Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 2 էջ 4-6
  • Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՞Վ ՏՈՒԱՒ ՆՈՒԷՐԸ
  • ԻՆՉՈ՞Ւ ՏՐՈՒԵՑԱՒ
  • Ի՞ՆՉ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՂԱՒ
  • ԻՍԿԱԿԱՆ ՊԷՏՔ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎԵՑ
  • Բոլոր նուէրներուն մէջ՝ լաւագոյն նուէրը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Աննման նուէր մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրը՝ փրկանքը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 2 էջ 4-6

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՐԳԵՒԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴՈՒՆԻ՞Ս

Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր է

Ի՞նչ բաներ նուէրը արժէքաւոր կը դարձնեն աչքիդ։ Շատ հաւանաբար չորս բաներ. 1) ո՞վ նուէրը տուաւ քեզի, 2) ինչո՞ւ տուաւ, 3) նուէրը տալու համար ի՞նչ զոհողութիւն եղաւ, եւ 4) ատիկա իսկական պէտք մը ապահովե՞ց։ Այս բաներուն մասին մտածելը կ’օգնէ որ աւելի գնահատենք փրկանքը, որ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրն է։

Ո՞Վ ՏՈՒԱՒ ՆՈՒԷՐԸ

Եհովային գահը

Կարգ մը նուէրներ արժէքաւոր են, քանի որ զանոնք մեզի տուած է հեղինակութիւն ունեցող անձ մը կամ մէկը որ շատ կը յարգենք։ Կան ուրիշ նուէրներ որ դրամական մասնաւոր արժէք մը չունին, բայց մեր աչքին մեծ արժէք ունին, քանի որ զանոնք մեզի տուած է ընտանիքի անդամ մը կամ մտերիմ բարեկամ մը։ Ասիկա էր պարագան Ռասըլին կողմէ Ճօրտընին տրուած նուէրին, ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք։ Լաւ, ի՞նչ ըսենք փրկանքին մասին։

Առաջին, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք» (Ա. Յովհաննէս 4։9)։ Ասիկա շատ արժէքաւոր կը դարձնէ այս նուէրը։ Մէկը չկայ որ Աստուծմէ աւելի հեղինակութիւն ունի։ Սաղմոսերգու մը Աստուծոյ մասին գրեց. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղմոս 83։18)։ Ան ամէնէն բարձր դիրք ունեցողն է, որմէ կրնանք նուէր ստանալ։

Երկրորդ, Աստուած «մեր Հայր»ն է (Եսայի 63։16)։ Ինչպէ՞ս։ Ան կեանք տուաւ մեզի եւ հօր մը պէս հոգ կը տանի մեզի։ Աստուած իր անցեալի ժողովուրդին մէկ մասին Եփրեմ կոչելով ըսաւ. «Միթէ Եփրեմ իմ պատուական որդի՞ս է, կամ սիրական զաւա՞կ մըն է. . . իմ աղիքս կը գալարի անոր համար. անշուշտ անոր ողորմութիւն պիտի ընեմ» (Երեմիա 31։20)։ Ներկայիս, ան նոյն բանը կը զգայ զինք պաշտողներուն հանդէպ։ Ան ո՛չ միայն մեր ամենակարող Ստեղծիչն է, այլեւ՝ մեր հաւատարիմ Հայրն ու Բարեկամը։ Ուրեմն, չե՞ս համաձայնիր որ իրմէ եկած նուէրը շատ արժէքաւոր կ’ըլլայ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՏՐՈՒԵՑԱՒ

Յիսուս Քրիստոս

Կարգ մը նուէրներ արժէքաւոր են, քանի որ սէրէ մղուած տրուած են եւ ոչ թէ իբր պարտականութիւն։ Եթէ անձ մը իրապէս անձնազոհ է, իր տուածին փոխարէն բան մը չի սպասեր։

Աստուած իր Որդին մեզի համար տուաւ, քանի որ մեզ կը սիրէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց»։ Ինչո՞ւ համար։ «Որպէս զի անոր միջոցով ապրինք» (Ա. Յովհաննէս 4։9)։ Աստուած ստիպուա՞ծ էր ասիկա ընել։ Անշուշտ ո՛չ։ Քրիստոս Յիսուսին փրկանքը կը յայտնէ Աստուծոյ շնորհքը (Հռովմայեցիս 3։24)։ Ինչպէ՞ս։

Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռովմայեցիս 5։8, 9)։ Աստուած սէրէ մղուած քայլ առաւ մեղաւոր, անկարող եւ անօգնական մարդոց օգտին համար։ Մենք այդ սիրոյն արժանի չէինք, ոչ ալ կրնանք որեւէ ձեւով փոխադարձել։ Մարդկային պատմութեան մէջ չէ եղած ուրիշ բան մը, որ ասկէ աւելի սէր արտայայտած է։

Ի՞ՆՉ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՂԱՒ

Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ

Կարգ մը նուէրներ արժէքաւոր են, քանի որ տուողը մեծ զոհողութեամբ տուած է զանոնք։ Երբ մէկը պատրաստ ըլլայ իր աչքին արժէքաւոր եղող բանէ մը վազ անցնելու եւ զայն մեզի տայ, մեր աչքին շատ մեծ արժէք կ’ունենայ այդ նուէրը։

Աստուած «իր միածին Որդին տուաւ» (Յովհաննէս 3։16)։ Որդին իր սրտին ամէնէն սիրելին էր։ Յիսուս Աստուծոյ հետ աշխատեցաւ այն երկա՜ր տարիներուն ընթացքին որ Աստուած տիեզերքը կը ստեղծէր, եւ անոր զուարճութիւնը դարձաւ (Առակաց 8։30)։ Յիսուս Աստուծոյ «սիրելի Որդի»ն է եւ «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկեր»ն է (Կողոսացիս 1։13-15)։ Իրենց միջեւ եղած կապը՝ մինչեւ հիմա գոյութիւն ունեցող ամէնէն մտերիմ կապն է։

Աստուած իրապէս «իր Որդիին չխնայեց» (Հռովմայեցիս 8։32)։ Եհովան մեզի համար իր լաւագոյնը տուաւ։ Ան ամէնէն մեծ զոհողութիւնը ըրաւ այս նուէրը տալով։

ԻՍԿԱԿԱՆ ՊԷՏՔ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎԵՑ

Կան նուէրներ որ արժէքաւոր են, քանի որ իսկական պէտք մը կ’ապահովեն, թերեւս նոյնիսկ ճիշդ յարմար ժամանակին։ Օրինակ՝ որքա՜ն շնորհակալ պիտի ըլլայիր մէկէ մը, որ յօժար սրտով պիտի վճարէր ընելիք գործողութեանդ գինը, որուն համար դրամ չունէիր եւ կեանքդ կախեալ էր ատկէ։ Այդ նուէրը շատ արժէքաւոր պիտի ըլլար, չէ՞։

«Ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կորնթացիս 15։22)։ Բոլորս Ադամին սերունդն ենք եւ այս պատճառով ‘կը մեռնինք’։ Չենք կրնար հիւանդութենէն եւ մահէն փախչիլ, ոչ ալ կրնանք մենք մեզ հաշտեցնել Աստուծոյ հետ եւ յանցանք չունենալ իր աչքին։ Նաեւ չենք կրնար մենք մեզ կամ ուրիշները «կենդանի» ընել։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը, ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել, քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը, երբեք կարելի չէ գոհացնել» (Սաղմոս 49։7, 8)։ Մենք օգնութեան շատ պէտք ունինք, քանի որ չենք կրնար փրկանքին գինը վճարել։ Եթէ օգնութիւն չստանանք, մեղքնալիք ենք։

Տարբեր ցեղերէ եւ տարիքէ մարդիկ

Եհովան սէրէ մղուած եւ սրտանց վճարեց մեր «գործողութեան» գինը, որպէսզի Յիսուսին միջոցաւ ‘ամէնքը կենդանի ըլլան’։ Փրկանքը ինչպէ՞ս կ’իրագործէ ասիկա։ «[Աստուծոյ] Որդիին Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ»։ Իսկապէս, անոնք որոնք կը հաւատան Յիսուսի թափած արիւնին, յոյսը կ’ունենան որ իրենց մեղքերը ներուին եւ յաւիտեան ապրին (Ա. Յովհաննէս 1։7. 5։13)։ Իսկ մեռնողները ինչպէ՞ս պիտի օգտուին փրկանքէն։ «Մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ [Յիսուսով] մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ» (Ա. Կորնթացիս 15։21)a։

Յիսուսին զոհէն զատ չկայ ուրիշ նուէր մը որ աւելի բարձր դիրք ունեցողի մը կողմէ տրուած է, կամ աւելի մեծ սիրոյ մը արտայայտութիւնն է։ Եհովա Աստուծմէ զատ ուրիշ մէկը չկայ որ մեզի համար այսքան զոհուած է։ Եւ չկայ ուրիշ նուէր մը որ ասկէ աւելի մեծ պէտք մը ապահովէ՝ մեզ մեղքէն ու մահէն ազատէ։ Իսկապէս, չկայ նուէր մը որ փրկանքին արժէքին քովէն կ’անցնի։

Որպէսզի աւելի տեղեկութիւն առնես Յիսուսի զոհին մասին եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատկէ օգտուիլ, դիտէ՛ Յիշէ Յիսուսի մահը տեսաերիզը www.jw.org/hy-latn կայքին մէջ։ Տե՛ս ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՏԵՍԱԵՐԻԶՆԵՐ։

a Մեռելներուն յարութիւն առնելուն մասին աւելի տեղեկութիւն ստանալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 7–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ եւ մատչելի է www.jw.org/hy-latn կայքին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել