Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 11/1 էջ 3-6
  • Կեանքի թանկագին պարգեւը գնահատենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կեանքի թանկագին պարգեւը գնահատենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Փոփոխութիւնը Կարելի Է
  • Աստուծոյ Մատուցած Յաւիտենական Կեանքը
  • Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Գնահատէ քեզի տրուած նուէրը՝ կեանքը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աստուծոյ տուած նուէրը՝ կեանքը արժեւորենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Եհովայի օրհնութիւնը մեզ կը հարստացնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 11/1 էջ 3-6

Կեանքի թանկագին պարգեւը գնահատենք

ԿԵԱՆՔԸ ի՜նչ թանկագին ստացուածք մըն է։ Առանց անոր, ոչինչ կրնանք ընել։ Անգամ մը որ զայն կորսնցնենք, ոեւէ մարդ չի կրնար զայն վերադարձնել մեզի։ Երբ մեր կեանքը վտանգուած ըլլայ, ամէ՛ն բան կ’ընենք զայն պահպանելու համար։ Այո, անոր համար է որ կարգ մը անհատներ գերմարդկային աղբիւրէ օգնութիւն կը հայցեն, երբ նեղութեան մէջ իյնան։

Կը յիշենք Աստուածաշունչի պատմութիւնը նաւու մը մասին, որ ծովուն վրայ զօրաւոր փոթորիկի մը հանդիպեցաւ։ Երբ նաւը խորտակուելու վրայ էր, «նաւաստիները վախցան եւ ամէն մէկը իր աստուծոյն կ’աղաղակէր»։ Ապա, միասնաբար ճշմարիտ Աստուծոյ աղաղակեցին. «Ո՜հ, Եհովա՛, կ’աղաչենք, ... մեզ մի՛ կորսնցներ»։ Աստուածաշունչի պատմութիւնը կ’ըսէ նաեւ. «Նաւուն մէջի կարասիները ծովը նետեցին, որպէսզի զանիկա թեթեւցնեն»։—Յովնանու 1։4–6, 14. բաղդատել Գործք 27։18, 19–ին հետ։

Այդ նաւաստիները պատրաստ էին նոյնիսկ իրենց պիտանի եղող առարկաները նետելու, որպէսզի իրենց կեանքերը պահէին։ Կրնանք նիւթական ստացուածքները փոխարինել, բայց ո՛չ կեանքը։ Իսկ քանի որ բնազդաբար կը գուրգուրանք մեր կեանքին վրայ, վտանգէն ետ կը պահենք զայն։ Մեր մարմինները կը կերակրենք, կը հագուեցնենք եւ կը սնուցանենք։ Իսկ երբ հիւանդանանք, բժշկական խնամք կը փնտռենք։

Այսուհանդերձ, կեանքի Պարգեւիչը մեզմէ կը պահանջէ որ ինքնապաշտպանութեան բնազդին հետեւէլէն աւելին ընենք։ Արդարեւ, կեանքը անգին պարգեւ մըն է եւ անիկա կու գայ համայն տիեզերքի կարեւորագոյն Անձնաւորութենէն։ Թէ՛ Պարգեւողին եւ թէ պարգեւին հանդէպ անկեղծ գնահատութենէ մղուած, կեանքին վրայ պէտք չէ՞ գուրգուրանք։ Ասիկա ուրիշներուն կեանքին հանդէպ նկատողութիւն ունենալ չի՞ պահանջէր մեզմէ։

Ուստի, մեզ պէտք չէ զարմացնէ որ Իսրայէլ ազգին տուած Օրէնքին մէջ, Եհովա Աստուած ուրիշներուն կեանքերը եւ առողջութիւնը պաշտպանելու մտքով պատուիրաններ տուաւ։ (Ելից 21։29. Բ. Օրինաց 22։8) Այսօր ալ Քրիստոնեաները ապահովութեամբ հետաքրքրուած պէտք է ըլլան։ Օրինակի համար, եթէ տան մէջ երախաներ ունիք, անոնց ձեռքին տակ կը ձգէ՞ք ուլունքներ, գնդասեղներ, կամ սուր առարկաներ որոնցմով երախան դիւրութեամբ կրնայ վնասուիլ, կամ անմեղօրէն զանոնք կլլել։ Քիմիական վտանգաւոր նիւթերը կամ դեղերը պզտիկներուն հասողութենէն դուրս կը դնէ՞ք։ Երբ գետինը ջուր թափուի, անմիջապէս կը սրբէ՞ք, արկածին առաջքը առնելու համար։ Աւրուած ելեկտրական գործիքները շուտով կը նորոգէ՞ք։ Ձեր ինքնաշարժին կանոնաւորաբար հոգ կը տանի՞ք։ Լաւ վարո՞րդ մըն էք։ Եթէ իրապէս կեանքին արժէքը կը գնահատէք, այդ պարագային այս եւ նման մարզերուն մէջ տրամաբանական նախազգուշութիւններ ձեռք առնելու պիտի մղուիք։

Դժբախտաբար, սակայն, ոմանք իրենց կեանքն իսկ թեթեւի կ’առնեն։ Օրինակի համար, ո՞վ չի գիտեր ներկայիս, թէ ծխախոտի գործածութիւնը առողջութեան կը վնասէ։ Սակայն, միլիոնաւորներ այս սովորութեան գերին դարձած են, մինչ իրենց առողջութիւնը կը քանդեն ամէն անգամ որ թունաւոր ծուխը կը ներշնչեն։ Ուրիշներ թմրեցուցիչը կամ ոգելից ըմպելին չարաչար կը գործածեն, ի վնաս իրենց։ ԱԴԱ–ն [AIDS] սպաննող հիւանդութիւն մըն է, որու դարմանը տակաւին գտնուած չէ։ Սակայն, շատեր այդ ախտէն չէին վարակուեր, եթէ խուսափէին սեռային անբարոյութենէ, որոշ թմրեցուցիչներէ եւ արեան ներարկումներէ։ Կեանքի հանդէպ ի՜նչ թերգնահատութիւն։—Հռովմայեցիս 1։26, 27. Բ. Կորնթացիս 7։1

Փոփոխութիւնը Կարելի Է

Իրենց հոյակապ Ստեղեծիչը՝ Եհովան գնահատողները զօրաւոր պատճառ մը ունին կեանքը թանկագին նկատելու։ Կեանքը Իր կողմէ սրբազան պարգեւ մըն է։ Հետեւաբար անոնք կը յօժարին պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելու, որպէսզի անոր հետ վարուին որպէս աստուածային պարգեւ մը։ Նկատի առէք Կանայէն ուսուցիչի մը՝ Գուագուի փորձառութիւնը, որ գինեմոլ մը ըլլալով իր կեանքը կը վատնէր։

Գուագու կը յիշէ. «Կը փորձէի ոյժ բանեցնել, որպէսզի կինս զիս յարգէր, որ յաճախ տաք վիճաբանութիւններու եւ կռիւներու կ’առաջնորդէր, մանաւանդ երբ գինով ըլլայի։ Գինեմոլութեանս պատճառով, յաճախ դրամի նեղութիւն կ’ունենայի եւ չէի կրնար ընտանիքիս ծախքերը հոգալ։ Շատ հասկնալի է որ ասիկա շատ կը զայրացնէր կնոջս։ Ամէն անգամ որ դրամի նեղութիւն ունենայի (ինչ որ յաճախ կը պատահէր), կարելիս կ’ընէի, որպէսզի մոլութիւնս հագեցնէի։ Անգամ մը նոյնիսկ գործածեցի այն դրամը զոր աշակերտներէս հաւաքած էի, զիրենք հանրային քննութեան արձանագրել տալու համար։ Լաւ մը խմեցի եւ խմիչքի ընկերներուս համար ալ խմիչք գնեցի։ Հաշուեյարդարի օրը շուտով հասաւ։ Եթէ տնօրէնս ժամանակին չմիջամտէր, գործս պիտի կորսնցնէի։

«Խառնափնթոր կեանք մը ունէի։ Սկիզբը ամօթ կը զգայի, բայց շուտով զայն յաղթահարեցի։ Ապա զգալով որ կեանքս ամբողջ ձախողանք մըն էր, սկսայ անձնասպանութեան մասին մտածել։ Բայց տակաւին, չէի կրնար այս մոլութենէս ձերբազատուիլ։ Բայց երբ, օր մը, գինետան մը մէջ գինովներու կռիւի մը մասնակից ըլլալով դանակի հարուած մը ստացայ, այն ատեն ցաւալիօրէն հասկցայ որ օր մը կեանքս պիտի զոհեմ խմիչքի սիրոյն։

«Այս բոլոր ժամանակամիջոցին, Եհովայի Վկաները ժամանակ առ ժամանակ մեզ կ’այցելէին եւ կը ջանային մեր հետաքրքրութիւնը արթնցնել Աստուածաշունչին հանդէպ։ Կինս եւ ես միշտ փախուստ կու տայինք, խորհելով որ անոնք վնասակար անհատներ են։ Սակայն անգամ մը, անոնց համակրելով որոշեցի մտիկ ընել։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը շուտով աչքերս բացաւ Աստուծոյ նոր դրութեան մէջ յաւիտենական կեանքի հոյակապ ակնկալութիւնը տեսնելու։ Որքան Աստուածաշունչը կը սերտէի Եհովայի Վկաներուն հետ, այդքան աւելի գնահատութիւնս կ’աւելնար կեանք Պարգեւողին եւ անոր կեանքի պարգեւին հանդէպ։ Նաեւ Աստուածաշունչի խրատներուն գործնականութիւնը տեսնելով, մեծապէս կը տպաւորուէի։ Ասիկա աւելի քաջալերեց զիս որ կեանքս մաքրեմ։ Ասիկա դիւրին չէր, քանի որ շարունակաբար պէտք էր դիմադրէի խմիչքին եւ հին ընկերներուս։ Եհովան՝ աղօթքի Լսողը՝ տեսաւ սրտիս վճռակամութիւնը եւ ինծի օգնեց։a

«Կինս, որ Եհովայի Վկայ մը չէ, հիմա մեծապէս կը յարգէ զիս եւ իմ կրօնքս, տեսնելով կեանքիս եւ մեր ամուսնական յարաբերութեան մէջ կատարուած մեծ փոփոխութիւնները։ Այլեւս կարիքը չկայ որ դրացիները միջամտեն մեր կռիւներուն։ Կը գուրգուրամ այն մտքի խաղաղութեան վրայ զոր կը վայելեմ ներկայիս։ Վստահաբար միակ արժէքաւոր ապրելակերպն է գնահատել Եհովան, որպէս մեր Կենսատուն, կեանքի արժէքին հանդէպ իր տեսակէտը որդեգրել եւ ի՛նչպէս ապրելու մասին իր խրատներուն հնազանդիլ»։

Աստուծոյ Մատուցած Յաւիտենական Կեանքը

Գուագուի նման հազարաւոր անհատներ օգնութիւն ստացած են Եհովայի Վկաներուն կողմէ, ‘Նոր մարդը իրենց վրայ հագնելու, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’։ (Եփեսացիս 4։24) Անոնք սորված են ո՛չ միայն իրենց ներկայ կեանքը գնահատել, այլ նաեւ՝ երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտենական կեանքի յոյսը։ Աստուծաշունչը կը խոստանայ որ Աստուծոյ հաստատելիք Դրախտին մէջ, երկրի բնակիչներէն ո՛չ մէկը անօթութեան կրծող ցաւը պիտի զգայ, քանի որ «զօրքերու Տէրը ... բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ»։—Եսայեայ 25։6

Կեանքը թէեւ թանկագին պարգեւ մըն է, սակայն, ներկայիս անիկա ժամանակաւոր է։ Ամէն մարդ մահուան ենթակայ է, իսկ մահը ի՜նչ սուր կը խոցէ։ Սիրելիի մը գերեզմանին լրութեան մէջ իջնելը կսկիծ կը պատճառէ։ Սակայն, Քրիստոսի կողմէ տիրապետուած Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, Եհովայի խոստումը պիտի կատարուի։ «Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։4

Այդ ժամանակ, կեանքի պարգեւը հոյակապ կերպով պիտի մատուցուի։ Այս երկրի վերջնական նեղութենէն վերապրողները պատեհութիւնը պիտի ունենան կեանքը իր լիութեամբ վայելելու։ Ապա, յարութեամբ ետ կեանքի գալով, Եհովա Աստուած իր անգին պարգեւը վերստին պիտի տայ մահուան մէջ քնացածներուն։ (Յովհաննու 5։24, 28, 29) Ասիկա պիտի նշանակէ մեր կորսնցուցած սիրելիներուն եւ վաղեմի աստուածավախ անհատներուն վերադարձը։

Այս բաները անիրականալի՞ են։ Ո՛չ, «վասընզի Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։—Ղուկաս 1։37. բաղդատել Յոբ 42։2։

Ասկէ զատ, Եհովա Աստուած ինք մարդկութեան երաշխիք մը տուած է, որ այս բոլոր բաները տեղի պիտի ունենան։ Ինչպէ՞ս։ Իր սրտին ամենասիրելի եղողը՝ իր սիրելի Որդին, Յիսուս Քրիստոսը զոհելով, որպէսզի մեզ փրկէ մեղքէն եւ մահէն։ Հռովմայեցիս 8։32–ը մեզ կը վստահեցնէ. «Ան [Եհովա Աստուած] որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս [ինչո՞ւ] անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր [պարգեւէ]»։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ այս բաներուն մաս կը կազմէ մարդկութեան բարոյական անկումին մաքրութիւնը եւ ամէն տեսակ անարդարութեան, ոճիրին եւ բռնութեան վերացուիլը։ (Եսայեայ 11։9) Այլեւս կեանքը այսքան անարժէք պիտի չնկատուի։

Նոյնիսկ այս անկատար պայմաններուն ներքեւ, կեանքը կրնայ շատ հաճելի ըլլալ։ Ո՞վ հաճոյք չզգար կերակուրի ախորժաբեր հոտերէն, տօթ օր մը մեղմ զեփիւռը զգալէն, վեհափառ լերան մը տեսարանէն, փառաշուք արեւնամուտէն, հանդարտօրէն հոսող ջուրէն, շնչահեղձ ընող գունագեղ ծաղիկներէն, քաղցր երաժշտութենէն, կամ թռչուններուն գեղգեղանքէն։ Պահ մը կեցէք եւ երեւակայեցէք որ այս բաները յաւիտեան վայելելը որքա՜ն հաճելի պիտի ըլլար։

Ուստի, յիմարութիւն չէ՞ յաւիտեան ապրելու այս հոյակապ առանձնաշնորհումը մերժել, անիմաստ եւ հեշտասէր ապրելակերպի մը մատուցած ժամանակաւոր հաճոյքներուն համար։ (Բաղդատել Եբրայեցիս 11։25)։ Աստուածաշունչը իմաստուն կերպով մեզ կը յորդորէ, որ ‘ալ ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն պէս՝ հապա Աստուծոյ կամքին պէս ապրինք մարմնի մէջ մնացած ատեն’։ (Ա. Պետրոս 4։2) Սրտանց կը քաջալերենք եւ կը յորդորենք ձեզ որ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ սերտէք եւ ձեր սորված բաները գործադրէք։ (Յովհաննու 13։17) Այս կերպով լաւ յարաբերութեան մէջ պիտի գաք Եհովայի հետ, ա՛յն Աստուծոյն՝ որ բարութեամբ եւ ողորմութեամբ լեցուն է եւ որ կրնայ ձեզ վարձատրել յաւիտենական կեանքով։

[Ստորանիշ էջ 4]

a Գինեմոլութենէն բուժուիլը դիւրին հարց մը չէ, յաճախ արհեստավարժ օգնութեան կը կարօտի։ Տես Զարթի՛ր Մայիս 22, 1992–ի թիւը, որ գօտակար տեղեկութիւններ կու տայ այս նիւթին շուրջ։

[Նկար՝ էջ 5]

Ձեր ապրելակերպը կեանքի հանդէպ յարգանք կ’արտացոլացնէ՞։

[Նկար՝ էջ 6]

Աստուծոյ նոր աշխարհը առիթ պիտի տայ որ կեանքի հաճոյքները յաւիտեան վայելենք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել