Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 6 էջ 6-7
  • Բոլոր նուէրներուն մէջ՝ լաւագոյն նուէրը ի՞նչ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բոլոր նուէրներուն մէջ՝ լաւագոյն նուէրը ի՞նչ է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրը՝ փրկանքը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Քրիստոսի փրկանքը. Աստուծոյ փրկութեան կերպը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 6 էջ 6-7
Դրախտին մէջ ընտանիքներ

Բոլոր նուէրներուն մէջ ամէնէն մեծ նուէրը Աստուծոյ տուած փրկանքն է, որուն միջոցաւ մարդիկ կրնան յաւիտեան ապրիլ

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՆՈՒԷՐԸ Ի՞ՆՉ Է

Բոլոր նուէրներուն մէջ՝ լաւագոյն նուէրը ի՞նչ է

«Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ» (Յակոբոս 1։17)։ Անշուշտ, այս համարը կը խօսի մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ առատաձեռնութեան մասին։ Բայց մարդկութեան տուած Աստուծոյ նուէրներուն մէջ կայ նուէր մը, որ միւսներէն շատ աւելի մեծ է։ Ի՞նչ է ատիկա։ Յովհաննէս 3։16–ը մեզի կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։

Աստուծոյ միածին Որդին վստահաբար ամէնէն մեծ նուէրն է որ մէկը կրնայ իր կեանքին մէջ ունենալ, քանի որ անոր միջոցաւ կրնանք ազատիլ մեղքին, ծերութեան եւ մահուան գերութենէն (Սաղմոս 51։5. Յովհաննէս 8։34)։ Որքան ալ փորձենք, չենք կրնար մեր ուժով ազատիլ այդ գերութենէն։ Բայց քանի որ Աստուած մեզ շատ կը սիրէ, պէտք եղածը ըրաւ որ մեզ ազատէ։ Ան իր միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը որպէս փրկանք տուաւ, որպէսզի յաւիտենական կեանքի յոյսը տայ հնազանդ մարդոց։ Բայց փրկանքը ճիշդ ի՞նչ է, ինչո՞ւ կարեւոր է եւ ինչպէ՞ս կրնանք իրմէ օգտուիլ։

Փրկանքը այն գինն է որ կը վճարուի, որպէսզի գրաւուած բան մը ետ գնուի, կամ որպէսզի մէկը գերութենէ ազատի։ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ որ մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան, առանց մեղքի ստեղծուեցան, եւ իրենց բերելիք սերունդին հետ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունէին (Ծննդոց 1։26-28)։ Ցաւօք սրտի, անոնք բոլոր այս բաները կորսնցուցին եւ մեղաւոր դարձան, քանի որ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Ադամ իր սերունդին փոխանցեց մեղքը եւ ատոր հետեւանքը՝ մահը, փոխանակ կատարեալ կեանք փոխանցելու։

Փրկանքին պարագային, վճարուելիք գինը պէտք է հաւասար ըլլայ կորսուած բանին գինին։ Երբ Ադամ դիտմամբ անհնազանդ գտնուեցաւ Աստուծոյ, մեղք գործեց եւ իր կեանքը կորսնցուց, որ կատարեալ մարդկային կեանք էր։ Այս պատճառով, անոր սերունդը գերի դարձաւ մեղքին ու մահուան։ Ուրեմն պէտք կար որ ուրիշ կատարեալ կեանք մը՝ Յիսուսին կեանքը որպէս զոհ տրուէր, որպէսզի մարդիկ ազատէին այդ գերութենէն (Հռովմայեցիս 5։19. Եփեսացիս 1։7)։ Եթէ Աստուած սէրէ մղուած չվճարէր փրկանքը, մարդկութիւնը պիտի չունենար դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը, որ Ադամն ու Եւան կորսնցուցին (Յայտնութիւն 21։3-5)։

Կասկած չկայ թէ Աստուծոյ տուած փրկանքը բոլոր նուէրներուն մէջ ամէնէն մեծ նուէրն է, քանի որ կարելի կը դարձնէ որ մարդիկ յաւիտեան ապրին։ Հիմա նկատի առնենք նախորդ յօդուածին մէջ մեր քննարկած կէտերը, թէ ինչ բաներ արժէքաւոր կը դարձնեն նուէրը, եւ տեսնենք թէ փրկանքը ինչպէս հիմնուած է անոնց վրայ։ Այսպիսով պիտի անդրադառնանք որ փրկանքը «կատարեալ պարգեւ» է։

Մեր փափաքածը կարելի կը դարձնէ։ Որպէս մարդ արարած, մենք զօրաւոր ներքին փափաք ունինք որ անվերջ ապրինք (Ժողովող 3։11)։ Մենք մեր ուժով չենք կրնար ասիկա իրականացնել, բայց փրկանքին միջոցաւ ասիկա կարելի է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռովմայեցիս 6։23)։

Մեր պէտքը կը գոցէ։ Մարդիկ չէին կրնար փրկանքը կարգադրել։ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ. «Սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը, երբեք կարելի չէ գոհացնել» (Սաղմոս 49։8)։ Ուրեմն, մենք վերջին ծայր պէտք ունէինք Աստուծոյ օգնութեան, որպէսզի մեղքին ու մահուան գերութենէն ազատինք։ Բայց Աստուած ճիշդ պէտք եղածը տուած է՝ «Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով» (Հռովմայեցիս 3։23, 24)։

Ճիշդ ժամանակին է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Երբ դեռ մեղաւոր էինք. . . Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռովմայեցիս 5։8, 9)։ Որովհետեւ փրկանքը տրուեցաւ «երբ դեռ մեղաւոր էինք», ատիկա մեզի կը վստահեցնէ որ Աստուած շատ կը սիրէ մեզ, թէեւ մեղաւոր ենք։ Ասկէ զատ, փրկանքին միջոցաւ՝ շատ աղուոր օրհնութիւններ պիտի վայելենք ապագային, հակառակ որ ներկայիս պէտք է տոկանք մեղքին պատճառած բաներուն։

Հիանալի շարժառիթ մը կը յայտնէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ի՛նչը մղեց Աստուած որ իր Որդին զոհէ որպէս փրկանք. «Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։ Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց» (Ա. Յովհաննէս 4։9, 10)։

Ինչպէ՞ս կրնաս ցուցնել որ կը գնահատես ամէնէն մեծ նուէրը։ Յիշէ թէ Յովհաննէս 3։16–ի մէջ Յիսուս ըսաւ, թէ միայն անոնք որոնք իրեն ‘կը հաւատան’՝ պիտի փրկուին։ Ըստ Սուրբ Գիրքին, «հաւատք՝ կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք» (Եբրայեցիս 11։1, ՆԹ)։ Այս վստահութիւնը ունենալու համար շատ կարեւոր է որ ճշգրիտ գիտութիւն առնենք։ Այս պատճառով, քեզ կը քաջալերենք որ ժամանակ տրամադրես սորվելու Եհովա Աստուծոյ մասին, որ այս «կատարեալ պարգեւ»ը տուաւ։ Նաեւ քեզ կը քաջալերենք որ գիտնաս թէ ի՛նչ պէտք է ընես, որպէսզի յաւիտենական կեանքը վայելես, որ Յիսուսին զոհին միջոցաւ կրնաս ունենալ։

Այս բոլոր բաները կրնաս գիտնալ՝ կարդալով www.jw.org/hy-latn կայքին մէջ սուրբգրային նիւթերը։ Եհովայի վկաները ուրախութեամբ կրնան քեզի օգնել ասոր մէջ։ Մենք վստահ ենք որ մինչ այս ամէնէն մեծ նուէրին մասին գիտութիւն կ’առնես եւ ատկէ կ’օգտուիս, պիտի ըսես. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռովմայեցիս 7։25)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել