Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 3/1 էջ 22-26
  • Ուրախանանք՝ մեր հոյակապ Ստեղծիչով

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրախանանք՝ մեր հոյակապ Ստեղծիչով
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Զայն Արագացնել’
  • Յաւելեալ Յաւելումին Հոգ Տանիլ
  • Մէկ Միլիառ Ժամ
  • Շինարարական Ազդու Յայտագիր մը
  • Եհովան փառաբանող շինարարութիւն
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 3/1 էջ 22-26

Ուրախանանք՝ մեր հոյակապ Ստեղծիչով

«Իսրայէլ թող ուրախանայ իր [հոյակապ Ստեղծիչով]. Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց [Թագաւորով]»։—ՍԱՂՄՈՍ 149։2

1. Հակառակ «վե՜րջապէս ազատութիւն» կանչերուն, մարդկութեան իրական վիճակը ի՞նչ է։

ՆԵՐԿԱՅ աշխարհը «ցաւեր»ով հարուածուած է։ Յիսուս այս արտայայտութիւնը գործածեց «իրերու դրութեան վախճանին» մասին իր մարգարէութեան մէջ. աղիտալի դարաշրջան մը՝ որ սկսաւ 1914–ի առաջին աշխարհամարտով։ (Մատթէոս 24։3–8) Շատ մը քաղաքագէտներ միայն աղօտ ապագայ մը կը նախատեսեն։ Հակառակ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ «վե՜րջապէս ազատութիւն» կանչերուն, այդ շրջանէն եղող նախկին նախագահ մը վիճակը սա կերպով ամփոփեց. «Բնակչութեան պայթումը եւ ջերմանոցի ազդեցութիւնը, օզոնի խաւին մէջ բացուածքները եւ ԱԴԱ–ն [AIDS], կորիզային ահաբեկչութեան սպառնալիքը եւ հարուստ հիւսիսին ու աղքատ հարաւին միջեւ երթալով աւելի լայն բացուածքը, սովի վտանգը, մեր մոլորակի կենսածիրին եւ հանգային աղբիւրներուն սպառումը, հեռատեսիլի վաճառականական մշակոյթի ընդարձակումը եւ շրջանային պատերազմներուն երթալով աւելցող սպառնալիքը, այս բոլորը, տակաւին ուրիշ հազարաւոր ազդակներու միանալով, ընդհանուր սպառնալիք մը կը ներկայացնեն մարդկութեան»։ Մարդկային ո՛չ մէկ զօրութիւն կրնայ այս անխուսափելի աղետի սպառնալիքը չէզոքացնել։—Երեմեայ 10։23

2. Մարդկութեան խնդիրներուն մնայուն լուծումը ո՞վ ունի, եւ ան արդէն ի՞նչ քայլեր առած է։

2 Կրնանք ուրախ ըլլալ սակայն, որ մեր Հոյակապ Ստեղծիչը վերջնական լուծում մը ունի։ Յիսուսի մարգարէութեան մէջ, «իրերու դրութեան վախճան»ը կապուած է իր անտեսանելի «գալուստին [ներկայութեան (ՆԱ)]» հետ։ (Մատթէոս 24։3, 37–39) ‘Նոր երկինք’ը ստեղծելու համար, Եհովա Յիսուսը գահակալեց որպէս Մեսիական Թագաւոր. մարգարէական իրողութիւն մը՝ որ ցոյց կու տայ թէ այս պատմական դէպքը տեղի ունեցաւ երկնքի մէջ՝ 1914–ին։a (Բ. Պետրոս 3։13) Գերիշխան Տէր Եհովայի հետ որպէս ընկերակից Իշխան մը, Յիսուս հիմա յանձնարարութիւն ստացած է ազգերը դատել եւ երկրի հեզ, ոչխարանման անհատները յամառ այծանմաններէն զատել։ Ամբարիշտ «այծերը» կը նշուին «յաւիտենական կործանումի (ՆԱ)», իսկ «ոչխարները»՝ Թագաւորութեան երկրային ծիրին մէջ յաւիտենական կեանքի։—Մատթէոս 25։31–34, 46

3. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ցնծալու ի՞նչ պատճառ ունին։

3 Երկրի վրայ գտնուող հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը, որու ներկայիս միացած է այս հնազանդ ոչխարներէն բաղկացած մեծ բազմութիւն մը, ամէն պատճառ ունի յաւիտենական Թագաւորով՝ Եհովայով ուրախանալու, որ իր հոյակապ նպատակները յանգումի մը կը բերէ իր Որդւոյն Թագաւորութեան միջոցաւ։ Անոնք կրնան ըսել. «Ես Տէրոջմով մեծապէս պիտի ցնծամ ու իմ հոգիս իմ Աստուծմովս պիտի ուրախանայ. քանզի ինծի փրկութեան հանդերձներ հագցուց ...։ Քանզի ինչպէս երկիր իր տունկը կ’աճեցնէ ու պարտէզը իր մէջ ցանուածները կը բուսցնէ, այնպէս Տէր Եհովան բոլոր ազգերուն առջեւ արդարութիւն ու գովութիւն պիտի բուսցնէ»։ (Եսայեայ 61։10, 11) Բոլոր ազգերէն հաւաքուած, Եհովայի փառքը երգող այս միլիոնաւոր անհատները ապացոյց մըն են որ այս ‘բուսնիլը’ տեղի ունեցած է։

‘Զայն Արագացնել’

4, 5. (ա) Աստուծոյ ժողովուրդին հաւաքումը ինչպէ՞ս նախագուշակուած էր։ (բ) 1992–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին ի՞նչ աչքառու յաւելումներ եղած են։

4 Մինչ Սատանայի դրութեան վախճանը կը մօտենայ, այս հաւաքումը կ’արագանայ։ Մեր Հոյակապ Ստեղծիչը կ’ըսէ. «Քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ ... իմ տնկած տունկս՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ։ Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. Ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ [արագացնեմ (ՆԱ)] ասիկա»։ (Եսայեայ 60։21, 22) Եհովայի Վկաներու 1992–ի ծառայութեան Տարուան Համաշխարհային Տեղեկագրութիւնը հոյակապ կերպով կ’արտացոլացնէ այս արագացումը։

5 Այս տեղեկագրութեան մէջ աչքառու է Թագաւորութեան հրատարակիչներու նոր գագաթ թիւը՝ 4,472,787, անցեալ տարուընէ 193,967 հոգի աւելի. 4,5 առ հարիւր յաւելում մը։ Իսկ 1992–ին, 301,002 մկրտուողներու գագաթ թիւն ալ կ’արտացոլացնէ այն իրողութիւնը թէ բազմութիւններ կ’ընդունին Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը։ Հիմա ուրախ ենք որ այս «խաւարի ու մէգի օր»ուան մէջ, «շատուոր ու զօրաւոր ժողովուրդ մը» կայ, որ մարախներու երամներու նման, Թագաւորութեան վկայութիւնը կը հասցնեն «մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Յովելեայ 2։2, 25. Գործք 1։8) Սառնամած Ալասքայէն, ուր Դիտարանի Ընկերութեան օդանաւը աւելի քան 50 շրջապտոյտներ կատարած է սառնապատ թաղամասերուն մէջ, մինչեւ Մալիի եւ Պուրգինա Ֆասոյի խանձուած անապատները եւ Միքրոնեզիոյ ցրուած կղզիները, Եհովայի ծառաները կը փայլին որպէս ‘ազգերուն լոյս ..., որպէսզի մինչեւ երկրին ծայրը իր փրկութիւնը ըլլայ’։—Եսայեայ 49։6

6, 7. Վերջին տարիներուն ի՞նչ անակնկալ փոփոխութիւններ եղած են, եւ Եհովայի ծառաները ինչպէ՞ս հակազդած են անոնց։

6 Եհովա, ամրոցի մը ու զօրաւոր աշտարակի մը նման պաշտպանած եւ պահած է իր ժողովուրդը։ Երկրի շատ մը մասերուն մէջ, Եհովայի Վկաները տասնեակ տարիներէ ի վեր բիրտ ճնշումի եւ հալածանքի տոկացած են։ (Սաղմոս 37։39, 40. 61։3, 4) Բայց վերջերս, կարծես թէ հրաշքի մը պէս, շուրջ 21 երկիրներու մէջ արգելքները եւ խոչընդոտները վերցուեցան, այնպէս որ Աստուծոյ ծառաները հիմա ազատօրէն կը ծանուցանեն որ մեր Հոյակապ Ստեղծիչը Քրիստոսը գահակալած է որպէս երկրին Թագաւորը։—Սաղմոս 2։6–12

7 Եհովայի ծառաները իրենց նոր գտած ազատութիւնը լաւ կերպով կը գործածե՞ն։ Պուլկարիան, Ռումանիան եւ Արեւելեան Եւրոպայի նախկին Սովետական Միութիւնը, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի մէջ Անկոլան, Պէնինը եւ Մոզամպիքը մեծ յաւելումներ ունեցած են։ Զայիրի մէջ ալ յաւելումը հսկայական է։ Իրենց սրտերը ուրախութեամբ յորդած, մեր ազատագրուած եղբայրները կ’ընդառաջեն այս կոչին. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասնզի բարի է. ... Մինակ մեծ հրաշքներ ընողէն, վասնզի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ (Սաղմոս 136։1, 4) Այս շնորհակալութիւնները կ’արտայայտուին ուրիշ ոչխարանման անհատներ Թագաւորութեան կողմը հաւաքելու նախանձախնդիր ծառայութեամբ։

8. Արեւելեան Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ, Եհովան նոր փառաբանողները ինչպէ՞ս «կը թռչին ամպի պէս»։

8 Անցեալ ամառ, Եւրոպայի նախկին Համայնավար երկիրներուն մէջ Եհովայի ժողովուրդին համաժողովներուն արտակարգ ներկայութիւն մը արձանագրուեցաւ։ Սակայն աւելի ապշեցուցիչ էր մկրտուողներուն թիւը։ Նոյնպէս Թոկոյի մէջ (Ափրիկէ), արգիլումը վերցուեցաւ Դեկտեմբեր 10, 1991–ին եւ յաջորդ ամիսն իսկ համաժողով մը կազմակերպուեցաւ։ Թէեւ ծառայութեան մասնակցող հրատարակիչներու միջինն է՝ 6,443, այս համաժողովին յաճախողներուն թիւը բարձրացաւ 25,467–ի, որոնցմէ 556–ն մկրտուեցան. հրատարակիչներու թիւին 8,6 առ հարիւրը։ Ինչպէս Եսայեայ 60։8–ն կը նկարագրէ, Եհովան նոր փառաբանողները «կը թռչին ամպի պէս ու դէպի իրենց վանդակը [Եհովայի ժողովուրդին ժողովքներուն մէջ] թռչող աղաւնիներու պէս»։

9. Ի՞նչ կարգադրութիւններ եղած են, որպէսզի վերջերս իրենց ազատութիւնը գտած Քրիստոնեաները կարենան ‘ուտել ու կշտանալ’։

9 Արեւելեան Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ հոգեւոր կերակուրի անօթութիւնն ալ կը մեղմացուի։ Դիտարանի Ընկերութեան տպարանները, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, բերձուած բեռնակարգերով բազմաթիւ լեզուներով գրականութիւններ ղրկած են հոգեւորապէս սոված այս երկիրները։ Նախապէս, Վկաներէն շատեր մաշած պարբերաթերթեր ձեռքէ–ձեռք կ’անցնէին, բայց հիմա առատօրէն հոգեւոր կերակուր կը ստանան։ Անոնք ուրախ են որ հետեւեալ մարգարէութեան կատարման կը մասնակցին. «Առատօրէն պիտի ուտէք ու կշտանաք ու ձեր Տէր Աստուծոյն տունը պիտի օրհնէք, որ ձեզի համար հրաշքներ ըրաւ»։—Յովելեայ 2։26

Յաւելեալ Յաւելումին Հոգ Տանիլ

10. Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներուն մեծ թիւին ի տես, ի՞նչ հրաւէր տրուած է բոլոր հետաքրքրուած անհատներուն։

10 Արդարեւ ապշեցուցիչ է Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն թիւը. 11,431,171 հոգի։ Անցեալ տարուընէ 781,013 հոգի աւելի. 7,3 առ հարիւր յաւելում մը։ Բարի եկած էք դուք, ո՛վ նորեկներ։ Ի՜նչ սքանչելի պիտի ըլլար եթէ այս բոլոր նոր հետաքրքրուած անհատները կարենային Եհովայի Վկայի մը հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վայելել։ (Տես Եսայեայ 48։17։) Տարեկան ծառայութեան տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ ամէն ամիս 4,278,127 այսպիսի ուսումնասիրութիւններ կը վարուին. 8,4 առ հարիւր լաւ յաւելում մը։ Սակայն, տակաւին շատեր կրնան օգտուիլ այս կարգադրութենէն։ Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ կանոնաւորաբար կ’այցելեն հետաքրքրուած անհատներուն, անոնց տան մէջ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը վարելու համար, անոնց օգնելով որ իրենց ոտքերը ամրացնեն յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ։ (Յովհաննու 3։16, 36) Ինչո՞ւ չըխնդրէք այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը։ Նաեւ յիշեցէք որ միշտ ջերմ ընդունելութիւն մը կը սպասէ ձեզ Թագաւորութեան սրահին մէջ։—Սաղմոս 122։1. Հռովմայեցիս 15։7

11, 12. (ա) Կարգ մը երկիրներու մէջ ի՞նչ խնդիրներ կան։ (բ) Ի՞նչ կերպով «հաւասարութիւն» մը տեղի կ’ունենայ աւելի հարուստ եւ աւելի աղքատ երկիրներու միջեւ։

11 Այդ ժողովքները, որոնք գեղեցիկ Թագաւորութեան Սրահներ ունին, մեծապէս օրհնուած են։ Պարագան տարբեր է սակայն այն երկիրներուն ուր հաւատարիմ Վկաները պզտիկ խումբերով գաղտագողի իրար քով հաւաքուելով տարինե՜ր տոկացած են արգիլումներու։ Այսպիսի երկիրներէն շատեր հիմա ազատ են, բայց շատ քիչ Թագաւորութեան Սրահներ ունին։ Ափրիկեան երկրի մը մէջ, զոր օրինակ, 93 ժողովքներ միայն երեք Թագաւորութեան Սրահ ունին։ Ուստի ժողովները ընդհանրապէս տեղի կ’ունենան հսկայ դաշտավայրերու մէջ։ 150 հոգիէ բաղկացած ժողովք մը կանոնաւորաբար մինչեւ 450 ներկաներ կ’ունենայ ժողովներուն։

12 Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, ընդհանրապէս դժուար է ստացուածք մը գնել կամ կառուցանել, բայց կարգ մը բարեփոխութիւններ կը կատարուին այս ուղղութեամբ։ Լեհաստանի մէջ, նոր եւ գեղեցիկ մասնաճիւղի մը նաւակատիքը ծրագրուեցաւ Նոյեմբեր 28, 1992–ին։ Եհովայի Վկաներու համաշխարհային գործին համար եղած առատաձեռն նուիրատուութիւնները կը գործածուին սրահներու եւ ուրիշ գործարաններու շինութեան օգնելու։ Այս կերպով, եղբայրներ իրենց նիւթական «աւելին» առատօրէն կու տան, որպէսզի «հաւասարութիւն» մը ըլլայ, աննպաստ երկիրներու մէջ գտնուող ժողովքներուն հոգեւոր կարիքները հայթայթելու համար։—Բ. Կորնթացիս 8։13, 14

Մէկ Միլիառ Ժամ

13. 1992–ին, որքա՞ն ժամ յատկացուեցաւ քարոզելու եւ սորվեցնելու համար, եւ այս թիւերուն մէջ որո՞նց ջանքերը կ’արտացոլացուին։

13 Ի՞նչ կրնայիք ընել մէկ միլիառ ժամով։ Բոլոր անոնք որոնք յաւիտենական կեանք պիտի ստանան, պիտի կարենան այդքան եւ շատ աւելի ժամեր անցնել Եհովայի արդիւնաբեր եւ գոհացուցիչ ծառայութեան մէջ։ Բայց երեւակայեցէք այդ բոլոր ժամերը մէկ տարուան մէջ ամփոփել։ Եհովայի ժողովուրդը այդ է որ ըրաւ 1992–ի ընթացքին։ Թագաւորութեան բոլոր հրատարակիչներուն տեղեկագիրները իրարու վրայ գումարելով, կը հասնինք 1,024,910,434 ժամերու նոր գագաթի մը, ժամեր՝ որոնք լաւագոյն կերպով գործածուած են մեր Հոյակապ Ստեղծիչը փառաբանելու, «հրապարակաւ եւ տունէ տուն սորվեցնել»ով։ (Գործք 20։20, ՆԱ) Միջին հաշուով, ամէն ամիս 4,289,737 Վկաներ տեղեկագրութիւն տուած են։ Անոնք կեանքի բոլոր խաւերէն եկած են։ Անոնցմէ ոմանք կրնան սահմանափակ ժամանակ մը տրամադրել Թագաւորութեան գործին։ Անոնց մաս կը կազմեն ընտանիքի գլուխներ՝ որոնք իրենց ընտանիքին պէտքերը կը հոգան, տարեցներ եւ բազմաթիւ ուրիշներ՝ որոնք առողջութեան խնդիրներ ունին, ինչպէս նաեւ տակաւին դպրոցական եղողները։ Սակայն, իւրաքանչիւրին տուած տեղեկագրութիւնը Եհովայի հանդէպ իր ունեցած թանկագին սիրոյն արտայայտութիւնն է։—Բաղդատել Ղուկաս 21։2–4։

14. Երիտասարդներ ինչպէ՞ս ‘կը յիշեն իրենց Մեծ Ստեղծիչը’։

14 Երիտասարդ սերունդը Եհովայի ծառայութեան մէջ կը մեծնայ եւ բարեբախտաբար անոր մեծամասնութիւնը Ժողովողի 12։1–ին մէջ Սողոմոնի խօսքերը կը գործադրէ. «Քու [Մեծ] Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»։ Անոնք իրենց դպրոցական պարտականութիւնները լաւ կերպով կը կատարեն եւ իրենց բարեպաշտ ծնողներուն կողմէ հոգեւոր նիւթերու մէջ ալ մարզում կը ստանան։ Վերջին համաժողովներուն, ի՜նչ ուրախութիւն էր տեսնել մեծ թիւով պատանիներ որոնք մկրտութեան համար ոտքի ելլողներուն մէջ կը գտնուէին։ Նաեւ ուրախութիւն կը պատճառէ գիտնալ որ շատեր, կարգ մը արհեստներ կամ հմտութիւններ ձեռք ձգելով, շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ռահվիրայութիւն ընելու համար գործնական պատրաստութիւն կը տեսնեն։ Այս կերպով անոնք պիտի կարենան իրենց պէտքերը հոգալ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ’ընէր, երբեմն վրան շինելով։—Գործք 18։1–4

15, 16. Ռահվիրաները եւ ուրիշ լիաժամ ծառաները ի՞նչ կերպով նպաստած են Թագաւորութեան գործին յառաջացման, եւ անոնցմէ ոմանք ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած են։

15 Ռահվիրաները եւ ուրիշ լիաժամ ծառաները ի՜նչ հսկայական կերպով կը նպաստեն Թագաւորութեան գործին յառաջացման։ Անցեալ տարի, ռահվիրաներուն թիւը աւելցաւ 931,521–ի հասնելով։ Քանի որ անոնք ամէն օր տունէ տուն կը քարոզեն եւ մարդոց տուներուն մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, անոնք շատ ազդու կերպով կ’արտայայտուին, Աստուածաշունչը գործածելով։ Ասկէ զատ, շատեր, պայմանները լեցնելով, Ռահվիրաներու Ծառայութեան երկշաբաթեայ Դպրոցին մասնակցած են, ինչ որ իրենց օգնած է որ աւելի ատակ ըլլան եւ ուրախութիւն մշակեն Աստուծոյ գործը կատարելու մէջ։

16 Այս հաւատարիմ ռահվիրաներէն իւրաքանչիւրը կրնայ հաստատել Եսայեայ 50։4–ի խօսքերը. «Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, որպէսզի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին»։ Ներկայիս շատեր յոգնած են զիրենք շրջապատող ապականած աշխարհէն եւ որոնք մեր հաւատարիմ ռահվիրաներուն խօսքերուն մէջ հանգստութիւն կը գտնեն։—Բաղդատել Առակաց 15։23. Եզեկիէլ 9։4։

Շինարարական Ազդու Յայտագիր մը

17. Հոգեւոր կերտումէ զատ, ուրիշ ի՞նչ նիւթական շինարարութեան ականատես եղած ենք վերջին տարիներուն։

17 Եհովայի Վկաներուն համաշխարհային հոգեւոր բարգաւաճումը նիւթական աճման ալ կոչ կ’ընէ։ Տպարաններու, գրասենեակներու, Պէթէլի տուներու ընդարձակումը եւ Թագաւորութեան ու Համաժողովի Սրահներու կառուցումը անհրաժեշտութիւն մը կը դառնան։ Ուստի Եհովայի Վկաներէն կը պահանջուի որ բառին բուն առումով ալ շինողներ ըլլան։ Նման շինարարութիւն մը տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թագաւորի օրերուն։ Սողոմոն Եհովայի պաշտամունքին համար տաճարը կառուց այն յատակագծին համաձայն, որ «հոգիին ազդեցութիւնովը իրեն յայտնուած» էր. Եհովան տուած էր զայն անոր հօրը՝ Դաւիթ Թագաւորին։ (Ա. Մնացորդաց 28։11, 12) Ուստի, Սողոմոն ոչ միայն իր ունկնդիրները կերտեց իր անգին խօսքերով, այլ նաեւ՝ նիւթական անմրցելի շինարարութիւն մը առաջնորդեց։—Գ. Թագաւորաց 6։1. 9։15, 17–19

18, 19. (ա) Եհովայի կազմակերպութիւնը արագօրէն յառաջացող շինարարական ի՞նչ ծրագիրներ կը կատարէ։ (բ) Եհովայի հոգին ինչպէ՞ս բացայայտ եղած է թէ՛ նիւթական շինարարութեան եւ թէ հոգեւոր կերտումի մէջ։

18 Այսօր, Եհովայի Վկաները աստուածային ներշնչմամբ իրենց տրուած յատակագիծներով չեն կառուցաներ, բայց անոնք Աստուծոյ հոգին ունին։ Ինչպէս Իսրայէլի օրերուն, այս հոգին կը մղէ զիրենք որ ա՛յնպիսի կերպով մը շինեն, որ կ’ապշեցնէ աշխարհային մարդիկը։ (Զաքարեայ 4։6) Ժամանակը կարճ է։ Անյապաղ Թագաւորութեան Սրահներու եւ ուրիշ կառոյցներու կարիքը ունինք։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, արագօրէն կառուցուած Թագաւորութեան Սրահները այլեւս սովորական դարձած են։ Օրինակի համար, անցեալ 10 տարիներու ընթացքին, Գանատայի մէջ 306 սրահներ շինուեցան, իւրաքանչիւրը երկու օրուընէ նուազ ժամանակի մը մէջ։ Համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի գործին արագ ընդլայնումին պատճառաւ, ներկայիս 43 նոր մասնաճիւղեր կամ մասնաճիւղեր ընդարձակելու շինարարութիւններ կատարուելու վրայ են կամ ծրագրուած են։ Ասոնցմէ զատ, Պրուքլինի մէջ գրեթէ վերջանալու վրայ է 29 յարկանի շէնք մը, ուր պիտի կարենան բնակիլ Պէթէլի մէջ աշխատող շուրջ հազար կամաւորներ։ Նաեւ Նիւ Եորք Նահանգին՝ Փէթըրսընի մէջ, ցարդ Դիտարանի Ընկերութեան ձեռնարկած մեծագոյն ծրագիրը՝ Աստուածաշունչի ուսուցումի կեդրոնի մը շինարարութիւնը՝ կը յառաջանայ ծրագրուած ժամանակէն շատ աւելի արագ թափով։

19 Աշխարհի շինարարական լաւատեղեակ ընկերութիւններ կ’ապշին այս ծրագիրներուն արդիւնաբերութեան եւ գործի որակին վրայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայի նուիրուած Վկաներ մեծապէս կը նպաստեն այս ծրագիրներուն յաջողութեան։ Աստուծոյ հոգին զանոնք կը մղէ որ ոչ միայն նիւթական օժանդակութիւն հայթայթեն, այլ նաեւ՝ բոլոր սրտով իրենց ժամանակէն եւ կորովէն տան։ Շինարարութեան վայրը լաւ մարզուած, անձնուրաց աշխատաւորներով կը վխտայ։ Գործադուլ ընող, կամ գործէն փախուստ տուող չկայ։ Եհովայի հոգին կը մղէ զանոնք, ճիշդ ինչպէս որ Մովսէսի օրերուն տաղաւարը շինողները մղեց, իսկ Սողոմոնի օրերուն՝ տաճարը կառուցանողները։ Այդ գործաւորներէն պահանջուած գլխաւոր յատկութիւնն է՝ հոգեւորականութիւնը։—Բաղդատել Ելից 35։30–35. 36։1–3. 39։42, 43. Գ. Թագաւորաց 6։11–14։

20. (ա) Տակաւին բարի լուրը ո՞ր տարողութեամբ պիտի քարոզուի։ (բ) Եհովայի ժողովուրդին ի՞նչ օրհնեալ ապագայ մը կը սպասէ։

20 Տաճարի շինութիւնը ամբողջացնելէ ետք, Սողոմոն շարունակեց իր շինարարական ծրագիրը։ (Բ. Մնացորդաց 8։1–6) Չենք գիտեր թէ արդի վկայութեան գործը ո՛ր տարողութեամբ տակաւին պիտի ընդարձակուի, ինչ որ անհրաժեշտ կը դարձնէ սրահներու եւ ուրիշ կառոյցներու շինութիւնը։ Սակայն գիտենք որ երբ Թագաւորութեան այս բարի լուրը Եհովայի որոշած չափով քարոզուի, այն ատեն վախճանը՝ «մեծ նեղութիւն»ը՝ պիտի գայ։ (Մատթէոս 24։14, 21) Երկիրը այլեւս ագահ մարդոց կողմէ չապականուելով, ‘նոր երկնքի ու նոր երկրի’ Եհովայի կարգադրութիւնը անպատում օրհնութիւններ պիտի բերէ մարդկութեան։ Ուստի, Աստուծոյ ‘ստեղծագործութիւնով յաւիտեան ուրախանանք ու ցնծանք’, ամէն փառաբանութիւն տալով մեր Հոյակապ Ստեղծիչին։—Եսայեայ 65։17–19, 21, 25

[Ստորանիշ էջ 22]

a Տես «Քու Թագաւորութիւնդ Գայ» գրքին 105–16, 186–9 էջերը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Կրնա՞ք Բացատրել

◻ Մեր Հոյակապ Ստեղծիչով ուրախանալու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

◻ 1992–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին ի՞նչ յաւելումներ արձանագրուած են։

◻ Այն երկիրներուն մէջ ուր նախապէս վկայութիւնը արգիլուած էր, ի՞նչ ճոխ օրհնութիւններ տեղեկագրուած են։

◻ Երիտասարդներ եւ ռահվիրաներ ինչպէ՞ս նպաստած են Եհովայի կազմակերպութեան յաւելումին։

◻ Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՞ս զբաղած է թէ՛ նիւթական շինարարութեամբ եւ թէ հոգեւոր կերտումով։

[Շրջանակ՝ էջ 25]

Անցեալ տարի աւելի քան մէկ միլիառ ժամ յատկացուեցաւ քարոզելու եւ սորվեցնելու գործին

[Նկար՝ էջ 23]

Անցեալ տարի հարիւր հազարաւոր մկրտութեան թեկնածուներ ցոյց տուին որ Եհովա օրհնած է քարոզելու եւ սորվեցնելու գործը

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել