Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուլ գլ. 5 հրց. 1-5
  • Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է
  • Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ է երկրին համար
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • «Դրախտին մէջ կը տեսնուինք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Երկրի վրայ Դրախտ. երեւակայութի՞ւն է, թէ ոչ իրականութիւն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
Տես աւելին
Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
ուլ գլ. 5 հրց. 1-5

ԳԼՈՒԽ 5

Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

1. Աստուած ինչո՞ւ երկիրը ստեղծեց։

Ադամն ու Եւան Եդեմի պարտէզին մէջ. ետքը, պարտէզէն իրենց վռնտուիլը

Եհովան երկիրը տղամարդոց եւ կիներուն տուաւ։ Ատիկա մեր տունն է։ Ուրեմն, մարդկային առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան, երկնքի մէջ ապրելու համար չստեղծուեցաւ,– Աստուած արդէն հրեշտակներ ստեղծած էր երկնքի մէջ բնակելու համար (Յոբ 38։4, 7)։ Փոխարէն, Աստուած առաջին մարդը դրաւ Եդեմի պարտէզ կոչուած հիանալի դրախտին մէջ (Ծննդոց 2։15-17)։ Եհովան անոր ու անոր ապագայ սերունդին տուաւ երկրի վրայ անվերջ կեանք վայելելու հեռանկարը։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 37։29. 115։16։

Սկիզբը, միայն Եդեմի պարտէզը դրախտ էր։ Մարդկային առաջին զոյգը երկիրը իրենց սերունդով պիտի լեցնէին։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք ամբողջ երկրին պիտի տիրէին եւ զայն դրախտի վերածէին (Ծննդոց 1։28)։ Երկիրը բնա՛ւ պիտի չկործանի։ Ատիկա միշտ մարդկութեան բնակարանը պիտի ըլլայ։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 104։5։

Դիտէ այս վիտէոն՝ Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը

2. Այժմ երկիրը ինչո՞ւ դրախտ չէ։

Ադամն ու Եւան Աստուծոյ չհնազանդեցան, ուստի ան զանոնք պարտէզէն դուրս դրաւ։ Դրախտը կորսուեցաւ, ու ո՛չ մէկ մարդ կրցած է զայն վերահաստատել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկիրը ամբարշտին ձեռքը տրուեցաւ» (Յոբ 9։24)։ —‏ Կարդա՛ Ծննդոց 3։23, 24։

Մարդիկ տուներ կը շինեն վերահաստատուած դրախտային երկրի մը վրայ

Եհովան մարդկութեան նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը լքա՞ծ է։ Ո՛չ։ Ան ամենակարող է եւ կարելի չէ որ ձախողի (Եսայի 45։18)։ Ան մարդկային ցեղը պիտի վերահաստատէ այն վիճակին մէջ, որ ի մտի ունէր։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 37։11, 34։

3. Դրախտը ինչպէ՞ս պիտի վերահաստատուի։

Դրախտը երկրի վրայ պիտի վերահաստատուի, Յիսուսի իշխանութեան ընթացքին՝ որպէս Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը։ Արմագեդոն կոչուած պատերազմով, Յիսուս Աստուծոյ հրեշտակները պիտի առաջնորդէ եւ բնաջնջէ բոլո՛ր անոնք՝ որոնք Աստուծոյ կը հակառակին։ Ապա, Յիսուս Սատանան 1000 տարի պիտի բանտարկէ։ Աստուծոյ ժողովուրդը կործանումէն պիտի վերապրի, քանի որ Յիսուս զիրենք պիտի առաջնորդէ եւ պաշտպանէ։ Անոնք երկրային Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք պիտի վայելեն։ —‏ Կարդա՛ Յայտնութիւն 20։1-3. 21։3, 4։

4. Տառապանքը ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ։

Աստուած երկրի վրայէն չարութիւնը ե՞րբ պիտի վերցնէ։ Յիսուս «նշան» մը տուաւ, վախճանին մօտ ըլլալը զատորոշելու համար։ Աշխարհի ներկայ վիճակները մարդկութեան վերապրումին կը սպառնան ու ցոյց կու տան, թէ «աշխարհիս վերջ»ին ատենը կ’ապրինք։ —‏ Կարդա՛ Մատթէոս 24։3, 7-14, 21, 22։

Իր Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս ամբողջ տառապանքին վերջ պիտի դնէ (Եսայի 9։6, 7. 11։9)։ Որպէս Թագաւոր ծառայելէ զատ, Յիսուս պիտի գործէ որպէս Քահանայապետ, եւ աստուածասէր մարդոց մեղքերը պիտի ջնջէ։ Այսպէս՝ Յիսուսի միջոցաւ, Աստուած հիւանդութիւնը, ծերութիւնն ու մահը պիտի չքացնէ։ —‏ Կարդա՛ Եսայի 25։8. 33։24։

5. Որո՞նք ապագայ Դրախտին մէջ պիտի ապրին։

Մարդիկ Թագաւորութեան սրահին մէջ կը սորվին

Թագաւորութեան սրահին մէջ, պիտի հանդիպիս անհատներու՝ որոնք Աստուած կը սիրեն եւ կ’ուզեն սորվիլ ինչպէ՛ս զինք հաճեցնել

Աստուծոյ հնազանդողները Դրախտին մէջ պիտի ապրին (Ա. Յովհաննէս 2։17)։ Յիսուս իր հետեւորդները ղրկեց, որպէսզի հեզ մարդիկը փնտռեն եւ անոնց սորվեցնեն ինչպէ՛ս Աստուծոյ ընդունելի ըլլալ։ Ներկայիս, Եհովան միլիոնաւոր անհատներ կը պատրաստէ, որ երկրի վրայ ապագայ Դրախտին մէջ ապրին (Սոփոնիա 2։3)։ Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահներուն մէջ, մարդիկ կը սորվին աւելի լաւ ամուսիններ ու հայրեր եւ աւելի լաւ կիներ ու մայրեր ըլլալ։ Զաւակներ եւ ծնողներ միասնաբար պաշտամունք կը մատուցանեն եւ կը սորվին ինչպէ՛ս բարի լուրէն օգտուիլ։ —‏ Կարդա՛ Միքիա 4։1-4։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գրքին 3–րդ դասը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել