Հաւատքը զինք գործի մղեց
ԵՐԲ Եհովա Մովսէսի յանձնարարութիւն տուաւ որ Իսրայէլ ազգը Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրէր, Մովսէս նախ ուզեց խոյս տալ, ըսելով. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ»։ (Ելից 4։10) Այո, այսպիսի ծանրակշիռ նշանակումի մը համար, Մովսէս ինքզինք անատակ զգաց։
Այսօր ալ, Եհովայի ծառաներէն շատեր երբեմն անատակ կը զգան իրենց նշանակուած գործին համար։ Օրինակ, Թէոտոր կոչուած Քրիստոնեայ տեսուչ մը կը պատմէ. «Եհովայի ինծմէ պահանջած բաներուն մէջ ամենէն դժուարը դաշտի ծառայութիւնն է։ Երբ երիտասարդ էի, հապճեպով դէպի դուռ մը կ’երթայի, կը ձեւացնէի որ դուռը զարկի եւ կամացուկ մը կը հեռանայի, յուսալով որ ոեւէ մէկը զիս չլսեց կամ չտեսաւ։ Երբ քիչ մը մեծցայ, այլեւս այդպէս չէի ըներ, բայց տունէ տուն երթալու գաղափարը զիս ուղղակիօրէն կ’անհանգստացնէր։ Մինչեւ այսօր, ծառայութեան երթալէ առաջ կը հիւանդանամ, բայց՝ կ’երթամ»։
Ի՞նչ բան կարող դարձուց որ Մովսէս եւ Թէոտորի նման արդի Վկաներ իրենց վախերը յաղթահարեն։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «[Մովսէս] հաւատքով Եգիպտոսը թողուց ... վասնզի համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։—Եբրայեցիս 11։27
Արդարեւ, Եհովայի վրայ ունեցած հաւատքը օգնեց Մովսէսի որ անատակ ըլլալու զգացումին յաղթէ եւ որպէս դատաւոր, մարգարէ, ազգային առաջնորդ, Օրէնքի ուխտին միջնորդ, հրամանատար պատմաբան եւ Աստուածաշունչ գրող իր պարտականութիւնները կատարէ։
Նոյն կերպով, երբ Մովսէսի նման հաւատք ունինք, մենք ալ պիտի քալենք ‘որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնենք’։ Այսպիսի հաւատք մը քաջութիւն կը ներշնչէ, մեզ կարող դարձնելով որ մեր Քրիստոնէական պատասխանատուութիւնները կատարենք՝ նոյնիսկ երբ անոնց համար անատակ կը զգանք։