութիւն ունենալ իր ունկնդիրներուն վրայ։

Ի՛ՆՉ խնդիր ալ դիմագրաւեն, Աստուծոյ ծառաները քաջալերութիւն պէտք է գտնեն քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Ասիկա իրագործելու համար, երէցները մասնաւորաբար հոգ պէտք է տանին որ իրենց դասախօսութիւնները եւ խրատները քաջալերական ըլլան։ Երէցները «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս» պէտք է ըլլան։—Եսայ. 32։2

Եթէ երէց մըն էք, ձեր դասախօսութիւնները կը թարմացնեն ու կը մխիթարե՞ն։ Անոնք կ’ոգեւորե՞ն Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայել ջանացողները։ Անոնք կը զօրացնե՞ն զանոնք որ ի հեճուկս հանրային անտարբերութեան կամ հակառակութեան, կը շարունակեն Աստուծոյ կամքը կատարել։ Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ ձեր ունկնդիրներէն ոմանք յուսալքուած են, տնտեսական ծանր ճնշումներու բեռին տակ կքած են, կամ անբուժելի լուրջ հիւանդութեան մը դէմ կը պայքարին։ Կրնաք ‘ձեր բերնովը զօրացնել’ ձեր եղբայրները։—Յոբ. 16։5

Որպէս դասախօս ձեր ունեցած պատեհութիւնը գործածեցէք ձեր եղբայրներուն օգնելու որ յուսադրուին եւ զօրանան Եհովայով եւ իր ըրած կարգադրութիւններով։—Հռովմ. 15։13. Եփ. 6։10

Վերյիշեցուցէք Եհովայի Ըրած Բաները։ Քաջութիւն ներշնչելու կարեւոր կերպերէն մէկն է ցոյց տալ թէ Եհովա ի՛նչպէս անցեալին օգնեց իր ժողովուրդին՝ դժուարութիւններու ընդմէջէն։—Հռովմ. 15։4

Իսրայէլ Խոստացեալ Երկիրը մտնելէ առաջ՝ որ այն ատեն թշնամի ազգերու կողմէ բնակուած էր՝ Եհովա ըսաւ Մովսէսի որ Յեսուն ‘զօրացնէր’ ու անոր ‘սիրտ տար’։ Մովսէս ի՞նչպէս ըրաւ ասիկա։ Յեսուի ներկայութեան, Մովսէս ամբողջ ազգին վերյիշեցուց ինչ որ Եհովա ըրաւ իրենց համար երբ Եգիպտոսէն դուրս կ’ելլէին։ (Բ. Օր. 3։28. 7։18) Մովսէս վերաքաղ ըրաւ նաեւ Ամօրհացիներուն դէմ իրենց տարած յաղթանակները Եհովայի օգնութեամբ։ Ապա յորդորեց Յեսուն, ըսելով. «Ուժովցի՛ր ու քա՛ջ եղիր»։ (Բ. Օր. 31։1-8) Երբ կը փորձէք ձեր եղբայրները քաջալերել, անոնց կ’օգնէ՞ք որ իրենց համար Եհովայի ըրած բաները վերյիշելով զօրանան։

Երբեմն անհատներ ա՛յնքան ընկճուած կ’ըլլան իրենց խնդիրներով, որ հարց կու տան թէ արդեօք օր մը Թագաւորութեան օրհնութիւնները պիտի կարենա՞ն վայելել։ Անոնց վերյիշեցուցէք թէ Եհովայի խոստումները վստահելի են։—Յես. 23։14

Կարգ մը երկիրներու մէջ կառավարական վճիռով մեր եղբայրները բարի լուրը քարոզելու արգելքի տակ եկած են։ Այսպիսի պարագաներու, սիրալիր երէցներ կրնան իրենց հաւատակիցներուն օգնել որ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներուն փորձառութիւններով քաջալերուին։ (Գործք 4։1–5։42) Իսկ իրադարձութիւնները ձեռք առնելու Աստուծոյ կերպը ուշագրաւ դարձնելը՝ ինչպէս արձանագրուած է Եսթերայ գրքին մէջ՝ վստահաբար եղբայրներուն քաջութիւն պիտի ներշնչէ։

Երբեմն անհատներ ժողովներու կը յաճախեն, բայց անկէ անդին չեն երթար։ Անոնք կրնան խորհիլ որ Աստուած բնաւ պիտի չներէ իրենց, քանի որ իրենց անցուցած կեանքը շատ վատ էր։ Թերեւս կրնաք պատմել թէ Եհովա ի՛նչպէս վարուեցաւ Մանասէ Թագաւորին հետ։ (Բ. Մնաց. 33։1-16) Կամ կրնաք վաղեմի Կորնթոսի մարդոց մասին պատմել, որոնք իրենց ապրելակերպը փոխեցին, Քրիստոնեաներ եղան, եւ Աստուծոյ կողմէ արդար յայտարարուեցան։—Ա. Կորն. 6։9-11

Արդեօք ոմանք կը խորհի՞ն թէ իրենց ունեցած խնդիրները Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնելուն արդիւնքն են։ Կրնաք անոնց վերյիշեցնել ինչ որ Յոբ կրեց եւ թէ ի՛նչպէս մեծապէս օրհնուեցաւ, քանի որ Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութեան կառչած մնաց։ (Յոբ. 1։1-22. 10։1. 42։12, 13. Սաղմ. 34։19) Յոբի կեղծ մխիթարիչները սխալ կերպով արտայայտուած էին, թէ Յոբ կարգ մը մեղքեր գործած ըլլալու էր։ (Յոբ. 4։7, 8. 8։5, 6) Ասոր հակառակը, երբ աշակերտները ‘կը յորդորէին որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ’, Պօղոս եւ Բառնաբաս ըսին. «Շատ նեղութիւն կրելով կրնանք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ (Գործք 14։21, 22) Նոյն կերպով, ներկայիս կրնաք փորձութիւններու մէջ եղողները զօրացնել, անոնց ուշադրութեան յանձնելով որ բոլոր Քրիստոնեաներէն պահանջուած է փորձութիւններու ներքեւ տոկալ եւ թէ համբերութիւնը շատ արժէքաւոր է Աստուծոյ աչքին։—Առ. 27։11. Մատթ. 24։13. Հռովմ. 5։3, 4. Բ. Տիմ. 3։12

Ձեր ունկնդիրները քաջալերեցէք որ խորհին թէ Եհովա իր խոստումները ի՛նչպէս պահած է իրենց կեանքին մէջ։ Կարգ մը վերյիշեցումներ ընելով, անոնք կրնան տեսնել թէ Եհովա անձնապէս օգնած է իրենց, ինչպէս խոստացած էր։ Սաղմոս 32։8–ի մէջ կը կարդանք. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։ Ձեր ունկնդիրներուն օգնելով որ վերյիշեն թէ Եհովա ի՛նչպէս առաջնորդած կամ զօրացուցած է զիրենք, անոնց կարելիութիւն պիտի տաք տեսնելու թէ Եհովա անձնապէս հոգ տարած է իրենց եւ թէ ներկայիս ի՛նչ փորձութիւն ալ դիմագրաւեն՝ իրապէս պիտի օգնէ իրենց։—Եսայ. 41։10, 13. Ա. Պետ. 5։7

Հիացմունք Յայտնեցէք Ներկայիս Աստուծոյ Ըրած Բաներուն Համար։ Երբ կը փորձէք ձեր եղբայրները քաջալերել, անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրեցէք ներկայիս Եհովայի ըրած բաներուն վրայ։ Երբ այս բաներուն մասին հիացմունքով կը խօսիք, ձեր ունկնդիրներուն սրտին մէջ նոյնանման զգացումներ պիտի արթնցնէք։

Նկատի առէք թէ Եհովա ի՛նչպէս կ’օգնէ որ կեանքի ճնշումներուն հետ գլուխ ելլենք։ Ան մեզի ցոյց կու տայ լաւագոյն ապրելակերպը։ (Եսայ. 30։21) Ոճիրին, անիրաւութեան, աղքատութեան, հիւանդութեան եւ մահուան պատճառներուն մասին բացատրութիւն կու տայ, եւ մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ կերպով վերջ պիտի դնէ անոնց։ Ան մեզ կը շրջապատէ սիրալիր եղբայրութեամբ։ Աղօթքի թանկագին առանձնաշնորհումը կը շնորհէ մեզի։ Մեզի կը վստահի իր Վկաները ըլլալու պատեհութիւնը։ Ան մեր աչքերը կը բանայ տեսնելու համար թէ Քրիստոս արդէն գահակալուած է երկնքի մէջ, եւ թէ հին դրութեան վերջին օրերը իրենց վախճանին կ’արտորան։—Յայտ. 12։1-12

Այս օրհնութիւններուն վրայ աւելցուցէք մեր ժողովքային հանդիպումներն ու համաժողովները։ Երբ այս կարգադրութիւններուն մասին անկեղծ երախտագիտութեամբ խօսիք, իրենց եղբայրներուն հետ հաւաքուիլը չանտեսելու անոնց վճռակամութիւնը կը զօրացնէք։—Եբր. 10։23-25

Դաշտի ծառայութեան մէջ մեր ջանքերուն վրայ Եհովայի օրհնութիւնը ապացուցանող տեղեկագրութիւններն ալ զօրութեան աղբիւր մըն են։ Առաջին դարուն, երբ Պօղոս եւ Բառնաբաս ճամբայ ելած էին դէպի Երուսաղէմ, անոնք «մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները», մանրամասնօրէն պատմելով հեթանոս անհատներու դարձի գալը։ (Գործք 15։3) Դուք ալ կրնաք եղբայրները ուրախացնել, անոնց հետ բաժնելով շինիչ փորձառութիւններ։

Յաւելեալ քաջալերութիւն կը ստանան անհատներ, երբ իրենց ըրած բանին արժէքը տեսնեն։ Զանոնք գովեցէք քրիստոնէական ծառայութեան մէջ իրենց ունեցած մասնակցութեան համար։ Գովեցէք զանոնք, որոնց գործունէութիւնը շատ սահմանափակ է յառաջացած տարիքի եւ հիւանդութեան պատճառաւ, բայց կը շարունակեն հաւատարմաբար տոկալ։ Անոնց վերյիշեցուցէք թէ Եհովա չի մոռնար իր անուան հանդէպ անոնց ցուցաբերած սէրը։ (Եբր. 6։10) Փորձութեան ներքեւ ցուցաբերուած հաւատքը անգին ստացուածք մըն է։ (Ա. Պետ. 1։6, 7) Մեր եղբայրները պէտք ունին այս վերյիշեցումին։

Մեր Դիմաց Գտնուող Յոյսին Մասին Զգացումով Խօսեցէք։ Գալիք բաներուն մասին ներշնչեալ խոստումները քաջալերութեան մեծ աղբիւր մըն են Աստուած սիրողներուն համար։ Թերեւս ձեր ունկնդիրներէն շատեր յաճախ լսած են այս արտայայտութիւնները։ Բայց այդ խոստումներուն մասին խօսելու ատեն ձեր ցոյց տուած գնահատութեամբ, զանոնք կը կենդանացնէք, անոնց կատարման վրայ վստահութիւն կը կերտէք, եւ պատճառ կ’ըլլաք որ ձեր ունկնդիրներուն սիրտը երախտագիտութեամբ յորդի։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ձեր սորվածները կիրարկելը ձեզի պիտի օգնէ որ ասիկա իրագործէք։

Եհովա իր ժողովուրդին Մեծ Քաջալերողը եւ զօրութիւն Տուողն է։ Բայց կրնաք իրեն հետ համագործակցիլ այս քաջալերութիւնն ու զօրութիւնը փոխանցելով։ Երբ ժողովքին կը խօսիք, առիթէն օգտուեցէք ասիկա ընելու համար։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

  • Երբ դասախօսութիւն մը կը պատրաստէք, ձեր մտքէն վերաքաղ ըրէք ձեր ունկնդիրներուն դիմագրաւած խնդիրները։ Ուշադիր կերպով նկատի առէք թէ ի՛նչպէս կրնաք քաջալերել ու զօրացնել զիրենք։

  • Աստուծոյ Խօսքը ազդու կերպով գործածեցէք։ Ցոյց տուէք թէ անոր ըսածները ի՛նչպէս առնչութիւն ունին մեր դիմագրաւած կացութիւններուն հետ։

  • Անկեղծ զգացումով խօսեցէք։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Այս շաբաթ երբ ձեր Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը կամ անձնական ուսումնասիրութիւնը կ’ընէք, ընտրեցէք հատուած մը, զոր կրնաք գործածել ուրիշները քաջալերելու համար։ Անիկա ժողովքին մէջ մէկու մը հետ բաժնեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել