Հաւատք զօրացնող զգայացունց տեսիլքներ
Աչքառու կէտեր Յայտնութիւն գրքէն
ԵՀՈՎԱՅԻ ծառան՝ Յովհաննէս՝ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ծովափը գտնուող Պատմոս՝ փոքր կղզիին վրայ կը գտնուի։ Հոն այս տարեց առաքեալը զարմանալի բաներու ականատես կ’ըլլայ. արդարեւ այլաբանական, յաճախ ապշեցուցիչ եւ իմաստալից բաներ։ Ան Տէրունական օրուան մէջ կը գտնուի, որ կը սկսի 1914–ին Յիսուսի գահակալութենէն եւ կ’աւարտի Իր Հազարամեայ Իշխանութեան վախճանով։ Թէեւ Յովհաննէս կը տեսնէ այն դէպքերը որոնք տեղի պիտի ունենան մարդկութեան ամենէն խաւար ժամուն, սակայն որքա՜ն հոյակապ է Քրիստոսի Հազամարեայ Իշխանութեան նախապատկերը տեսնել։ Հնազանդ մարդկութիւնը այն ատեն ի՜նչ օրհնութիւններ պիտի վայելէ։
Յովհաննէս այս տեսիլքները Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գրքին մէջ արձանագրեց։ Շուրջ Հ.Դ. 96–ին գրուած ըլլալով, անիկա մարգարէութեան Աստուծոյ՝ Եհովայի եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքը կրնայ զօրացնել։—Մանրամասնութեանց համար, տես Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է գիրքը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Քրիստոս սիրալիր խրատներ կու տայ
Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծոյ տուած յայտնութեան սկիզբը, Յիսուսի Թագաւորութեան ժառանգակիցներու եօթը ժողովքներուն ղրկուած նամակներ կը յայտնուին։ (1։1–3։22) Որպէս ամբողջութիւն մը, նամակները կը գովեն, խնդիրները կը բնորոշեն, սրբագրում եւ/կամ քաջալերութիւն կը հայթայթեն եւ հաւատարիմ հնազանդութենէն առթող օրհնութիւններ կը թուեն։ Եփեսացիները թէեւ համբերած էին, սակայն իրենց առաջին սէրը ձգած էին։ Հոգեւորապէս հարուստ Զմիւռնիոյ ժողովքը քաջալերութիւն կը ստանայ հաւատարիմ մնալու նեղութիւններու մէջ։ Հալածանքը չէր կրցած նուաճել Պերգամոնի ժողովքը, բայց անիկա թոյլատու եղած էր աղանդապաշտութեան։ Հակառակ անոր որ Թիւատիրի Քրիստոնեաները իրենց գործունէութիւնը աւելցուցած էին, անոր մէջ Յեզաբէլի ազդեցութիւնը կար։ Սարդիկէի ժողովքը հոգեւորապէս արթննալու կարիքը ունէր, Ֆիլատելֆիոյ ժողովքը յորդորուեցաւ որ իր ունեցածը ամուր բռնէ, իսկ քաղջ Լաւոդիկեցիները հոգեւոր բուժումի կարիքը ունէին։
Ի՜նչ գեղեցիկ խօսքեր են ապագայ երկնային թագաւորները՝ իրականութեան մէջ բոլոր Քրիստոնեաները՝ մարզելու համար։ Օրինակի համար, մեզմէ ոեւէ մէկը քա՞ղջ եղած է։ Եթէ այո, գործի թող լծուի։ Տաք օդին թարմացնող գաւաթ մը պաղ ջուրին նման եղէք, բայց նաեւ, Եհովայի եւ իր ծառայութեան համար տաք նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեցէք։—Բաղդատել Մատթէոս 11։28, 29. Յովհաննու 2։17
Գառնուկը գիրք մը կը բանայ
Ապա Եհովան կը տեսնուի իր գահին վրայ շքեղութեամբ նստած։ (4։1–5։14) Ան շրջապատուած է 24 երէցներով եւ չորս ապրող արարածներով։ Եօթը կնիքով կնքուած գիրքը իր ձեռքն է։ Ո՞վ կրնայ բանալ այս գիրքը։ Գառնուկ Յիսուս Քրիստոս ասոր արժանի կը գտնուի։
Մինչ Գառնուկը կը բանայ վեց կնիքները, շշմեցուցիչ դէպքեր կը պարզուին։ (6։1–7։17) Երբ առաջին կնիքը կը բացուի, Քրիստոս կը յայտնուի ճերմակ ձիու մը վրայ, ան պսակ մը կը ստանայ (1914–ին) եւ յաղթելու կ’երթայ։ Երբ երեք կնիքներ ալ կը բացուին, ուրիշ ձիաւորներ պատերազմ, սով եւ մահ կը բերեն մարդկութեան վրայ։ Հինգերորդ կնիքին բացուելով, Քրիստոսին համար մարտիրոսացած անհատներ իրենց արեան վրէժին կ’աղաղակեն եւ անոնց «ճերմակ հանդերձ» կը տրուի, որ կ’ակնարկէ արքայական առանձնաշնորհումներով անմահ հոգեղէն արարածներ ըլլալու համար իրենց յարուցուելուն հետ կապ ունեցող արդար կեցուածքին։ (Բաղդատել Յայտնութիւն 3։5. 4։4) Երբ վեցերորդ կնիքը կը բացուի, երկրաշարժով մը Աստուծոյ եւ Գառնուկին բարկութեան օրը կը ծանուցուի։ Բայց կործանարար դատաստան խորհրդանշող «երկրին չորս հովերը» կը բռնուին, մինչեւ Աստուծոյ 144,000 ծառաները կնքուին։ Անոնք երբ Աստուծոյ հոգիով կ’օծուին եւ կ’որդեգրուին որպէս իր հոգեւոր որդիները, անոնք իրենց երկնային ժառանգութեան կնիքը կամ գրաւականը կանխաւ կը ստանան։ Միայն փորձէ անցնելէ ետք այս կնքումը մնայուն կ’ըլլայ։ (Հռովմայեցիս 8։15–17. Բ. Կորնթացիս 1։21, 22) Իսկ Յովհաննէս որքա՜ն հիացած ըլլալու էր տեսնելով բոլոր ազգերէն եկող «մեծ բազմութիւն մը», բազմութիւն մը որու յոյսն է երկրային դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք ունենալ։ Անոնք մարդկութեան վրայ գալիք աննման նեղութեան ժամանակէն՝ «մեծ նեղութենէն»՝ կու գան։
Ի՜նչ շշմեցուցիչ դէպքեր տեղի կ’ունենան երբ եօթներորդ կնիքը կը բացուի։ (8։1–11։14) Կէս ժամ լրութիւն կը տիրէ, թոյլ տալով որ սուրբերուն աղօթքները լսուին, որու կը յաջորդէ խորանէն առնուած կրակին երկրի վրայ ձգուիլը։ Ապա եօթը հրեշտակներ կը պատրաստուին իրենց փողերը հնչեցնելու, Քրիստոնեայ Աշխարհին վրայ Աստուծոյ պատուհասները ծանուցանելու համար։ Այս փողերը կը հնչուին վերջին ժամանակի բոլոր տեւողութեան, մինչեւ մեծ նեղութիւնը։ Չորս փողերը երկրին, ծովուն, ջուրի աղբիւրներուն, արեւուն, լուսնին եւ աստղերուն վրայ պատուհասներ կը ծանուցանեն։ Հինգերորդ փողին հնչուիլը օծեալ Քրիստոնեաները պատկերացնող մարախներ կը հանէ, որոնք 1919–էն ի վեր խումբով պատերազմելու կ’երթան։ Երբ վեցերորդ փողը կը հնչուի, ձիաւորներու յարձակում մը տեղի կ’ունենայ։ Օծեալ մնացորդը 1935–էն ի վեր ‘մեծ բազմութեան’ օգնութեամբ զօրացած, Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդներուն դէմ դատաստանի չարչրկող պատգամներ ծանուցանելով կը կատարէ ասիկա։
Ապա Յովհաննէս գրքոյկէն մաս մը կ’ուտէ, որով կը նշէ թէ օծեալները կ’ընդունին իրենց նշանակումը եւ կը սնուցանուին Աստուծոյ Խօսքին այն մասէն որ Քրիստոնեայ Աշխարհին դէմ իրենց ծանուցանած աստուածային դատատական արտայայտութիւնները կը պարունակէ։ Առաքեալին պատուէր կը տրուի տաճարին սրբարանը չափել, որ տաճարի կարգադրութեան առնչութեամբ Եհովայի նպատակներուն վստահ կատարումին եւ անոր ընկերակցողներուն աստուածային չափանիշներուն գոհացում տալուն կ’ակնարկէ։ Ապա Աստուծոյ օծեալ «երկու վկաներ»ը քուրձ հագած կը մարգարէանան, կը սպաննուին, բայց կը յարուցուին։ Ասիկա կը մատնանշէ 1918–19–ին, երբ իրենց քարոզչութիւնը գրեթէ մեռած էր թշնամիներուն պատճառով, սակայն Եհովայի ծառաները հրաշալիօրէն վերակենդանացան իրենց ծառայութիւնը կատարելու։
Թագաւորութիւնը կը ծնի
Եօթներորդ փողին հնչուիլը կը ծանուցանէ Թագաւորութեան ծնունդը։ (11։15–12։17) Երկնքի մէջ, այլաբանական կին մը (Եհովայի երկնային կազմակերպութիւնը) ծնունդ կու տայ արու զաւկի մը (Աստուծոյ Թագաւորութիւնը որու Թագաւորն է՝ Քրիստոս), բայց վիշապը (Սատանան) ի զուր կը ջանայ կլլել զայն։ 1914–ին Աստուծոյ Թագաւորութեան ծնունդին յաջորդող երկնքի մէջի պատերազմը իր գագաթնակէտին հասնելով, յաղթական Միքայէլ (Յիսուս Քրիստոս) վիշապը եւ իր հրեշտակները երկրի վրայ կը նետէ։ Հոն, վիշապը կը շարունակէ պատերազմիլ երկնային կնոջ սերունդին օծեալ մնացորդին դէմ։
Ապա Յովհաննէս կը տեսնէ գազան մը որուն զզուելի պատկերը կը շինուի։ (12։18–13։18) Այս եօթը գլխանի եւ տասը եղջիւրաւոր քաղաքական գազանը «ծովէն»՝ մարդկութեան անհարդարտ զանգուածէն կ’ելլէ, որմէ ծագում կ’առնեն մարդկային կառավարութիւնները։ (Բաղդատել Դանիէլ 7։2–8. 8։3–8, 20–25)։ Այս այլաբանական արարածին հեղինակութեան աղբիւրը ո՞վ է։ Անիկա Սատանան՝ վիշապն է։ Իսկ պահ մը երեւակայեցէք. այս քաղաքական հրէշութեան մէջ կը տեսնուի երկու եղջիւր ունեցող գազան մը (Անկլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժը) որ «պատկեր» մը կը շինէ, զոր հիմա ճանչցուած է որպէս Միացեալ Ազգեր։ Շատերու կը պարտադրուի գազանը պաշտել եւ անոր «դրոշմը» ընդունիլ, անոր ուզած կերպով վարուելով եւ թոյլ տալով որ անիկա ղեկավարէ իրենց կեանքերը։ Բայց Եհովայի Վկաները հաստատամտօրէն կը մերժեն գազանին դիւային դրոշմը։
Եհովայի ծառաները գործի կը լծուին
Մինչ Աստուծոյ բարկութեան եօթը սկաւառակները կը թափուին, կը տեսնուին կարգ մը ծառաներ որ գործի կը լծուին։ (14։1–16։21) Մտիկ ըրէք։ Երկնային Սիօն Լերան վրայ, Յովհաննէս կը լսէ 144,000–ը որոնք նոր երգ մը կ’երգեն։ Երկնքի մէջտեղ թռչող հրեշտակ մը, երկրի բնակիչներուն յաւիտենական բարի լուրը կը ծանուցանէ։ Ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։ Ցոյց կու տայ թէ Եհովայի Վկաները հրեշտակներու օգնութիւնը ունին երբ կը ծանուցանեն Թագաւորութեան պատգամը։
Յովհաննէս ապշահար եղած ըլլալու է տեսնելով երկրի այգիին կթուիլը եւ բոլոր ազգերուն ճզմուիլը, մինչ Աստուծոյ բարկութեան հնձանը կը կոխուի։ (Բաղդատել Եսայեայ 63։3–6. Յովելեայ 3։12–14)։ Եհովայի պատուէրին վրայ, եօթը հրեշտակներ աստուածային բարկութեան եօթը սկաւառակները կը թափեն։ Առաջին վեց սկաւառակներուն թափուելով, երկիրը, ծովը, ջուրի աղբիւրները, ինչպէս նաեւ արեւը, գազանին աթոռը եւ Եփրատ Գէտը կ’ազդուին։ Երեւակայեցէք Յովհաննէսի խոր յուզումը երբ կը նշմարէ որ դիւային պրոպականդը մարդկային թագաւորները կը հաւաքէ Աստուծոյ Արմագեդոնի պատերազմին։ Իսկ երբ եօթներորդ սկաւառակը կը թափուի օդին վրայ, ասոր հետեւանքը քանդիչ կ’ըլլայ։
Այլաբանական երկու կիներ
Վստահաբար, Յովհաննէս մեծապէս կը հրճուի Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ վախճանը տեսնելով եւ անոր կործանման յաջորդող ուրախալի դէպքերը դիտելով։ (17։1–19։10) Սուրբերուն արիւնով գինովցած ըլլալով, ան կը տեսնուի եօթը գլխանի եւ տասը եղջիւրաւոր կարմիր գազանի մը (Ազգերու Դաշնակցութիւնը եւ անոր յաջորդը Միացեալ Ազգերը) վրայ հեծած։ Ո՜հ, երբ եղջիւրները իր դէմ դառնան, ի՜նչ ջախջախում պիտի կրէ ան։
Մեծն Բաբելոնի կործանման համար երկնային ձայներ կը լսուին, որոնք Եահը կը փառաբանեն։ Իսկ ի՜նչ թնդացնող փառաբանութիւն մը կը ծանուցանէ Գառնուկին եւ անոր հարսին՝ յարուցեալ օծեալներուն՝ ամուսնութիւնը։
Քրիստոս կը յաղթէ եւ կ’իշխէ
Յաջորդիւ, Յովհաննէս կը տեսնէ Թագաւոր Թագաւորացը որ երկնային բանակները կ’առաջնորդէ Սատանայի իրերու դրութիւնը կործանելու համար։ (19։11–21) Այո, Յիսուս՝ «Բանն Աստուծոյ»՝ ազգերուն դէմ կը պատերազմի։ Առաքեալը կը տեսնէ գազանին (Սատանայի քաղաքական կազմակերպութեան) եւ սուտ մարգարէին (Անկլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժին) ամբողջական, յաւիտենական կործանում խորհրդանշող «կրակի լիճը» ձգուիլը։
Ապա ի՞նչ։ Յովհաննէս Սատանայի անդունդ ձգուելուն ականատես կ’ըլլայ։ Անոր կը յաջորդէ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան նախատեսումը որու ընթացքին Յիսուս եւ իր յարուցեալ իշխանակիցները մարդկութիւնը կը դատեն, հնազանդ եղողները մարդկային կատարելութեան հասցնելով։ (20։1–10) Արդ վերջին փորձին ժամանակը կը հասնի։ Անդունդէն արձակուելով, Սատանան պիտի ելլէ, որպէսզի կատարեալ մարդկութիւնը մոլորեցնէ, բայց բոլոր դեւերը եւ Աստուծոյ դէմ ըմբոստացողները մարդիկը կործանումով իրենց վախճանին պիտի հասնին։
Ժամանակին մէջ ետ դարձ մը ընելով, Յովհաննէս ի՜նչ մեծ հետաքրքրութեամբ դիտած ըլլալու է մահուընէ, Հատէսէն (մարդկութեան հասարակ գերեզմանէն) եւ ծովէն յարուցուողները եւ ճերմակ մեծ աթոռի մը վրայ նստած Աստուծոյ առջեւ անոնց դատուիլը։ (20։11–15) Իսկ ի՜նչ մեծ ամոքում մը պիտի զգան ուղիղները, երբ մահն ու Հատէսը կրակի լիճին մէջ ձգուին, այլեւս բնաւ զոհեր չպահանջելով։
Մինչ Յովհաննէսի տեսիլքները իրենց աւարտին կը հասնին, ան կը տեսնէ Նոր Երուսաղէմը։ (21։1–22։21) Կառավարական այդ քաղաքը երկինքէն կ’իջնէ եւ ազգերուն լուսաւորութիւն կը բերէ։ Նոր Երուսաղէմի մէջէն կը բղխի «կեանքի ջուրի գետ մը», որ կը պատկերացնէ սուրբ գրային ճշմարտութիւնը եւ Յիսուսի զոհագործութեան վրայ հիմնուած աստուածատուր այլ բոլոր հայթայթումները, որպէսզի հնազանդ մարդկութիւնը մեղքէն եւ մահէն բուժուի եւ անոնց յաւիտենական կեանքի կ’արժանանայ։ (Յովհաննու 1։29. 17։3. Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Այս գէտին իւրաքանչիւր ափին, Յովհաննէս ծառեր կը տեսնէ որոնք բուժիչ տերեւներ ունին, որոնք կը պատկերացնեն հնազանդ մարդկութեան յաւիտենական կեանք տալու համար Եհովայի հայթայթումները։ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի կողմէ եզրափակիչ պատգամներուն կը յաջորդէ հրաւէր մը։ Ի՜նչ հոյակապ է լսել երբ հոգին ու հարսը կը հրաւիրեն բոլոր ծարաւները, որ ‘գան եւ կենաց ջուրը ձրի առնեն’։ Իսկ մինչ կը կարդանք Յայտնութեան փակման խօսքերը, անկասկած մենք ալ մասնակից կ’ըլլանք Յովհաննէսի ջերմեռանդ բացագանչութեան. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 24]
Արթուն կեցէք. Աստուծոյ Արմագեդոնի պատերազմին մասին տրուած մարգարէական խօսքերուն մէջտեղը, ըսուած է. «Ահա գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէսզի մերկ չպտըտի ու իր ամօթը չերեւնայ»։ (Յայտնութիւն 16։15) Ասիկա թերեւս ակնարկութիւն մըն է Երուսաղէմի մէջ կառուցուած տաճարին վերակացուին կամ պաշտօնեային պարտականութիւններուն։ Հսկողութեան պահերուն, ան տաճարին մէջ կը պտըտէր, տեսնելու համար թէ Ղեւտացի պահակները իրենց պաշտօններուն վրայ արթո՞ւն են թէ քնացած։ Երբ պահակ մը քնացած գտնուէր, գաւազանով կը ծեծուէր եւ իր հանդերձները կ’այրուէին որպէս ամօթալի պատիժ մը։ Հիմա Արմագեդոնը շատ մօտ ըլլալով, ‘թագաւորական քահանայութեան’ կամ «հոգեւոր տաճար»ին օծեալ մնացորդը որոշած է հոգեւորապէս արթուն կենալ։ Նոյնը պէտք է ընեն երկրային յոյս ունեցող իրենց ընկերակիցները՝ «մեծ բազմութիւն»ը՝ քանի որ անոնք ալ տաճարին մէջ Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն։ (Ա. Պետրոս 2։5, 9. Յայտնութիւն 7։9–17) Մանաւանդ Քրիստոնեայ երէցները պէտք է արթուն մնան ժողովքին մէջ զարգացած գէշ վիճակներուն հանդէպ։ Քանի որ անոնք արթուն կը կենան, Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին բոլոր հաւատարիմ երկրպագուները կը պահեն իրենց «հանդերձները», նշելով անոնց պատուարժան ծառայութեան որպէս Եհովայի Վկաներ։