ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՄԿՐՏՈՒԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Մաս 1. Քրիստոնէական հաւատալիքներ
Եհովայի վկաներու հետ Աստուածաշունչ ուսումնասիրելով ծանօթացած ես ճշմարտութեան։ Սորվածներդ անկասկած քեզի օգնած են, որ Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենաս, եւ քեզի տուած են ապագայ յոյսը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ դրախտային երկրի մը վրայ ապրելու եւ օրհնութիւններ վայելելու։ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատքդ զօրացած է, եւ քրիստոնէական ժողովքին հետ ընկերակցելով՝ արդէն իսկ բազմաթիւ օրհնութիւններ վայելած ես։ Սկսած ես ըմբռնել, թէ ներկայիս Եհովան ինչպէ՛ս կը վարուի իր ժողովուրդին հետ (Զաք. 8։23)։
Մինչ այժմ մկրտութեան կը պատրաստուիս, օգուտներ պիտի քաղես ժողովքի երէցներուն հետ վերաքաղ ընելով քրիստոնէական հիմնական հաւատալիքներ (Եբ. 6։1-3)։ Թող որ Եհովան շարունակէ օրհնել քու բոլոր ջանքերդ զինք ճանչնալու եւ քեզի շնորհէ խոստացուած պարգեւը (Յովհ. 17։3)։
Ինչո՞ւ կ’ուզես մկրտուիլ։
Եհովան ո՞վ է։
«Վերը երկնքի մէջ ու վարը երկրի վրայ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է, ուրիշ մը չկայ» (Բ. Օր. 4։39)։
«Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղ. 83։18)։
Աստուծոյ անունը գործածելը ինչո՞ւ կարեւոր է քեզի համար։
«Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ’» (Մատ. 6։9)։
«Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Հռով. 10։13)։
Սուրբ Գիրքին մէջ ի՞նչ արտայայտութիւններ կան, որոնք Եհովան կը նկարագրեն։
«Յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան, երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, չի յոգնիր» (Եսա. 40։28)։
«Ով Հայր մեր որ երկինքն ես» (Մատ. 6։9)։
«Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։
Ի՞նչ կրնաս տալ Եհովա Աստուծոյ։
«Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ» (Մար. 12։30)։
«Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես» (Ղուկ. 4։8)։
Ինչո՞ւ կ’ուզես Եհովային հաւատարիմ մնալ։
«Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի զիս անարգողին պատասխան տամ» (Առ. 27։11)։
Որո՞ւ կ’աղօթես եւ որո՞ւ անունով կ’աղօթես։
«Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի» (Յովհ. 16։23)։
Ի՞նչ կարգ մը բաներու մասին կրնաս աղօթել։
«Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ. մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր, մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն. ու մեզ փորձութեան մի՛ տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ» (Մատ. 6։9-13)։
«Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհ. 5։14)։
Եհովան թերեւս ի՞նչ պատճառով մտիկ չընէ անհատի մը աղօթքին։
«Այն ատեն Տէրոջը պիտի աղաղակեն, բայց անոնց պատասխան պիտի չտայ. . . վասն զի անոնք չար գործեր ըրին» (Միք. 3։4)։
«Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է» (Ա. Պետ. 3։12)։
Յիսուս Քրիստոս ո՞վ է։
«Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին’» (Մատ. 16։16)։
Յիսուս ինչո՞ւ երկիր եկաւ։
«Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատ. 20։28)։
«Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկ. 4։44)։
Ինչպէ՞ս կրնաս գնահատանքդ ցուցնել Յիսուսի զոհին հանդէպ։
«Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ» (Բ. Կոր. 5։15)։
Յիսուս ի՞նչ հեղինակութիւն ունի։
«Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ» (Մատ. 28։18)։
«Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է» (Փլպ. 2։9)։
Կը հաւատա՞ս որ Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» է, որ Յիսուսին կողմէ նշանակուած է։
«Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ» (Մատ. 24։45)։
Սուրբ հոգին ա՞նձ է։
«Հրեշտակը պատասխանեց անոր. ‘Սուրբ Հոգին պիտի գայ վրադ, ու Ամենաբարձրին զօրութիւնը հովանի պիտի ըլլայ քեզի. ուստի այն սուրբը որ քեզմէ պիտի ծնի՝ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի’» (Ղուկ. 1։35, ԱԾ)։
«Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ. 11։13)։
Եհովան ինչպէ՞ս գործածած է իր սուրբ հոգին։
«Տէրոջը խօսքովը երկինք ստեղծուեցաւ ու իր բերնին հոգիովը՝ անոր բոլոր զօրքը» (Սաղ. 33։6)։
«Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք. . . մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։
«Գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։ Վասն զի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան» (Բ. Պետ. 1։20, 21)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ է։
«Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դան. 2։44)։
Աստուծոյ Թագաւորութենէն ինչպէ՞ս պիտի օգտուիս։
«Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտ. 21։4)։
Ինչպէ՞ս գիտես որ մօտ ատենէն պիտի վայելենք Թագաւորութեան օրհնութիւնները։
«Աշակերտները իրեն գացին առանձին ու ըսին. ‘Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ’։ Յիսուս պատասխանեց. ‘ . . .Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ’» (Մատ. 24։3, 4, 7, 14)։
«Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են» (Բ. Տիմ. 3։1-5)։
Ինչպէ՞ս ցոյց կու տաս, որ Թագաւորութիւնը կարեւոր է քեզի համար։
«Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը» (Մատ. 6։33)։
«Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. ‘Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ’» (Մատ. 16։24)։
Սատանան եւ դեւերը որո՞նք են։
«Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք. . . Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր» (Յովհ. 8։44)։
«Վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ» (Յայտ. 12։9)։
Սատանան ի՞նչ ամբաստանութիւն ըրած է Եհովային եւ անոր երկրպագուներուն մասին։
«Կինը օձին ըսաւ. ‘Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել, բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար՝ Աստուած ըսաւ. «Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէս զի չմեռնիք»’։ Օձը կնոջ ըսաւ. ‘Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով’» (Ծն. 3։2-5)։
«Սատանան պատասխան տուաւ ու Տէրոջը ըսաւ. ‘Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ’» (Յոբ 2։4)։
Ինչպէ՞ս կրնաս փաստել, որ Սատանային ամբաստանութիւնները սխալ են։
‘Աստուծոյ կատարեալ սրտով ծառայութիւն ըրէ՛’ (Ա. Մն. 28։9)։
«Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (Յոբ 27։5)։
Մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին։
«Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռով. 5։12)։
Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է։
«Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժող. 9։5)։
Մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս կայ։
«Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։
Քանի՞ հոգի երկինք կ’երթան Յիսուսին հետ իշխելու համար։
«Գառնուկը կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունըչորս հազարը, որոնք ունէին անոր անունը եւ անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած» (Յայտ. 14։1)։