Հարաւային Չիլիի մէջ Թագաւորութեան սերմեր ցանելու մարտահրաւէրը
ՈՐՔԱ՜Ն հաճելի է Հարաւային Չիլիի գիւղաքաղաքի հանդարտ փողոցներէն քալել։ Արջառները խաղաղութեամբ կ’արածին ծառալից դաշտերուն մէջ, ետին ունենալով ձիւնապատ հրաբուխներու շքեղ տեսարանը։ Կրնաք լսել թռչուններու ճռուողիւնը եւ տերեւներուն սօսափիւնը։ Այսպիսի շրջապատ մը որքան ալ գրաւիչ ըլլայ, հոն Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմեր ցանողները մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին։
Կը փափաքէի՞ք մեր կարգ մը ռահվիրաներուն կամ լիաժամ Թագաւորութեան հրատարակիչներուն հանդիպիլ։ Կ’ուզէ՞ք մէկ կամ երկու օր անոնց հետ բարի լուրը քարոզել։ Նախ մտիկ ընենք երբ Ճէյմը եւ Օսգարը կը նկարագրեն Հարաւային Չիլիի մէջ այսպիսի օր մը անցնելու մարտահրաւէրը։
Օր մը Քարոզչութեան Գործին մէջ
«Կը սկսինք շարժիլ եւ կը զգանք որ ցուրտը մեր պզտիկ բնակարանէն ներս մտած է։ Բուրդէ գուլպաներ հագած եւ գլուխը գլխանոց մը, Օսգար անկողինէն կ’ելլէ։ Ան փայտէ վառարանը կը վառէ սենեակին ցուրտը առնելու համար, քարիւղէ պզտիկ ջեռուցիչը կը բանայ եւ ետ կը դառնայ իր անկողնին ջերմութեան։ Դուրսը տակաւին մութ է եւ կը լսենք անձրեւը որ ամբողջ գիշերը տեղաց։ Պատուհանէն դուրս կը նայինք, ապա իրար կը նայինք։ Ի՜նչ դիւրին պիտի ըլլար եթէ այդ օրը արձակուրդ ըլլար։ Ապա կը յիշենք օրուան ծրագիրը եւ մեկուսացած թաղամաս մը աշխատելու կարիքը, որ անցեալ տարի բնաւ ծառայուած չէր։ Ասիկա մեզի մղում կու տայ սկսելու։
«Ժամը ութէն առաջ ճամբայ ելլելով, աշխուժօրէն կը քալենք եւ կը յուսանք որ մէկը մեզի հրաւիրէ իր ինքնաշարժին մէջ, կամ օթոպիւսը գայ, որպէսզի աւելի արագ կարենանք հասնիլ մեր թաղամասի տուները եւ գիւղակները տանող ետեւի ճամբաներուն։ Ահաւասիկ քարշիչ մը կու գայ որ ետեւէն կը քաշէ յետակառք մը, որուն մէջ գործաւորներ կան։ Վարիչը կը կենայ եւ թոյլ կու տայ որ բարձրանանք անոր վրայ։ Ուրախ ենք որ գիշերուան անձրեւին շնորհիւ փոշիի ամպի մը մէջէն ճամբորդելէ կը խնայուինք, ինչ որ սովորական երեւոյթ մըն է։ Երբ կառքին մէջ կը ցատկենք, կը սկսինք հողագործներուն հետ բարի լուրը բաժնել։ Իջնելու ատեն, անոնց քանի մը պարբերաթերթեր կը թողունք։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ շնորհիւ կառքին, 12 քմ. քալելէն խնայուեցանք։
«Երկար օր մը կ’անցնենք, գիւղաքաղաքին մէջ հոս հոն պտըտելով, արժանի եղողները փնտռելու համար։ Երբ նոր նշանակուած էինք, չէինք հասկնար թէ ինչո՛ւ մարդիկ համաձայն ըլլալով հանդերձ մեր ըսածներուն, շատ չէին կամիր Աստուածաշունչի գրականութիւններ ընդունիլ։ Յետոյ հասկցանք որ յաճախ կարդալ չէին գիտեր։ Ուստի շինիչ գտանք անոնց բացատրել թէ մեր գրականութիւնները հոյակապ նուէր մը կրնային ըլլալ իրենց զաւակներուն եւ ազգականներուն, որոնք իրենց կարգին կրնային բովանդակութիւնը իրենց բացատրել։ Մեծամասնութիւնը՝ որոնց հետ կը խօսինք, այս աշխարհի բարիքներէն շատ բան չունին։ Բայց քանի որ իրենց ունեցածը կը սիրեն ուրախութեամբ բաժնել, երբ գրականութիւն մը ստանան, յաճախ մեզի հաւկիթ, գետնախնձոր, ճակնդեղ, սոխ, լուբիա եւ ոսպ կու տան»։
Ճէյմը վարժուեցաւ թելադրութիւններ ընել, երբ տանուտէր մը փափաքի բան մը տալ իրեն տրուած գրականութիւններուն փոխարէն։ Ինչո՞ւ։ Անգամ մը ռահվիրաները վերադարձան 15 քիլօկրամ բանջարեղէններով, իսկ իր ընկերը իր գրքի պայուսակին մէջ ողջ հաւ մը քրկած էր գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին։ Ճէյմը յաճախ մըրգուէն կ’ուզէր, որ Չիլիական պղպեղներով պատրաստուած համեմ մըն է։ պատմութիւնը կը շարունակուի.
«Դաշտերէն անցնելով, բնիկ Մափուշի [որ կը նշանակէ «Այս երկրին մարդը»] րուգասի [տուներ] կը հանդիպինք։ Դժուար է տարեց Մափուշիին հետ խօսիլ, քանի որ շատեր միայն իրենց բնիկ լեզուն գիտեն։ Երբ շուրջը երիտասարդներ ըլլան, անոնք յաճախ որպէս թարգման կը ծառայեն։ Երբ գիւղաքաղաքին աւելի խորը կը մտնենք, մարդոց կը հանդիպինք որոնք բնաւ Աստուածաշունչ մը տեսած չեն, ոչ ալ Թէմուգոյի նման մեծ քաղաք մը այցելած են, որ այդ շրջանի մայրաքաղաքն է։ Ասիկա կը դժուարացնէ անոնց օգնելը, քանի որ անոնք չեն կրնար ըմբռնել որ աշխարհի վիճակները կը վատթարանան։ Ասիկա քայլ առ քայլ պէտք է ընենք, ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս ուրիշ տեղեր պատահած բաները կը ցոլան տեղւոյն խնդիրներուն վրայ։
«Մինչ օրը կը յառաջանայ, մեր յոգնած ոտքերը հանգստանալ կ’ուզեն։ Եղանակը փոփոխակի է. պայծառ արեւ եւ տեղատարափ մը որ հովանոցի գործածութիւնն իսկ անօգուտ կը դարձնէ։ Նոր հերկուած դաշտերը մեր մոյկերը ցեխով պատած են։ Երբ լսենք բասէ նօ մաս (ներս հրամմեցէք) բառերը, երախտագիտութամբ խոհանոց կը մտնենք եւ փայտէ վառարանին ջերմութիւնը, ընդեղէններէ աղուած գաւաթ մը ‘սուրճը’, գիւղական պանիրը եւ տունը շինուած թարմ հացը կ’ըմբոշխնենք։ Ա՜հ, թարմ հացին այդ շատ ախորժահամ հոտը։
«Վերանորոգուած կորովով, կը շարունակենք մինչեւ երեկոյ, հազուագիւտօրէն ցանկապատով բաժնուած դաշտերէն անցնելով. թէեւ երբեմն ցորենի դաշտերը դեղին ծաղիկ ունեցող մշտադալար բիգա–բիգա կոչուող մացառներով բաժնուած են։ Քանի որ արեւը շուտով մար պիտի մտնէ եւ պողոտան պէտք է հասնինք քաղաք գացող վերջին օթոպիւսը առնելու համար, 20 քմ. քալելը վերջապէս վերջ պիտի գտնէ։
«Ողջ առողջ կը վերադառնանք, թէեւ յոգնած՝ բայց ուրախ, քանի որ ոչխարանման անհատներու հետ հաճելի խօսակցութիւններ ունեցանք։ Պատառ մը ուտելէ ետք, օրը վերաքաղ կ’ընենք եւ ապա մեր յոգնած մարմինները անկողին կը նետենք»։
Այցելութիւն մը Չիլօէ
Չիլօէի արշիպեղագոսը բազմաթիւ պզտիկ կղզիներէ բաղկացած է։ Անոր գլխաւոր կղզին 180 քմ. երկար է եւ պզտիկ լիճերով բաժնուած կանաչ բլուրներ ունի։ Իսկ ո՛ւր որ երթաք ի՜նչ հաճելի ծովափ մը եւ ձկնորսութեան հնադարեան գիւղեր կը տեսնէք։
Ագաօ քաղաքին մէջ, գլխաւոր կղզիէն անմիջապէս ետք, Ռուբէնը եւ Սէսիլիան գտանք։ Երբ անոնք հոն հասան Մարտ 1988–ին, տեղւոյն վարդապետը մարդոց ազդարարեց որ ‘ամբողջ կղզին շրջագայող եւ Աստուածաշունչէն խօսող զոյգին մտիկ չընեն’։ Իր ժխտական բացատրութիւնները ոմանց ականջները գոցել տուին, իսկ ուրիշներուն հետաքրքրութիւնը արթնցուցին։ Ժամանակ մը ետք, Ռուբէնը եւ Սէսիլիան Աստուածաշունչի 28 ուսումնասիրութիւններ կը վարէին։ Ուսումնասիրութիւններուն մեծամասնութիւնը ուսուցիչներու հետ, որոնցմէ չորսը, Դիտարանի Ընկերութեան հրատարակութիւններէն՝ «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ Օգտակար» եւ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքերը կը գործածեն իրենց դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն կրօնական դաս տալու համար։
Եհովա հոգ կը տանի այս ծանր աշխատող ռահվիրաներուն որոնք օրական աւելի քան 34 քմ. կը քալեն, Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին համար։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Օր մը, Ռուբէնը եւ Սէսիլիան ծովափին եզերքը գտնուող առահետէ մը կը քալէին, երբ նշմարեցին որ տեղատուութեան պատճառով շատ առատ չորիթոս (տեսակ մը ձկնականջ) կար, որոնք կրնային դիւրութեամբ ձեռք ձգել։ Ռուբէն սկսաւ հաւաքել զանոնք, բայց ինչպէ՞ս տուն պիտի տանէին։ Սէսիլիան լուծեց հարցը. իր գուլպաներուն մէջը լեցուց։ Այս կերպով ռահվիրաները շատ համադամ ծովային կերակուր մը վայելեցին։
Ագաօյի ճիշդ հիւսիսը, երկու մասնաւոր ռահվիրաներ կ’ընկերակցին Լինաօի մէջ գտնուող պզտիկ ժողովքին հետ։ Հոն քարոզչութեան գործը սկսաւ 1968–ին եւ Լինաօի մէջ առաջին Եհովայի Վկան մկրտուեցաւ 1970–ին։ Չորս տարի այս եղբայրը առանձին էր քարոզչութեան մէջ եւ ընտանիքի անդամներուն եւ ծանօթներուն ծաղրանքին առարկան դարձած էր։ Վերջապէս, 1974–ին, իր կինը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ընդունեց եւ մկրտուեցաւ։ Ասոր յաջորդեց իր չորս մարմնաւոր եղբայրներուն, չորս քոյրերուն, չորս հօրեղբայրներուն, վեց զարմիկներուն եւ քենեկալին ու անոր կնոջ մկրտութիւնը։ Հոն կազմուած ժողովքը մէկ մեծ ընտանիքէ կը բաղկանար։ Ժամանակի ընթացքին, հինգ եղբայրներէն երեքը սկսան ծառայել որպէս երէց եւ մէկը որպէս օգնական ծառայ։
Լուին եւ Խուանը լիաժամ քարոզիչներ են, որոնք իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են Լինաօէն 30 քմ. հեռուն գտնուող Գուէմչիի մէջ Թագաւորութեան սերմեր ցանելու։ Ամէն օր անոնք ցանկապատներ կը մագլցին, բանջարեղէններով լեցուն դաշտերէն կ’անցնին եւ բլուրներ կը բարձրանան, կ’իջնեն, հովը եւ անձրեւը իրենց անբաժան ընկերները ունենալով։ Մօտակայ կղզիները երթալու համար, նաւակներ կը գործածեն, որ Չիլօէ կղզին կ’երթայ շաբաթը երկու կամ երեք անգամ։ Կղզիին վրայ կը մնան քանի մը օր։ Ցամաքի վարժուած անհատի մը համար կղզիներու միջեւ շրջապտոյտը սրտախառնուք կուտայ, բայց կղզիաբնակներուն հիւրասիրութիւնները եւ ազնուութիւնը շուտով անոր վարժեցնել կու տան։ Լուիին եւ Խուանին կ’ընկերակցին Թագաւորութեան ուրիշ հրատարակիչներ եւ միասնաբար անոնք կը ջանան հասնիլ իրենց թաղամասի 11,500 բնակիչներուն։ Թէեւ յաւելումը դանդաղ էր, Լուին եւ Խուանը չափազանց ուրախ էին 1989–ի Յիշատակատօնին 36 ներկաներով։
Վերստին Ցամաք
Շարունակելով դէպի հիւսիս, Չագաօ ջրանցքը կտրելով կը հասնինք ցամաք։ Այս շրջանին մէջ Ռամոնը եւ Իրէնը՝ երկու ռահվիրաներ՝ հսկայ թաղամասի մը մէջ կ’աշխատին, որ կը բովանդակէ Մոլինի, Գարէլմափու եւ Փարկուա մեկուսացած խումբերը։ Չիլօէ կղզիին Վկաները մէկ ժամ կը քալեն եւ ապա թրանսպորտատօրը (փոխադրատար նաւ) կ’առնեն ու նեղուցը կտրելով Քրիստոնէական ժողովներու կ’երթան Փարակուայի մէջ։ Ռամոնը մէկ ժամ եւ քսան վայրկեան օթոպիւսով կը ճամբորդէ Մոլինէն, ժողովները վարելու համար որ ընդհանրապէս հրատարակիչներուն կրկնապատիկ ներկաներ կ’ունենան։ Ինչո՞ւ այսքան ժամանակ կ’առնէ միայն 38 քմ. հեռաւորութիւն մը։ Քանի որ օթոպիւսը յաճախ կը կենայ պտուղի եւ բանջարեղէնի, գետնախնձորի եւ սոխի տոպրակներով եւ երբեմն նոյնիսկ ողջ խոզերով եւ հաւերով բեռնաւորուած ճամբորդներ առնելու համար։ Ինչ որ օթոպիւսին տանիքը չեն կրնար դնել՝ ներսը կը դնեն։ Արդիւնքը. շատ մը հոտերով, տեսարաններով եւ ձայներով երկար ճամբորդութիւն մը։
Քանի որ այս ռահվիրաներէն շատ քիչերը ինքնաշարժ ունին, եթէ քաղաքներուն միջեւ ճամբորդող օթոպիւսը փախցնեն, ստիպուած կ’ըլլան երկար քալել, մինչեւ որ մէկը հրաւիրէ զիրենք իրենց ինքնաշարժը ելլելու։ Անգամ մը վարորդ մը Ռամոնը եւ Աստուածաշունչի ուսանող մը իր ինքնաշարժին մէջ առաւ եւ ճամբու ընթացքին անոնց հարցուց. «Մարդիկ ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն ձեր գործին»։ Նշմարելով անոնց հարցական նայուածքը, ան ըսաւ. «Ես այս գիւղին վարդապետն եմ եւ դուք Եհովայի Վկաներ էք։ Լաւ գիտեմ ձեր գործը եւ կը սիրեմ ձեր պարբերաթերթերը»։ Ճիշդ ժամանակին ժողովի հասնելով, մինչեւ Փարակուա բաւական երկար հարց–պատասխանի պահ մը ունեցան։ Վստահաբար վարդապետը իր ուրիշ հարցումներուն պատասխանը առաւ, կարդալով մեր պարբերաթերթերը։
Միշտ դիւրին չէ Ռամոնի եւ Իրէնի համար իրենց վարած Աստուածաշունչի 20 ուսումնասիրութիւններուն հասնիլ։ Անոնցմէ ոմանք կը գտնուին Մոլին Գետին անդիի կողմը, կամ մեկուսացած ձկնորսական գիւղի մը մէջ, ուր միայն նաւակներով կարելի է երթալ։ Թէեւ տեղատարափները կրնան յուսահատական ըլլալ, բայց անոնց եւ այս գիւղական շրջանին մէջ ցրուած միւս 18 Թագաւորութեան հրատարակիչներուն համբերութիւնը պտղաբեր եղած է, երբ 77 անհատներ ներկայ եղան Յիշատակատօնին։
Լոս Մուէրմոսի մէջ, Թագաւորութեան լիաժամ հրատարակիչներ՝ Խուան եւ Կլէտիս, Աստուածաշունչի 23 ուսումնասիրութիւններ կը վարեն։ Ցեխոտ ճամբաներէն երկար քալելը կը վարձատրուի, երբ Թագաւորութեան սերմերը արմատ կը կապեն սորվելու ատակ անհատներուն սրտերուն մէջ։ Էսթագուիլայի ծովեզերեայ լեռնաշղթային մէջ գտնուող մեկուսացած շրջանի մը մէջ, Խուանը եւ Կլէտիսը շրջան մը ծառայեցին որ նախապէս այցելուած էր։ Աստուածաշունչի աշակերտի մը հարցուցին որ մէկ օրուայ համար իր ձին փոխ կու տա՞ր։ «Անշո՜ւշտ», պատասխանեց ան։ «Ես ալ կրնա՞մ ձեզի հետ երթալ»։ Խուան անմիջապէս ասոր մէջ Եհովայի առաջնորդութիւնը տեսաւ։ Շատ դիւրին էր խիտ անտառին մէջ կորսուիլ, բայց այս հետաքրքրուած անհատը շրջանը լաւ գիտէր եւ զիրենք առաջնորդեց այն տուները որոնք լերան առահետէն չեն տեսնուիր։ Ինը ժամ յոգնեցուցիչ կերպով քալելէ կամ ձիավարելէ ետք, մասնաւոր ռահվիրաներէն մէկը հարցուց Աստուածաշունչի աշակերտին թէ ինչպէ՛ս կը զգար։ Մարդը պատասխանեց. «Միակ խնդրանքս այդ է որ յաջորդ անգամ ինծի ձեզի հետ տանիք»։ Այս գնահատող անհատը շարունակեց հոգեւորապէս յառաջդիմել եւ Յունուար 1988–ին մկրտուեցաւ։ Իր կինն ալ քիչ ետք մկրտուեցաւ շրջանային համաժողովի մը ընթացքին։
Շրջանային տեսուչին այցելութեան ընթացքին, Էսթագուիլլայի 11 հրատարակիչները ուրախացան, հանրային դասախօսութեան 110 ներկաները տեսնելով։ Լոս Մուէրմոսի 1,000 բնակիչ ունեցող քովընտի պզտիկ քաղաքի մը մէջ, Յիշատակատօնին 66 անհատներ ներկայ եղան։ Ուստի, շատ ընելիք կայ այս մեծ դաշտին մէջ։—Մատթէոս 9։37, 38
Աւելի հիւսիսը, կը գտնենք երկու ռահվիրաներ՝ Ալէնը եւ Ֆերնանտօն։ Օր մը երբ փոշոտ ճամբէ մը կը քալէին, վարիչ մը հրաւիրեց զիրենք որ իր բեռնակառքին մէջ ելլեն։ Վար իջնելէ ետք, շատ խնդացին, քանի որ փոշիի հաստ խաւ մը զիրենք պատած էր գլուխէն մինչեւ ոտքին մատները։ Զուարթամտութիւնը եւ 20 ուսումնասիրութիւններ վարելու ուրախութիւնը կ’օգնեն որ այսպիսի աննպաստ վիճակներ յաղթահարուին։ Իսկ երեւակայեցէք իրենց ուրախութիւնը երբ 65 անհատներ ներկայ գտնուեցան Յիշատակատօնին եւ յաջորդ ամիս երկու տեղացիներ իրենց միացան քարոզչութեան մէջ։
Պիօ–Պիօյէն Անցնիլ
Անտեան Լեռներուն մօտ գտնուող ոչխարանման անհատներուն հասնելու համար, անհրաժեշտ է 50 մեթր վար եղող Պիօ–Պիօ Գետին գոռացող ջուրերու նեղ անցքը կտրել։ Ասիկա կ’ընեն դիւրաբեկ փայտէ լաստի մը վրայ որ նեղ անցքին մէկ կողմէն միւսը երկաթէ շղթայով մը կախուած է։ Քիչ մը վախնալով, անոր վրայ կ’ելլէք եւ լծակը վերցնելով տախտակամածը շղթային վրայէն կը թաւալի։ Մինչ նեղ անցքին մէջտեղէն կը սահիք, տախտակամածին ձողերուն կը կախուիք, մինչեւ որ ան կանգ առնէ։ Շունչ մը առնելէ ետք, դարձեալ լծակը վեր վար կ’ընէք եւ մնացեալ կէս ճամբան դանդաղօրէն կը յառաջանաք։ Վստահաբար ասիկա տկար սիրտ ունեցողներուն համար չէ։ Այսուհանդերձ, քոյր մը ասիկա ամէն շաբաթ կ’ընէ, հեռաւոր լեռնային գիւղի մը մէջ գտնուող ոչխարանման անհատի մը հասնելու համար։
Ռահվիրաներուն եւ Թագաւորութեան ուրիշ հրատարակիչներուն գեղեցիկ օրինակը կը քաջալերէ գնահատող սիրտ ունեցողներուն որ նոյնանման ջանք մը թափեն Քրիստոնէական ժողովներուն յաճախելու համար։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Ընտանիք մը ձիով 40 քմ. կը ճամբորդէ մինչեւ Պիօ–Պիօ Գետը եւ անկէ ետք 12 քմ. կը քալէ մինչեւ Թագաւորութեան Սրահ։
Երբ ռահվիրաները ետ կը նային այդ տարիներուն, ի՞նչ կը յիշեն։ Ձիւնապատ հրաբուխնե՞ր, նազաշուք դաշտե՞ր եւ խոյացող գետե՞ր։ Փոշի, անձրեւ, ցեխ եւ երկար քալելնե՞ր։ Այո, բայց մանաւանդ կը յիշեն ընկերային անհատները որոնք բարի լուրին ընդառաջեցին։ Այդ ոչխարանման անհատներուն համար կ’արժէ այս բոլոր ջանքերը։ Ի՜նչ ուրախութիւն է Թագաւորութեան սերմեր ցանել Հարաւային Չիլիի մէջ։