Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ23 Սեպտեմբեր էջ 5
  • Եհովային վստահէ երբ մէկը քեզի սպառնայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովային վստահէ երբ մէկը քեզի սպառնայ
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞նչ ընեմ եթէ դպրոցին մէջ ինծի կը սպառնան
    Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ
  • Որոշումներ՝ որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովային կը վստահինք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Ան իմաստուն, քաջ եւ անձնուրաց գտնուեցաւ
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Ո՛վ ծնողներ ձեր պզտիկներուն սորվեցուցէք Եհովային սիրտը ուրախացնել
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
ժտ23 Սեպտեմբեր էջ 5
Պատանուհի աղջիկ մը իր հեռաձայնը կը ցուցնէ իր ծնողքին եւ իր զգացումներուն մասին կը խօսի։ Իր ծնողքը ուշի–⁠ուշով մտիկ կ’ընէ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եհովային վստահէ երբ մէկը քեզի սպառնայ

Երբ մէկը մեզի սպառնայ, կրնայ մեզի ֆիզիքապէս վնասել կամ մեր տրամադրութեան ազդել։ Ան կրնայ նոյնիսկ հոգեւորապէս վնասել մեզի, երբ մեր պաշտամունքին հակառակի եւ մենք վախնանք իրմէ։ Ինչպէ՞ս կրնաս պաշտպանուիլ այսպիսի անձերէ։

Եհովային ծառաներէն շատեր Եհովային օգնութեամբ կրցած են գլուխ ելլել սպառնացողներու հետ (Սաղ. 18։17)։ Օրինակ, Եսթերը համարձակութեամբ իր կարծիքը արտայայտեց, որպէսզի Համան անունով գէշ անհատի մը ծրագիրները մէջտեղ հանէ (Եսթ. 7։1-6)։ Ան առա՛ջ որ այս քայլը առնէ, ծոմ պահելով ցոյց տուաւ որ Եհովային կը վստահի (Եսթ. 4։14-16)։ Եհովան օրհնեց իր ջանքերը եւ պաշտպանեց զինք եւ Իր ժողովուրդը։

Ո՛վ պատանիներ, եթէ մէկը ձեզի սպառնայ, Եհովայէն օգնութիւն խնդրեցէք եւ ձեր խնդիրին մասին խօսեցէք հասուն անձի մը հետ. օրինակ՝ ձեր ծնողքին հետ։ Կրնաք վստահ ըլլալ որ Եհովան ձեզի պիտի օգնէ, ինչպէս որ Եսթերին օգնեց։ Այսպիսի պարագաներու ուրիշ ի՞նչ կրնաք ընել։

ԴԻՏԷ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔՍ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՄ ԻՆԾԻ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂԻՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Պատանիները ի՞նչ կրնան սորվիլ Չարլիէն եւ Ֆէրինէն։

  • Ըստ Չարլիին եւ Ֆէրինին խօսքերուն, ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել