Բնական աղէտներ. Աստուա՞ծ պատասխանատու է
«ԱՍՏՈՒԱ՛Ծ իմ, ի՜նչ ըրիր մեզի»։
Այսպէս արտայայտուած է վերապրող մը, որ 13 Նոյեմբեր 1985–ին, Գոլոմպիոյ Նէվատօ տէլ Ռուիզ ձիւնապատ գագաթին հրաժայթքումին ականատես եղած է։ Անով պատճառուած հոսող տիղմը Արմէրօ քաղաքը ամբողջովին ծածկեց եւ մէկ գիշերուան մէջ աւելի քան 20,000 հոգի սպաննեց։
Այս վերապրողին հակազդեցութիւնը հասկնալի է։ Բնական ահաւոր ուժերու դիմաց իրենք զիրենք անօգնական զգալով, մարդիկ վաղուց ի վեր այսպիսի աղէտներ վերագրած են Աստուծոյ։ Հնադարեան մարդիկ ընծաներ մատուցանած եւ նոյնիսկ մարդկային զոհեր ըրած են ծովու, երկնքի, երկրի, լերան, հրաբուխի եւ ուրիշ վտանգաւոր աղբիւրներու չաստուածները հանդարտեցնելու համար։ Նոյնիսկ այսօր, ոմանք բնական աղէտները կ’ընդունին պարզապէս որպէս ճակատագիր, կամ որպէս աստուածային պատիժ։
Արդեօք իրապէս Աստուա՞ծ պատասխանատու է պատահած աղէտներուն որոնք ամբողջ աշխարհի մէջ այսքան տառապանքի եւ կորուստի պատճառ կ’ըլլան։ Զի՞նք պէտք է մեղադրենք։ Կարենալ պատասխանելու համար, աւելի մօտէն պէտք է քննենք այս աղէտներուն մէջ պարփակուած հարցերը։ Իրականութեան մէջ, պէտք է վերաքննենք կարգ մը ծանօթ իրողութիւններ։
Ի՞նչ Է «Բնական Աղէտ» մը
Երբ երկրաշարժ մը հարուածեց Չինաստանի Թանկշան քաղաքը եւ, ըստ Չինական պետական տեղեկագրութիւններուն, սպաննեց 242,000 անհատներ եւ երբ Անտրիւ Ոլորամրրիկը Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Ֆլորիտան ու Լուիզիանը քանդեց միլիառաւոր տոլարի վնասներ հասցնելով, այս բնական աղէտները միջազգային ուշադրութեան առարկայ դարձան։ Բայց, եթէ այդ երկրաշարժը Թանկշանէն 1,100 քմ. հիւսիս արեւմուտքը գտնուող Կոպիի Անապատը հարուածած ըլլար, կամ եթէ Անտրիւ Ոլորամրրիկը տարբեր ուղղութիւն մը առած եւ, առանց ցամաքամասին դպչելու, ծովուն մէջ սպառած ըլլար, անոնք նոյնիսկ մոռցուած պիտի ըլլային հիմա։
Որոշ է ուրեմն որ երբ բնական աղէտներու մասին կը խօսինք, պարզապէս բնական ուժերու աղետալի յայտնաբերումներուն մասին չենք խօսիր։ Ամէն տարի մեծ կամ պզտիկ հազարաւոր երկրաշարժներ տեղի կ’ունենան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ փոթորիկներ, կիկլոններ, ոլորամրրիկներ, ուրականներ, հրաբխային ժայթքումներ եւ ուրիշ ուժգին բներեւոյթներ, որոնք պարզապէս տեղ կը գրաւեն վիճակագրութիւններու մէջ։ Սակայն, երբ այսպիտի դէպքեր կեանքի եւ ստացուածքի մեծ կորուստներ պատճառեն եւ բնական ապրելակերպը խանգարեն, աղէտներ կը դառնան։
Պէտք է նկատել որ վնասներն ու պատճառուած կորուստները միշտ խնդրոյ առարկայ բնական տարրերու զօրութեան համեմատութեամբ չեն։ Պայման չէ որ մեծագոյն աղէտը պատճառուի բնական ուժերու ամենէն զօրաւոր յայտնաբերումով։ Օրինակի համար, 1971–ին, Ռիշթէրի աստիճանով 6.6 սաստկութեամբ երկրաշարժ մը Ա.Մ.Ն.–ու Գալիֆորնիոյ Սան Ֆէրնանտօ քաղաքը հարուածեց եւ 65 հոգի սպաննեց։ Տարի մը ետք, Նիգարակուայի Մանակուա քաղաքին մէջ 6.2 աստիճանի շարժ մը 5,000 հոգի սպաննեց։
Հետեւաբար, կրնանք բնական աղէտներուն աւելի կործանարար ըլլալուն մասին հարց տալ. Բնական աղէ՞տները աւելի սաստկացած են թէ ոչ մարդկային գործունէութիւններ նպաստած են անոնց սաստկութեան։
Ո՞վ Պատասխանատու Է
Աստուածաշունչը Եհովա Աստուած կը բնորոշէ որպէս ամէն բանի Մեծ Ստեղծիչը, մէջը ըլլալով՝ երկրին բնական ուժերը։ (Ծննդոց 1։1. Նէեմեայ 9։6. Եբրայեցիս 3։4. Յայտնութիւն 4։10) Ասիկա չի նշանակեր որ ան պատճառ կ’ըլլայ հովի ամէն շարժումին կամ անձրեւի ամէն ջաղբին։ Այլ ան կարգ մը օրէնքներ սահմանած է, որոնցմով կը կառավարուին երկիրն ու անոր միջավայրը։ Օրինակի համար, երկրի վրայ կեանքը կարելի դարձնելու համար, Ժողովողի 1։5–7–ին մէջ, երեք հիմնական գործողութիւններու մասին կը կարդանք. արեւուն առօրեայ ծագիլն ու մար մտնելը, հովերուն անփոփոխելի ընթացքը եւ ջուրի շրջանը։ Մարդիկ ասոնց գիտակցին կամ ոչ, այս բնական դրութիւնները եւ երկրի կլիմայական, երկրաբանական եւ բնապահպանման դրութեան նման ուրիշներ կը գործեն հազարաւոր տարիներէ ի վեր։ Իրականութեան մէջ, Ժողովողիի հեղինակը ստեղծագործութեան անփոփոխ եւ անվերջ ճամբաներուն եւ մարդկային կեանքին վաղանցիկ բնոյթին միջեւ գտնուող հակապատկերին վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ։
Եհովա ոչ միայն բնական ուժերուն Ստեղծիչն է, այլ նաեւ ան զանոնք իր հսկողութեան տակ առնելու զօրութիւնը ունի։ Աստուածաշունչին մէջ յաճախ կը կարդանք թէ Եհովա ի՛նչպէս այս ուժերուն կը տիրապետէ եւ իր նպատակին գործադրութեան համար կը գործածէ զանոնք։ Ասոնց մաս կը կազմեն Մովսէսի օրերուն, Կարմիր Ծովուն ճեղքուիլը եւ Յեսուի ժամանակ, իրենց ընթացքին մէջ արեւուն ու լուսնին երկնքի մէջ անշարժացումը։ (Ելից 14։21–28. Յեսուայ 10։12, 13) Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին եւ խոստացեալ Մեսիան՝ ալ բնական ուժերուն վրայ իր ունեցած հեղինակութիւնը ցոյց տուաւ, երբ, զոր օրինակ, Գալիլիոյ ծովուն վրայ փոթորիկ մը հանդարտեցուց։ (Մարկոս 4։37–39) Այսպիսի պատմութիւններ ամէն կասկած կը վանեն երկրին ազդող բոլոր բաները ղեկավարելու Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ ունեցած կարողութեան վրայ։—Բ. Մնացորդաց 20։6. Երեմեայ 32։17. Մատթէոս 19։26
Պարագան այս ըլլալով, կրնա՞նք Աստուած պատասխանատու համարել վերջերս բնական աղէտներուն պատճառած զանգուածային քանդումին եւ կործանումին աւելնալուն համար։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, նախ նկատի պէտք է առնենք թէ արդեօք ապացոյց կա՞յ որ վերջերս բնական ուժերը աւելի սաստկացած եւ թերեւս անղեկավարելի դարձած են։
Այս առնչութեամբ, նկատեցէք թէ գիրք մը (Natural Disasters—Acts of God or Acts of Man?) ի՞նչ կ’ըսէ. «Ապացոյց չկայ որ երաշտներու, հեղեղներու եւ կիկլոններու նպաստող կլիմայական բներեւոյթները կը փոխուին։ Իսկ ո՛չ մէկ երկրաբան կը դաւանի որ երկրաշարժներուն, հրաբուխներուն եւ ծովու յորձանքներուն ընկերակցող երկրի շարժումները աւելի սաստկացած են»։ Նոյնպէս, Earthshock խորագրով գիրքը դիտել կու տայ. «Իւրաքանչիւր ցամաքամասի ժայռերը մեծ կամ պզտիկ երկրաբանական պատահարներու անթիւ արձանագրութիւններ կը պարունակեն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մարդկութեան համար աղէտի մը պիտի վերածուէր, եթէ այսօր պատահէր. իսկ գիտականօրէն վստահ ենք որ այսպիսի իրադարձութիւններ ապագային կրկին ու կրկին պիտի պատահին»։ Ուրիշ խօսքով, երկիրը եւ անոր սաստիկ ուժերը վերիվերոյ նոյնը մնացած են դարերու ընթացքին։ Հետեւաբար, կարգ մը վիճակագրութիւններ երկրաբանական կամ ուրիշ մարզերու մէջ յաւելումներ ցոյց տուած են կամ ոչ, վերջին ժամանակներուն երկրի ուժերը անղեկավարելիօրէն չեն սաստկացած։
Այդ պարագային, ի՞նչ բան նպաստած է բնական աղէտներուն յաճախականութեան եւ աւերներուն յաւելումին, որոնց մասին կը կարդանք։ Եթէ բնական ուժերը այպանելի չեն, ուրեմն այպանելին մարդիկ են։ Արդարեւ, հեղինակութիւններ ընդունած են որ մարդկային գործունէութիւններ մեր միջավայրը բնական աղէտներու աւելի ատակ եւ անոնց դէմ անպաշտպան դարձուցած են։ Զարգացումի վրայ եղող երկիրներու մէջ, ուտելիքի յաւելեալ կարիքը հողագործներուն կը ստիպէ, որ իրենց ունեցած արտերը գերմշակեն կամ այդ հողերը բերրի դարձնեն, կենսական եղող անտառային շրջաններու ծառերը վերացնելով։ Ասիկա հողային լուրջ մաշումի կ’առաջնորդէ։ Ծաւալող բնակչութիւնն ալ վտանգաւոր շրջաններու մէջ անխոհեմաբար շինուած աղտոտ թաղերու եւ խեղճուկ քաղաքներու աճը կ’արագացնէ։ Նոյնիսկ ամենէն յառաջադէմ երկիրներու մէջ, հակառակ տրուած ազդարարութիւններուն, մարդիկ իրենք զիրենք վտանգի կ’ենթարկեն, ինչպէս Գալիֆորնիոյ ՍԷն Էնտրիազ Ֆոթի մէջ ապրող միլիոնաւոր մարդիկը։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, երբ անսովոր դէպք մը՝ փոթորիկ մը, հեղեղ մը կամ երկրաշարժ մը՝ պատահի, կրնա՞նք այդ աղետալի պատահարը «բնական» կոչել։
Սահէլի (Ափրիկէ) մէջ պատահած երաշտը տիպական օրինակ մըն է։ Սովորաբար կը խորհինք որ երաշտը անձրեւի կամ ջուրի պակասի հետեւանք է, որ սովամահութեան եւ մահուան կ’առաջնորդէ։ Բայց այդ շրջանի զանգուածային սովամահութիւնը միայն ջուրի պակասի պատճառա՞ւ է։ Գիրք մը (Nature on the Rampage) կ’ըսէ. «Գիտական եւ օժանդակող գործակալներէն քաղուած ապացոյցները ցոյց կու տան որ ներկայ սովը ոչ թէ գոյատեւող երաշտի պատճառաւ կը շարունակուի, այլ՝ հողի եւ ջուրի գոյատեւող չարաշահութեան։ ... Սահէլի աստիճանաբար անապատ դառնալուն մեծապէս նպաստած է մարդը»։ Հարաւ Ափրիկեան լրագիր մը (The Natal Witness) դիտել կու տայ. «Սովին պատճառը ուտելիքի պակասը չէ, այլ՝ ուտելիք ձեռք ձգելու կարելիութեան պակասը։ Ուրիշ խօսքով, աղքատութեան պատճառաւ է»։
Նոյնը կարելի է ըսել ուրիշ աղէտներով պատճառուած շատ մը կործանումներու մասին։ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են որ աւելի աղքատ ազգերը բնական աղէտներէն պատճառուած համեմատաբար աւելի մահեր կ’արձանագրեն քան աւելի հարուստ ազգերը։ Օրինակի համար, ուսումնասիրութեան մը համաձայն, 1960–էն 1981, Ճաբոնի մէջ 43 երկրաշարժներ եւ ուրիշ աղէտներ եղած են եւ ընդամէնը 2,700 անհատներ մահացած են. միջին հաշուով իւրաքանչիւր աղէտի համար՝ 63 հոգի։ Նոյն ժամանակաշրջանին, Բերուի մէջ 31 աղէտներ պատահած են, 91,000 մահ պատճառելով, կամ իւրաքանչիւր աղէտի համար՝ 2,900 հոգի։ Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը։ Բնական ուժերը թերեւս պատճառ եղան այս աղէտներուն, բայց մարդկային գործունէութիւնները՝ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական՝ մեծաւ մասամբ պատասխանատու են կեանքի եւ ստացուածքի կորուստի այս մեծ տարբերութեան։
Լուծումները Ի՞նչ Են
Տարիներէ ի վեր, գիտնականներ եւ մասնագէտներ ջանացած են կերպեր գտնել բնական աղէտներուն հետ գլուխ ելլելու համար։ Անոնք երկրի խորքը կը քննեն, որպէսզի երկրաշարժներու եւ հրաբխային ժայթքումներու գործառնութիւններուն մասին հասկացողութիւն ձեռք ձգեն։ Անջրպետային արբանեակներու միջոցաւ, անոնք օդերեւութաբանութիւնը կ’ուսումնասիրեն, որպէսզի կիկլոններու եւ ոլորամրրիկներու ընթացքին հետեւին կամ հեղեղներն ու երաշտները նախատեսեն։ Անոնք կը յուսան որ այս հետազօտութիւններէն քաղուած տեղեկութիւնները բնական ուժերու պատճառած վնասները նուազեցնելու պիտի նպաստեն։
Այս ջանքերը վարձատրուա՞ծ են։ Այսպիսի ծախսալից եւ շատ ճարտար միջոցառումներու նկատմամբ, հետազօտիչ կազմակերպութիւն մը դիտել կու տայ. «Անոնք իրենց արժէքը ունին։ Բայց եթէ անոնց համար անհամեմատելի քանակութեամբ դրամ եւ ջանք վատնուի, եթէ անոնք որպէս չքմեղանք գործածուին, փորձանքներու ենթարկուած զոհերու ընկերութիւնը անտեսելու, անոնց աղէտը վատթարացնելով, այդ պարագային անոնք օգտակար ըլլալէ աւելի, վնասակար կ’ըլլան»։ Օրինակի համար, մինչ օգտակար է գիտնալ թէ Պանկլա Տէշի ծովեզերեայ գետաբերանը միշտ հեղեղներու եւ ծովախաղացքային ալիքներու ենթակայ է, սակայն այդ գիտութիւնը միլիոնաւոր Պանկլա Տէշցիներու արգելք չըլլար, որ հոն ապրին, քանի որ անոնք ստիպուած են։ Որպէս հետեւանք կրկնակի աղէտներ կը պատահին եւ հարիւր հազարաւորներ կը մահանան։
Յստակ է ուրեմն որ գիտարուեստական տեղեկութիւնը միայն որոշ չափով օգտակար է։ Նաեւ կարողութիւնը պէտք է ունենալ մարդոց օգնելու, որոնք ստիպուած են մասնաւորաբար վտանգաւոր եղող այդ շրջաններուն մէջ ապրիլ, կամ իրենց միջավայրը կործանելու նպաստող կերպերով ապրիլ։ Ուրիշ խօսքով, բնական տարրերուն կողմէ հասցուած վնասները ամոքելու համար, պէտք է վերակազմել ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական ամբողջ դրութիւնը՝ որու ներքեւ կ’ապրինք։ Ո՞վ կրնայ այսպիսի բան մը իրագործել։ Միայն այն Անձը որ կրնայ նոյնիսկ հսկել այս բաները պատճառող բնական ուժերուն վրայ։
Աստուծոյ Կատարելիք Արարքները
Եհովա Աստուած ո՛չ միայն մարդկային թշուառութեան ախտանիշներով պիտի զբաղի, այլ՝ անոնց բուն արմատով։ Ան վերջ պիտի դնէ քաղաքական, առեւտրական եւ կրօնական ագահ եւ հարստահարիչ դրութիւններուն որոնք ‘մարդուն վրայ իշխած են իրեն թշուառութեան համար’։ (Ժողովողի 8։9) Աստուածաշունչի ծանօթ եղողները գիտեն որ անոր մէջ բազմաթիւ մարգարէութիւններ կան, որոնք կը մատնանշեն ա՛յն ժամանակին, երբ Աստուած քայլեր պիտի առնէ երկիրը ամբարշտութենէ եւ տառապանքէ մաքրելու եւ խաղաղութեան ու արդարութեան երկրային դրախտ մը հաստատելու համար։—Սաղմոս 37։9–11, 29. Եսայեայ 13։9. 65։17, 20–25. Երեմեայ 25։31–33. Բ. Պետրոս 3։7. Յայտնութիւն 11։18
Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ այս մասին աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10) Մեսիական Թագաւորութիւնը ամէն անկատար իշխանութիւն պիտի վերցնէ եւ զանոնք պիտի փոխարինէ, ինչպէս Դանիէլ մարգարէն նախագուշակած է. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Դանիէլ 2։44
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ զոր ներկայ ազգերը չեն կրնար։ Աստուածաշունչը այդ գալիքին գրաւիչ նախապատկերը կը ներկայացնէ։ Սովին եւ աղքատութեան հակառակը, «ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը»եւ «դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ։ Անոնք իրենց երկրին վրայ ապահովութեամբ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 72։16. Եզեկիէլ 34։27) Իսկ մեր շրջապատին առնչութեամբ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։ ... Քանզի անապատին մէջ ջուրեր ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին։ Խորշակահար երկիրը լիճի պիտի դառնայ ու ծարաւուտ երկիրը ջուրի աղբիւրներ պիտի բղխեցնէ»։ (Եսայեայ 35։1, 6, 7) Այլեւս պատերազմներ պիտի չըլլան։—Սաղմոս 46։9
Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Եհովա Աստուած ի՛նչպէս պիտի իրագործէ այս բոլորը, կամ ի՛նչպէս պիտի հսկէ բնական ուժերուն վրայ, որպէսզի անոնք որեւէ վնաս չհասցնեն։ Բան մը որոշ է, սակայն, որ այդ արդար կառավարութեան ներքեւ բոլոր ապրողները «պարապ տեղ պիտի չաշխատին ու դժբախտութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին. քանզի անոնք Տէրոջը օրհնածներուն սերունդն են ու իրենց հետ իրենց զաւակներն ալ»։—Եսայեայ 65։23
Այս պարբերաթերթին էջերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Դիտարանի Ընկերութեան ուրիշ հրատարակութիւններուն մէջ, Եհովայի Վկաները կրկնակի ապացուցանած են որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ հաստատուած է 1914–ին։ Այդ Թագաւորութեան առաջնորդութեան ներքեւ, մօտաւորապէս 80 տարիներէ ի վեր վկայութիւն տրուած է համայն երկրի մէջ եւ հիմա խոստացուած «նոր երկնքի ու նոր երկրի մը» սեմին կը գտնուինք։ Մարդկութիւնը պիտի ազատի ո՛չ միայն բնական աղէտներու աւերումներէն, այլ նաեւ՝ այն ցաւերէն ու տառապանքներէն որոնք մարդկութիւնը հարուածած են անցեալ վեց հազար տարիներու ընթացքին։ Այդ ժամանակին մասին իրապէս կրնայ ըսուիլ՝ «առաջուան բաները անցան»։—Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։4
Ի՞նչ կրնանք ըսել, սակայն, հիմակուայ մասին։ Աստուած հիմա օգնութեան կը փութա՞յ բնական աղէտներէ տառապողներուն։ Վստա՛հաբար, բայց ո՛չ շատերուն ակնկալած կերպով։