Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 3/1 էջ 3-4
  • Պատերազմները անխուսափելի՞ են

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պատերազմները անխուսափելի՞ են
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կենսաբանական Անհրաժեշտութիւն
  • Պատերազմի Պատճառներ
  • Իսկական մեղադրեալը պատերազմի եւ տառապանքի առնչութեամբ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ներկայիս Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Աստուած ինչպէ՞ս կը դիտէ պատերազմները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Անցեալին իսրայէլացիները պատերազմներու մասնակցեցան. մե՛նք ինչո՞ւ ոչ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 3/1 էջ 3-4

Պատերազմները անխուսափելի՞ են

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ օրուան լուրերուն ճնշիչ մէկ երեսակն է։ Գազանութեան մասին այդ տեղեկագրութիւնները անկասկած հիւանդկախ կը դարձնեն ձեզ։ Բայց թերեւս անոնք պատճառ կ’ըլլան որ դուք ձեզի հարց տաք թէ ի՛նչու զէնքերը իրաւարարները պէտք է ըլլան այսքան պայքարներու։ Մարդիկ բնաւ պիտի չսորվի՞ն իրարու հետ խաղաղութեամբ բնակիլ։

Պատերազմի պատուհասին համար դարման մը գտնելը շատ աւելի տարտամ կը թուի քան ԱԴԱ–ի [AIDS] բուժումը։ Ի. դարու ընթացքին, ամբողջ ազգեր պատերազմի համար զօրաշարժի ենթարկուած են, միլիոնաւոր մարդիկ պատերազմի դաշտ ղրկուած են եւ հարիւրաւոր քաղաքներ քարուքանդ եղած են։ Այս կոտորածին վախճանը չտեսնուիր հորիզոնին վրայ։ Զէնքերու շահաւէտ վաճառքը երաշխիք մըն է որ աշխարհի բանակները եւ ֆէտայիները պիտի շարունակեն դաժանօրէն ազդու ըլլալ։

Մինչ զէնքերը աւելի մահացու կը դառնան, աղետալի դէպքերը բարձունքներու կը հասնին։ Ա. Աշխարհամարտին կռուած 65 միլիոն զինուորներուն կէսէն աւելին սպաննուած կամ վիրաւորուած են։ Շուրջ 30 տարիներ ետք, միայն երկու հիւլէական ռումբեր աւելի քան 150,000 Ճաբոնցի քաղաքացիներու կեանքերը խլեցին։ Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր, կռիւները աւելի տեղական եղած են։ Այսուհանդերձ, անոնք մահառիթ են մանաւանդ քաղաքացիներուն համար, որոնք հիմա աղետեալներու 80 առ հարիւրը կը կազմեն։

Ծիծաղելիօրէն, այս սպանդը տեղի ունեցած է դարու մը մէջ, որու ընթացքին աննախընթաց ջանք թափուած է ազգերու միջեւ վէճերը պատերազմով չլուծելու հարցով։ Երբ վերջերս Պաղ Պատերազմին վերջ դրուեցաւ, մեծ յոյսեր տածուեցան որ նոր, խաղաղ համաշխարհային համակարգ մը մէջտեղ պիտի գար։ Սակայն, որեւէ ժամանակէ աւելի համերկրային խաղաղութիւնը խաբուսիկ կը մնայ։ Ինչո՞ւ։

Կենսաբանական Անհրաժեշտութիւն

Կարգ մը պատմաբաններ եւ մարդաբաններ կը դաւանին որ պատերազմները անխուսափելի՝ նոյնիսկ անհրաժեշտ են, քանի որ անոնք պարզապէս վերապրումի բարեշրջական պայքարին մէկ մասն են։ Այսպիսի տրամաբանութենէ մը ազդուած, Ֆրէտրիխ վոն Պէրնհարտի, զինուորական վերլուծող մը, 1914–ին այն պատճառաբանութիւնը տուաւ որ պատերազմը կը մղուէր «կենսաբանական, ընկերային եւ բարոյական յառաջդիմութեան շահուն համար»։ Տեսութիւնը այդ էր որ պատերազմը կերպ մըն էր, տկար անհատները կամ ազգերը մէջտեղէն վերցնելու եւ յարմարագոյնները ձգելու։

Այսպիսի պատճառաբանութիւն մը չի կրնար մխիթարել միլիոնաւոր որբեւարիներն ու որբերը։ Այս մտածելակերպը բարոյապէս զզուելի ըլլալէն զատ, կ’անտեսէ արդի պատերազմներուն անգութ իրողութիւնները։ Զէնքը ո՛չ մէկ կերպով կը յարգէ յարմարագոյնը, իսկ ռումբը զօրաւորը տկարին հետ կը բնաջնջէ։

Առաջին Աշխարհամարտին զգաստացուցիչ դասերը անտեսելով, Ատոլֆ Հիթլէր երազեց զինուորական յաղթանակներով բարձրորակ սերունդ մը յառաջ բերել։ Իր գրքին (Mein Kampf) մէջ, ան գրեց. «Մարդկութիւնը յաւիտենական պայքարով աճած է եւ միայն յաւիտենական խաղաղութեամբ ան կը կործանի ... Աւելի ուժեղը պէտք է տիրէ եւ ան պէտք չէ խառնուի աւելի տկարին հետ»։ Սակայն, փոխանակ մարդկութիւնը բարձրացնելու, Հիթլէր միլիոնաւոր կեանքեր զոհեց եւ ամբողջ ցամաքամաս մը կործանեց։

Բայց, եթէ պատերազմը կենսաբանական անհրաժեշտութիւն մը չէ, ի՞նչ բան մարդկութիւնը կը դրդէ ինքնակործանման։ Ի՞նչ ուժեր ազգերը այս «բարբարոսական առեւտուրը» ընելու կը պարտադրեն։a Ահաւասիկ խաղաղասէրներու լաւագոյն ջանքերը կասեցնող կարգ մը հիմնական ազդակներու ցանկ մը։

Պատերազմի Պատճառներ

Ազգայնականութիւն։ Յաճախ քաղաքագէտներու եւ զօրավարներու կողմէ պահանջուած, ազգայնականութիւնը պատերազմ հրահրելու ամենէն զօրաւոր ուժերէն մէկն է։ Բազմաթիւ պատերազմներ մղուած են, «ազգային շահերը» պաշտպանելու, կամ «ազգային պատիւը» պահպանելու համար։ Երբ՝ ‘սխալ կամ շիտակ, իմ հայրենիքիս համար’՝ մտայնութիւնը կը տիրէ, նոյնիսկ անզէն յարձակում մը կարելի է արդարացնել որպէս կանխարգելիչ հարուած մը։

Ցեղային Թշնամանք։ Շրջանային կարգ մը պատերազմներ ծայր կը տրուին եւ ապա կը հրահրուին ցեղերու, տոհմերու կամ ազգերու միջեւ գոյատեւող ատելութիւնով։ Նախկին Եուկոսլաւիոյ, Լիպերիոյ եւ Սոմալիոյ ողբերգական քաղաքացիական պատերազմները արդի օրինակներ են։

Տնտեսական եւ զինուորական մրցակցութիւն։ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, երեւութապէս խաղաղ օրերուն, Եւրոպական ուժերը իրապէս հսկայական բանակներ կերտեցին։ Գերմանիան եւ Մեծն Բրիտանեան ռազմանաւի շինարարութեան մրցումի մը մէջ էին։ Քանի որ վերջապէս կոտորածին միջամուխ եղած իւրաքանչիւր հսկայ ազգ կը հաւատար որ պատերազմը իր ոյժը պիտի աւելցնէր եւ տնտեսական անակնկալ օգուտներ պիտի բերէր, ուրեմն, պայքարի համար դրութիւնը հասունցած էր։

Կրօնական անվերջ կռիւները։ Կրօնական տարբերութիւնները պայթում յառաջ կը բերեն, մանաւանդ երբ ցեղային պառակտումներ անոր զօրավիգ կը կանգնին։ Լիբանանի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի ու Փագիստանի պայքարներուն արմատը կը կազմէր կրօնական թշնամանքը։

Աներեւոյթ ռազմամոլը։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ որ «այս աշխարհի աստուածը»՝ Բանսարկու Սատանան՝ որեւէ ատենէ աւելի գործունեայ է։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Մեծ զայրոյթով լեցուած եւ գիտնալով որ միայն «քիչ ժամանակ» ունի, ան տակնուվրայութիւն՝ մէջը ըլլալով պատերազմներ՝ կը ստեղծէ, երկրի վա՜յի վիճակը աւելի վատթարացնելով։—Յայտնութիւն 12։12

Պատերազմի այս աչքառու պատճառները չեզոքացնելը դիւրին չէ։ Աւելի քան 2,000 տարիներ առաջ, Պղատոն ըսաւ որ «միմիայն մեռելները պատերազմին վախճանը տեսած են»։ Արդեօք անոր այս տխուր գնահատումը դառն ճշմարտութի՞ւն մըն է, որ պէտք է սորվինք ընդունիլ։ Թէ ոչ պատճառ մը կայ յուսալու որ օր մը առանց պատերազմի աշխարհ մը գոյութիւն պիտի ունենայ։

[Ստորանիշ էջ 4]

a Նաբոլէոնն էր որ պատերազմը նկարագրեց որպէս «բարբարոսական առեւտուր» մը։ Իր չափահաս կեանքին մեծագոյն մասը զինուորականութեան մէջ եւ մօտաւորապէս 20 տարիները որպէս բանակին գլխաւոր հրամանատարը անցնելով, ան անձնապէս փորձառութիւնը ունեցաւ պատերազմին բարբարոսական ըլլալուն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել