Իրական ապահովութիւն—Խաբուսիկ նպատակակէտ մը
ԱՐՆՈԼՏԸ տղեկ մըն էր որ իր վագրէ խաղալիքին շատ կապուած էր։ Ո՛ւր որ երթար՝ խաղալու, ճաշելու կամ պառկելու՝ զայն հետը կը տանէր։ Այդ վագրը իրեն հանգստութեան եւ ապահովութեան զգացում մը կու տար։ Օր մը ողբերգութիւն մը պատահեցաւ. վագրը կորսուեցաւ։
Մինչ Արնոլտ արցունք կը թափէր, մայրը, հայրը եւ երեք մեծ եղբայրները տունը տակնուվրայ ըրին զայն գտնելու համար։ Վերջապէս անոնցմէ մէկը գտաւ զայն դարակի մը մէջ։ Հաւանաբար, Արնոլտ ի՛նք հոն դրած էր զայն ու ապա՝ մոռցած։ Երբ վագրը տրուեցաւ իրեն, Արնոլտ լացը դադրեցուց։ Ան ինքզինք դարձեալ ուրախ եւ ապահով զգաց։
Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, եթէ բոլոր խնդիրներն ալ այսքան դիւրութեամբ լուծուէին. դարակին մէջ խաղալիք վագր մը գտնելու նման։ Սակայն, շատերուն համար ապահովութեան հարցը շատ աւելի լուրջ եւ բարդ է։ Ամենուրէք մարդիկ հարց կու տան. ‘Ոճիրի կամ բռնարարքի զոհ պիտի երթա՞մ։ Իմ գործս կորսնցնելու վտանգը ունի՞մ։ Ընտանիքս բաւարար ուտելիք պիտի ունենա՞յ։ Ուրիշներ ինծմէ պիտի խուսափի՞ն իմ կրօնքիս կամ ցեղիս պատճառաւ’։
Անապահովութեան զգացումէ տառապողներուն թիւը մեծ է։ Միացեալ Ազգերու համաձայն, շուրջ երեք միլիառ անհատներ ո՛չ միայն սովորական հիւանդութիւններէ դարմանուելու, այլ նաեւ, անհրաժեշտ դեղեր առնելու կարելիութիւն չունին։ Մէկ միլիառէ աւելի անհատներ չափազանց աղքատութեան մատնուած են։ Շուրջ մէկ միլիառ անհատներ թէեւ կրնան աշխատիլ, բայց արդիւնաբեր աշխատանք մը չունին։ Ապաստանեալներու թիւը երթալով կ’աւելնայ։ 1994–ի վերջաւորութեան, երկրի բնակիչներուն 115–էն 1–ը ստիպուած եղած է իր տունը լքելու։ Տարեկան 500 միլիառ տոլար արժող թմրեցուցիչի առեւտուրի որպէս արդիւնք, միլիոնաւոր կեանքեր կը քանդուին, անհամար ոճիր եւ բռնութիւն ցանելով իր ճամբուն վրայ։ Պատերազմները միլիոնաւորներու կեանքը կը խլէ։ Միայն 1993–ի ընթացքին, 42 երկիրներ մեծ կռիւներու միջամուխ եղած են, իսկ 37 ուրիշներ՝ քաղաքական բռնութիւններ դիմագրաւած են։
Պատերազմը, աղքատութիւնը, ոճիրը եւ մարդկութեան ապահովութեան սպառնացող ուրիշ բաներ իրար հետ առնչուած են, եւ երթալով անոնց թիւը կ’աւելնայ։ Այս խնդիրներուն լուծումը հեշտ չէ։ Իրականութեան մէջ, մարդիկ բնաւ պիտի չկարենան լուծել զանոնք։
«Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ», կը զգուշացնէ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը։ Ուստի, որո՞ւ պէտք է յուսանք։ «Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյ վրայ է, որ երկինքը ու երկիրը, ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց»։—Սաղմոս 146։3–6
Երկրի վրայ ապահովութիւն բերելու համար ինչո՞ւ կրնանք Եհովայի վստահիլ։ Կարելի՞ է հիմա ապահով, ուրախ կեանք մը վարել։ Մարդկային ապահովութեան խոչընդոտները Աստուած ինչպէ՞ս պիտի վերցնէ։