Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք25 էջ 144-159
  • Հոկտեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոկտեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 1
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 2
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 3
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 4
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 5
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 6
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 7
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 8
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 9
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 10
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 11
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 12
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 13
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 14
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 15
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 16
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 17
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 18
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 19
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 20
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 21
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 22
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 23
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 24
  • Շաբաթ, հոկտեմբեր 25
  • Կիրակի, հոկտեմբեր 26
  • Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 27
  • Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 28
  • Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 29
  • Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 30
  • Ուրբաթ, հոկտեմբեր 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
աք25 էջ 144-159

Հոկտեմբեր

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 1

Վերին իմաստութիւնը. . . հլու [«հնազանդելու պատրաստ», ՆԱ] է (Յակ. 3։17)։

Քեզի համար դժուա՞ր է հնազանդիլ։ Դաւիթ թագաւորին համար ալ դժուար էր, անոր համար Աստուծմէ խնդրեց. «Մէջս պատրաստակամ հոգի մը արթնցուր» (Սաղ. 51։12, ՆԱ)։ Դաւիթը կը սիրէր Եհովան։ Հակառակ ատոր, ատեններ իրեն համար դժուար էր Եհովային հնազանդիլ, եւ մեզի համար ալ դժուար կ’ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Առաջին, քանի որ անհնազանդ ըլլալու հակումը ժառանգած ենք։ Երկրորդ, քանի որ Սատանան շարունակ մեզ կը մղէ ըմբոստանալու, ինչպէս որ ինք ըրաւ (Բ. Կոր. 11։3)։ Երրորդ, քանի որ շրջապատուած ենք մարդոցմով, որոնք ըմբոստ հոգի ունին, որ «հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ» (Եփ. 2։2)։ Անոր համար, պէտք է շատ ջանք թափենք որ դէմ դնենք մեր անկատարութիւններուն, Սատանային եւ այս աշխարհին, որպէսզի հնազանդինք Եհովային եւ անոնց որոնց ինք հեղինակութիւն տուած է։ դ23.10 6 ¶1

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 2

Դուն աղէկ գինին մինչեւ հիմա պահած ես (Յովհ. 2։10)։

Ջուրը գինիի վերածելու Յիսուսի հրաշքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Խոնարհութիւն։ Յիսուս իր ըրած հրաշքով չհպարտացաւ։ Իրականութեան մէջ, ան բնաւ չհպարտացաւ իր ըրածներով։ Ընդհակառակը, ան խոնարհութեամբ եւ կրկին անգամ ամէն փառք ու պատիւ իր Հօրը տուաւ (Յովհ. 5։19, 30. 8։28)։ Եթէ Յիսուսին պէս խոնարհ ըլլանք, մեր ըրածներով պիտի չհպարտանանք։ Հապա պիտի հպարտանանք որ պատիւը ունինք մեր հոյակապ Աստուծոյն ծառայելու (Եր. 9։23, 24)։ Ուրեմն, իրեն տանք այն պատիւը որու արժանի է։ Վերջ ի վերջոյ, առանց Եհովային օգնութեամբ մենք չենք կրնար բան մը ընել։ Եթէ խոնարհ ենք, չենք ուզեր որ մեզի պատիւ տրուի, երբ ուրիշներու լաւ բաներ կ’ընենք։ Պիտի գոհանանք գիտնալով, որ Եհովան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ մեր ըրածը (համեմատէ՛ Մատթէոս 6։2-4. Եբ. 13։16)։ Վստահաբար, Եհովան պիտի ուրախանայ, երբ Յիսուսին պէս խոնարհ ըլլանք (Ա. Պետ. 5։6)։ դ23.04 4 ¶9. 5 ¶11-12

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 3

Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ (Փլպ. 2։4)։

Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները քաջալերեց, որ ուրիշներուն շահն ալ նկատի առնեն։ Իսկ մենք ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել ժողովներուն մէջ։ Երբ յիշենք, թէ ուրիշներն ալ մեզի պէս կ’ուզեն պատասխանել։ Մէկ հատ ասանկ մտածէ։ Երբ քու ընկերներուդ հետ ես, լման ժամանակը դո՞ւն կը խօսիս, թէ ոչ իրենց ալ առիթ կու տաս։ Վստահաբար կ’ուզես որ իրենք ալ մասնակցին խօսակցութեան։ Նոյնպէս, ժողովներուն կ’ուզենք որ շատեր մասնակցին։ Եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերած կ’ըլլանք, երբ որ իրենց ալ առիթ տանք որ իրենց հաւատքին մասին խօսին (Ա. Կոր. 10։24)։ Ուրեմն, մեր պատասխանները կարճ պահենք, ասանկով առիթ կը տրուի որ աւելի անձեր պատասխանեն։ Ասկէ զատ, նոյնիսկ եթէ պատասխանդ կարճ կը պահես, շատ կէտերու մասին մի՛ խօսիր։ Քանի որ եթէ այդպէս ընես, ուրիշներուն բան մը պիտի չձգես։ դ23.04 22-23 ¶11-13

Շաբաթ, հոկտեմբեր 4

Այս բոլորը կ’ընեմ՝ Աւետարանին սիրոյն, որպէսզի անոր տարածման մասնակցութիւնս բերած ըլլամ (Ա. Կոր. 9։23, ՆԹ)։

Մեր ծառայութեան մէջ պէտք է որ ճկուն ըլլանք։ Մենք կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կու գան զանազան տեղերէ եւ տարբեր հաւատալիքներ ու կարծիքներ ունին։ Պօղոս առաքեալ յարմարող մէկն էր, եւ մենք կրնանք իր օրինակէն սորվիլ։ Յիսուս Պօղոսը նշանակեց, որ «հեթանոսներուն առաքեալ» ըլլայ (Հռով. 11։13)։ Ատանկով, Պօղոս քարոզեց հրեաներու, յոյներու, զարգացած մարդոց, գիւղացիներու եւ կառավարիչներու։ Որպէսզի կարենար այդ տարբեր–տարբեր անհատներուն սրտին հասնիլ, ան ‘ամենուն հետ ամէն բան եղաւ’ (Ա. Կոր. 9։19-22)։ Ան խորապէս մտածեց անհատներուն մշակոյթին եւ հաւատալիքներուն մասին, եւ ատոր համեմատ իրենց հետ խօսեցաւ։ Մենք ալ կրնանք աւելի լաւ կերպով ծառայել, եթէ ճկուն ըլլանք եւ մտածենք թէ ի՛նչն է լաւագոյն կերպը մեզի մտիկ ընողներուն օգնելու։ դ23.07 23 ¶11-12

Կիրակի, հոկտեմբեր 5

Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն (Բ. Տիմ. 2։24)։

Հեզութիւնը զօրութի՛ւն մըն է եւ ոչ թէ տկարութիւն մը։ Ներքին զօրութիւն կ’ուզէ, որ մէկը հանդարտ մնայ, երբ դժուար պարագայէ մը կ’անցնի։ Եւ հեզութիւնը «Հոգիին պտուղ»ին երեսակներէն մէկն է (Գաղ. 5։22, 23)։ «Հեզութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը ատեններ կը գործածուէր նկարագրելու վայրի ձի մը, որ ընտանի դարձած էր։ Երեւակայէ վայրի ձի մը, որ հանդարտ կը դառնայ. հանդարտ, բայց զօրաւոր։ Լաւ, մենք ինչպէ՞ս կրնանք հեզութիւն մշակել, բայց տակաւին զօրաւոր ըլլալ։ Ասիկա չենք կրնար մեր ուժովը ընել։ Պէտք է Եհովայէն խնդրենք որ իր հոգին տայ եւ մեզի օգնէ որ այս գեղեցիկ յատկութիւնը մշակենք։ Եւ շատերու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ կարելի է որ մէկը սորվի հեզ ըլլալ։ Շատ մը Վկաներ կրցած են հեզ մնալ հակառակորդներու դիմաց, եւ այսպէս լաւ տպաւորութիւն ձգած են ուրիշներու վրայ (Բ. Տիմ. 2։24, 25)։ դ23.09 15 ¶3

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 6

Ես. . . աղօթք ըրի ու Տէրը իմ խնդրուածքս ինծի տուաւ (Ա. Թագ. 1։27)։

Տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ երկինքին մէջ տեսաւ 24 երէցներ, որոնք Եհովան կը պաշտէին։ Անոնք Աստուած կը փառաբանէին եւ կ’ըսէին որ Ան ‘արժանի է փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու’ (Յայտ. 4։10)։ Հաւատարիմ հրեշտակներն ալ շատ մը պատճառներ ունին Եհովան փառաբանելու եւ պատուելու։ Անոնք երկինքին մէջ իրեն հետ են, եւ իր անձնաւորութիւնը լաւ կը ճանչնան։ Ասկէ զատ, անոնք իր յատկութիւններուն մասին կը սորվին, երբ որ իր գործերը կը տեսնեն (Յոբ 38։4-7)։ Մենք ալ պէտք է Եհովան փառաբանենք աղօթքներով, երբ իրեն կ’ըսենք թէ ինչո՛ւ զինք կը սիրենք եւ կը յարգենք։ Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս եւ կը սերտես, փորձէ նկատել Եհովային յատկութիւնները, որոնք քու սրտիդ կը դպչին (Յոբ 37։23. Հռով. 11։33)։ Ետքը, Եհովային ըսէ թէ ինչպէ՛ս կը զգաս այս յատկութիւններուն մասին։ Կրնանք նաեւ Եհովան փառաբանել, քանի որ ան մեզի եւ բոլոր եղբայրներուն կ’օգնէ (Ա. Թագ. 2։1, 2)։ դ23.05 3-4 ¶6-7

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 7

Տէրոջը արժանի կերպով քալ[եցէք] (Կող. 1։10)։

1919–ին, Աստուծոյ ժողովուրդը դուրս ելաւ Մեծ Բաբելոնէն։ Նոյն տարին, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» սկսաւ աշխատանքներ տանիլ, որպէսզի անկեղծ մարդիկ «Սրբութեան Պողոտան» բռնեն (Մատ. 24։45-47. Եսա. 35։8)։ Այդ պողոտան պատրաստելու անցեալի աշխատանքները օգնած են այդ ճամբան բռնողներուն, որ Եհովային եւ իր նպատակներուն մասին աւելի գիտնան (Առ. 4։18)։ Ատոնք նաեւ իրենց օգնած են որ Եհովային ուզած կերպով ապրին։ Եհովան չէ ակնկալած որ իր ժողովուրդը բոլոր փոփոխութիւնները մէկէն ընէ, հապա՝ ան ժամանակի ընթացքին զտած է իր ժողովուրդը։ Մենք որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլանք, երբ կարենանք ամէն բանի մէջ Եհովան ուրախացնել։ Ամէն ճամբայ կանոնաւորաբար նորոգութեան պէտք ունի։ 1919–էն ի վեր, «Սրբութեան Պողոտայ»ին վրայ տարուած աշխատանքները շարունակուած են, որպէսզի աւելի մարդիկ կարենան Մեծ Բաբելոնը ձգել։ դ23.05 17 ¶15. 19 ¶16

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 8

Բնաւ քեզ պիտի չթողում (Եբ. 13։5)։

Կառավարիչ մարմինը անձամբ մարզած է Կառավարիչ մարմինի տարբեր յանձնախումբերու մէջ ծառայող օգնականներ։ Այս օգնականները, կազմակերպութեան մէջ հոգ կը տանին շատ մը պատասխանատուութիւններու։ Անոնք շատ լաւ պատրաստուած են, որպէսզի շարունակեն հոգ տանիլ Քրիստոսի ոչխարներուն։ Երբ վերջին օծեալ քրիստոնեան մեծ նեղութեան վերջաւորութեան երկինք առնուի, երկրի վրայ Եհովայի ժողովուրդը պիտի շարունակէ հաւատարմօրէն զինք պաշտել Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդութեամբ։ Ճիշդ է որ այդ ժամանակ Մագոգի Գոգը, որ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մըն է, պիտի յարձակի մեր վրայ, բայց այդ յարձակումը պիտի չյաջողի (Եզեկ. 38։18-20)։ Ատիկա պիտի չկարենայ Աստուծոյ ժողովուրդին արգելք ըլլալ որ Եհովան պաշտեն։ Ան անկասկած պիտի ազատէ իր ժողովուրդը։ Ասիկա ինչպէ՞ս գիտենք։ Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ Քրիստոսի ուրիշ ոչխարներու «մեծ բազմութիւն մը», եւ իրեն ըսուեցաւ որ ասոնք ‘մեծ նեղութենէն կու գան’, այսինքն՝ անոնք պիտի ազատին (Յայտ. 7։9, 14)։ դ24.02 5-6 ¶13-14

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 9

Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք (Ա. Թես. 5։19)։

Ի՞նչ կրնանք ընել որ սուրբ հոգին ունենանք։ Կրնանք աղօթքով ատիկա խնդրել, Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքը սերտել եւ իր հոգիով առաջնորդուած կազմակերպութեան ընկերակցիլ։ Ասիկա ընելը մեզի պիտի օգնէ որ «Հոգիին պտուղը» մշակենք (Գաղ. 5։22, 23)։ Աստուած իր հոգին կու տայ միայն անոնց, որոնք կը շարունակեն մաքուր մտածելակերպ եւ վարք ունենալ։ Եթէ աղտոտ մտածումներ ունենանք եւ անոնք գործադրենք, ան պիտի դադրի մեզի իր հոգին տալէ (Ա. Թես. 4։7, 8)։ Որպէսզի շարունակենք սուրբ հոգին ստանալ, պէտք է ‘մարգարէութիւնները չարհամարհենք’ (Ա. Թես. 5։20)։ Հոս, «մարգարէութիւնները» կ’ակնարկեն Աստուծոյ հոգիին միջոցաւ տրուած պատգամներուն, մէջը ըլլալով Եհովայի օրուան եւ մեր օրերուն կարեւորութեան վերաբերեալ մարգարէութիւնները։ Մենք այդ օրը մեր միտքէն չենք հաներ, մտածելով որ Արմագեդոնը մեր օրերուն պիտի չգայ։ Փոխարէն, անիկա մեր մտքին մէջ վար կը պահենք։ Ասիկա կ’ընենք՝ մաքուր վարք ունենալով եւ ‘բարեպաշտութեան’ գործերով զբաղած մնալով (Բ. Պետ. 3։11, 12)։ դ23.06 12 ¶13-14

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 10

Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է (Առ. 9։10)։

Մենք քրիստոնեաներս ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ անակնկալ կերպով մեր առջեւ պոռնկագրական նկարներ ելլեն։ Պէտք է շուտով երեսնիս դարձնենք։ Ասիկա ընելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ մեր միտքը բերենք որ մեզի համար ամէնէն թանկագին բանն է Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը։ Եւ նկարներ, որոնք ընդհանրապէս պոռնկագրական չեն նկատուիր, իրականութեան մէջ կրնան մեր մէջ սեռային փափաքներ արթնցնել։ Ինչո՞ւ պէտք չէ ատոնք դիտենք։ Քանի որ մենք չենք ուզեր նոյնիսկ պզտիկ քայլ մը առնել, որ կ’առաջնորդէ մեր սրտին մէջ սեռային անբարոյութիւն գործելու (Մատ. 5։28, 29)։ Թայլանտէն Տէյվիտ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Ես ինծի կը հարցնեմ. ‘Նոյնիսկ երբ նկարները պոռնկագրական չեն երեւիր, Եհովան պիտի ուրախանա՞յ եթէ շարունակեմ ատոնք դիտել’։ Այս տեսակ մտածում ինծի կ’օգնէ որ իմաստութեամբ վարուիմ»։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ իմաստութեամբ վարուինք։ Երբ վախնանք ընելէ որեւէ բան, որ Եհովան կը նեղացնէ։ Աստուածավախութիւնը «իմաստութեան սկիզբը» կամ հիմն է։ դ23.06 23 ¶12-13

Շաբաթ, հոկտեմբեր 11

Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր (Եսա. 26։20)։

«Սենեակները» կրնան ակնարկել մեր ժողովքներուն։ Մեծ նեղութեան ատեն, Եհովան կը խոստանայ որ մեզ պիտի պաշտպանէ, եթէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ միացած մնանք։ Անոր համար, պէտք է հիմա ջանք թափենք որ անոնց հանդէպ խոր սէր ունենանք, քանի որ մեր ազատիլը կրնայ անկէ կախեալ ըլլալ։ «Տէրոջը մեծ օրը» բոլոր մարդոց համար դժուար ժամանակ մը պիտի ըլլայ (Սոփ. 1։14, 15)։ Եհովայի ժողովուրդն ալ դժուարութիւններէ պիտի անցնի։ Բայց եթէ հիմակուընէ պատրաստուինք, պիտի կարենանք հանդարտ մնալ եւ ուրիշներուն օգնել։ Պիտի համբերենք որեւէ դժուարութեան։ Երբ մեր հաւատակիցները դժուարութենէ անցնին, մենք մեր ամէն կարելին պիտի ընենք որ իրենց օգնենք՝ կարեկցելով եւ իրենց պէտքերը հոգալով։ Եւ եթէ հիմա մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք, ապագային ալ զիրենք պիտի սիրենք։ Այն ատեն, Եհովան մեզի պիտի տայ յաւիտենական կեանք աշխարհի մը մէջ, ուր բոլոր աղէտները եւ նեղութիւնները պիտի մոռցուին (Եսա. 65։17)։ դ23.07 7 ¶16-17

Կիրակի, հոկտեմբեր 12

[Եհովան] ձեզ թող կատարեալ ընէ՛, հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛ (Ա. Պետ. 5։10)։

Աստուծոյ Խօսքը շատ անգամներ հաւատարիմ մարդիկը կը նկարագրէ որպէս զօրաւոր։ Բայց նոյնիսկ անոնցմէ ամէնէն զօրաւորները միշտ զօրաւոր չզգացին։ Օրինակի համար, երբեմն Դաւիթ թագաւորը զգաց որ «լեռ»ան մը պէս «հաստատուն» էր, մինչ ուրիշ ատեններ ‘խռովեցաւ’, կամ վախցաւ (Սաղ. 30։7)։ Թէեւ Սամփսոն յատուկ ոյժ ունէր երբ Աստուծոյ սուրբ հոգին իր հետն էր, բայց ան գիտակցեցաւ որ առանց Աստուծոյ ուժին, ‘պիտի տկարանար եւ ամէն մարդու պէս պիտի ըլլար’ (Դատ. 14։5, 6. 16։17)։ Այս հաւատարիմ մարդիկը զօրաւոր էին, քանի որ Եհովան իրենց զօրութիւն կու տար։ Պօղոս առաքեալն ալ գիտակցեցաւ որ Եհովային ուժին պէտք ունէր (Բ. Կոր 12։9, 10)։ Ան առողջապահական խնդիրներ ունէր (Գաղ. 4։13, 14)։ Ատկէ զատ, ատեններ ան պայքարեցաւ որ ճիշդը ընէ (Հռով. 7։18, 19)։ Եւ երբեմն ալ կը մտահոգուէր եւ կը վախնար որ իրեն ի՛նչ պիտի պատահէր (Բ. Կոր. 1։8, 9)։ Բայց երբ Պօղոս տկար էր, զօրացաւ։ Ինչպէ՞ս։ Եհովան իրեն տուաւ այն ուժը, որ չունէր։ Այսպէս, ան Պօղոսը զօրացուց։ դ23.10 12 ¶1-2

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 13

Տէրը սրտին կը նայի (Ա. Թագ. 16։7)։

Եթէ երբեմն անարժէք զգանք, կրնանք յիշել որ Եհովան մեզ իրեն քաշած է (Յովհ. 6։44)։ Ան մեր մէջը կը տեսնէ այն լաւ յատկութիւնները, որոնք թերեւս մենք չենք տեսներ, եւ ան գիտէ մեր սիրտը (Բ. Մն. 6։30)։ Ուրեմն, կրնանք իր Խօսքին վստահիլ, երբ ըսէ որ մենք արժէքաւոր ենք (Ա. Յովհ. 3։19, 20)։ Ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ, մեզմէ ոմանք բաներ ըրած են, որոնց համար թերեւս մինչեւ այսօր յանցաւոր կը զգան (Ա. Պետ. 4։3)։ Նոյնիսկ հաւատարիմ քրիստոնեաներ թերեւս տակաւին տկարութեան մը դէմ կը պայքարին։ Ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Երբեմն կը զգա՞ս որ Եհովան քեզի չէ ներած։ Եթէ այս է պարագադ, մխիթարուէ գիտնալով որ Եհովային հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք նոյն զգացումները ունեցած են։ Օրինակի համար, Պօղոս առաքեալը զգաց որ խղճալի մէկն է, երբ իր անկատարութիւններուն մասին մտածեց (Հռով. 7։24)։ Անշուշտ, Պօղոս իր մեղքերուն համար զղջացած եւ մկրտուած էր։ Բայց եւ այնպէս, ան ինքն իր մասին խօսելով ըսաւ, թէ ինք ‘առաքեալներուն ամենէն յետինն է’ եւ մեղաւորներուն «գլուխը» (Ա. Կոր. 15։9. Ա. Տիմ. 1։15)։ դ24.03 27 ¶5-6

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 14

Անոնք. . . Տէր Աստուծոյն տունը թողուցին (Բ. Մն. 24։18)։

Դաս մը որ կրնանք սորվիլ Յովաս թագաւորին գէշ որոշումէն այն է՝ որ պէտք է ընտրենք ընկերներ, որոնք մեր վրայ լաւ ազդեցութիւն պիտի ունենան, այսինքն՝ ընկերներ, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ կ’ուզեն զինք ուրախացնել։ Պայման չէ որ ընկերակցինք միայն մեր տարիքին եղող անձերու հետ։ Յիշէ թէ Յովասը Յովիադայէն տարիքով շա՜տ աւելի պզտիկ էր։ Երբ ընկերներ պիտի ընտրես, դուն քեզի հարցուր. ‘Անոնք ինծի կ’օգնե՞ն որ Եհովային հանդէպ հաւատքս զօրացնեմ։ Զիս կը քաջալերե՞ն որ Եհովային չափանիշներուն համաձայն ապրիմ։ Եհովային եւ իր թանկագին ճշմարտութիւններուն մասին կը խօսի՞ն։ Եհովային չափանիշներուն հանդէպ յարգանք ունի՞ն։ Արդեօք անոնք միայն ինծի կ’ըսեն ինչ որ կ’ուզե՞մ լսել, կամ քաջութիւնը ունին զիս սրբագրելու, երբ սխալիմ’ (Առ. 27։5, 6, 17)։ Իրականութեան մէջ, եթէ ընկերներդ Եհովան չեն սիրեր, պէտք չունիս իրենց։ Բայց եթէ Եհովան կը սիրեն, զիրենք մի՛ ձգեր, քանի որ լաւ ազդեցութիւն պիտի ունենան քու վրադ (Առ. 13։20)։ դ23.09 9 ¶6-7

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 15

Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան (Յայտ. 1։8)։

«Ալֆա»ն յունարէն այբուբենին առաջին գիրն է, իսկ «Օմէղա»ն վերջին գիրը։ ‘Ալֆա եւ Օմէղա’ արտայայտութիւնը գործածելով, Եհովան ցոյց կու տայ որ երբ բան մը սկսի ընել, անիկա պիտի ամբողջացնէ։ Եհովան Ադամն ու Եւան ստեղծելէ ետք, անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք» (Ծն. 1։28)։ Այդ ատեն, Եհովան կարծես թէ ըսաւ. «Ալֆա»։ Ան յստակօրէն իր նպատակը յայտնեց։ Ժամանակ մը պիտի գար, երբ Ադամի ու Եւայի կատարեալ ու հնազանդ զաւակները երկիրը պիտի լեցնէին եւ ատիկա դրախտի պիտի վերածէին։ Երբ այդ մէկը ըլլայ ապագային, Եհովան կարծես թէ պիտի ըսէ. «Օմէղա»։ «Երկինք ու երկիր եւ անոնց բոլոր զարդերը» ամբողջացնելէ ետք, Եհովան երաշխիք մը տուաւ։ Ան երաշխաւորեց որ մարդկութեան եւ երկրին նկատմամբ իր նպատակը անպայման պիտի կատարէ։ Ատիկա լիովին պիտի կատարուի եօթներորդ օրուան վերջաւորութեան (Ծն. 2։1-3)։ դ23.11 5 ¶13-14

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 16

Տէրոջը ճամբա՛ն պատրաստեցէք ու ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյն համար շաւի՛ղ շտկեցէք (Եսա. 40։3)։

Բաբելոնէն Իսրայէլ տանող բառացի ճամբան դժուար ճամբայ էր, եւ ատիկա կտրելը մօտ չորս ամիս կ’առնէր։ Բայց Եհովան խոստացած էր որ մէջտեղէն պիտի վերցնէր որեւէ բան, որ կրնար արգելք դառնալ հրեաներուն դէպի Իսրայէլ վերադարձին։ Հաւատարիմ հրեաներուն համար, կ’արժէր որեւէ զոհողութիւն ընել Իսրայէլ վերադառնալու համար, քանի որ օգուտները շատ աւելի էին։ Իրենց վերադառնալը ամէնէն շատ իրենց պիտի օգնէր պաշտամունքի մէջ։ Բաբելոնի մէջ, Եհովային համար տաճար մը չկար։ Հոն զոհասեղան մը չկար, ուր իսրայէլացիները կրնային Մովսիսական օրէնքին պահանջած զոհերը մատուցանել։ Ոչ ալ կազմակերպուած քահանայութիւն մը կար, որ այդ զոհերը մատուցանէր։ Ասկէ զատ, Եհովային ժողովուրդը շա՜տ աւելի քիչ էր, քան՝ հեթանոսները, որոնք Եհովան չէին պաշտեր եւ իր չափանիշներուն չէին հետեւեր։ Անոր համար, հազարաւոր աստուածավախ հրեաներ անհամբեր կը սպասէին, որ իրենց հայրենիքը վերադառնային եւ մաքուր պաշտամունքը վերահաստատէին։ դ23.05 14-15 ¶3-4

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 17

Լոյսի որդիներու պէս քալեցէք (Եփ. 5։8)։

Մենք Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեան պէտք ունինք, որպէսզի շարունակենք «լոյսի որդիներու պէս» քալել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս անբարոյ աշխարհին մէջ դիւրին չէ մաքուր մնալ (Ա. Թես. 4։3-5, 7, 8)։ Սուրբ հոգին կրնայ մեզի օգնել, որ այս աշխարհին մտածելակերպին դէմ դնենք, մէջը ըլլալով ատոր փիլիսոփայութիւնները եւ տեսակէտները, որոնք Աստուծոյ մտածելակերպին հակառակ են։ Սուրբ հոգին նաեւ կրնայ մեզի օգնել, որ ‘ամէն կերպ բարութիւն եւ արդարութիւն’ ցոյց տանք (Եփ. 5։9)։ Սուրբ հոգին ստանալու կերպերէն մէկն է՝ անոր համար աղօթել։ Յիսուս ըսաւ որ Եհովան «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ. 11։13)։ Եւ երբ քրիստոնէական ժողովներուն միասնաբար Եհովան կը փառաբանենք, հոն ալ սուրբ հոգին կը ստանանք (Եփ. 5։19, 20)։ Աստուծոյ սուրբ հոգիին լաւ ազդեցութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ Աստուած ուրախացնող կերպով մը ապրինք։ դ24.03 23-24 ¶13-15

Շաբաթ, հոկտեմբեր 18

Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի (Ղուկ. 11։9)։

Աւելի համբերութեան պէտք ունի՞ս։ Եթէ այո, աղօթէ անոր մասին։ Համբերութիւնը հոգիին պտուղին երեսակներէն մէկն է (Գաղ. 5։22, 23)։ Անոր համար, կրնանք աղօթել որ Եհովան մեզի սուրբ հոգին տայ եւ մեզի օգնէ որ անոր պտուղը մշակենք։ Եթէ պարագայէ մը անցնինք, ուր մեր համբերութիւնը կը փորձուի, շարունակենք սուրբ հոգին ‘խնդրել’, որպէսզի կրնանք համբերող ըլլալ (Ղուկ. 11։13)։ Նաեւ կրնանք Եհովայէն խնդրել որ մեզի օգնէ հարցերը իր տեսանկիւնէն դիտելու։ Յետոյ, աղօթելէ ետք պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք որ ամէն օր համբերող ըլլանք։ Ո՛րքան աւելի համբերութեան համար աղօթենք եւ ջանանք համբերող ըլլալ, ա՛յնքան աւելի այս յատկութիւնը մեր սրտին մէջ արմատ պիտի կապէ եւ մեր անձնաւորութեան մէկ մասը պիտի դառնայ։ Նաեւ օգտակար է խոկալ Սուրբ Գիրքին օրինակներուն վրայ։ Սուրբ Գիրքին մէջ կրնանք գտնել շատ մը անհատներու օրինակները, որոնք համբերութիւն ունէին։ Երբ այս օրինակներուն վրայ խոկանք, համբերութիւն ցոյց տալու շատ մը կերպեր կը սորվինք։ դ23.08 22-23 ¶10-11

Կիրակի, հոկտեմբեր 19

Ուռկաննիդ ձգեցէք ձուկ որսալու (Ղուկ. 5։4)։

Յիսուս Պետրոս առաքեալը վստահեցուց որ Եհովան իրեն պիտի օգնէր։ Յարութիւն առնելէ ետք, ան Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն օգնեց որ անգամ մը եւս հրաշքով ձուկ բռնեն (Յովհ. 21։4-6)։ Այս հրաշքը անկասկած Պետրոսը վստահեցուց որ Եհովան շատ դիւրութեամբ կրնար իր նիւթական պէտքերը ապահովել։ Այն ատեն, թերեւս առաքեալը յիշեց Յիսուսին խօսքերը, որ Եհովան հոգ պիտի տանէր անոնց, որոնք ‘առաջ կը խնդրեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը’ (Մատ. 6։33)։ Եւ այս պատճառով, Պետրոս ծառայութիւնը, եւ ոչ թէ ձկնորսութիւնը, իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրաւ։ Ք.Ե 33–ի Պէնտէկոստէին ան համարձակութեամբ վկայեց՝ հազարաւորներու օգնելով որ բարի լուրը ընդունին (Գործք 2։14, 37-41)։ Անկէ ետք, ան սամարացիներուն եւ հեթանոսներուն օգնեց որ Քրիստոսը ընդունին (Գործք 8։14-17. 10։44-48)։ Կրնանք ըսել որ Եհովան Պետրոսը հոյակապ կերպերով գործածեց, որպէսզի ամէն տեսակ մարդիկ ժողովքին մէջ բերէ։ դ23.09 20 ¶1. 23 ¶11

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 20

Եթէ երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի չյայտնէք, դուք կտոր կտոր պիտի ըլլաք (Դան. 2։5)։

Երուսաղէմը կործանելէն գրեթէ երկու տարի ետք, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը նեղացուցիչ երազ մը տեսաւ հսկայ արձանի մը մասին։ Ան խիստ կերպով ըսաւ որ իր բոլոր իմաստուն տղամարդիկը, մէջը ըլլալով՝ Դանիէլը, պիտի մեռնէին, եթէ իրեն չպատմէին երազը եւ անոր բացատրութիւնը (Դան. 2։3-5)։ Դանիէլ պէտք էր որ արագ շարժէր, թէ ոչ շատեր պիտի սպաննուէին։ Ան «մտաւ ու թագաւորէն խնդրեց, որ իրեն ժամանակ տայ, որպէս զի մեկնութիւնը թագաւորին իմացնէ» (Դան. 2։16)։ Ասիկա ընելը քաջութիւն եւ հաւատք պահանջեց։ Եւ Սուրբ Գիրքը չի յիշեր որ Դանիէլ ասկէ առաջ երազներ բացատրած էր։ Ան իր ընկերներէն խնդրեց որ «այս գաղտնիքին համար երկնքի Աստուծոյ գիտութիւնը խնդրեն» (Դան. 2։18)։ Եհովան ալ անոնց աղօթքներուն պատասխանեց։ Եհովային օգնութեամբ, Դանիէլ կրցաւ Նաբուգոդոնոսորի երազը բացատրել։ Այսպէս, անոնք չսպաննուեցան։ դ23.08 2 ¶4

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 21

Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի (Մատ. 24։13)։

Համբերող ըլլալուն օգուտները նկատի առ։ Երբ համբերող ենք, աւելի ուրախ եւ հանդարտ կ’ըլլանք։ Այսպէս, համբերութիւնը մեր մտային եւ ֆիզիքական առողջութիւնը կը բարելաւէ։ Երբ ուրիշներու հետ համբերող ըլլանք, անոնց հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ կը վայելենք, մեր ժողովքը աւելի միացած կ’ըլլայ եւ երբ մէկը մեզ ջղայնացնէ, դիւրին–դիւրին չբարկանալով՝ կ’օգնենք որ պարագան աւելի գէշ չըլլայ (Սաղ. 37։8. Առ. 14։29)։ Բայց ամէնէն կարեւոր բանը այն է որ մեր երկնաւոր Հայրը կ’ընդօրինակենք եւ իրեն աւելի կը մօտենանք։ Իրապէս ալ, համբերութիւնը շատ գեղեցիկ յատկութիւն մըն է, որմէ բոլորս կ’օգտուինք։ Ճիշդ է որ միշտ դիւրին չէ համբերող ըլլալ, բայց Եհովային օգնութեամբ կրնա՛նք շարունակել այս յատկութիւնը մշակել։ Եւ մինչ համբերութեամբ կը սպասենք նոր աշխարհին, կրնանք վստահ ըլլալ որ «Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն ու իր ողորմութեանը յուսացողներուն վրայ է» (Սաղ. 33։18)։ Ուրեմն, բոլորս վճռենք շարունակել համբերատարութիւնը հագնիլ։ դ23.08 22 ¶7. 25 ¶16-17

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 22

Հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է (Յակ. 2։17)։

Յակոբոս կ’ըսէ որ մէկը թերեւս ըսէ որ հաւատք ունի, բայց պէտք է իր գործերով ցոյց տայ իր հաւատքը (Յակ. 2։1-5, 9)։ Յակոբոս նաեւ կ’ըսէ որ եթէ մէկը տեսնէ ‘եղբայր մը կամ քոյր մը, որ մերկ է կամ օրուան կերակուրին կարօտ է’ եւ իրեն չօգնէ, իր հաւատքը պարապ է, նոյնիսկ եթէ ինք կ’ըսէ որ հաւատք ունի (Յակ. 2։14-16)։ Յակոբոս Ռախաբին օրինակը տուաւ, քանի որ ան իր գործերով ցոյց տուաւ իր հաւատքը (Յակ. 2։25, 26)։ Ռախաբ Եհովային մասին լսած էր եւ անդրադարձած էր, որ Աստուած իսրայէլացիներուն կ’օգնէր (Յես. 2։9-11)։ Ռախաբ երկու իսրայէլացի լրտեսներ պաշտպանեց, երբ անոնց կեանքը վտանգի տակ էր, եւ այսպէս գործերով ցոյց տուաւ իր հաւատքը։ Անոր համար, այս անկատար եւ իսրայէլացի չեղող կինը Աբրահամին պէս արդար նկատուեցաւ։ Ռախաբէն կը սորվինք որ շատ կարեւոր է, որ մեր հաւատքը ցոյց տանք գործերով։ դ23.12 5 ¶12-13

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 23

Դուք սիրով արմատանաք ու հաստատուիք (Եփ. 3։17)։

Որպէս քրիստոնեայ, մենք չենք ուզեր միայն Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները հասկնալ։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, մենք կ’ուզենք «Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ» սորվիլ (Ա. Կոր. 2։9, 10)։ Կրնաս խորունկ ուսումնասիրութիւն մը ընել, որ կրնայ քեզի աւելի մօտեցնել Եհովային։ Օրինակ, կրնաս ուսումնասիրել, թէ Աստուած ինչպէ՛ս իր սէրը ցոյց տուաւ իր անցեալի ծառաներուն հանդէպ, եւ ասիկա ինչպէ՛ս կը փաստէ թէ քեզ ալ կը սիրէ։ Կրնաս քննել անցեալին Իսրայէլի մէջ Եհովայի պաշտամունքին կարգադրութիւնը եւ թէ ատիկա ինչպէ՛ս նման է ներկայ քրիստոնէական ժողովքի կարգադրութեան։ Կամ ալ կրնաս խորունկ ուսումնասիրութիւն մը ընել այն մարգարէութիւններուն մասին, որոնք Յիսուս կատարեց երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին։ Շատ պիտի ուրախանաս այս նիւթերը ուսումնասիրելով Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ին (արաբ.) եւ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար–ին օգնութեամբ։ Աստուածաշունչի խորունկ ուսումնասիրութիւնը կրնայ հաւատքդ զօրացնել եւ քեզի օգնել որ ‘Աստուծոյ գիտութիւնը գտնես’ (Առ. 2։4, 5)։ դ23.10 18-19 ¶3-5

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 24

Ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ (Ա. Պետ. 4։8)։

Պետրոս առաքեալին գործածած «սրտանց» բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «լայնցուած»։ Այս համարին երկրորդ մասը կը նկարագրէ թէ սրտանց սէրը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Անիկա մեր եղբայրներուն մեղքերը կը ծածկէ։ Կրնանք այս կերպով երեւակայել. կարծես թէ մեր սէրը լաթի կտոր մըն է եւ մենք ատիկա մեր երկու ձեռքերով բռնած կը քաշքշենք՝ լայնցնելու համար, մինչեւ որ ատիկա ծածկէ, ոչ թէ մէկ մեղք, երկու մեղք, հապա՝ «մեղքերու բազմութիւն» մը։ «Ծածկել» բառը ներել ըսելու ուրիշ կերպ մըն է։ Ճիշդ ինչպէս որ լաթի կտոր մը կրնայ ծածկել թերութիւն մը, նոյնպէս սէրը կրնայ ծածկել ուրիշներուն տկարութիւնները եւ անկատարութիւնները։ Ուրիշներուն հանդէպ մեր սէրը այնքա՛ն զօրաւոր պէտք է ըլլայ որ կարենանք անոնց անկատարութիւնները ներել, նոյնիսկ եթէ ատիկա ատեններ շատ ջանք պահանջէ (Կող. 3։13)։ Եթէ յաջողինք ուրիշներուն ներել, ցոյց կու տանք որ մեր սէրը զօրաւոր է, եւ միեւնոյն ատեն Եհովան կ’ուրախացնենք։ դ23.11 10-12 ¶13-15

Շաբաթ, հոկտեմբեր 25

Սափան անոր մէջէն թագաւորին առջեւ կարդաց (Բ. Մն. 34։18)։

Երբ Յովսիա թագաւորը մեծցաւ, ան սկսաւ տաճարը նորոգել։ Մինչ ասիկա կ’ընէր, «Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը» գտնուեցաւ։ Երբ թագաւորը լսեց անոր մէջ գրուածները, անմիջապէս փոփոխութիւններ ըրաւ որպէսզի հոն գրուածին հնազանդի (Բ. Մն. 34։14, 19-21)։ Կը սիրե՞ս Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալ։ Եթէ կը փորձես ասիկա ընել, անկէ հաճոյք կ’առնե՞ս։ Եթէ համարներ գտնես, որոնք քեզի կրնան օգնել, նոթեր կ’առնե՞ս։ Երբ Յովսիան մօտաւորապէս 39 տարեկան էր, սխալ մը ըրաւ, որուն պատճառաւ իր կեանքը կորսնցուց։ Փոխանակ Եհովային ուղղութիւնը խնդրելու, ան ինքն իրեն վստահեցաւ (Բ. Մն. 35։20-25)։ Հոս մեզի համար դաս մը կայ։ Որքա՛ն ալ տարիքով մեծ ըլլանք կամ որքա՛ն ալ Սուրբ Գիրքը սերտած ըլլանք, պէտք է միշտ Եհովան փնտռենք։ Ասիկա կը նշանակէ որ կանոնաւորաբար աղօթքով իր ուղղութիւնը խնդրենք, իր Խօսքը սերտենք եւ հասուն քրիստոնեաներուն խրատներէն օգտուինք։ Այն ատեն, հաւանաբար աւելի քիչ լուրջ սխալներ պիտի ընենք եւ աւելի ուրախ պիտի ըլլանք (Յակ. 1։25)։ դ23.09 12 ¶15-16

Կիրակի, հոկտեմբեր 26

Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ (Յակ. 4։6)։

Քոյրերը ո՞ւր կրնան գտնել հաւատարիմ կիներու օրինակներ, որպէսզի անոնցմէ սորվին։ Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած են շատ մը կիներ, որոնք Եհովան կը սիրէին եւ իրեն կը ծառայէին։ Անոնք «սովորութիւններու մէջ չափաւոր» էին եւ «ամէն բանի մէջ հաւատարիմ» (Ա. Տիմ. 3։11)։ Ասկէ զատ, քոյրերը կրնան իրենց ժողովքին մէջ գտնել հասուն քրիստոնեայ կիներ, որոնցմէ կրնան շատ բաներ սորվիլ։ Երիտասարդ քոյրե՛ր, գիտէ՞ք հասուն քոյրեր, որոնց լաւ օրինակէն կրնաք սորվիլ։ Նկատի առէք անոնց լաւ յատկութիւնները եւ մտածեցէք որ ինչպէ՛ս կրնաք նոյն յատկութիւնները ունենալ։ Հասուն քրիստոնեայի մը կարեւոր յատկութիւններէն մէկն է՝ խոնարհութիւնը։ Եթէ կին մը խոնարհ է, Եհովային եւ ուրիշներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պիտի ունենայ։ Օրինակի համար, կին մը որ Եհովան կը սիրէ, խոնարհօրէն կ’ընտրէ հնազանդիլ Ա. Կորնթացիս 11։3–ի խրատին, ուր Եհովան կ’ըսէ թէ ժողովքին եւ ընտանիքին մէջ առաջնորդութիւնը առնելու պատասխանատուութիւնը որո՛ւ տրուած է։ դ23.12 19 ¶3-5

Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 27

Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս (Եփ. 5։28)։

Եհովան ամուսինէն կը սպասէ որ իր կինը սիրէ եւ անոր ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր պէտքերը հոգայ։ Մտային կարողութիւն զարգացնելը, կիները յարգելը եւ վստահելի ըլլալը, քեզի պիտի օգնեն որ լաւ կողակից մը ըլլաս։ Ամուսնանալէդ ետք, թերեւս զաւակ ունենաս։ Եհովայէն ինչպէ՞ս կը սորվիս լաւ հայր մը ըլլալ (Եփ. 6։4)։ Եհովան իր Որդիին՝ Յիսուսին, բացէ ի բաց ըսաւ որ զինք կը սիրէ եւ իրեն կը հաւնի (Մատ. 3։17)։ Եթէ հայր ըլլաս, ջանք ըրէ որ մի՛շտ զգացումներդ արտայայտես զաւակներուդ հանդէպ։ Մի՛շտ զանոնք գովէ, երբ որ լաւ բան մը ընեն։ Ասանկով անոնց պիտի օգնես որ հասուն անձեր դառնան։ Դուն հիմակուընէ կրնաս պատրաստուիլ հայր ըլլալու, եթէ սէրէ մղուած հոգ տանիս ընտանիքիդ անդամներուն ու ժողովքին, եւ սորվիս սէրդ ու գնահատանքդ արտայայտել անոնց հանդէպ (Յովհ. 15։9)։ դ23.12 28-29 ¶17-18

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 28

[Եհովան] քու ժամանակներուդ հաստատութիւնն է (Եսա. 33։6)։

Թէեւ Եհովային հաւատարիմ ծառաներն ենք, մենք ալ ուրիշներուն պէս դժուարութիւններ եւ հիւանդութիւններ կ’ունենանք։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ ժողովուրդը ատողներուն կողմէ կը հալածուինք։ Թէեւ Եհովան արգելք չ’ըլլար, որ մենք այսպիսի դժուարութիւններ ունենանք, բայց ան կը խոստանայ մեզի օգնել (Եսա. 41։10)։ Իր օգնութեամբ, մենք կրնանք ուրախ մնալ, ճիշդ որոշումներ առնել եւ իրեն հաւատարիմ մնալ, նոյնիսկ ամենադժուար պարագաներուն։ Եհովան կը խոստանայ մեզի տալ այն խաղաղութիւնը, որ Սուրբ Գիրքին մէջ կոչուած է «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» (Փլպ. 4։6, 7)։ Այս խաղաղութիւնը սրտի եւ մտքի այն հանգստութիւնն ու հանդարտութիւնն է, որ կը զգանք երբ Եհովային բարեկամներն ենք։ Այս խաղաղութիւնը «ամէն մտքէ վեր է», այսինքն՝ ատիկա մեր երեւակայածէն աւելի հոյակապ է։ Օրինակ, օր մը օրանց Եհովային ջերմ աղօթք մը ընելէ ետք զարմանալիօրէն խաղաղութիւն զգացա՞ծ ես մէջդ։ Ատիկա «Աստուծոյ խաղաղութիւնն» է։ դ24.01 20 ¶2. 21 ¶4

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 29

Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը (Սաղ. 103։1)։

Անոնք որոնք Եհովան կը սիրեն, կ’ուզեն իր անունը փառաբանել իրենց ամբողջ սրտով։ Դաւիթ թագաւոր գիտէր, որ երբ Եհովային անունը օրհնենք, ասիկա հաւասար է՝ Եհովան օրհնելուն։ Եհովային անունը կապ ունի իր համբաւին հետ, այսինքն՝ այդ անունը մեր միտքը կը բերէ իր բոլոր գեղեցիկ յատկութիւնները եւ հոյակապ գործերը։ Դաւիթ ուզեց իր Հօր անունը սուրբ նկատել եւ զայն փառաբանել։ Ան կ’ուզէր ասիկա ընել ‘այն ամէնով որ իր ներսիդին է’, այսինքն՝ ամբողջ սրտով։ Նոյնն էր պարագան ղեւտացիներուն, որոնք Եհովան օրհնելուն մէջ առաջնորդութիւնը առին։ Անոնք խոնարհաբար ընդունեցին, որ իրենց խօսքերը բաւարար չէին օրհնելու համար Աստուծոյ սուրբ անունը (Նէ. 9։5)։ Անկասկած այս խոնարհ եւ սրտանց ներկայացուած օրհնութեան խօսքերը Եհովային սիրտը ուրախացուցին։ դ24.02 9 ¶6

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 30

Ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք (Փլպ. 3։16)։

Եհովան քեզ ձախող անձ մը պիտի չսեպէ, քանի որ չհասար նպատակակէտի մը, որ արդէն տրամաբանական չէր (Բ. Կոր. 8։12)։ Արգելքները օգտագործէ որ ատոնցմէ դասեր սորվիս։ Միտքդ բեր մինչեւ հիմա ի՛նչ բաներու մէջ յաջողած ես։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ» (Եբ. 6։10)։ Դուն ալ պէտք չէ մոռնաս։ Անոր համար, յիշէ որ մինչեւ այսօր ի՛նչ բաներու մէջ յաջողած ես, ըլլա՛յ ատիկա Եհովային հետ բարեկամութիւն ունենալ, ուրիշներուն խօսիլ իր մասին կամ մկրտուիլ։ Ճիշդ ինչպէս որ անցեալին յաջողած ես քայլ առ քայլ հոգեւոր նպատակակէտերուդ հասնիլ, կրնաս այսօր ալ շարունակել քայլ առ քայլ հիմակուան նպատակակէտիդ հասնիլ։ Եհովային օգնութեամբ կրնա՛ս նպատակակէտերուդ հասնիլ։ Մինչ նպատակակէտերուդ վրայ կ’աշխատիս, միշտ փորձէ տեսնել որ Եհովան ինչպէ՛ս քեզի կ’օգնէ եւ կ’օրհնէ։ Ասանկով, ուրախ պիտի ըլլաս նոյնիսկ առաջ որ նպատակակէտիդ հասնիս (Բ. Կոր. 4։7)։ Երբ որ չյանձնուիս, աւելի մեծ օրհնութիւններ պիտի վայելես (Գաղ. 6։9)։ դ23.05 31 ¶16-18

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 31

Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ, վասն զի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ (Յովհ. 16։27)։

Եհովան կերպեր կը փնտռէ, որ իր սէրն ու գնահատանքը արտայայտէ իր ծառաներուն հանդէպ։ Սուրբ Գիրքին մէջ, Եհովան երկու առիթներով Յիսուսին ըսաւ, որ իր սիրելի Որդին է եւ թէ իրեն կը հաւնի (Մատ. 3։17. 17։5)։ Կ’ուզե՞ս դուն ալ «լսել», որ Եհովան քեզի ալ կը հաւնի։ Եհովան մեզի հետ երկինքէն չի խօսիր։ Ան Սուրբ Գիրքի՛ն միջոցաւ կը խօսի։ Երբ Աւետարաններուն մէջ կարդաս, որ Յիսուս ի՛նչ սիրալիր խօսքեր ըսաւ իր աշակերտներուն, կարծես թէ Եհովային ձայնը լսած կ’ըլլաս։ Յիսուս կատարեալ կերպով ընդօրինակեց իր Հօր անձնաւորութիւնը։ Ուրեմն, երբ կը կարդանք, որ Յիսուս ինչպէ՛ս իր հաճութիւնը կ’արտայայտէ իր անկատար բայց հաւատարիմ հետեւորդներուն հանդէպ, կրնանք երեւակայել որ Եհովան այդ խօսքերը մեզի կ’ըսէ (Յովհ. 15։9, 15)։ Եթէ նեղութիւններ ունենանք, ասիկա չի նշանակեր, որ մենք Եհովային հաճութիւնը կորսնցուցած ենք։ Հապա՝ ատիկա առիթ կու տայ որ փաստենք, թէ որքա՜ն շատ կը սիրենք Եհովան եւ կը վստահինք իրեն (Յակ. 1։12)։ դ24.03 28 ¶10-11

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել