Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուլ գլ. 6 հրց. 1-5
  • Մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս կայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս կայ
  • Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մեռելներուն համար յոյս մը կա՞յ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ի՛նչ կը պատահի մեր սիրելի ննջեցեալներուն
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Իսկական յոյս՝ քու մահացած սիրելիներուդ համար
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Ի՞նչ յոյս՝ մեր սիրելի ննջեցեալներուն համար
    Ի՞նչ յոյս՝ մեր սիրելի ննջեցեալներուն համար
Տես աւելին
Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
ուլ գլ. 6 հրց. 1-5

ԳԼՈՒԽ 6

Մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս կայ

1. Մեռելներուն մասին ի՞նչ ուրախ լուրեր կան։

Յարուցանուած Ղազարոս կ’ողջագուրուի իր քոյրերուն՝ Մարթայի եւ Մարիամի կողմէ

Երբ Յիսուս Երուսաղէմի մօտակայքը գտնուող Բեթանիա գիւղը հասաւ, իր բարեկամին՝ Ղազարոսի մահուան վրայ չորս օր անցեր էր։ Յիսուս մեռելին քոյրերուն՝ Մարթային եւ Մարիամին հետ անոր գերեզմանը ուղղուեցաւ։ Շուտով բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ։ Կրնա՞ս երեւակայել Մարթային ու Մարիամին ուրախութիւնը, երբ Յիսուս Ղազարոսը ետ կեանքի բերաւ։ —‏ Կարդա՛ Յովհաննէս 11։21-24, 38-44։

Մարթա մեռելներու վերաբերեալ ուրախ լուրը արդէն գիտէր։ Ան գիտէր թէ Եհովան մեռելները պիտի յարուցանէ, որպէսզի դարձեալ երկրի վրայ ապրին։ —‏ Կարդա՛ Յոբ 14։14, 15։

2. Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է։

Ադամի ստեղծագործութիւնը. ետքը, իր մահը

Աստուած Ադամին ըսաւ. «Հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (ԾՆՆԴՈՑ 3։19)։

Մարդիկ հողէ շինուած են (Ծննդոց 2։7. 3։19)։ Մենք ֆիզիքական մարմնի մէջ ապրող հոգիներ չենք։ Մենք ֆիզիքական արարածներ ենք, ուստի մեզմէ ոչ մէկ մաս մահուընէ կը վերապրի։ Երբ մեռնինք, մեր ուղեղն ալ կը մեռնի եւ մեր խորհուրդները կը կորսուին։ Արդ, Ղազարոս իր մահուան փորձառութեան մասին ոչինչ ըսաւ, քանի որ մեռելները անգիտակից են։ —‏ Կարդա՛ Ժողովող 9։5, 6, 10։

Աստուած մահէն ետք մարդիկը կրակով կը չարչարէ՞։ Քանի որ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ մեռելները անգիտակից են, յստակ է որ դժոխքի կրակը սուտ ուսուցում մըն է, որ Աստուած կը զրպարտէ։ Կրակի մէջ մարդիկը տանջելու գաղափարն իսկ՝ իրեն համար գարշելի է։ —‏ Կարդա՛ Երեմիա 7։31։

Դիտէ այս վիտէոն՝ Երբ մէկը մեռնի, ո՞ւր կ’երթայ

3. Մեռելները կրնա՞ն մեզի հետ խօսիլ։

Մեռելները ո՛չ կրնան խօսիլ, ոչ ալ լսել (Սաղմոս 115։17)։ Բայց կարգ մը հրեշտակներ չար են, եւ կրնան մարդոց խօսիլ ու ձեւացնել թէ մեռած մարդիկ են (Բ. Պետրոս 2։4)։ Եհովա կ’արգիլէ մեռելահմայութիւնը,– մեռել կանչելը եւ անոր հարցումներ ուղղելը։ —‏ Կարդա՛ Բ. Օրինաց 18։10, 11։

4. Որո՞նք պիտի վերակենդանանան։

Դրախտին մէջ յարուցանուած մարդ մը Աստուծոյ մասին կը սորվի։ Ետքը, մարդը կը սորվեցնէ ուրիշներու, որոնք յարուցանուած են։

Գերեզմաններու մէջ գտնուող միլիոնաւոր մարդիկ ետ կեանքի պիտի բերուին երկրի վրայ։ Նոյնիսկ Աստուած չճանչցող եւ գէշ բաներ ընող անհատներ պիտի յարուցանուին։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 37։9. Գործք 24։15։

Յարուցեալները պիտի կարենան Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվիլ եւ Յիսուսին հաւատք ընծայել՝ իրեն հնազանդելով (Յայտնութիւն 20։11-13)։ Ա՛յն յարուցեալները՝ որոնք բարի բաներ կ’ընեն, պիտի կարենան երկրի վրայ կեանքը յաւիտեան վայելել։ —‏ Կարդա՛ Յովհաննէս 5։28, 29։

5. Յարութիւնը մեզի ի՞նչ կը յայտնէ Եհովային մասին։

Աստուած մեռելներու համար յոյսը կարելի դարձուց, իր Որդին ղրկելով՝ որ իր կեանքը տայ մեզի համար։ Ուստի յարութիւնը մեզի կը յայտնէ Եհովայի սէրն ու անզուգական բարութիւնը։ Երբ մեռելները վերակենդանանան, մասնաւորաբար ո՞վ կ’ուզես տեսնել։ —‏ Կարդա՛ Յովհաննէս 3։16. Հռովմայեցիս 6։23։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գրքին 6–րդ, 7–րդ եւ 10–րդ դասերը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել