Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աշկ էջ 4-11
  • Պատգամ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պատգամ
  • ‘Գացէ՛ք, աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք’
‘Գացէ՛ք, աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք’
աշկ էջ 4-11

Պատգամ՝ քրիստոնեայ ծնողներուն

Ծնող մը ըլլալով, կը փափաքիս թանկագին զաւակներուդ օգնել, որ Եհովան ճանչնան եւ իրեն նուիրուին։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի իրենց օգնես մկրտութեան նախապատրաստուելու։ Անոնք ե՞րբ պատրաստ պիտի ըլլան այս կարեւոր քայլը առնելու։

Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք» (Մատ. 28։19)։ Այս համարին համաձայն, մկրտութեան գլխաւոր պահանջը՝ Քրիստոսի աշակերտ ըլլալն է,– մէկը որ Քրիստոսի ուսուցումները ոչ միայն կը հասկնայ ու ատոնց կը հաւատայ, այլեւ՝ մօտէն կը հետեւի ատոնց։ Ասիկա բան մըն է, որ մինչեւ իսկ տարիքով պզտիկ եղողները կրնան ընել։

Զաւակներուդ լաւ օրինակ հանդիսացիր եւ Եհովային ուսուցումները կրկին անգամ սորվեցուր անոնց (Բ. Օր. 6։6-9)։ Ասիկա կը պարփակէ գործածել Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը, որպէսզի Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները անոնց սորվեցնես, նաեւ վարժեցնես որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հիման վրայ տրամաբանեն եւ ատոնց համաձայն ապրին։ Օգնէ երեխաներուդ, որ կարենան իրենց բառերով բացատրել իրենց հաւատալիքները (Ա. Պետ. 3։15)։ Քեզմէ, անձնական ուսումնասիրութենէն, ընտանեկան պաշտամունքէն, ժողովքային հանդիպումներէն եւ լաւ ընկերակցութիւններէն ստացած իրենց գիտելիքներն ու քաջալերանքը պիտի օգնեն, որ մկրտութեան հասնին եւ շարունակեն յառաջդիմել։ Անոնց առջեւ միշտ հոգեւոր նպատակակէտեր դիր։

Առակաց 20։11–ը կ’ըսէ. «Մինչեւ անգամ տղու մը վարքին մաքրութիւնը եւ ուղղութիւնը անոր գործերէն կը հասկցուի»։ Ի՞նչ գործեր կան, որոնցմէ կը գիտցուի թէ զաւակ մը, ըլլա՛յ տղայ կամ աղջիկ, Յիսուս Քրիստոսին աշակերտ եղած է ու պատրաստ է մկրտուելու։

Այն երեխան, որ կը յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն, պէտք է հնազանդ ըլլայ իր ծնողներուն (Գործք 5։29. Կող. 3։20)։ Աստուածաշունչը 12 տարեկան Յիսուսին մասին կ’ըսէ, թէ «անոնց [իր ծնողներուն] հնազանդ էր» (Ղուկ. 2։51)։ Անշուշտ, չես կրնար զաւակէդ կատարելութիւն ակնկալել, բայց մկրտուիլ փափաքող զաւակ մը պէտք է ջանայ Յիսուսի օրինակին հետեւիլ՝ իր ծնողներուն հնազանդ ըլլալով։

Ան նաեւ ցոյց պէտք է տայ, թէ հետաքրքրուած է աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ սորվելով (Ղուկ. 2։46)։ Զաւակդ կ’ուզէ՞ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ ու մասնակցիլ (Սաղ. 122։1)։ Ան ախորժակ ունի՞ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալու եւ անձնական ուսումնասիրութիւն ընելու (Մատ. 4։4)։

Դէպի մկրտութիւն յառաջդիմող զաւակը կը ջանայ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել (Մատ. 6։33)։ Ան կ’ըմբռնէ որ պատասխանատուութիւն ունի իր հաւատքին մասին ուրիշներուն խօսելու։ Ան ծառայութեան զանազան երեսակներուն կը մասնակցի եւ չ’ամչնար իր ուսուցիչներուն ու դպրոցակիցներուն գիտցնելու, թէ ինք Եհովայի վկայ է։ Ան «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովին մէջ իրեն տրուած նշանակումները լուրջի կ’առնէ։

Ան նաեւ պէտք է ջանք թափէ բարոյապէս մաքուր մնալու՝ չար ընկերակցութիւններէն խուսափելով (Առ. 13։20. Ա. Կոր. 15։33)։ Ասիկա յայտնի կ’ըլլայ իր ընտրած երաժշտութենէն, ֆիլմերէն, հեռատեսիլի յայտագիրներէն, տեսաերիզի խաղերէն եւ համացանցի գործածութենէն։

Շատեր իրենց ծնողներուն թափած ջանքերուն ընդառաջելով՝ ճշմարտութիւնը իւրացուցած են եւ պատանի տարիքին որակեալ եղած են մկրտուելու։ Թող Եհովան օրհնէ քեզ, մինչ զաւակներուդ կ’օգնես այս կարեւոր հանգրուանին հասնելու՝ Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութեան մէջ։

Պատգամ՝ չմկրտուած հրատարակիչին

Ժողովքին հետ որպէս չմկրտուած հրատարակիչ ծառայելը առանձնաշնորհում մըն է։ Հոգեւոր յառաջդիմութեանդ համար արժանի ես գովասանքի։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, սկսած ես ճանչնալ Եհովան եւ հաւատք կերտած ես իր խոստումներուն վրայ (Յովհ. 17։3. Եբ. 11։6)։

Եհովայի վկաներու հետ ուսումնասիրելէ առաջ, թերեւս կերպով մը կ’ընկերակցէիր ուրիշ մէկ կրօնական կազմակերպութեան հետ կամ թերեւս որեւէ կրօնքի չէիր պատկանիր։ Կրնայ ըլլալ որ կ’ընէիր ուրիշ բան մը, որ ներդաշնակ չէ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ։ Բայց այժմ հաւատքդ ցուցաբերած ես զղջալով, այսինքն՝ նախկին սխալ արարքներուդ համար խորին ցաւ զգալով, եւ դարձի գալով, որ կը նշանակէ՝ սխալ ընթացքը մերժել եւ վճռել ընել ինչ որ Աստուծոյ աչքին ճիշդ է (Գործք 3։19, 20ա)։

Կամ ալ, թերեւս «մանկութենէդ ի վեր» Սուրբ Գրութիւնները գիտես եւ հետեւաբար այս բանը քեզ պաշտպանած է, որ հեռու կենաս ոչ–քրիստոնէական վարքէ եւ լուրջ սխալներէ (Բ. Տիմ. 3։15)։ Սորված ես դիմադրել հասակակիցներուդ ճնշումին եւ խուսափիլ այնպիսի բաներ ընելէ, որոնք Եհովայի աչքին չար են։ Հաւատք ցուցաբերած ես՝ ճշմարիտ պաշտամունքին կողմը դիրք բռնելով եւ հաւատալիքներուդ մասին ուրիշներուն խօսելով։ Քարոզչութեան մէջ մարզում ստացած ես։ Եւ այժմ, անձնապէս որոշած ես Եհովային ծառայել որպէս չմկրտուած հրատարակիչ։

Ըլլա՛ս մանկութենէդ Եհովայի ճամբաները սորված, թէ յետագային զինք ճանչցած անհատ մը, թերեւս հոգեւոր յառաջդիմութեանդ համար կը մտածես յաւելեալ երկու քայլերու մասին,– նուիրում եւ մկրտութիւն։ Եհովային կը նուիրուիս՝ աղօթքով իրեն մօտենալով ու յայտնելով, որ անձնապէս որոշած ես ամէն ինչի մէջ իր ուզածը ընել յաւիտեան (Մատ. 16։24)։ Անկէ ետք, այդ նուիրումին որպէս խորհրդանիշ՝ ջուրով կը մկրտուիս (Մատ. 28։19, 20)։ Նուիրումի եւ մկրտութեան միջոցով, դուն կը նշանակուիս Եհովա Աստուծոյ ծառայ։ Ի՜նչ հիանալի առանձնաշնորհում։

Բայց ինչպէս որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէդ գիտցար, թերեւս տարբեր դժուարութիւններու առջեւ գտնուիս։ Յիշէ, որ Յիսուս իր մկրտուելէն քիչ ետք «անապատը տարուեցաւ Սուրբ Հոգիէն, որպէս զի Սատանայէն փորձուի» (Մատ. 4։1)։ Որպէս Քրիստոսի աշակերտ մկրտուելէ ետք, դուն ալ կրնաս յաւելեալ փորձութիւններ ակնկալել (Յովհ. 15։20)։ Ատոնք կրնան տարբեր ձեւերով գալ։ Թերեւս հակառակութիւն դիմագրաւես ընտանիքէդ (Մատ. 10։36)։ Թերեւս ծաղրանքի ենթարկուիս դասընկերներուդ, գործակիցներուդ եւ նախկին ընկերներուդ կողմէ։ Մի՛շտ յիշէ Մարկոս 10։29, 30–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’»։ Ուստի շարունակէ՛ ջանք թափել Եհովային մօտիկ մնալու եւ իր արդար չափանիշներուն համաձայն ապրելու։

Երբ փափաքիս մկրտուիլ, ասոր մասին տեղեակ պահէ երէցներու մարմինի համակարգողը։ Այս պատգամէն ետք նշուած հարցումները որպէս հիմ կը ծառայեն այն քննարկութիւններուն, որոնք երէցները քեզի հետ պիտի ունենան, որպէսզի որոշեն թէ մկրտուելու որակեալ ես կամ ոչ։ Կանոնաւոր անձնական ուսումնասիրութիւնդ ընելու ատեն, կրնաս առանձնաբար այս հարցումները աչքէ անցընել։

Այս քննարկութիւններուն նախապատրաստուելու համար, ժամանակ տրամադրէ մէջբերուած համարները կարդալու եւ ատոնց վրայ խոկալու։ Թերեւս ուզես անձնական նշումներ ընել այս գրքոյկին մէջ կամ ուրիշ տեղ։ Երէցներուն հետ քննարկութիւններ կատարելու ընթացքին, կրնաս այդ նշումներէդ օգտուիլ եւ այս գրքոյկը բաց ձգել։ Եթէ հարցումներէն որեւէ մէկը հասկնալու դժուարութիւն ունենաս, ազատ զգայ օգնութեան համար դիմելու այն անհատին, որ քեզի հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ, կամ՝ երէցներուն։

Երէցներուն հետ քննարկութիւնները կատարելու ատեն, մի՛ կարծեր թէ պէտք է որ երկար կամ խրթին պատասխաններ տաս հարցումներուն։ Քու բառերովդ եղող պարզ եւ ուղղակի պատասխանը լաւագոյնն է։ Շատ մը հարցումներու համար, նաեւ օգտակար է մէջբերել մէկ կամ երկու համարներ, որոնք ցոյց կու տան թէ պատասխանդ հիմնուած է Աստուածաշունչին վրայ։

Եթէ տակաւին բաւարար գիտութիւն չես ստացած Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն մասին, երէցները հոգ պիտի տանին որ քեզի անհրաժեշտ օգնութիւնը տրուի, որպէսզի կարող ըլլաս քու բառերովդ արտայայտել Սուրբ Գրութիւններու պատշաճ հասկացողութիւնը, եւ յետագային որակեալ ըլլաս մկրտուելու։

[Նշմար՝ ժողովքի երէցներուն. Մկրտութեան թեկնածուներու հետ քննարկութիւնները վարելու ցուցմունքները կը գտնուին էջ 54-59–ի վրայ։]

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել