Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 8/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածատուր ազատութեան նպատակէն մի՛ շեղիք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 8/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Սեպտեմբեր 1—Տէրը [Եհովա] հզօր պատերազմող է։ Անոր անունը Եհովա է։—Ելից 15։3

Սեպտեմբեր 2—Մինչեւ անգամ տղու մը վարքին մաքրութիւնը եւ ուղղութիւնը անոր գործերէն կը հասկցուի։—Առակաց 20։11, Դիտ. 10/1/90 3, 4

Սեպտեմբեր 3—Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս, կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս։—Սաղմոս 18։25, Դիտ. 10/1/90 1, 2բ

Սեպտեմբեր 4—Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ։—Յովհաննու 10։16, Դիտ. 12/1/89 11, 12

Սեպտեմբեր 5—Ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասնզի դուք հաւատքով կը կենաք։—Բ. Կորնթացիս 1։23

Սեպտեմբեր 6—Հիմա գիտցայ թէ Աստուծմէ կը վախնաս. որովհետեւ քու մէկ հատիկ որդիդ ինծմէ չխնայեցիր։—Ծննդոց 22։12, Դիտ. 10/1/90 9, 10բ

Սեպտեմբեր 7—Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին։—Յայտնութիւն 7։10, Դիտ. 9/1/90 8, 9

Սեպտեմբեր 8—Մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու։—Բ. Կորնթացիս 10։4

Սեպտեմբեր 9—[Ամբողջ] գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, Դիտ. 10/1/90 5, 6

Սեպտեմբեր 10—Աստուած ծաղր չըլլար։ Վասնզի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։—Գաղատացիս 6։7, 8, Դիտ. 10/1/90 18, 21բ

Սեպտեմբեր 11—Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ [Յիսուսի] գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի [անոնք] ... չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։—Մատթէոս 24։37–39

Սեպտեմբեր 12—Ձեր ժողովուրդին մէջ չարախօսութիւն ընելու մի՛ պտըտիք։—Ղեւտացւոց 19։16, Դիտ. 2/1/90 14, 15

Սեպտեմբեր 13—Ո՛չ ալ անոնց հետ խնամութիւն ըրէ. քու աղջիկդ անոր տղուն մի՛ տար ու անոր աղջիկը քու տղուդ մի՛ առներ։—Բ. Օրինաց 7։3, 4, Դիտ. 2/1/90 10, 11

Սեպտեմբեր 14—Գոհութիւն Աստուծոյ, որ միշտ մեզի յաղթութիւն կու տայ Քրիստոսով ու զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով յայտնի կ’ընէ ամէն տեղ։—Բ. Կորնթացիս 2։14, Դիտ. 9/1/90 4, 13, 14

Սեպտեմբեր 15—Ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է։—Ժողովողի 3։13, Դիտ. 10/1/90 1–3բ

Սեպտեմբեր 16—Երեք օրէն ետքը տաճարին մէջ գտան զանիկա, որ վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր։—Ղուկաս 2։46, Դիտ. 10/1/90 7, 8

Սեպտեմբեր 17—Միեւնոյն սէրը ձեր մէջ ունենալով, ... խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն լաւ շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ։—Փիլիպպեցիս 2։2–4, Դիտ. 5/1/90 3, 4ա

Սեպտեմբեր 18—Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։—Մատթէոս 7։7, Դիտ. 4/1/90 17, 18գ

Սեպտեմբեր 19—[Ամուսնութեան] ... անկողինը անարատ [ըլլայ]. ... Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։—Եբրայեցիս 13։4, Դիտ. 1/1/90 13, 15ա

Սեպտեմբեր 20—Գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։—Յովհաննու 6։27, Դիտ. 10/1/90 4, 5գ

Սեպտեմբեր 21—Ամէն բանի ատենը կայ ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը։ ... Պատերազմի ժամանակ ու խաղաղութեան ժամանակ։—Ժողովողի 3։1, 8

Սեպտեմբեր 22—Այս պաշտօնը ստացանք Աստուծոյ ողորմութիւնով, ուստի չենք ձանձրանար. հապա կը հրաժարինք ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր եւ խարդախութիւն չենք ըներ Աստուծոյ խօսքին մէջ. հապա ճշմարտութիւնը յայտնելով՝ անձերնիս կը ներկայացնենք մարդոց խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ։—Բ. Կորնթացիս 4։1, 2, Դիտ. 9/1/90 6–8ա

Սեպտեմբեր 23—Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց։—Կողոսացիս 3։23, Դիտ. 10/1/90 16, 17

Սեպտեմբեր 24—Հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ... գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով։—Ա. Պետրոս 4։3, Դիտ. 10/1/90 8, 10գ

Սեպտեմբեր 25—Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ։—Ամբակումայ 2։3

Սեպտեմբեր 26—Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր։—Եբրայեցիս 1։9

Սեպտեմբեր 27—Ետքը պիտի յայտնուի այն անօրէնը, որ Տէրը Յիսուս ... պիտի սպառէ ու իր գալուստին յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։8

Սեպտեմբեր 28—Թող ելլէ՛ Աստուած եւ անոր թշնամիները թող ցրուին ու զինք ատողները իր երեսէն թո՛ղ փախչին։ Ցրուէ՛ զանոնք ինչպէս մուխը կը ցրուի, ինչպէս մոմը կրակին առջեւ կը հալի, այնպէ՛ս թող կորսուին ամբարիշտները Աստուծոյ երեսէն։—Սաղմոս 68։1, 2

Սեպտեմբեր 29—Վասնզի Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը։—Բ. Կորնթացիս 4։6, Դիտ. 9/1/90 11, 12ա

Սեպտեմբեր 30—Ուստի ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէսզի մեղքերնիդ ջնջուի. որպէսզի սփոփանքի ժամանակներ գան Տէրոջը երեսէն եւ նախապէս ձեզի քարոզուած Յիսուս Քրիստոսը ղրկէ։—Գործք 3։19, 20, Դիտ. 10/1/90 9, 10ա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել