Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1995–ի Տարուան Համարը. ‘Սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած եղէք’։—Կող. 2։2, ՆԱ
Յունուար 1—Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։—Մարկ. 13։10, Դիտ. 12/1/93 9, 10ա
Յունուար 2—Պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէսզի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք։—Եբր. 10։36, Դիտ. 12/1/93 5, 6գ
Յունուար 3—Ո՛վ Տէր [Եհովա], զիս քննեցիր ու ճանչցար։ ... Իմ բոլոր ճամբաներս գիտես։—Սաղմ. 139։1, 3, Դիտ. 1/1/94 1, 2
Յունուար 4—Աշակերտներէն մէկը կար Յիսուսին քով նստած, զոր Յիսուս կը սիրէր։—Յովհ. 13։23, Դիտ. 1/1/94 3, 4բ
Յունուար 5—Այն ժամանակ Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ, որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ [կը] կենայ ու այնպիսի նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ եւ այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գրքին մէջ գրուած գտնուի։—Դան. 12։1, Դիտ. 3/1/94 24բ
Յունուար 6—Ետիս գնա, Սատանա՛յ, վասնզի գրուած է թէ՝ «Քու Տէր [Եհովա] Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես»։—Մատթ. 4։10, Դիտ. 3/1/94 3, 4դ
Յունուար 7—Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը [Եհովայի] ապաւինէ։—Առ. 3։5, Դիտ. 2/1/94 2, 3
Յունուար 8—[Ուրախ (ՆԱ)] Աստուծոյ փառաւոր աւետարան[ը] ... ինծի յանձնուեցաւ։—Ա. Տիմ. 1։11, Դիտ. 12/1/93 15, 16ա
Յունուար 9—Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր. եւ քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։—Սաղմ. 18։35, Դիտ. 4/1/94 4–6
Յունուար 10—Հաւատքով [Մովսէս] Եգիպտոսը թողուց ու չվախցաւ թագաւորին բարկութենէն. վասնզի համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր։—Եբր. 11։27, Դիտ. 4/1/94 7բ
Յունուար 11—Տէրոջը [Եհովայի] բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ, մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ։—Երեմ. 23։20, Դիտ. 6/1/94 16, 17
Յունուար 12—Մխիթարիչը՝ սուրբ հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ։—Յովհ. 14։26, Դիտ. 6/1/94 15, 16գ
Յունուար 13—Այն ատեն [թոթէ] Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու [այն ատեն, թոթէ] երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով։—Մատթ. 24։30, Դիտ. 5/1/94 21, 22գ
Յունուար 14—Քու աչքերդ քու [Մեծ Ուսուցիչդ (ՆԱ)] պիտի տեսնեն։ ... Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։—Եսայ. 30։20, 21, Դիտ. 5/1/94 1–3
Յունուար 15—Քու Տէր [Եհովա] Աստուածդ [պէտք է] սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ։—Մարկ. 12։30, Դիտ. 2/1/94 11, 12
Յունուար 16—Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէսզի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես։—Յես. 1։8, Դիտ. 12/1/93 10, 11դ
Յունուար 17—Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը [Եհովային] ուրախութեամբ։ Անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։ Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած։ Անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք։—Սաղմ. 100։2, 3, Դիտ. 1/1/94 3, 4
Յունուար 18—Եղբայրսիրութիւնը ձեր մէջ թող հաստատ մնայ։—Եբր. 13։1, Դիտ. 1/1/94 13, 14բ
Յունուար 19—Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան։—Մատթ. 24։45, Դիտ. 3/1/94 7, 8
Յունուար 20—Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի։—Յովհ. 16։33, Դիտ. 3/1/94 5, 6դ
Յունուար 21—Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ։—Փիլ. 4։7, Դիտ. 2/1/94 18, 19, 21
Յունուար 22—Բայց ես քեզի՛ յուսացի, ո՛վ Տէր [Եհովա]։ Ըսի թէ՝ «Դուն ես իմ Աստուածս»։—Սաղմ. 31։14, Դիտ. 2/1/94 13բ
Յունուար 23—Տէրոջը [Եհովայի] վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ, հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, չար ընթացքը ու նենգաւոր բերանը կ’ատեմ։—Առ. 8։13, Դիտ. 4/1/94 3
Յունուար 24—Այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը [Եհովան], այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, զանիկա շինեց ... [ան] զանիկա ... բնակութեան համար կազմեց։—Եսայ. 45։18, Դիտ. 6/1/94 6, 7դ
Յունուար 25—Բայց այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան։—Ա. Կորն. 10։11, Դիտ. 6/1/94 13, 14ա
Յունուար 26—Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։—Մատթ. 24։47, Դիտ. 4/1/94 5, 6գ
Յունուար 27—Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ։—Ա. Պետր. 3։8, Դիտ. 12/1/93 18–20
Յունուար 28—Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար։ ... Ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասնզի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։—Յովհ. 4։22, 23, Դիտ. 5/1/94 15, 16
Յունուար 29—Ձեր հաւատքին վրայ ... համբերութիւն [աւելցուցէք]։—Բ. Պետր. 1։5, 6, Դիտ. 12/1/93 2–4գ
Յունուար 30—Բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, ահա, ո՛վ Տէր [Եհովա], դուն ամէնը գիտես։—Սաղմ. 139։4, Դիտ. 1/1/94 8
Յունուար 31—Քեզի համար շատ կը ցաւիմ, ո՛վ եղբայր իմ Յովնաթան. դուն ինծի խիստ սիրելի էիր։ Քու սէրդ ինծի զարմանալի էր, կանանց սէրէն աւելի էր։—Բ. Թագ. 1։26, Դիտ. 1/1/94 6, 7բ