Աստուածաշունչը—Իրապէս Աստուծմէ՞ է
ԵՀՈՎԱ, անսահման զօրութեան եւ հեղինակութեան Աստուածը, վստահաբար իրաւունքը ունի իր մարդկային արարածներուն հետ իր փափաքած որեւէ կերպով հաղորդակցելու։ Եթէ ընտրէր գրաւոր խօսքի միջոցաւ հաղորդակցիլ, ան նաեւ իր պատգամը պիտի պահպանէր դարերու ընդմէջէն։ Արդեօք Աստուածաշունչի պարագան ա՞յս է։
Քրիստոսէ շուրջ 1,500 տարիներ առաջ, երբ Աստուածաշունչի գրութիւնը սկսաւ, շատ մը ուրիշ կրօնական գրութիւններ գոյութիւն ունէին։ Սակայն, այդ բոլորը անգործածութեան մատնուեցան եւ վերջապէս չգոյացան։ Անոնցմէ ոմանք պեղուեցան հնախոյզներու կողմէ եւ հիմա թանգարաններու մէջ արհեստականօրէն ցուցադրուած են։ Իսկ միւս կողմէն, աւելի քան երեք հազար տարիներ առաջ գրուած Աստուածաշունչի մասեր բնաւ չեն մոռցուած եւ անոնց ընդօրինակութիւնները մինչեւ օրս վերապրած են։ Ասիկա յատկանշական է, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք ամբողջ պատմութեան ընթացքին Աստուածաշունչի դէմ եղած թշնամանքը։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք այսքան չարակամ հակառակութեան եւ ատելութեան թիրախը դարձած է։ Աստուածաշունչը կարդալը եւ զայն ցրուելը տուգանքի, բանտարկութեան, չարչարանքի եւ յաճախ մահապատիժի արժանի նկատուած էր։
Պարզ գիրք մը ինչպէ՞ս կրնար վերապրիլ այսպիսի պարագաներու ներքեւ։ Աստուածաշունչը ինք կը պատասխանէ. «Տէրոջը խօսքը յաւիտեան կը մնայ»։ (Ա. Պետրոս 1։25) Աստուածաշունչի տոկունութիւնը եւ անխորտակելի ըլլալը ինքնին զայն կը բնորոշեն որպէս Աստուծոյ սուրբ Խօսքը։
Ասկէ զատ, տրամաբանականօրէն պէտք է ակնկալէինք որ մարդկութեան տուած Աստուծոյ պատգամը համաշխարհային տարողութեամբ մատչելի ըլլար։ Արդարեւ այս է պարագան։ Պատմութեան ընթացքին ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք նոյնիսկ մօտեցած է Աստուածաշունչին՝ այս ուղղութեամբ։ Աստուածաշունչի շրջաբերութիւնը հասած է 3,000,000,000–ի։ Ասկէ զատ, ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք այսքան շատ լեզուներու թարգմանուած է։ Ներկայիս Աստուածաշունչը կարելի է կարդալ ամբողջութեամբ կամ մասամբ՝ աւելի քան 1,900 լեզուներով։ Ըստ Ամերիկեան Աստուածաշունչի Ընկերութեան, անիկա հիմա մատչելի է աշխարհի բնակչութեան 98 առ հարիւրին։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը Աստուածաշունչը կը կոչէ՝ «մարդկային պատմութեան մէջ հաւանաբար ամենէն ազդեցիկ գրքերու հաւաքածոն»։ Ուստի, յաւակնոտութիւն չէ զայն նկարագրել որպէս աշխարհի մեծագոյն գիրքը։
Սկիզբէն մինչեւ վերջը Աստուածաշունչին ներքին ներդաշնակութիւնը ինքնին ուժեղ ապացոյց մըն է որ անիկա Աստուծմէ ներշնչուած է։ Իրապա՞շտ է ակնկալել որ 1,600 տարուայ ժամանակաշրջանի մը մէջ գրուած 40 տարբեր անհատներու գրութիւնները ներդաշնակ ըլլան եւ հիմնական մէկ բնաբան ունենան։ Ասիկա անկարելի պիտի ըլլար եթէ դիպուածին կամ պարզապէս մարդկային առաջնորդութեան ձգուէր։ Սակայն, Աստուածաշունչը կազմող 66 գրքերուն պարագան այս է։ Միայն գերմարդկային, երկարակեաց իմացականութիւն մը կրնար այսպիսի յատկանշական արտադրութիւն մը ընել։
Պարզ Պատմութիւն մը Չէ
Աստուածաշունչի պատմական բովանդակութիւնը յատկանշական է։ Բայց Աստուծմէ եկած միմիայն պատմական տուեալներէ բաղկացած պատգամին արժէքը շատ սահմանափակ արժէք մը պիտի ունենար մեզի համար։ Առաջնորդութեան եւ գործնական իմաստութեան պէտք ունինք, զորս կրնանք գտնել Աստուածաշունչին մէջ։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն» մշակենք, որոնց մասին երկար խօսուած է անոր էջերուն մէջ։ (Գաղատացիս 5։22, 23. Կողոսացիս 3։12–14) Աստուածաշունչը ժրաջանութիւն, մաքրութիւն, պարկեշտութիւն, ամուսնական հաւատարմութիւն, մարդոց հանդէպ յարգանք եւ սէր կը յանձնարարէ. նաեւ լայն խրատներ կը պարունակէ ընտանիքին եւ համայնքին մէջ մարդկային վարուելակերպին մասին։
Երբ Աստուածաշունչի խրատները գործադրուին, իրապէս ակներեւ կ’ըլլան անոնց օգուտները։ Անիկա մեզ կ’ազատէ տգիտութենէ եւ նախապաշարումէ։ (Յովհաննու 8։32) Անոր գործնական իմաստութիւնը անզուգական է։ Անկասկած, անիկա կը պարունակէ աստուածային իմաստութիւն։
«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ» դաւանութիւնը լիովին ներդաշնակ է մարդոց կեանքերը փոխելու Աստուածաշունչին կերպին հետ։ (Եբրայեցիս 4։12) Ներկայիս միլիոնաւորներ Աստուածաշունչի չափանիշները սրտանց ընդունելով, յաղթահարած են բնաւորութեան վնասակար գծերը եւ իրենց նախկին կործանարար ընթացքը փոխելով, աւելի լաւ անհատներ եղած են։—Եփեսացիս 4։22
Ի՞նչ կը պատահի երբ Աստուածաշունչի չափանիշները անտեսուին։ Արդիւնքը կ’ըլլայ տխրութիւն, թշուառութիւն, պատերազմ, աղքատութիւն եւ քանդուած ընտանիքներ։ Այս բաները պէտք է ակնկալուին, քանի որ սուրբ Աստուածաշունչը անտեսելը կը նշանակէ մարդը ստեղծող եւ անոր կարիքները գիտցող Աստուծոյ առաջնորդութիւնը մերժել։
Աստուածաշունչը կը նախագուշակէ նաեւ ապագան, ինչ որ մարդոց կողմէ անկարելի է։ Բաբելոնէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը, աշխարհակալ ուժերու բարձրացումը մարգարէաբար ծանուցուած էր Աստուածաշունչին մէջ։ (Դանիէլ գլուխներ՝ 2, 7, 8) Յաւելեալ ըլլալով, գրեթէ երկու հազար տարիներ առաջ, Աստուածաշունչին մէջ ճշգրտօրէն նկարագրուած էր այս քսաներորդ դարուն վիճակները։ (Մատթէոս գլուխներ՝ 24, 25. Մարկոս գլուխ 13. Ղուկաս գլուխ 21. Բ. Տիմոթէոս 3։1–5. Բ. Պետրոս 3։3, 4. Յայտնութիւն 6։1–8) Աստուածաշունչի կատարուած մարգարէութիւններուն երկար ցանկը մեզի երաշխիք կու տայ թէ իր էջերուն մէջ նկարագրուած ուրախ ապագայի մը ակընկալութիւնը իրական է։
Մեր Պատասխանատուութիւնը
Այս բոլորը ջախջախիչ ապացոյց մըն է թէ Աստուած ի՛րապէս հաղորդակցութեան մէջ եկած է մարդոց հետ։ Ճիշդ է որ Աստուած իր պատգամը անկատար մարդոց ձեռքով փոխանցած է։ Բայց ասիկա պատճառ մը չէ հաւատալու որ Աստուածաշունչը նուազ հարազատ է, քան ուղղակի եթէ Աստուծոյ բերնին պատգամը եղած ըլլար, կամ հրեշտակներու կողմէ տրուած ըլլար, կամ ալ երկնքի մէջ հրաշալիօրէն գրուած եւ ապա երկրի վրայ մարդոց յանձնուած ըլլար։
Սակայն, Աստուածաշունչին սուրբ, կամ աստուածային ծագում ունենալը ընդունիլը մեր վրայ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ։ Եհովա իրաւացիօրէն կ’ակնկալէ որ կանոնաւորաբար կարդանք իր Խօսքը։ (Սաղմոս 1։1, 2) Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը արդիւնաբեր ըլլալու համար, կը պահանջուի պատշաճ կեցուածք մը։ Ի մտի պէտք է ունենանք որ Աստուածաշունչը չենք կրնար կարդալ որեւէ գրական հատուածի մը նման։ Անոր պէտք է մօտենանք «ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13
Աստուածաշունչին մէջ կան կարգ մը բաներ որոնք դժուարիմաց են։ Սակայն, յաճախ կարդալով անհատ մը կը սկսի հասկնալ եւ աւելի լման պատկեր մը կ’ունենայ Աստուծոյ կամքին եւ իր նպատակներուն շուրջ։ (Եբրայեցիս 5։14) Թերեւս տակաւին լիովին համոզուած չէք որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ սուրբ Խօսքն է։ Բայց, իրապէս ինչպէ՞ս կրնաք հաւատալ կամ չհաւատալ Աստուածաշունչին, եթէ ուշադրութեամբ չէք ուսումնասիրած։
Աստուածաշունչին աստուածային ծագում ունենալուն հանդէպ ներկայ սկեպտիկ կեցուածքին հակառակը, Սուրբ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ քննելը պատճառ եղած է որ շատ մը խորհող անհատներ Պօղոսի արտայայտութիւնը որդեգրեն. «Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ»։—Հռովմայեցիս 3։4
[Կրէֆ էջ 4]
Հիմա Աստուածաշունչը մատչելի է աշխարհի բնակչութեան 98 առ հարիւրին։
Պատմութեան մէջ ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք նոյնիսկ մօտեցած է Աստուածաշունչի 3,000,000,000 շրջաբերութեան։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը զայն կը կոչէ «մարդկային պատմութեան մէջ հաւանաբար ամենէն ազդեցիկ գրքերու հաւաքածոն»։
[Նկարներ՝ էջ 4]
Աստուածաշունչը վերապրած է, մինչ կրօնական ուրիշ գրութիւններ պարզապէս թանգարանի զարդեր եղած են։
Վերը. Ասորերէն Ջրհեղեղին պատմութիւնը։
Աջին. Աղօթքներ՝ Եգիպտական Ռա չաստուծոյն։
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
Both։ Courtesy of the Trustees of The British Museum
[Նկար՝ էջ 5]
Թէեւ 40 անհատներու եւ 1,600 տարուայ ժամանակաշրջանի մը մէջ գրուած է, սակայն Աստուածաշունչը սկիզբէն մինչեւ վերջը հիմնական մէկ բնաբանի կը հետեւի։ Միայն գերմարդկային, երկարակեաց իմացականութիւն մը կրնար այսպիսի յատկանշական արտադրութիւն մը ընել։
[Նկար՝ էջ 5]
Բաբելոնէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը, աշխարհակալ ուժերու բարձրացումը մարգարէաբար ծանուցուած էր Աստուածաշունչին մէջ (Դանիէլ գլուխներ՝ 2, 7, 8)
Աջին՝ Օգոստիանոս Կայսր
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
Museo della Civiltà Romana, Roma
[Նկար՝ էջ 6]
Գրեթէ երկու հազար տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն նախագուշակեց աշխարհի ներկայ վիճակները։ (Մատթէոս գլուխներ՝ 24, 25. Մարկոս գլուխ 13. Ղուկաս գլուխ 21. Բ. Տիմոթէոս 3։1–5. Բ. Պետրոս 3։3, 4. Յայտնութիւն 6։1–8) Աստուածաշունչի մարգարէութեան անթերի ճշգրտութիւնը մեզ կը վստահեցնէ թէ դրախտ երկրի մը համար Աստուծոյ խոստումը վստահօրէն պիտի կատարուի։