Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհհ հրց. 5 էջ 15-17
  • Ի՞նչ ընեմ եթէ դպրոցին մէջ ինծի կը սպառնան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ ընեմ եթէ դպրոցին մէջ ինծի կը սպառնան
  • Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովային վստահէ երբ մէկը քեզի սպառնայ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ
պհհ հրց. 5 էջ 15-17
Տղու մը կը սպառնան իր դասընկերներուն առջեւ

ՀԱՐՑՈՒՄ 5

Ի՞նչ ընեմ եթէ դպրոցին մէջ ինծի կը սպառնան

ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հակադարձած ձեւդ կա՛մ կրնայ վիճակը շտկել, կամ ալ վատթարացնել։

ԴՈՒՆ ԻՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ

Երեւակայէ այս պարագան։ Թոմասը ո՛չ այսօր կ’ուզէ դպրոց երթալ, ոչ ալ վաղը։ Իրականութեան մէջ ան բնա՛ւ չ’ուզեր դպրոց երթալ։ Ինչո՞ւ։ Երեք ամիս առաջ իր դպրոցակիցները սկսան իր մասին հոս–հոն գէշ բաներ խօսիլ։ Ետքը սկսան իրեն անուն կախել։ Երբեմն անոնցմէ մէկը քալած ատեն Թոմասին կը զարնուէր, որ անոր գիրքերը ձեռքէն իյնային, յետոյ կը ձեւացնէր որ մասնաւոր չըրաւ։ Կամ, ուրիշ մը ետեւէն Թոմասը կը հրէր. եւ երբ ան ետեւ դառնար որ նայէր թէ ո՛վ էր հրողը, չէր կրնար գիտնալ։ Այս ճնշումները երէկ աւելի լուրջ դարձան, երբ համացանցին վրայ Թոմասին սպառնացին. . .

Եթէ Թոմասին տեղը ըլլայիր, դո՛ւն ինչ կ’ընէիր։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ

Դուն տկար չես։ Իրականութեան մէջ, կրնա՛ս քեզի սպառնացողին յաղթել առանց բռունցքդ գործածելու։ Ինչպէ՞ս։

  • ՄԻ՛ ՀԱԿԱԴԱՐՁԵՐ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ, բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ» (Առակաց 29։11)։ Եթէ կարելի եղածին չափ հանդարտ մնաս,– առնուազն դուրսէն,– քեզի սպառնացողները կը ձանձրանան եւ այլեւս հետդ չեն իյնար։

  • ԻՐԵՆ ՊԷՍ ՄԻ՛ ՎԱՐՈՒԻՐ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք» (Հռովմայեցիս 12։17)։ Եթէ վրէժ առնելու ելլես, բան մը շինելու տեղ՝ կը քանդես։

  • ԽՆԴԻՐՆԵՐԷ ՀԵՌՈՒ ԿԵՑԻՐ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ» (Առակաց 22։3)։ Կարելի եղածին չափ հեռու կեցիր խնդիրներու դուռ բացող անհատներէ եւ պարագաներէ։

  • ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ ՏՈՒՐ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ» (Առակաց 15։1)։ Նոյնիսկ կրնաս կատակի ձեւով պատասխանել։ Օրինակ, եթէ մէկը քեզի ըսէ որ շատ գէր ես, կրնաս ըսել. «Հա՜, պէտք է քիչ մը նիհարնամ»։

  • ՀԱՆԴԱՐՏՕՐԷՆ ՀԵՌԱՑԻՐ։ 19 տարեկան Նորան կ’ըսէ. «Հանդարտօրէն հեռանալով ցոյց կու տաս որ հասուն ես եւ աւելի՛ զօրաւոր ես այն անձէն, որ քեզ կը նեղացնէ։ Նաեւ ցոյց կու տաս որ ժուժկալ ես,– յատկութիւն մը, որ քեզի սպառնացողը չունի» (Բ. Տիմոթէոս 2։24)։

  • ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀ ԵՂԻՐ։ Ընդհանրապէս սպառնացողները կրնան նկատել անոնք՝ որոնք իրենց անձին մասին ժխտական տեսակէտ ունին եւ թերեւս չեն կրնար հակադարձել։ Միւս կողմէ, անոնք ե՛տ կը քաշուին, երբ տեսնեն որ իրենց առիթ չես տար որ «վրադ հեծնեն»։

  • ՄԷԿՈՒ ՄԸ ՊԱՏՄԷ։ Նախկին ուսուցիչ մը կ’ըսէ. «Ես սպառնալիքի զոհ գացողները կը քաջալերեմ որ մէկու մը պատմեն։ Ասիկա առնուելիք ճիշդ քայլն է եւ կ’օգնէ որ ուրիշներ ալ այս գէշ վերաբերմունքին զոհը չերթան»։

Պատանի մը ինքնավստահութեամբ դէմ կը դնէ սպառնացողի մը

Ինքնավստահութիւնը քեզի ոյժ պիտի տայ. յատկութիւն մը՝ որ քեզի սպառնացողը չունի

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Ֆիզիքապէս յարձակելէ զատ, ոմանք կրնան այլ կերպերով ալ ուրիշներու սպառնալ։

  • Բառերը կրակի պէս կ’ելլեն սպառնացողին բերանէն

    Վիրաւորիչ խօսքեր ըսել։ «Կեանքիս մէջ պիտի չմոռնամ այդ բոլոր ածականները որ ինծի կու տային կամ այն բաները՝ որ իմ հասցէիս կը խօսէին։ Անոնք ինծի զգացնել տուին որ ես անարժէք մէկն եմ, սիրուած չեմ եւ ձեռքէս բան մը չի գար։ Պէտք չէր ականջ կախէի» (Սելին, 20 տարեկան)։

  • Պատանի մը մինակը նստած է, իր ընկերները զինք անտեսելէ ետք

    Մեկուսացում պատճառել։ «Դպրոցակիցներս սկսան ինձմէ խուսափիլ։ Այնպէս մը կը ձեւացնէին որ ճաշի սեղանին վրայ տեղ չկայ, որ հետերնին չնստիմ։ Ամբողջ տարին լալով անցուցի եւ մինակս ճաշեցի» (Հէյլի, 18 տարեկան)։

  • Պատանուհի մը համակարգիչին պաստառէն կը հեռանայ, քանի որ առցանց սպառնալիքի զոհը գացած է

    Համացանցի վրայ սպառնալ։ «Համակարգիչին վրայ քանի մը բառ տպելով կրնաս մէկու մը համբաւը աւրել կամ նոյնիսկ անոր կեանքը քանդել։ Ըսածս թերեւս չափազանցութիւն երեւի, բայց կրնա՛յ պատահիլ» (Տանիէլ, 14 տարեկան)։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑ ՏՈՒՐ

ՃԻՇԴ ԿԱՄ ՍԽԱԼ

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

1 Հազարաւոր տարիներէ ի վեր մարդիկ իրարու կը սպառնան։

1 Ճիշդ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կը խօսի հսկաներու մասին, որոնք եբրայերէնով կը կոչուին նեֆիլիմ. այսինքն՝ «անձեր, որոնք կը պատճառեն որ ուրիշներ տապալին» (Ծննդոց 6։4)։

2 Սպառնալը անվնաս կատակ է։ Լուրջ հարց չէ։

2 Սխալ։ Անիկա գլխաւոր պատճառներէն մէկն է, որ կը մղէ պատանիներէն շատեր անձնասպան ըլլալու։

3 Սպառնացողին սահման դնելու լաւագոյն կերպն է՝ նոյն ձեւով վարուիլ։

3 Սխալ։ Սպառնացողները շատ անգամ իրենց զոհէն ֆիզիքապէս աւելի զօրաւոր կ’ըլլան։ Ուրեմն հակադարձելը անօգուտ է։

4 Եթէ տեսնես որ մէկը միւսին կը սպառնայ, լաւագոյն բանն է՝ անտեսել։

4 Սխալ։ Անմեղ վկայ ըսուած բան չկայ։ Եթէ տեսնես որ մէկը միւսին կը սպառնայ եւ լուռ կը մնաս, կարծես անոր ըրածին մասնակից կ’ըլլաս։

5 Սպառնացողը մէջէն անապահով կը զգայ։

5 Ճիշդ։ Թէեւ սպառնացողներէն ոմանք ինքնահաւան են, բայց անոնցմէ շատեր մէջէն անապահով կը զգան, անոր համար ուրիշներուն գետին կը զարնեն, որ իրե՛նք հանգիստ զգան։

6 Սպառնացողները կրնան փոխուիլ։

6 Ճիշդ։ Եթէ սպառնացողները օգնութիւն ստանան, կրնան իրենց մտածելակերպը եւ վարքը փոխել։

ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՍ

  • Եթէ մէկը ինծի սպառնայ, ի՞նչ պիտի ըսեմ կամ ընեմ։

ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Քեզի սպառնացողին յաղթէ առանց բռունցքդ գործածելու

Դիտէ Քեզի սպառնացողին յաղթէ առանց բռունցքդ գործածելու տեսաերիզը www.pr418.com կայքին վրայ (նայէ՛ BIBLE TEACHINGS > TEENAGERS եւ ընտրէ արեւմտահայերէն լեզուն)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել