Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 7/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 7/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

1996–ի տարուան համարը. «Խօսքը կատարողներ եղէք»։—Յակոբու 1։22, ՆԱ

Օգոստոս 1—Վասն զի զոհի չես հաճիր, որ զանիկա մատուցանեմ։ Դուն ողջակէզի ա՛լ չես հաճիր։ Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է։ Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՝վ Աստուած, չես անարգեր։—Սաղմ. 51։16, 17, Դիտ. 1/1/95 10, 11.գ

Օգոստոս 2—Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մեկը մեկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։—Կող. 3։13, Դիտ. 3/1/95, 7, 8ա

Օգոստոս 3—Ի՛նչպէս վախնալով բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ սորվեցնելէ։—Գործք 20։20, Դիտ. 11/1/94 11, 13

Օգոստոս 4—Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ։—Մատթ. 24։14, Դիտ. 1/1/95 9, 10

Օգոստոս 5—0րինակը իր քով թող պահէ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կարդայ. որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ. Որպէս զի իր սիրտը իր եղբայրներուն վրայ չհպարտանայ։—Բ. Օր. 17։17, 19, Դիտ. 8/1/95 17

Օգոստոս 6—Արդարին համար լոյս ծագեցաւ եւ սրտով ուղիղներուն համար՝ ուրախութիւն։—Սաղմ. 97։11, Դիտ. 8/1/95 1, 2 բ

Օգոստոս 7–Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ, որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ։—Յակ. 1։17, Դիտ. 11/1/94. 6, 8

Օգոստոս 8—Բանի մը համար հոգ մի՝ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութոինով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։—Փիլ. 4։6, Դիտ. 12/1/94 7ա

Օգոստոս 9—Անիկա ամենակարող է ... Մեծ է զօրութեամբ, դատաստանով ու արդարութեամբ ու մէկուն զրկանք չ’ըներ։ Անոր համար մարդիկ կը վախնան անկէ։—Յոբ. 37։23, 24, Դիտ. 3/1/95 11, 12գ

Օգոստոս 10— «Ասկէ յետոյ Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ աղջիկները պիտի մարգարէանան, ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնան։ Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն։ Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ այն օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ։»—Յովհ. 2։28, 29, Դիտ. 12/1/94 12գ

Օգոստոս 11— Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։—Մատթ. 6։33, Դիտ. 4/1/95 11

Օգոստոս 12—Բայց արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ։—Առակ. 4։18, Դիտ. 8/1/95 13, 14, 20դ

Օգոստոս 13—Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար՝ է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար։—Բ. Տիմ. 3։16, Դիտ. 8/1/95 2, 4, 5ա

Օգոստոս 14—Եւ ամէն բանի վրայ հաւատքի վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել։—Եփես. 6։16, Դիտ. 2/1/95 15, 16բ

Օգոստոս 15—Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատէն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք։—Փիլ. 4։4, Դիտ. 4/1/95 4, 7 8բ

Օգոստոս 16—Տէրը բազմագութ ու ողորմած է։—Յակ. 5։11։ Դիտ. 6/1/95 12, 13

Օգոստոս 17—Բայց Տէրը իմ քովս կայնեցաւ ու զիս զօրացուց, որպէս զի քարոզութիւնը իմ միջոցովս լման ըլլայ։—Բ. Տիմ. 4։17, Դիտ. 2/1/95 9, 11

Օգոստոս 18—Քրիստոս մէկ անգամ պատարագ մատուցուեցաւ՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար։ —Եբր. 9։28, Դիտ. 8/1/95 20բ

Օգոստոս 19—«Գրուած է թէ Ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։—Մատթ. 4։4, Դիտ. 8/1/95 4ա

Օգոստոս 20—Վասն զի ես հաստստ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։—Հռովմ. 8։38,39, Դիտ. 7/1/94 20, 21

Օգոստոս 21—Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները Իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք դրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար։—Մաղ. 3։16, Դիտ. 7/1/94 20 21բ

Օգոստոս 22— Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն, Երկիրը ստեղծելէ առաջ, իր գործին սկիզբը։—Առ. 8։22, Դիտ. 11/1/94 16

Օգոստոս 23—Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել։—Մատթ. 10։28, Դիտ. 6/1/95 13, 14ա

Օգոստոս 24—Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։—Սաղ. 83։18, Դիտ. 8/1/95 7, 8գ

Օգոստոս 25—Իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին։—Յայտ. 7։14, Դիտ. 5/1/95 13, 14բ

Օգոստոս 26—Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։—Եբր. 13։4, Դիտ. 5/1/95 7, 8ա

Օգոստոս 27—Ուստի ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։—Ա. Կորն. 10։12, Դիտ. 8/1/94 5, 6ա

Օգոստոս 28—Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ալ ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկսիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու սէր ունենաք»։—Յովհ. 13։34, 35, Դիտ. 11/1/94 15, 17գ

Օգոստոս 29—Անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտերն ալ մխիթարեցէ՛ք տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամէնուն ալ երկայնամիտ եղէք։—Ա. Թես. 5։14, Դիտ. 7/1/95 16, 17ա

Օգոստոս 30—Ժողովուրդը ինծի հաւաքէ ու իմ խօսքերս լսել պիտի տամ անոնց, որպէս զի սորվին ինծմէ վախնալ որչափ ատեն որ երկրի վրայ ապրին ու իրենց որդիներուն ալ սորվեցնեն։—Բ. Օր. 4։10, Դիտ. 6/1/95 18, 19բ

Օգոստոս 31—«Իմ վկաներս դուք էք», կ’ըսէ Տէրը, Նաեւ իմ ընտրած ծառաս. որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաք եւ հասկնաք թէ ես եմ. ինծմէ առաջ Աստուած չեղաւ ու ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։—Եսայ. 43։10, Դիտ. 8/1/95 14, 15գ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել