Սատանային եւ իր գործերուն վրայ յաղթանակ տանինք
«Ուստի հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 4։7
1. Ներկայիս «ամբարշտին ձեռքը» ինչպէ՞ս ազդած է մարդկութեան։
ՅՈԲ ճշգրտօրէն ըսաւ. «Երկիրը ամբարիշտին ձեռքը տրուեցաւ»։ (Յոբ 9։24) Ներկայիս մարդկային ամբողջ պատմութեան ամենէն ճգնաժամային ժամանակները կը դիմագրաւենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ասոնք երկրին վրայ Սատանայի ճիւաղային տիրապետութեան «վերջին օրեր»ն են։ Ուստի, զարմանալի չէ որ, Սատանային դրդումով, «չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան, մոլորեցնելով ու մոլորելով»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 13) Ասկէ զատ, հալածանքները, անիրաւութիւնները, բրտութիւնները, ոճիրները, տնտեսական դժուարութիւնները, անբուժելի հիւանդութիւնները, յառաջացած տարիքի ցաւերը, զգացական ընկճուածութիւնը եւ տակաւին ուրիշ բաներ կրնան ծանր կերպով ճնշել մեր վրայ։
2. Սատանայի յարձակումներուն հետ ինչպէ՞ս կրնանք գլուխ ելլել։
2 Մեծ հակառակորդը՝ Բանսարկու Սատանան՝ կեդրոնացուած յարձակում կը գործէ մարդկութեան վրայ, ի մասնաւորի Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուներուն վրայ։ Իր նպատակն է հաւանական բոլոր ուղղամիտ մարդիկը Աստուծոյ դէմ հանել եւ զանոնք իրեն ու իր դեւ հրեշտակներուն հետ աւերումի տանիլ։ Սակայն, մեզի հաւաստիք տրուած է որ, եթէ ուղղամտութեամբ համբերենք, Բանսարկուն մեզմէ պիտի փախչի։ Յիսուսին նման, մենք կրնանք Աստուծոյ հանդէպ ‘հնազանդութիւն սորվիլ’ այն բաներէն որոնցմով կը չարչարուինք, իսկ Իր անարժան ողորմութեանը շնորհիւ, կրնանք յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել։—Եբրայեցիս 5։7, 8. Յակոբու 4։7. Ա. Պետրոս 5։8–10
3, 4. (ա) Պօղոս արտաքին ի՞նչ փորձութիւններու դէմ պէտք էր պայքարէր։ (բ) Քրիստոնեայ երէց մը ըլլալով, Պօղոսի մտահոգութիւնը ի՞նչ էր։
3 Պօղոս առաքեալն ալ շատ մը կերպերով փորձի ենթարկուեցաւ։ Իր հաւատարմագիրներուն մասին խօսելով որպէս Քրիստոսի ծառայ մը, ան գրեց. «Աշխատանքներով՝ աւելի, ծեծերով՝ ա՛լ աւելի, բանտարկութիւններով՝ աւելի, մահուան վտանգներով՝ շատ անգամ։ Հրեաներէն հինգ անգամ քառասունէն մէկ պակաս ծեծ կերայ։ Երեք անգամ ձաղկով ծեծուեցայ։ Մէկ անգամ քարկոծուեցայ։ Երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպեցայ։ Գիշեր մը ու ցորեկ մը ծովուն անդունդը մնացի։ Շատ անգամ ճամբորդութիւններու մէջ չարչարուեցայ. գետերէն՝ վտանգներ, աւազակներէն՝ վտանգներ, իմ ազգէս՝ վտանգներ, հեթանոսներէն՝ վտանգներ, քաղաքի մէջ՝ վտանգներ, անապատի մէջ՝ վտանգներ, ծովու վրայ՝ վտանգներ, սուտ եղբայրներու մէջ վտանգներ կրեցի։ Ջանքի ու աշխատանքի մէջ, շատ անգամ անքուն գիշերներու, անօթութեան ու ծարաւի մէջ, շատ անգամ ծոմ կենալու մէջ, ցուրտի ու մերկութեան մէջ էի։
4 «Մոռնանք արտաքին նեղութիւնները։ Ամէն օրուան զբաղումները, բոլոր եկեղեցիներուն հոգը վրաս կը դիզուէր։ Ո՞վ կը տկարանայ ու ես չեմ տկարանար։ Ո՞վ կը գայթակղի ու իմ սիրտս չայրիր»։ (Բ. Կորնթացիս 11։23–29) Հետեւաբար, Պօղոս ուղղամիտ մնաց, երբ դուրսէն եկած հալածանքներ ու փորձութիւններ կը դիմագրաւէր եւ Քրիստոնեայ երէց մը ըլլալով, ան խորապէս կը մտահոգուէր ժողովքին մէջ տկար եղբայրներն ու քոյրերը զօրացնելով, ուղղամիտ մնալու մէջ անոնց օգնելով։ Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը ներկայ Քրիստոնեայ երէցներուն համար։
Ուղղամտութիւն՝ Հալածանքի Ներքեւ
5. Ուղղակի հալածանքին ընդառաջումը ի՞նչ է։
5 Սատանան ի՞նչ հնարքներ կը գործածէ ուղղամտութիւնը բեկանելու համար։ Ինչպէս վերը յիշուած է, Սատանայի ամենէն վայրագ ռազմավարութիւններէն մէկը ուղղակի հալածանքն է, բայց ընդառաջում մը կայ։ Եփեսացիս 6։10, 11–ը մեզ կը խրատէ. «Զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը։ Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն [կամ՝ «խորամանկ արարքներուն», ՆԱ, աստղանիշ] դէմ դնել»։
6. Ինչպէ՞ս կարելի է ցոյց տալ թէ Եհովայի Վկաները «ա՛լ աւելի յաղթող» եղած են։
6 Այս վերջին օրերուն ընթացքին, Եհովայի Վկաները յաճախ այսպիսի փորձութիւններու դէմ պայքար մղած են։ Հետեւաբար, մենք ալ Պօղոսին հետ կրնանք ըսել. «Այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց»։ (Հռովմայեցիս 8։37) Ասոր կը վկայեն 1933–ի եւ 1945–ի միջեւ Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Լեհաստանի եւ Եուկոսլաւիոյ կեդրոնացման ճամբառներուն մէջ Նացիական շրջանին, 1945–ի եւ 1989–ի միջեւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ Համայնավարական հարստահարութեան ներքեւ եւ տակաւին վերջերս Ափրիկէի եւ Լատին Ամերիկայի կարգ մը մասերուն մէջ տարուած հալածանքներուն ընթացքին Եհովայի Վկաներու ուղղամտութեան արձանագրութիւնները։
7. Եթովպիայէն տեղեկագրուած ուղղամտութեան ի՞նչ սրտայոյզ օրինակներ ունինք։
7 Եթովպիոյ մէջ Եհովայի Վկաները 1974–ի եւ 1991–ի միջեւ ուղղամտութեան սրտայոյզ օրինակ մը հանդիսացան։ Քաղաքական թեքումներ ունեցող կալանողներէն մէկը բանտարկուած եղբօր մը ըսաւ. «Աւելի լաւ է գազանանոցէն առիւծներ արձակել, քան թէ՝ դարձեալ ձեզ ազատ արձակել»։ Այս անգութ հալածիչները Եհովայի ծառաները չարչարեցին եւ քանի մը տարիներ ետք, վերաքննիչ ատեան մը սպանութեան վճիռ արձակեց։ Եղբօր մը դիակը հանրապէս ցուցադրուեցաւ որպէս ազդարարական օրինակ։ Ուրիշ եղբայրներ, որոնք մահուան դատապարտուած էին, աւելի ազատախոհ ատեանի մը կողմէ ազատ արձակուեցան եւ այդ հաւատարիմ ‘յաղթողներ’էն ոմանք բաժին բերին 1994–ի սկիզբը Ատիս Ապապայի մէջ տեղի ունեցած «Աստուածային Ուսուցում» բնաբանով Նահանգային Համաժողովի յայտագրին մէջ։a—Յովհաննու 16։33. բաղդատել Ա. Կորնթացիս 4։9։
8. Սատանան ինչպէ՞ս փորձած է «ազգագրական մաքրագործում»ը շահագործել։
8 Սատանան ձախողած է այդպիսի հաւատարիմ եղբայրներու եւ քոյրերու ուղղամտութիւնը բեկանել ճակատային ուղղակի յարձակումով։ Արդ, ան ուրիշ ի՞նչ խորամանկ հնարքներ կը գործածէ։ Յայտնութիւն 12։12–ը այս վերջին օրերուն մասին կ’ըսէ. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները հալածանքներով բնաջնջելու մէջ ձախողած ըլլալով, ան բարկութեամբ կը փորձէ ամբողջովին ժողովուրդներ ջարդել, անկասկած Եհովայի ծառաներն ալ անոնց հետ մէկտեղ կործանելու մտադրութեամբ։ Ուստի, այդպէս կոչուած ազգագրական մաքրագործում կատարուած է նախկին Եուկոսլաւիոյ մէջ եւ ցեղասպանութեան փորձեր եղած են Լիպերիոյ, Պուրունտիի եւ Րվանտայի մէջ։
9. Սատանայի ռազմավարութիւնները յաճախ ինչո՞ւ կը ձախողին։ Օրինակներ տուէք։
9 Սակայն, յաճախ Սատանայի ռազմավարութիւնները իր վրայ կը դառնան, քանի որ սատանայական թշուառութիւնները պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները կ’արթնցնեն, որ անդրադառնան թէ իրենց միակ յոյսը Եհովայի Վկաներուն կողմէ նախանձախնդրութեամբ ծանուցուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է։ (Մատթէոս 12։21) Արդարեւ, հետաքրքրուողները դէպի Թագաւորութիւնը կը խուժեն։ Օրինակի համար, կռիւով պառակտուած Պոզնիա/Հերցեկովինիոյ մէջ, Մարտ 26, 1994–ի Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին, 1,307 անհատներ ներկայ գտնուեցան, նախորդ տարուընէ 291 հոգի աւելի։ Ներկաներու գագաթ թիւեր արձանագրուեցան Սարայեվոյի (414), Զէնիքայի (223), Թուսլայի (339), Պէնեա Լուգայի (255) եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ։ Դրացի Խրուաթիոյ մէջ 8,326 ներկաներու նոր գագաթ թիւ մը եղաւ։ Անոնց շուրջ տեղի ունեցող բռնութիւնը արգելք չեղաւ այդ երկիրներուն մէջ ապրող Եհովայի Վկաներուն որ շարունակեն ‘Տէրոջը մահը պատմել, մինչեւ ինք գայ’։—Ա. Կորնթացիս 11։26
Կռիւով Պառակտուած Րվանտայի մէջ
10, 11. (ա) Ենթադրաբար Քրիստոնեայ Րվանտայի մէջ ի՞նչ յայտնի եղած է։ (բ) Հաւատարիմ միսիոնարներ ինչպէ՞ս արտայայտուեցան։
10 1993–ին, 2,080 հրատարակիչներով Րվանտայի մէջ, 4,075 անհատներ ներկայ գտնուեցան «Աստուածային Ուսուցում» բնաբանով Նահանգային Համաժողովին եւ 230 հոգի մկրտուեցան։ Այդ մկրտուած անհատներէն 142–ը անմիջապէս օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալու դիմում կատարեցին։ Տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու թիւը 7,655–ի բարձրացաւ 1994–ին. բացայայտօրէն Սատանայի շատ անհաճելի երեւոյթ մը։ Թէեւ բնակչութեան հսկայ մեծամասնութիւնը կը դաւանի Քրիստոնեայ ըլլալ, բայց միջցեղային ջարդեր ծայր տուին։ Վատիկանի L’Osservatore Romano–ն ընդունեց. «Ասիկա ուղղակի ցեղասպանութիւն մըն է, որու մէջ դժբախտաբար նոյնիսկ Կաթողիկէներ պատասխանատու են»։ Կը կարծուի որ կէս միլիոն այրեր, կիներ ու երախաներ մեռան, իսկ շուրջ երկու միլիոններ տնազուրկ կամ փախստական եղած են։ Եհովայի Վկաները, իրենց հակա–բռնութեան Քրիստոնէական չէզոքութիւնը պահելով, ջանացին միասին մնալ։ Հարիւրաւոր եղբայրներ ու քոյրեր սպաննուեցան։ Սակայն, 65 Թագաւորութեան հրատարակիչներէ բաղկացած ժողովքի մը մէջ, որմէ 13 հոգին սպաննուեցան, ժողովներու ներկայ գտնուողներուն թիւը 170–ի բարձրացաւ Օգոստոս 1994–ին։ Ուրիշ երկիրներու Վկաներուն կողմէ հայթայթուած օգնութիւնները առաջին հասնողներուն մէջ էին։ Աղօթքներ կը մատուցանենք վերապրողներուն ի նպաստ։—Հռովմայեցիս 12։12. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։1, 2. Եբրայեցիս 10։23–25
11 Այս ամբողջ սարսափին մէջ, Րվանտայի մէջ գտնուած երեք միսիոնարները փախան։ Անոնք կը գրեն. «Կը գիտակցինք որ համայն աշխարհի մէջ գտնուող մեր եղբայրները այսպիսի կամ նոյնիսկ աւելի գէշ վիճակներ դիմագրաւած են եւ գիտենք որ ասիկա այս ամբարիշտ աշխարհի վերջին օրերուն նշանին մէկ մասն է։ Սակայն, երբ անհատ մը անձնապէս անոնց մէջ պարփակուի, անիկա դէպքերու իրողութիւնները կը յիշեցնէ եւ կեանքին թանկարժէք ըլլալը գնահատել կու տայ։ Մեզի համար կարգ մը սուրբ գրային համարներ նոր իմաստ մը ստացած են եւ անձկագին կը սպասենք այն ժամանակին, երբ առաջուան բաները այլեւս պիտի չյիշուին։ Մինչ այդ, կ’ուզենք Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնալ»։
Ուղղամիտ Երիտասարդներ
12, 13. (ա) Երիտասարդուհի մը ի՞նչպիսի ուղղամիտ ընթացք մը որդեգրեց։ (բ) Ներկայիս մեր երիտասարդները ո՞ւր կրնան քաջալերութիւն գտնել։
12 Յիսուս նշեց որ ճշմարտութեան համար իրենց ընտանիքի անդամներուն կողմէ մերժուողները «հարիւրապատիկ» պիտի ստանան։ (Մարկոս 10։29, 30) Ասիկա ապացուցուեցաւ Էնթէլլիայի պարագային, Հիւսիսային Ափրիկէէն տասը տարեկան աղջնակ մը որ, երբ Աստուծոյ անունը՝ Եհովա՝ լսեց, շուտով սիրեց զայն։ Ան Եհովայի Վկաներուն հետ կ’ուսումնասիրէր եւ ժողովներու երթալու համար ամէն անգամ 90 վայրկեան կը քալէր, հակառակ անոր որ իրեն հակառակող ընտանիքը յաճախ դուռը չէր բանար իր վերադարձին։ 13 տարեկանին, ան սկսաւ տունէ տուն քարոզել, իսկ ընտանիքին հակառակութիւնը սաստկացաւ։ Օր մը, ազգականները անոր ձեռքերն ու ոտքերը կապեցին եւ կիզիչ արեւուն տակ եօթը ժամ կապուած ձգեցին, պարբերաբար իր վրայ կեղտոտ ջուր թափելով։ Անոնք վայրագ կերպով ծեծեցին զինք, որու պատճառաւ ան իր մէկ աչքը կորսնցուց եւ վերջ ի վերջոյ ան իր տունէն վռնտուեցաւ։ Բայց ան հիւանդանոցի մը մէջ գործ գտաւ եւ վերջապէս հիւանդապահուհի մը եղաւ։ 20 տարեկանին, ան մկրտուեցաւ եւ անմիջապէս օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկեց։ Անոր ուղղամտութենէն տպաւորուած, անոր ընտանիքի անդամները դարձեալ զինք իրենց տունը ընդունեցին եւ անոնցմէ ինը հոգին տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ ընդունեցին։
13 Էնթէլլիան մեծ քաջալերութիւն քաղեց 116–րդ Սաղմոսէն, մանաւանդ 1–4–րդ համարներէն, զորս ան կրկին ու կրկին կարդացած է։ «Ուրախ եմ ես, վասնզի Տէրը իմ ձայնս ու աղաչանքս լսեց, վասնզի անիկա իր ականջը ինծի խոնարհեցուց, ուստի բոլոր կեանքիս մէջ անոր պիտի կանչեմ։ Մահուան լարերը զիս պատեցին ու գերեզմանին վիշտերը զիս գտան։ Նեղութիւն ու տրտմութիւն գտայ։ Բայց ես Տէրոջը անունը կանչեցի։ ‘Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս’»։ Եհովա այսպիսի աղօթքներու կը պատասխանէ։
14. Լեհ Վկաները ինչպէ՞ս ակնբախ ուղղամտութիւն ցուցաբերած են։
14 Ինչպէս Յիսուսի օրերուն, Սատանան յաճախ կրօնական մոլեռանդութիւնը գործածած է հալածանքի կայծերը բոցավառելու համար, բայց առանց արդիւնքի։ Լեհաստանի մեր եղբայրներուն օրինակը ակնբախ է, ինչպէս նկարագրուած է Եհովայի Վկաներու 1994–ի Տարեգիրքին մէջ (Անգլ.)։ Նոյնիսկ պատանիները պէտք էր կանչէին փաստելու համար թէ իրենք ուղղամիտ են։ 1946–ին, անոնցմէ մէկը 15 տարեկան երիտասարդուհի մըն էր, որու ըսուեցաւ. «Միայն երեսդ խաչ մը հանէ։ Ապա թէ ոչ փամփուշտը քեզ կը սպասէ»։ Իր ուղղամիտ մնալուն համար, ան քաշկռտուելով անտառ տարուեցաւ, սաստիկ չարչարուեցաւ եւ զէնքով սպաննուեցաւ։—Բաղդատել Մատթէոս 4։9, 10։
Սատանային Ուրիշ Խորամանկ Հնարքները
15, 16. (ա) Սատանայի ճիւաղային քաղաքականութիւնը ի՞նչ է, եւ մենք ինչպէ՞ս կրնանք անոր ընդդիմանալ։ (բ) Մեր երիտասարդները ինչո՞ւ գլորելու պէտք չունին։
15 Արդարեւ, Սատանայի ճիւաղային քաղաքականութիւնը «տիրել կամ քանդել» է։ Ան իր զինամթերքին մէջ բազմաթիւ անգութ զէնքեր ունի։ Ուստի չենք զարմանար որ Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ. «Մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։ Ասոր համար ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարող ըլլաք չարութեան օրը դէմ դնել ու ամէն բան լմնցնելէ յետոյ՝ հաստատուն կայնիլ»։ (Եփեսացիս 6։12–14) Նիւթապաշտական ցանկութիւններ, շնորհազուրկ զբօսանք եւ պրոպականտ, սատանայական երաժշտութիւն, դասընկերներու ճնշում, թմրեցուցիչի գործածութիւն, գինովութիւն. ասոնցմէ որեւէ մէկը կրնայ մեր կեանքը քանդել։ Հետեւաբար, առաքեալը կը շարունակէ խրատել. «Ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել»։—Եփեսացիս 6։16
16 Ասիկա մասնաւորաբար անհրաժեշտ է ներկայիս, այլանդակ երաժշտութիւնը ի մտի ունենալով, որով Սատանան կ’ողողէ այս աշխարհը։ Կարգ մը պարագաներու, անիկա ուղղակի կապակցութիւն ունի Սատանայապաշտութեան հետ։ Սան Տիէկոյ Գաւառի (Ա.Մ.Ն.) շէրիֆի գրասենեակէն տեղեկագրութիւն մը կը նշէր. «Հոս համերգ մը ունեցանք, ուր երգիչներու խումբը 15,000 երախաներու երգել տուին՝ ‘Անատաս’. այսինքն, տարրերը հակառակը հեգելով՝ Սատանայ»։ Սատանայապաշտութիւնը նկարագրուած է որպէս ծակ մը որու մէջ երիտասարդները կը գլորին, «քանի որ անոնք յուսահատած, զայրացած եւ առանձին են»։ Ո՛վ երիտասարդներ որ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ էք, դուք գլորելու պէտք չունիք։ Եհովա այնպիսի հոգեւոր սպառազինութիւն մը հայթայթած է ձեզի, զոր Սատանայի ‘երաժշտական’ նետերը բնաւ պիտի չկարողանան ծակել։—Սաղմոս 16։8, 9
17. Ինչպէ՞ս կարելի է զգացական ընկճուածութեան յաղթահարել։
17 Սատանայի կրակոտ նետերը մեր զգացումներուն հետ խաղալու համար ծրագրուած են։ Կեանքի ճնշումներով, ինչպէս՝ ֆիզիքական հիւանդութիւններով կամ խոր ընկճուածութեան վիճակով մը, մեր հակառակորդը կրնայ ոմանց զգացնել տալ թէ իրենք անարժէք են։ Անհատ մը կրնայ յուսահատիլ, քանի որ ան կարող չէ Աստուծոյ ծառայութեան շատ ժամեր յատկացնել կամ ժողովքի կարգ մը ժողովներ կը փախցնէ։ Երէցներու եւ ուրիշ ազնուասիրտ եղբայրներու ու քոյրերու սիրալիր հոգածութիւնը կրնայ այսպիսի մեծ խոցեր յաղթահարելու մէջ օգնել։ Միշտ յիշեցէք որ Եհովա իր հաւատարիմ ծառաները կը սիրէ։ (Ա. Յովհաննու 4։16, 19) Սաղմոս 55։22–ը կը նշէ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։
18. Ոմանք սատանայական ո՞ր հնարքներուն դէմ պէտք է պայքարին։
18 Վերջերս, Սատանայի խորամանկ «հնարքներ»ը ուրիշ ձեւով մըն ալ երեւան եկած են։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, բազմաթիւ չափահասներու մտքերը ներխուժած են այնպիսի խորհուրդներ, այն տպաւորութիւնը տալով թէ, իրենց մանկութեան, անոնք սադիստական կերպով սատանայական պաշտամունքներով խոշտանգուած էին։ Այսպիսի գաղափարներ ո՞ւրկէ կու գան։ Հակառակ կատարուած խոր հետազօտութեան, հասարակաց կարծիքները մեծապէս կը տարբերին։ Ոմանք այսպիսի խորհուրդներ իրական յիշատակներ կը նկատեն, ուրիշներ՝ որպէս պատրանքներ, թերեւս երկբայելի դարմանումէ մը մղուած, իսկ տակաւին ուրիշներ՝ որպէս մանկութեան որոշ շրջանին խոցի մը հետ առնչուող տեսակ մը մտամոլորում։
19. (ա) Յոբ ի՞նչպիսի խորհուրդներու դէմ պէտք էր պայքարէր։ (բ) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Եղիուսի օրինակին հետեւիլ։
19 Հետաքրքրութեան արժանի է որ Աստուծոյ ծառայ Յոբը «անհագստացնող խորհուրդներ»ու (ՆԱ) դէմ պէտք էր պայքարէր զորս Սատանան կը փոխանցէր Եղիփազի ու Սոփարի միջոցով։ (Յոբ 4։13–18. 20։2, 3) Ուստի Յոբ ‘տրտմեցաւ’, որու հետեւանքով, ան «յանդգնութեամբ» խօսեցաւ իր միտքը չարչրկող «արհաւիրքներ»ուն մասին։ (Յոբ 6։2–4. 30։15, 16) Եղիուս լուռ մտիկ ըրաւ Յոբին եւ անկեղծօրէն օգնեց անոր որ հարցերու շուրջ Եհովայի ամենաիմաստուն տեսակէտը տեսնէ։ Այսօր ալ, հասկացող երէցներ ցոյց կու տան որ վշտահարներուն հոգ կը տանին, անոնց վրայ «բեռ»ներ չաւելցնելով։ Ընդհակառակը, Եղիուսին նման, անոնք համբերութեամբ մտիկ կ’ընեն անոնց եւ ապա Աստուծոյ Խօսքին ամոքիչ իւղը կը գործածեն։ (Յոբ 33։1–3, 7. Յակոբու 5։13–15) Հետեւաբար, այն անհատը, որու զգացումները կարգ մը խոցերէ խանգարուած են, ըլլան անոնք՝ իրական կամ երեւակայական, կամ «երազներով ... ու ցնորքներով» զարհուրած է, ինչպէս էր Յոբին պարագան, կրնայ ժողովքէն ներս սուրբ գրային ամոքիչ մխիթարութիւն գտնել։—Յոբ 7։14. Յակոբու 4։7
20. Ինչպէ՞ս կարելի է նեղութիւն ունեցող Քրիստոնեաներուն օգնել, որ իրենց հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը պահեն։
20 Ներկայիս, Քրիստոնեայ մը կրնայ վստահ ըլլալ որ, այս կամ այն կերպով, Սատանան այս ահռելի խորհուրդներուն ետին կը գտնուի։ Եթէ ժողովքին մէջ ոմանք այս կերպով կը տառապին, իրենց կողմէ իմաստութիւն կ’ըլլայ այսպիսի սոսկալի մտային տպաւորութիւններ նկատել որպէս Սատանային կողմէ եկած ուղղակի յարձակում անոնց հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը խախտելու համար։ Անոնք սուրբ գրային համբերատար ու խոհեմ օգնութեան կարիքը ունին։ Աղօթքով Եհովայի դառնալով եւ հոգեւոր հովիւներու կողմէ օգնութիւն ստանալով, նեղութիւն ունեցողները բնականէն աւելի զօրութիւն պիտի ունենան։ (Եսայեայ 32։2. Բ. Կորնթացիս 4։7, 8, ՆԱ) Այս կերպով անոնք պիտի կարենան հաւատարմօրէն համբերել եւ թոյլ պիտի չտան որ ներս սպրդող չար խորհուրդներ ժողովքի խաղաղութեան ազդեն։ (Յակոբու 3։17, 18) Այո, անոնք պիտի կարենան Բանսարկուին հակառակ կենալ, ճիշդ Յիսուսի կեցուածքը ունենալով, երբ ան ըսաւ. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ»։—Մատթէոս 4։10. Յակոբու 4։7
21. Սուրբ Գրութիւնները մեզ ինչպէ՞ս կը զգուշացնեն Սատանայի ճարտար կերպերուն դէմ։
21 Մենք գիտենք որ Սատանայի նպատակն է կերպով մը մեր մտքերը ապականել, ինչպէս Պօղոս առաքեալ զգուշացուց Բ. Կորնթացիս 11։3–ին մէջ. «Կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն»։ Ներկայիս, Աստուծմէ օտարացած ամէն մարմնի, կամ մարդկային ընկերութեան, աւերումը մեզ կը յիշեցնէ Նոյի օրուան ապականուած եւ վայրագ խառնածին «հսկաներ»ուն կամ «Տապալիչներ»ուն կողմէ գործուած քայքայումը։ (Ծննդոց 6։4, 12, 13, ՆԱ, աստղանիշ. Ղուկաս 17։26) Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ Սատանան խորամանկ արարքներու եւ ճարտար կերպերու դիմէ իր բարկութիւնը թափելու համար, մասնաւորաբար Աստուծոյ ծառաներուն վրայ։—Ա. Պետրոս 5։8. Յայտնութիւն 12։17
22. Սատանան մէջտեղէն վերցուելէ ետք, ի՞նչ օրհնութիւններ կարելի է ակնկալել։
22 Աստուածաշունչի Յոբայ գրքին վերջին գլուխներուն մէջ, Սատանան նոյնիսկ չի յիշուիր։ Յոբի ուղղամտութեամբ փաստուեցաւ որ սուտ է անոր ամբարիշտ մարտահրաւէրը թէ մարդիկ չեն կրնար Աստուծոյ ուղղամիտ մնալ։ Նմանապէս, մօտ ապագային, երբ ուղղամիտ մնացող «մեծ բազմութիւն մը» «մեծ նեղութենէն» անցնի, այն ատեն Սատանան անդունդը պիտի ձգուի։ Հաւատքի տէր այրեր ու կիներ, մէջը ըլլալով՝ հաւատարիմ Յոբը, այդ ‘մեծ բազմութեան’ պիտի միանան դրախտային օրհնութիւններ վայելելու համար. Յոբին ստացած վարձատրութենէն շա՜տ աւելի հոյակապ օրհնութիւններ։—Յայտնութիւն 7։9–17. 20։1–3, 11–13. Յոբ 14։13
[Ստորանիշ էջ 18]
a Տես Անգլերէնով՝ Եհովայի Վկաներու 1992–ի Տարեգիրքը, էջ 17
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Յոբ, Յիսուս եւ Պօղոս ուղղամտութեան ի՞նչ գեղեցիկ օրինակներ հանդիսացան։
◻ Ուղղամիտ անհատները ինչպէ՞ս Սատանային դէմ դրած են։
◻ Երիտասարդները ինչպէ՞ս կրնան Սատանայի խորամանկ հնարքներուն ընդդիմանալ։
◻ Սատանայական հնարքներուն հետ գլուխ ելլելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։
[Նկար՝ էջ 18]
Եթովպիոյ մէջ, ներկայիս Մեսվաթը եւ Եոալան լման ժամանակով Եհովայի կը ծառայեն իրենց հօրը օրինակին հետեւելով, որ սպաննուեցաւ
[Նկար՝ էջ 18]
Էնթէլլիան, Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ուղղամիտ երիտասարդուհի մը