Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 11/1 էջ 31
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՛վ ենթահովիւներ, մեծագոյն Հովիւները ընդօրինակեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • «Հօտին օրինակ» եղող հովիւներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 11/1 էջ 31

Հարցումներ ընթերցողներէն

◼ Առակաց 27։23–ը հիմնական ի՞նչ խրատ կը մատուցանէ հոգեւոր հովիւներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր Քրիստոնեաներուն։

Այս համարը կ’ըսէ. «Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր եւ քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ»։ (Առակաց 27։23) Այս համարը յաճախ գործածուած է հոգեւոր հովիւները քաջալերելու որ ժողովքին մէջ եղող Քրիստոնեաներով եւ անոնց խնդիրներով հետաքրքրուին։ Այսպիսի քաջալերութիւն մը տեղին է, քանի որ Աստուածաշունչը երէցները կը նմանցնէ հովիւներու, իսկ ժողովքը՝ ոչխարներու հօտի։ (Գործք 20։28, 29. Ա. Պետրոս 5։2–4) Թէեւ վերի սկզբունքը հոգեւոր հովիւներուն կը կիրարկուի, սակայն այս համարը հիմնականօրէն անոնց չ’ակնարկեր։

Առակաց գիրքը կը պարունակէ շատ համարներ որոնք իրարմէ անջատ են հակիրճ ու ազդու խրատական նախադասութիւններ են, բայց Առակաց 27։23–ը, համարներու խումբի մը մաս կը կազմէ, որոնք կ’ըսեն. «Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր եւ քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ, վասնզի հարստութիւնը միշտ չի մնար ու թագը դարէ դար չի տեւեր։ Կանանչը կը բուսնի, խոտը կ’երեւնայ եւ լեռներուն խոտերը կը հաւաքեն։ Գառները քու հագուստիդ համար են ու նոխազները դաշտերուն գինն են։ Քու կերակուրիդ համար եւ քու տանդ կերակուրին համար ու քու աղախիններուդ ապրուստին համար բաւական այծի կաթ պիտի ունենաս»։—Առակաց 27։23–27

Այս ներշնչեալ հատուածը կը գովաբանէ ժրաջան, աշխատասէր, պարզ կենցաղ մը, գիտակցելով որ Եհովայէ կախեալ ենք։ Ասիկա կ’ընէ շեշտելով Իսրայելացի հովիւի մը հովուական կեանքը, թերեւս հակադրելով առեւտրական գործերով կամ արագօրէն հարստանալու վրայ կեդրոնացած շողշողուն կեանքի հետ։

«Հարստութիւնը» կամ առեւտրական արագ ու վտանգաւոր նախաձեռնութիւններով շահուած հարստութիւնը եւ անոր պատճառած երեւելիութիւնը («թագը»), կրնան դիւրութեամբ անյայտանալ, ինչպէս կը վկայեն շատեր։ Իրենց հօտերուն հոգ տանող վաղեմի Իսրայելացի հովիւներուն վարած պարզ կեանքը իր առաւելութիւնները ունէր։ Այդպիսի կենցաղ մը անհոգութեան իմաստով պարզ կեանք մը չէր։ Հովիւ մը իր հօտին ուշադիր պէտք էր ըլլար, վստահ ըլլալով որ ոչխարները ապահով են։ (Սաղմոս 23։4) Եթէ անոնց հոգ տարած ատեն տեսնէր թէ ոչխարներէն մէկը հիւանդ կամ վիրաւոր էր, զայն պէտք էր օծէր ամոքիչ իւղով։ (Սաղմոս 23։5. Եզեկիէլ 34։4. Զաքարեայ 11։16) Շատ մը պարագաներու, իր սիրտը հօտին վրայ դրած ժրաջան հովիւը իր ջանքերուն արդիւնքը կրնար նկատել, աստիճանաբար իր հօտին աճումը տեսնելով։

Ծանր աշխատող եւ ուշադիր հովիւի մը օգնութեան աղբիւրն էր, Եհովան որմէ կախեալ էր։ Ինչպէ՞ս։ Այո, Աստուած ինք կը հայթայթէ եղանակները եւ շրջանները որոնց արդիւնքը կ’ըլլայ առատ խոտ, ոչխարները կերակրելու համար։ (Սաղմոս 145։16) Երբ եղանակի փոփոխութեան պատճառով կանաչ խոտը անհետանայ դաշտին մէջ, բարձունքներու վրայ տակաւին կարելի կ’ըլլայ առատ խոտ գտնել, ուստի ուշադիր հովիւ մը իր անասունները այդ շրջանները կը փոխադրէ։

Առակաց 27։26, 27–ը կը յիշէ այս աշխատանքին արդիւնքները. ուտելիք ու հագուելիք։ Ճիշդ է որ փառաւոր ուտելիքներ կամ մասնաւոր համադամ ճաշեր չեն նկարագրուած հոս, ոչ ալ աշխատողին պատճառ կու տայ յուսալու վերջին նորաձեւութեամբ կամ լաւագոյն որակի հագուստներ։ Բայց եթէ ջանադիր ըլլային, հովիւը եւ իր ընտանիքը կրնային հօտին կաթէն (նաեւ պանիրէն), ինչպէս նաեւ տոկուն հագուստ հիւսելու համար բուրդէն օգտուիլ։

Ուստի, «Քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ» խրատը գլխաւորաբար հոգեւոր տեսուչներուն համար չէ, այլ՝ բոլոր Քրիստոնեաներուն համար է։ Անիկա կ’ընդգծէ կայուն, ժրաջան աշխատանքով ձեռք ձգուած ուտելիք եւ հագուելիք ունենալով բաւականանալու արժէքը, միշտ վստահ ըլլալով որ Աստուած մեզ պիտի չլքէ։ (Սաղմոս 37։25. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։8, 12. Եբրայեցիս 13։5) Երբ բաղդատենք Առակաց 27։23–27–ի խօսքերը, Ղուկաս 12։15–21–ի եւ Ա. Տիմոթէոս 6։6–11–ի խօսքերուն հետ, կը տեսնենք թէ այս մասին Աստուծոյ խրատը չէ փոխուած։ Ուստի, իւրաքանչիւրս պէտք է կրկին կարդանք Առակաց 27։23–27–ը եւ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ասոր սրտանց ուշադրութիւն կ’ընծայե՞մ եւ առօրեայ կեանքիս մէջ կը գործադրե՞մ’։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել