Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 10/1 էջ 4-6
  • Վախը ինչո՞ւ կը պատէ աշխարհը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Վախը ինչո՞ւ կը պատէ աշխարհը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Համաշխարհային Վախին Նշանակութիւնը
  • Այս Աշխարհը Ի՛նչ Կրնայ Ակնկալել
  • Ուրախութեան Ժամանակ, ոչ թէ՝ Վախի
  • Ձեր սիրտը մշակեցէք որ Եհովայէն վախնայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Եհովայէ վախնանք ու անոր սուրբ անունը փառաւորենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Աշխարհի վախճանին վերաբերեալ չորս հարցումներու պատասխանել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Աստուծոյ նպատակը շուտով պիտի իրագործուի
    Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ի՞նչպէս կրնաք գտնել զայն
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 10/1 էջ 4-6

Վախը ինչո՞ւ կը պատէ աշխարհը

Ո՞Վ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ վախի մէջ ապրիլ։ Ամէն մարդ ապահով զգալու կը տենչայ, իր կեանքին կամ ստացուածքին առանց սպառնալիքի մը։ Հետեւաբար, շատեր ոճիրը տիրական եղող շրջաններէն կը տեղափոխուին։ Սակայն, ամէն տեղ ալ վախի պատճառներ գոյութիւն ունին։

Կորիզային զէնքերէն վտանգները եւ աթոմակայաններու արկածները մարդկութեան անէացումի վախ մը կ’արթնցնեն։ Բռնութեան վերելքը վախ կը յառաջացնէ։ Շատեր կը վախնան որ ԱԴԱ–ն [AIDS] դարուս ամենէն մահացու համաճարակը պիտի ըլլայ։ Մեր միջավայրին աւերումը վախի ուրիշ պատճառ մըն է։ Այս վախերը մասնայատուկ նշանակութիւն մը ունի՞ն։ Իսկ մենք կրնա՞նք յուսալ օր մը այս վախերէն զերծ աշխարհի մը մէջ ապրիլ։

Համաշխարհային Վախին Նշանակութիւնը

Ներկայ համատարած վախը նշանակութիւն մը ունի, Աստուածաշունչին մէջ նախագուշակուածը նկատի ունենալով։ Վերջին օրերուն մասին իր մարգարէութեան մէջ, Յիսուս Քրիստոս այնպիսի վիճակներ նշեց, որոնք վախ պիտի պատճառէին։ Ան ըսաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։ Յիսուս նաեւ խօսեցաւ «անօրէնութեան շատնալուն» մասին։ 1914–էն ի վեր, աննախընթաց պատերազմներու, սովերու, երկրաշարժներու եւ անօրէնութեան արդիւնքը եղած է շատ մեծ վախ ու կեանքի կորուստ։—Մատթէոս 24։7–14

Ներկայիս, նոյնիսկ մարդոց կեցուածքը վախ կ’արթնցնէ։ Բ. Տիմոթէոս 3։1–4–ին մէջ, կը կարդանք Պօղոս առաքեալի հետեւեալ մարգարէական խօսքերը. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասնզի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր»։ Քանի որ այս վերջին օրերուն այսպիսի մարդոցմով շրջապատուած ենք, զարմանալի չէ որ ա՛յսքան վախ կայ։

Այս Աշխարհը Ի՛նչ Կրնայ Ակնկալել

Յիսուս այս ժամանակաշրջանը բաղդատեց Նոյի ժամանակ աշխարհի վերջին օրերուն հետ։ Անկասկած, այն ատեն մեծ վախ կար, քանի որ Աստուածաշունչի պատմական արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ»։ Հետեւաբար, «Աստուած ըսաւ Նոյին. ‘Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս, քանզի երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ’»։ (Ծննդոց 6։11, 13) Այդ ամբարիշտ աշխարհը այնքան անօրէն էր որ Աստուած անոր վերջ մը դրաւ համերկրային Ջրհեղեղով մը։ Սակայն, սէրէ մղուած, Եհովա Աստուած արդար Նոյը եւ իր ընտանիքը պահպանեց։—Բ. Պետրոս 2։5

Հետեւաբար, ներկայ վայրագ աշխարհը ի՞նչ կրնայ ակնկալել։ Այո, Աստուած կ’ատէ ուրիշներու բարօրութիւնը անտեսող վայրագութիւնը։ Ասիկա բացայայտօրէն կը տեսնուի սաղմոսերգուին խօսքերէն. «Տէրը կը քննէ արդարը. բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը»։ (Սաղմոս 11։5) Եհովա Նոյի օրուան վայրագ աշխարհին վերջ մը դրաւ։ Ուստի, պէտք չէ՞ ակնկալենք որ Ան ահաւոր վայրագութեամբ ողողուած ներկայ աշխարհին ալ վերջ մը դնէ։

Պետրոս առաքեալ Քրիստոսի ներկայութեան մասին խօսելու եւ ներկայ ամբարիշտ աշխարհին համար չարիք մարգարէանալու համար Աստուծոյ կողմէ ներշնչուեցաւ։ Ան գրեց. «Վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն եւ պիտի ըսեն. ‘Ո՞ւր է անոր քալուն խոստումը, վասնզի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’»։ Ապա Պետրոս «երկինք» բառը գործածեց մարդկութեան վրայ անկատար իշխանութեան դրութեան ակնարկելու համար, իսկ «երկիր» բառը՝ անարդար մարդկային ընկերութեան համար։ Ան կը շարունակէ. «Քանզի անոնք ... այն բանը մոռցեր են, թէ երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն ու ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. որով [Նոյի օրուան] հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ։ Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»։—Բ. Պետրոս 3։3–7

Նոյն գծով, Պօղոս ընդգծեց որ Քրիստոս եւ իր զօրաւոր հրեշտակները «վրէժ» պիտի առնեն «անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր. որոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6–9) Աստուածաշունչի վերջին գիրքը կը խօսի «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար» ազգերուն հաւաքումին մասին եւ մեզ կը վստահեցնէ որ Եհովա «երկիրը ապականողները» պիտի ապականէ։—Յայտնութիւն 11։18. 16։14–16

Ուրախութեան Ժամանակ, ոչ թէ՝ Վախի

Այս աշխարհի մասին Աստուածաշունչի գուշակութիւններէն փոխանակ ահաբեկուելու, արդարասիրտ անհատներ ուրախանալու պատճառ ունին։ Եհովա շուտով այս ամբարիշտ աշխարհին վերջ մը պիտի դնէ, բայց ասիկա արդարութիւնը սիրողներուն բարօրութեան պիտի ծառայէ։ Աստուածային միջամտութեամբ իրերու ներկայ դրութիւնը վերջ գտնելէ ետք, ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Նոր դրութիւն մը, Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան ներքեւ, որու համար Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ աղօթեն։ Ան ըսաւ. «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ո՛վ Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ։ Քու թագաւորութիւնդ գայ։ Քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’»։ (Մատթէոս 6։9, 10) Ի՞նչ փոփոխութիւններ կարելի է ակնկալել, երբ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ կատարուի։

Պատերազմը եւ անոր սարսափները վերջացած պիտի ըլլան։ Սաղմոս 46։9–ն կ’ըսէ. «[Եհովա Աստուած] պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, [պատերազմական] կառքերը կրակով կ’այրէ»։ Անկէ ետք, «ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ»։—Միքիա 4։4

Մահացու հիւանդութիւնները այլեւս վախ պիտի չպատճառեն ու կեանքեր պիտի չխլեն։ Աստուած կը խոստանայ. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Ուրախութեան ի՜նչ մեծ պատճառ։

Ոճիրին ու բռնութեան ընկերակցող վախերն ալ այլեւս անցեալին պիտի պատկանին։ Սաղմոս 37։10, 11–ը կը խոստանայ. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։

Ներկայ օրերու վախերը ինչպէ՞ս պիտի փոխարինուին խաղաղութեամբ ու ապահովութեամբ։ Արդար կառավարութեան մը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան՝ միջոցաւ։ Մեր ժամանակին մասին Դանիէլ 2։44–ը կ’ըսէ. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ Եհովայի նշանակած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ «պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։25) Յիսուսի Հազարամեայ Իշխանութիւնը Աստուծոյ սկզբնական նպատակը պիտի կատարէ. դրախտային երկիր մը, յաւիտեան բնակուած ուրախ մարդոցմով։—Ղուկաս 23։43, ՆԱ. Յայտնութիւն 20։6, 21։1–5

Այդ երկրային Դրախտին մէջ, միայն մէկ առողջարար վախ պիտի ըլլայ։ «Եհովայի վախ»ը պիտի ըլլայ։ (Առակաց 1։7, ՆԱ) Իրականութեան մէջ, հիմա իսկ այս վախը պէտք է ունենանք, քանի որ անիկա խոր ակնածութիւն ու երկիւղ մըն է, որու կ’ընկերակցի Աստուած տհաճեցնելու վախը, քանի որ իր ողորմութիւնն ու բարութիւնը կը գնահատենք։ Այս վախը Աստուծոյ հանդէպ անխախտ վստահութիւն ու հաւատարիմ հնազանդութիւն կը պահանջէ։—Սաղմոս 2։11. 115։11

Ահաւոր դէպքեր այս օրերը կը նշեն որպէս վերջին օրեր։ Եթէ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ապացուցանենք, կրնանք ուրախանալ, փոխանակ վախնալու։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ցոյց կու տան որ Աստուած շուտով այս աշխարհին վերջ մը պիտի դնէ։ Անոր տեղը պիտի առնէ Եհովա Աստուծոյ խոստացած արդարութեան նոր աշխարհը։ (Բ. Պետրոս 3։13) Արդարեւ, Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, շուտով հիւանդագին վախէ զերծ աշխարհ մը պիտի գոյանայ։

[Նկար՝ էջ 6]

Յիսուս Քրիստոսի Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, այլեւս վախը պիտի չպատէ աշխարհը

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել