Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Յուլիս 1—Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը [տանջանքի ցիցը (ՆԱ)] վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ»։—Մատթէոս 16։24, Դիտ. 9/1/93 4, 6
Յուլիս 2—Ինչ որ ես կը խօսիմ, ինչպէս Հայրը ինծի ըսաւ, այնպէս կը խօսիմ։—Յովհաննու 12։50, Դիտ. 9/1/93 12, 13գ
Յուլիս 3—Ինծի մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացուած է ու շատ հակառակորդներ կան։—Ա. Կորնթացիս 16։9, Դիտ. 12/1/92 21, 22ա
Յուլիս 4—Ձեր ամէն հոգը [Աստուծոյ] վրայ ձգեցէ՛ք, վասնզի անիկա ձեզի համար կը հոգայ։—Ա. Պետրոս 5։7, Դիտ. 12/1/92 19, 20բ
Յուլիս 5—Քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը։—Բ. Տիմոթէոս 3։15, Դիտ. 1/1/93 16բ
Յուլիս 6—Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը [Եհովայի] ու ոչ թէ մարդոց։—Կողոսացիս 3։23, Դիտ. 2/1/93 8, 9ա
Յուլիս 7—Ով որ բարին ընելը գիտնայ ու չընէ, ան մեղք է անոր։—Յակոբու 4։17, Դիտ. 3/1/93 14ա
Յուլիս 8—Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասնզի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ։—Բ. Կորնթացիս 9։7, Դիտ. 4/1/93 12, 13ա
Յուլիս 9—Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը [տանջանքի ցիցը (ՆԱ)] վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ»։—Մատթէոս 16։24, Դիտ. 9/1/93 4, 7, 8
Յուլիս 10—Թող մօտեցնեն ու ինչ ըլլալիքը մեզի պատմեն. առաջինները մեզի յայտնեն թէ անոնք ի՛նչ էին, որպէսզի մտքերնիս պահենք ու անոնց վախճանը գիտնանք, կամ ապագայ բաները մեզի գիտցնեն։ Ասկէ ետքը ըլլալիքները պատմեցէ՛ք, որպէսզի ձեր աստուած ըլլալը գիտնանք։—Եսայեայ 41։22, 23, Դիտ. 9/1/93 3գ
Յուլիս 11—Սառա հնազանդ էր Աբրահամին եւ զանիկա «տէր» կը կոչէր։ Դուք՝ եթէ բարեգործ ըլլաք ... անոր զաւակները կ’ըլլաք։—Ա. Պետրոս 3։6, Դիտ. 5/1/93 16, 17
Յուլիս 12—Նոր մարդը [անձնաւորութիւնը (ՆԱ)] ձեր վրայ [հագէք], որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է։—Եփեսացիս 4։24, Դիտ. 3/1/93 15, 16դ
Յուլիս 13—Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ։—Սաղմոս 51։10, Դիտ. 5/1/93 17, 18գ
Յուլիս 14—Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. «Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն»։—Յակոբու 1։27, Դիտ. 4/1/93 14դ
Յուլիս 15—Հոգին բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։—Հռովմայեցիս 8։26, Դիտ. 9/1/93 9, 10գ
Յուլիս 16—Անիկա Տէրոջը [Եհովայի] վախովը պիտի լեցուի եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ. հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ։—Եսայեայ 11։3, 4, Դիտ. 1/1/93 16ա
Յուլիս 17—Ուրեմն գացէ՛ք ... աշակերտեցէք, ... սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։—Մատթէոս 28։19, 20, Դիտ. 9/1/93 8, 9
Յուլիս 18—[Անոնց] իմացականութիւնը խաւարած է ու [անոնք] օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն, իրենց մէջ եղած տգիտութեան պատճառով եւ իրենց սրտին կուրութեանը համար։—Եփեսացիս 4։18, Դիտ. 6/1/93 12
Յուլիս 19—Զոպայի մշտիկով մաքրէ զիս ու մաքուր պիտի ըլլամ։ Զիս լուայ ու ձիւնէն աւելի ճերմակ պիտի ըլլամ։—Սաղմոս 51։7, Դիտ. 6/1/93 16, 17բ
Յուլիս 20—Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չըլլար։ Վասնզի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ։—Գաղատացիս 6։7, 8, Դիտ. 7/1/93 12բ
Յուլիս 21—Քանզի ո՞վ է մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը կամ մեր պարծանքին պսակը, եթէ ոչ դուք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առջեւ անոր գալու ատենը։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։19, Դիտ. 8/1/93 17, 18
Յուլիս 22—Ասով սէրը մեր վրայ կատարեալ կ’ըլլայ, որպէսզի համարձակութիւն ունենանք դատաստանին օրը, վասնզի ինչպէս է ինք, նոյնպէս ալ մենք ենք այս աշխարհի մէջ։—Ա. Յովհաննու 4։17, Դիտ. 9/1/93 7, 8գ
Յուլիս 23—Ուստի իրեն [Յիսուս Քրիստոսի] ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին։ Իսկ բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասնզի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի։—Եբրայեցիս 13։15, 16, Դիտ. 9/1/93 13, 14
Յուլիս 24—Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր [Եհովա], իմ Աստուածս ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ։ Վասնզի քու ողորմութիւնդ մեծ եղաւ իմ վրաս ու դուն փրկեցիր իմ անձս խորունկ դժոխքէն։—Սաղմոս 86։12, 13, Դիտ. 2/1/93 11գ
Յուլիս 25—Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք [հովուեցէք (ՆԱ)], վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ։—Ա. Պետրոս 5։2, Դիտ. 8/1/93 11դ
Յուլիս 26—Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք։—Փիլիպպեցիս 2։3, Դիտ. 12/1/92 12–14ա
Յուլիս 27—Քանզի ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։—Հռովմայեցիս 8։26, Դիտ. 12/1/92 11, 12գ
Յուլիս 28—Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։—Մատթէոս 6։33, Դիտ. 2/1/93 18, 19ա
Յուլիս 29—Մեծ է մեր Տէրը ու իր զօրութիւնը շատ է. անոր իմաստութիւնը անհուն է։—Սաղմոս 147։5, Դիտ. 9/1/93 4, 5գ
Յուլիս 30—Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք։—Ա. Պետրոս 4։7, Դիտ. 9/1/93 9, 11, 12ա
Յուլիս 31—Այն օրը Յեսսէին արմատը պիտի կանգնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար։ Ազգերը զանիկա պիտի փնտռեն ու անոր հանգիստը փառաւոր պիտի ըլլայ։—Եսայեայ 11։10, Դիտ. 1/1/93 19ա