Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 10/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 10/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Նոյեմբեր 1—Տէրը [Եհովա] պատգամ տուաւ. աւետիս տուող [կի]ները մեծ բազմութիւն [բանակ մըն (ՆԱ)] են։—Սաղմոս 68։11, Դիտ. 10/1/91 20, 21ա

Նոյեմբեր 2—Սիրե՛լիս դուն հաւատարմաբար կ’ընես, ինչ որ կ’ընես եղբայրներուն եւ օտարներուն։—Գ. Յովհաննու 5, Դիտ. 10/1/91 5գ

Նոյեմբեր 3—Ես իբր լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ։—Յովհաննու 12։46, Դիտ. 11/1/91 5–7

Նոյեմբեր 4—Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս։—Մատթէոս 19։21

Նոյեմբեր 5—Վերջապէս, եղբայրներ, ո՛ղջ եղէք, հաստա՛տ կեցէք, մխիթարուեցէ՛ք, միաբան եղէք, խաղաղութիւն ըրէք եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։—Բ. Կորնթացիս 13։11, Դիտ. 5/1/91 4, 5

Նոյեմբեր 6—Ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ, որպէսզի ամէնքը Տէրոջը [Եհովայի] անունը կանչեն ու մէկ սրտով անոր ծառայութիւն ընեն։—Սոփոնեայ 3։9, Դիտ. 6/1/91 10, 11ա

Նոյեմբեր 7—Ո՞վ է մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը կամ մեր պարծանքին պսակը, եթէ ոչ դուք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առջեւ անոր գալու [ներկայութեան ՆԱ] ատենը։ Որովհետեւ դուք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։19, 20, Դիտ. 2/1/91 17, 19

Նոյեմբեր 8—Լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր ու խաւարը զանիկա չճանչցաւ։—Յովհաննու 1։5, Դիտ. 11/1/91 11, 12ա

Նոյեմբեր 9—Ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք, ձեզմէ ոեւէ մէկը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ թող չվարուի։—Մաղաքեայ 2։15, Դիտ. 10/1/91 2

Նոյեմբեր 10—[Յարգեցէք] ձեր գործաւորներն ու վերակացուները Տէրոջմով ու ձեզի խրատ տուողները։ Զանոնք մեծ սիրով պատուեցէք իրենց գործին համար։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13

Նոյեմբեր 11—[Մի՛ խառնուիք,] այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք։—Ա. Կորնթացիս 5։11, Դիտ. 7/1/91 17, 18ա

Նոյեմբեր 12—Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլալու համար։—Հռովմայեցիս 15։1, Դիտ. 8/1/91 3, 4ա

Նոյեմբեր 13—Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէսզի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք. քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է։—Ղեւտացւոց 17։11, Դիտ. 9/1/91 21, 22

Նոյեմբեր 14—Ուստի, մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։—Եբրայեցիս 12։1

Նոյեմբեր 15—Պետրոս ... ըսաւ. «Տա՛բիթա, ելիր կայնէ»։ Ան ալ իր աչքերը բացաւ ու Պետրոսը տեսնելով՝ ելաւ շիտակ նստեցաւ։—Գործք 9։40, Դիտ. 10/1/91 15, 16գ

Նոյեմբեր 16—Ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է։—Եփեսացիս 4։23, 24, Դիտ. 11/1/91 16, 17ա

Նոյեմբեր 17—Աստուած սէր է։—Ա. Յովհաննու 4։8, Դիտ. 1/1/91 10, 11

Նոյեմբեր 18—Քու Տէր [Եհովա] Աստուածդ, ողորմած Աստուած ըլլալուն, քեզ պիտի չթողու ու քեզ պիտի չկորսնցնէ ու քու հայրերուդ ըրած ուխտը պիտի չմոռնայ, որուն համար երդում ըրած էր։—Բ. Օրինաց 4։31

Նոյեմբեր 19—Վասնզի եպիսկոպոսը ... Աստուծոյ տնտեսին պէս ... ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող [պէտք է ըլլայ]։—Տիտոս 1։7, Դիտ. 11/1/90 9, 10ա

Նոյեմբեր 20—Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։—Սաղմոս 145։19

Նոյեմբեր 21—Վկայութիւն տալով Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար։—Գործք 20։21

Նոյեմբեր 22—[Անիկա] համաձայն է երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին եւ որ ինծի [Պօղոս] յանձնուեցաւ։—Ա. Տիմոթէոս 1։11

Նոյեմբեր 23—Դուք ամէնքդ որ Քրիստոսով մկրտուեցաք, Քրիստոսը վրանիդ հագաք։ Այսուհետեւ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ ալ Յոյն. ո՛չ ծառայ կայ, ո՛չ ալ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ ալ էգ. վասնզի դուք ամէնքդ ալ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով։—Գաղատացիս 3։27, 28, Դիտ. 10/1/91 9, 10ա

Նոյեմբեր 24—Քանզի թէեւ ատեն մը դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք Տէրոջմով. ուստի լոյսի որդիներու պէս քալեցէք։—Եփեսացիս 5։8, Դիտ. 11/1/91 16–18

Նոյեմբեր 25—Մի՛ դատէք ու պիտի չդատուիք։ Մի՛ դատապարտէք ու պիտի չդապարտուիք։ Ներեցէ՛ք ու ձեզի պիտի ներուի։—Ղուկաս 6։37

Նոյեմբեր 26—Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ իմ նախնիքներուս նման մաքուր խղճմտանքով, միշտ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ գիշեր ու ցորեկ։—Բ. Տիմոթէոս 1։3

Նոյեմբեր 27—Սրտին ծածուկ մարդը անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը թող ըլլայ, որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է։—Ա. Պետրոս 3։4, Դիտ. 10/1/91 12–14ա

Նոյեմբեր 28—Այն ատեն ես [Եհովա Աստուած] բոլոր ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ, որպէսզի ամէնքը Եհովայի անունը կանչեն եւ իր ծառայութեան մէջ համագործակցին։—Սոփոնեայ 3։9, Պայինկթըն։

Նոյեմբեր 29—Լուսոյ պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է։—Եփեսացիս 5։9

Նոյեմբեր 30—Նոյնպէս ... կիները ծանրաբարոյ [պէտք է] ըլլան, ո՛չ չարախօս, հապա զգաստ, ամէն բանի մէջ հաւատարիմ։—Ա. Տիմոթէոս 3։11, Դիտ. 10/1/91 17, 18ա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել