Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1995–ի Տարուան Համարը. ‘Սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած եղէք’։—Կող. 2։2, ՆԱ
Ապրիլ 1—Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի։—Բ. Պետր. 3։13, Դիտ. 6/1/94 7, 18, 19դ
Ապրիլ 2—Վերջին օրերը Տէրոջը [Եհովայի] տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, բոլոր հեթանոսները [ազգերը (ՆԱ)] հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր։—Եսայ. 2։2, Դիտ. 7/1/94 6, 7ա
Ապրիլ 3—Պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն, եւ գարշելի բաներ կամ յիմարական խօսքեր կամ խեղկատակութիւն, որ չի վայլեր, այլ մանաւանդ՝ գոհութիւն։—Եփ. 5։3, 4, Դիտ. 5/1/94 18, 19
Ապրիլ 4—Համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ։—Յակ. 1։4, Դիտ. 12/1/93 9, 10գ
Ապրիլ 5—Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի։—Առ. 16։31, Դիտ. 12/1/93 8, 9բ
Ապրիլ 6—Վատասիրտները ... մխիթարեցէ՛ք։—Ա. Թես. 5։14, Դիտ. 1/1/94 15, 16բ
Ապրիլ 7—Մեզի համար աղօթք ըրէ՛ք, վասնզի մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ։—Եբր. 13։18, Դիտ. 4/1/94 4, 5ա
Ապրիլ 8—Կտրի՛ճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ, դուք ամէնքդ, որ Տէրոջը [Եհովայի] կը յուսաք։—Սաղմ. 31։24, Դիտ. 3/1/94 1–3գ
Ապրիլ 9—Մեր Դատաւորը Եհովան է, մեր Օրէնսդիրը Եհովան է, մեր Թագաւորը Եհովան է։—Եսայ. 33։22, ՆԱ, Դիտ. 4/1/94 1, 2գ, եւ Մատթէոս 26։6–13. 21։1–11, 14–17a
a Յիշատակատօնին համար Սուրբ Գրոց ընթերցանութիւն։
Ապրիլ 10—Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ։—Մատթ. 23։12, Դիտ. 2/1/94 15, 16, եւ Մատթէոս 21։12, 13, 18, 19. Յովհաննու 12։20–50*
Ապրիլ 11—[Քրիստոս] որ իր մարմնին օրերը սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց Անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով։—Եբր. 5։7, Դիտ. 12/1/93 18–20գ, եւ Մատթէոս 21։19–46*
Ապրիլ 12—Դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասնզի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէսզի իր շաւիղներուն հետեւիք։—Ա. Պետր. 2։21, Դիտ. 7/1/94 18ա, եւ Մատթէոս 26։1–5, 14–16*
Ապրիլ 13—Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ. վասնզի ինչ որ [Ան] կ’ընէ, նմանապէս Որդին ալ նոյնը կ’ընէ։ Քանզի Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան կը ցուցնէ անոր՝ ինչ որ ինք կ’ընէ։—Յովհ. 5։19, 20, Դիտ. 2/1/94 4, 5, եւ Մատթէոս 26։17–19. Ղուկաս 22։7–13*
Ապրիլ 14—Յիշատակատօն՝ Արեւնամուտէն Ետք։ [Քրիստոս] սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց Անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով։—Եբր. 5։7, Դիտ. 3/1/94 20, 21դ, եւ Մատթէոս 26։20–56*
Ապրիլ 15—Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի։—Ղուկ. 6։38, Դիտ. 1/1/94 9, 19–21բ
Ապրիլ 16—Ես եմ քու Տէր [Եհովա] Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։—Եսայ. 48։17, Դիտ. 5/1/94 1–3ա
Ապրիլ 17—Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր. եւ քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։—Սաղմ. 18։35, Դիտ. 4/1/94 4, 5
Ապրիլ 18—Անոնք քեզ չեն մերժեր, այլ զիս կը մերժեն, որպէսզի անոնց վրայ չթագաւորեմ։—Ա. Թագ. 8։7, Դիտ. 4/1/94 9, 10բ
Ապրիլ 19—Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ։—Առ. 3։1, Դիտ. 1/1/94 6, 7ա
Ապրիլ 20—Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը ոյժ պիտի տայ ձեզի, որ իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս։—Հռովմ. 15։5, Դիտ. 12/1/93 13, 14գ
Ապրիլ 21—[Ես] ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ։—Յովհ. 8։28, Դիտ. 12/1/93 4–6
Ապրիլ 22—[Սատանան] անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէսզի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը։—Բ. Կորն. 4։4, Դիտ. 7/1/94 20, 21
Ապրիլ 23—Երբ անոնք աղօթք ըրին, շարժեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին եւ ամէնքը սուրբ հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին։—Գործք 4։31, Դիտ. 3/1/94 7, 8դ
Ապրիլ 24—Աստուած սէր է։—Ա. Յովհ. 4։8, Դիտ. 1/1/94 1, 2գ
Ապրիլ 25—Ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս։—Ա. Կորն. 4։7, Դիտ. 4/1/94 3, 4ա
Ապրիլ 26—Դուք «ընտիր ցեղ մը»ն էք, «թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէսզի հռչակէք» անոր «առաքինութիւնները», որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց։—Ա. Պետր. 2։9, Դիտ. 5/1/94 11, 12
Ապրիլ 27—Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ։—Սաղմ. 139։17, Դիտ. 1/1/94 4, 5ա
Ապրիլ 28—Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք։—Մատթ. 11։28, 29, Դիտ. 12/1/93 5, 6բ
Ապրիլ 29—Զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասնզի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը։—Ղուկ. 12։15, Դիտ. 7/1/94 6, 7գ
Ապրիլ 30—Յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասնզի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է սուրբ հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ։—Հռովմ. 5։5, Դիտ. 12/1/93 16գ