Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 2 էջ 3-4
  • Աննման նուէր մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աննման նուէր մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Բոլոր նուէրներուն մէջ՝ լաւագոյն նուէրը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Յիսուս Քրիստոս. իր պատգամը եւ դուն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 2 էջ 3-4
Տարիքով մեծ մարդ մը նաւէ տաշելիք մը կու տայ պզտիկ տղու մը

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՐԳԵՒԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴՈՒՆԻ՞Ս

Աննման նուէր մը

ՃՕՐՏԸՆԻՆ ձեռքին մէջ կայ նաւակի ձեւով տաշելիք մը։ Ատիկա բան մը չէ, բայց իր աչքին շատ մեծ տեղ ունի։ Ճօրտըն կը բացատրէ. «Մեր ընտանիքին բարեկամը եղող տարեց Ռասըլը ինծի տուաւ զայն երբ պզտիկ էի»։ Ռասըլին մեռնելէն ետք, Ճօրտըն իմացաւ որ ան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իր մեծ հօր եւ ծնողքին կեանքին մէջ։ Ան դժուար ժամանակներուն անոնց քովը եղած է։ Ճօրտըն կ’ըսէ. «Հիմա որ աւելի բաներ գիտեմ Ռասըլին մասին, այս պզտիկ նուէրը շատ աւելի արժէք ունի աչքիս»։

Ճօրտընին պատմութիւնը կը ցուցնէ, թէ նուէր մը կրնայ ո՛չ մէկ արժէք ունենալ կարգ մը մարդոց աչքին, բայց ատիկա կրնայ թանկագին ըլլալ ստացողին քով։ Սուրբ Գիրքը շատ արժէքաւոր նուէրի մը մասին կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։

Պահ մը մտածէ. նուէր մը որ յաւիտենական կեանք կրնայ տալ։ Ասկէ աւելի արժէքաւոր նուէր մը կրնա՞յ ըլլալ։ Ճիշդ է որ կարգ մը մարդիկ ատոր արժէքը չեն գիտեր, բայց ճշմարիտ քրիստոնեաներուն քով ատիկա «սուղ» կամ թանկագին է (Սաղմոս 49։8. Ա. Պետրոս 1։18, 19)։ Լաւ, Աստուած ինչո՞ւ իր Որդիին կեանքը որպէս նուէր տուաւ աշխարհին։

Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ պատճառը հետեւեալը ըսելով. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Առաջին մարդը՝ Ադամ գիտնալով անհնազանդ գտնուեցաւ Աստուծոյ, եւ այսպիսով մեղք գործեց։ Ան մահացաւ եւ իր ամբողջ սերունդին ալ փոխանցեց մահը։

«Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռովմայեցիս 6։23)։ Աստուած իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը ղրկեց երկիր, որպէսզի իր անձը զոհէ մարդոց համար եւ այսպիսով զանոնք ազատէ մահէն։ Այդ զոհին հիման վրայ, որ փրկանք կը կոչուի, ա՛ն որ Յիսուսին կը հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ (Հռովմայեցիս 3։24)։

Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ Աստուծոյ տուած բոլոր օրհնութիւններուն մասին Պօղոս կ’ըսէ. «Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար» (Բ. Կորնթացիս 9։15)։ Փրկանքը այնքա՛ն հոյակապ է որ չենք կրնար զայն լման բացատրել։ Բայց ինչո՞ւ փրկանքը Աստուծոյ տուած նուէրներուն ամէնէն աչքառուն է։ Ատիկա ինչո՞ւ չի նմանիր ուրիշ որեւէ նուէրիa։ Եւ ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք ատոր։ Քեզ կը քաջալերենք որ այս հարցումներուն պատասխանները Սուրբ Գիրքէն առնես յաջորդ երկու յօդուածներուն միջոցաւ։

a Յիսուս յօժար սրտով «իր կեանքը մեզի համար տուաւ» (Ա. Յովհաննէս 3։16)։ Բայց քանի որ Յիսուսին զոհը Աստուծոյ նպատակին մէկ մասն էր, այս յօդուածաշարքը կը կեդրոնանայ Աստուծոյ դերին վրայ որպէս փրկանքի կարգադրութիւնը Ընողը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել