Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Դեկտեմբեր 1—Ան որ կը յաղթէ՝ ճերմակներ պիտի հագնի։—Յայտնութիւն 3։5, Դիտ. 10/1/90 12, 13
Դեկտեմբեր 2—Քու հայրերուդ տեղը որդիներդ պիտի ըլլան. բոլոր երկրի մէջ իշխաններ պիտի ընես զանոնք։—Սաղմոս 45։16, Դիտ. 12/1/89 16, 17ա
Դեկտեմբեր 3—Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛ ատենին ու ատենէ դուրս, յանդիմանէ՛, սաստէ՛, յորդորէ՛ ամենայն երկայնմտութեամբ ու վարդապետութեամբ։—Բ. Տիմոթէոս 4։2
Դեկտեմբեր 4—Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր։—Յակոբու 5։15
Դեկտեմբեր 5—Դիոտրեփէսը, որ անոնց մէջ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, մեզ չընդունիր։ Ասոր համար եթէ գամ, անոր ըրած գործերը պիտի յիշեմ, որ մեզի դէմ շաղակրատելով չարախօսութիւն կ’ընէ։—Գ. Յովհաննու 9, 10, Դիտ. 2/1/90 16, 17ա
Դեկտեմբեր 6—«Օրհնեալ ըլլայ Բարձրեալ Աստուածը, որ քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնեց»։ Աբրամ ամենէն տասանորդ տուաւ անոր։—Ծննդոց 14։20
Դեկտեմբեր 7—Ոչ թէ մենք ինքնիրեննիս բաւական ենք բան մը խորհելու՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է։—Բ. Կորնթացիս 3։5, Դիտ. 9/1/90 18, 19
Դեկտեմբեր 8—Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ։—Եբրայեցիս 12։28, Դիտ. 10/1/90 17, 18գ
Դեկտեմբեր 9—Միայն ձեր անձերուն լաւ շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ։—Փիլիպպեցիս 2։4, Դիտ. 5/1/90 10, 11ա
Դեկտեմբեր 10—Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասնզի օրերս չար են։—Եփեսացիս 5։15, 16, Դիտ. 4/1/90 8, 9գ
Դեկտեմբեր 11—Քու Տէր [Եհովա] Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ։—Մարկոս 12։30, Դիտ. 3/1/90 17–19ա
Դեկտեմբեր 12—Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք։—Հռովմայեցիս 12։2
Դեկտեմբեր 13—Քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ ...։ Կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ։—Բ. Կորնթացիս 6։14, 15, Դիտ. 2/1/90 8, 9գ
Դեկտեմբեր 14—Արքայութեան այս աւետարանը [թագաւորութեան այս բարի լուրը] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։—Մատթէոս 24։14, Դիտ. 10/1/90 16, 17գ
Դեկտեմբեր 15—Եթէ դատապարտութեան պաշտօնը փառաւոր էր՝ ո՜րչափ աւելի արդարութեան պաշտօնը փառաւոր պիտի ըլլայ։—Բ. Կորնթացիս 3։9, Դիտ. 9/1/90 1–3ա
Դեկտեմբեր 16—Թէպէտ ինք Որդի է, բայց իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ։ 9 Երբ [հնազանդութեամբ] կատարեալ եղաւ, բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ։—Եբրայեցիս 5։8, 9
Դեկտեմբեր 17—Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք [հովուեցէք], վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ։—Ա. Պետրոս 5։2
Դեկտեմբեր 18—Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։—Եփեսացիս 6։11, Դիտ. 4/1/90 10, 11գ
Դեկտեմբեր 19—Եզրաս քահանան ելաւ ու անոնց ըսաւ. «Դուք մեղք գործեցիք եւ օտար կիներ առնելով՝ Իսրայէլի յանցանքը աւելցուցիք»։—Եզրասայ 10։10, Դիտ. 2/1/90 15–17ա
Դեկտեմբեր 20—Որբեւարիները պատուէ՝ անոնք որ ճշմարտապէս որբեւարի են։—Ա. Տիմոթէոս 5։3, Դիտ. 3/1/90 11, 12ա
Դեկտեմբեր 21—Պօղոս լման երկու տարի իր վարձքով բռնած տունը կեցաւ։ Բոլոր եկողները կ’ընդունէր։ Կը քարոզէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով՝ առանց արգիլուելու՝ կը սորվեցնէր կատարեալ համարձակութեամբ։—Գործք 28։30–32, Դիտ. 7/1/90 20, 21բ
Դեկտեմբեր 22—Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է։—Յակոբու 5։11
Դեկտեմբեր 23—Միայն թէ կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն։—Բ. Կորնթացիս 11։3, Դիտ. 10/1/90 16, 17բ
Դեկտեմբեր 24—[Անհաւատ ամուսինները] առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը։—Ա. Պետրոս 3։1, Դիտ. 5/1/90 17, 18, 20ա
Դեկտեմբեր 25—Այն օրը ինծի բան մը պիտի չհարցնէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի։—Յովհաննու 16։23, Դիտ. 8/1/90 3, 4
Դեկտեմբեր 26—Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ միշտ մեզի յաղթութիւն կու տայ Քրիստոսով ու զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով յայտնի կ’ընէ ամէն տեղ։—Բ. Կորնթացիս 2։14, Դիտ. 9/1/90 5, 6
Դեկտեմբեր 27—Տեղ մը աղօթք կ’ընէր։ Երբ դադրեցաւ, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր, ինչպէս Յովհաննէս իր աշակերտներուն սորվեցուց»։—Ղուկաս 11։1, Դիտ. 8/1/90 21, 22ա
Դեկտեմբեր 28—Տէր [Եհովա] Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ։—Ծննդոց 2։7
Դեկտեմբեր 29—Բայց մենք ամէնքս, բաց երեսով Տէրոջը փառքը որպէս թէ հայելիի մէջ տեսնելով, նոյն պատկերին համաձայն կը նորոգուինք փառքէ փառք, որպէս թէ Տէրոջ[մէն՝ (ՆԱ)] Հոգիէն։—Բ. Կորնթացիս 3։18, Դիտ. 9/1/90 5, 6ա
Դեկտեմբեր 30—Ասոր համար ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէսզի բոլոր պակաս բաները շտկես ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես, ինչպէս ես քեզի պատուիրեցի։—Տիտոս 1։5
Դեկտեմբեր 31—Ո՛չ ալ անոնց հետ խնամութիւն ըրէ. քու աղջիկդ անոր տղուն մի՛ տար ու անոր աղջիկը քու տղուդ մի՛ առներ։—Բ. Օրինաց 7։3, Դիտ. 2/1/90 12ա