Իրական խաղաղութիւն հիմա եւ յաւիտեան
ԿԱՍԿԱԾ չկայ որ Եհովա Աստուած կրնայ իր ժողովուրդին ապահովութիւն տալ։ Ան «Ամենակարող» է։ (Սաղմոս 68։14) Իր յատուկ անունը կը նշանակէ՝ «Ան Կը Պատճառէ Ըլլալ»։ Ասիկա զինք կը բնորոշէ որպէս տիեզերքի մէջ միակ Էակը որ կրնայ ամէն խոչընդոտ յաղթահարել իր խոստումները եւ իր կամքը կատարելու համար։ Աստուած ինք կ’ըսէ. «Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։—Եսայեայ 55։11
Աստուած ապահովութիւն կու տայ իրեն վստահողներուն։ Իր Խօսքը ասիկա կ’երաշխաւորէ։ Սողոմոն իմաստուն Թագաւորը ներշնչման ներքեւ ըսաւ, որ «Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է։ Արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ»։ Ապա ան ըսաւ. «Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ»։—Առակաց 18։10. 29։25
Ապահովութիւն՝ Աստուծոյ Ծառաներուն համար
Եհովա իրեն ապաւինողներուն ապահովութիւնը միշտ երաշխաւորած է։ Օրինակի համար, Երեմիա մարգարէն Աստուծոյ պաշտպանութիւնը վայելեց։ Երբ Բաբելոնի բանակները հաւատուրաց Երուսաղէմը պաշարեցին, ժողովուրդը ‘հացը կշիռքով եւ անձկութեամբ պիտի ուտէր’։ (Եզեկիէլ 4։16) Կացութիւնը ա՛յնքան ահաւոր եղաւ, որ կարգ մը կիներ իրենց զաւակները խաշեցին եւ կերան։ (Ողբք 2։20. 4։10) Այն ատեն Երեմիան թէեւ արգելափակուած էր իր խիզախ քարոզչութեան պատճառաւ, բայց Եհովա հոգ տարաւ որ ‘ամէն օր հացագործներուն փողոցէն մէկմէկ նկանակ հաց տրուի իրեն, մինչեւ որ քաղաքին հացը բոլորովին հատաւ’։—Երեմեայ 37։21
Երբ Երուսաղէմ Բաբելոնացիներու ձեռքը ինկաւ, Երեմիան ո՛չ սպաննուեցաւ եւ ոչ ալ Բաբելոն քշուեցաւ որպէս բանտարկեալ։ Հապա «[Բաբելոնացի] դահճապետը անոր պաշար ու պարգեւ տուաւ եւ զանիկա արձակեց’։—Երեմեայ 40։5
Դարեր ետք, Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ ծառաներուն հետեւեալ երաշխիքը տուաւ. «Հոգ մի՛ ընէք, ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ ի՞նչ պիտի խմենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք’։ Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն. վասնզի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։—Մատթէոս 6։31–33
Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Եհովա Աստուած իր ծառաները պիտի պաշտպանէ ներկայ բոլոր աղէտներէն։ Ո՛չ. հաւատարիմ Քրիստոնեաները դժբախտութիւններէ զերծ չեն։ Անոնք ալ կը հիւանդանան, կը հալածուին, ոճիրի զոհ կ’երթան, արկածներով իրենց կեանքը կը կորսնցնեն եւ ուրիշ տառապանքներ կը կրեն։
Թէեւ Եհովա տակաւին անոնց ամբողջական ապահովութիւն չի տար, բայց տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան որ իր զօրութիւնը կը գործածէ իր ծառաները խնամելու եւ պաշտպանելու համար։ Քրիստոնեաները Աստուածաշունչի սկզբունքները իրենց կեանքին մէջ գործադրելով ալ շատ մը խնդիրներէ կը պահպանուին։ (Առակաց 22։3) Ասկէ զատ, անոնք սիրալիր հոգեւոր եղբայրներու ու քոյրերու համաշխարհային ընկերակցութեան ապահովութիւնն ալ կը վայելեն, որոնք իրար կ’օգնեն, երբ կարիք մը յարուցուի։ (Յովհաննու 13։34, 35. Հռովմայեցիս 8։28) Օրինակ, պատերազմով պառակտուած Ռվանտայի մէջ իրենց եղբայրներուն ողորմելի վիճակին մասին տեղեկանալով, Եւրոպայի Եհովայի Վկաները ա՛նմիջապէս նուիրատուութիւններ ըրին եւ անոնց 65 թոն հագուստեղէն եւ 1,600,000 տոլարի արժողութեամբ դեղորայք, ուտելիք եւ ուրիշ հարկաւոր բաներ ղրկեցին։—Տես՝ Գործք 11։28, 29
Թէեւ Եհովա թոյլ կու տայ որ ճշմարիտ Քրիստոնեաներու վրայ փորձութիւններ գան, բայց անոնք վստահ են որ ան իրենց պիտի տայ զօրութիւն, օգնութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի համբերեն։ Պօղոս հաւատակիցներու գրելով ըսաւ. «Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարող ըլլաք համբերել’։—Ա. Կորնթացիս 10։13
Աստուած Ի՛նչ կ’ընէ Իր Ժողովուրդին համար
Ներկայիս, միլիոնաւոր մարդիկ Աստուծոյ կամքը կատարելու հաճոյքը կը վայելեն։ Անոնք Աստուծոյ ծառայելու պարտադրուած չեն զգար. ասիկա կ’ընեն քանի որ զինք կը ճանչնան ու կը սիրեն։ Քանի որ Եհովա ալ իր հաւատարիմ ծառաները կը սիրէ, ան նպատակադրած է երկիրը դրախտի վերածել, որպէսզի հնազանդ մարդիկ յաւիտեան խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ ապահովութիւն վայելեն։—Ղուկաս 23։43
Աստուած ասիկա պիտի ընէ երկնային կառավարութեան մը միջոցաւ, որու Կառավարիչը պիտի ըլլայ իր նշանակած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս։ (Դանիէլ 7։13, 14) Աստուածաշունչը այս կառավարութեան կ’ակնարկէ որպէս «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը» եւ որպէս «երկնքի թագաւորութիւնը»։ (Ա. Կորնթացիս 15։50. Մատթէոս 13։44) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային բոլոր կառավարութիւններուն տեղը պիտի առնէ։ Փոխանակ բազմաթիւ կառավարութիւններ ըլլալու, միայն մէկ կառավարութիւն պիտի ըլլայ, որ համայն երկրի վրայ արդարութեամբ պիտի իշխէ։—Սաղմոս 72։7, 8. Դանիէլ 2։44
Եհովա բոլորին կը հրամցնէ Թագաւորութեան ներքեւ ապրելու հրաւէրը։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է, մարդկութեան համար Թագաւորութեան ընելիք բաները բացատրող գիրքը՝ Աստուածաշունչը՝ ցրուել տալ։ Աստուածաշունչը աշխարհի մէջ ամենէն շատ տարածուած գիրքն է եւ հիմա ամբողջութեամբ կամ մասամբ մատչելի է աւելի քան 2,000 լեզուներով։
Եհովա Աստուած սիրալիր կերպով մարդոց կ’օգնէ որպէսզի հասկնան ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ Թագաւորութեան մասին։ Ասիկա կ’ընէ մարդոց ուսուցանելով եւ զանոնք ղրկելով որպէսզի ուրիշներուն Սուրբ Գիրքը բացատրեն։ Հինգ միլիոնէ աւելի Եհովայի Վկաներ հիմա Աստուծոյ Թագաւութեան բարի լուրը կը քարոզեն աւելի քան 230 երկիրներու մէջ։
Բոլորին Համար Իրական Ապահովութիւն
Ամէն մարդ պիտի ընդունի՞ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակ ըլլալու եւ իր արդար չափանիշներուն համաձայն ապրելու հրաւէրը։ Ո՛չ, քանի որ շատեր Աստուծոյ կամքը կատարելով չեն հետաքրքրուած։ Անոնք կը մերժեն աւելի լաւ կեանք մը ունենալու համար իրենց ի նպաստ թափուած ջանքերը։ Արդարեւ՝ անոնք կը նմանին Յիսուսի բացատրած անհատներուն. «Այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որպէսզի չըլլայ թէ աչքերով տեսնեն եւ ականջներով լսեն եւ սրտով իմանան ու դարձի գան եւ [Աստուած] զանոնք բժշկէ»։—Մատթէոս 13։15
Ի՞նչպէս կարելի է որ երկրի վրայ իրական ապահովութիւն գոյանայ, երբ մարդիկ կը մերժեն Աստուծոյ արդար ճամբաներուն համաձայն ապրիլ։ Ա՛նկարելի է։ Անաստուած մարդիկ Եհովայի ծառայել փափաքողներուն ապահովութեան կը սպառնան։
Աստուած մարդոց չ’ստիպեր որ փոխուին, բայց յաւիտեան ամբարշտութեան ալ պիտի չհանդուրժէ։ Թէեւ Եհովա համբերութեամբ կը շարունակէ իր Վկաները ղրկել, որպէսզի մարդոց սորվեցնեն իր ճամբաները եւ իր նպատակները, բայց այլեւս երկար ժամանակ պիտի չշարունակէ ասիկա։ Յիսուս Քրիստոս նախագուշակեց. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14
Աստուծոյ չափանիշները մերժողներուն համար ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենայ «վերջը»։ Ատիկա իրենց դատապարտութիւնը եւ կործանումը պիտի նշանակէ։ Աստուածաշունչը կը խօսի որ «վրէժ [պիտի առնուի] անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր. որոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6–9
Վե՜րջապէս Անվերջ Ապահովութիւն
Եհովայի խաղաղութեան ճամբաները մերժողներուն կործանումէն ետք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ապահովութեան փառաւոր դարաշրջանի մը բացումը պիտի կատարէ, երկրի վրայ ապրող արդար մարդոց համար։ (Սաղմոս 37։10, 11) Այդ նոր աշխարհը որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլայ ներկայ աշխարհէն։—Բ. Պետրոս 3։13
Այլեւս սով կամ անօթութիւն պիտի չըլլայ։ Ամէն անհատ առատ ուտելիք պիտի ունենայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ‘պարարտ բաներով կոչունք պիտի ընէ’։ (Եսայեայ 25։6) Ուտելիքի պակաս պիտի չըլլայ, քանի որ «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ. լեռներուն գլուխը»։—Սաղմոս 72։16
Այլեւս մարդիկ խրճիթներու կամ խեղճուկրակ քաղաքներու մէջ պիտի չբնակին։ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, բոլորն ալ լաւ տուներ պիտի ունենան եւ իրենց անձնական հողին արտադրութիւնը պիտի ուտեն։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն»։—Եսայեայ 65։21
Համատարած անգործութեան փոխարէն, արդիւնաբեր գործ պիտի ըլլայ եւ մարդիկ իրենց գործին արդիւնքը պիտի տեսնեն։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Իմ ընտրածները իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին»։—Եսայեայ 65։22, 23
Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, մարդիկ հիւանդութենէ կամ մահուընէ պիտի չտառապին։ Աստուծոյ Խօսքը հետեւեալ երաշխիքը կու տայ. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։—Եսայեայ 33։24
Շուտով իրականալիք երկրային դրախտին մէջ, տառապանքն ու ցաւը, վիշտը եւ մահը վերջացած պիտի ըլլան։ Այո, նո՛յնիսկ մահը։ Մարդիկ յա՛ւիտեան Դրախտին մէջ պիտի ապրին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։4
«Խաղաղութեան Իշխան»՝ Յիսուս Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ, երկրի վրայ կեանքը վե՜րջապէս ապահով պիտի ըլլայ։ Արդարեւ, մէկ կառավարութեան արդար ու սիրալիր իշխանութեան ներքեւ, համաշխարհային ապահովութիւն պիտի ըլլայ։—Եսայեայ 9։6, 7. Յայտնութիւն 7։9, 17
[Մէջբերում՝ էջ 4]
«Մարդկային ապահովութիւնը» ցոյց կու տայ վստահութիւն ապագայի վրայ . . . [հաւատք] Քաղաքական եւ տնտեսական կացութեան կայունութեան վրայ»։—Ասիոյ մէջ ապրող կին մը
[Մէջբերում՝ էջ 5]
«Ամէն բանէ աւելի բռնութիւնը եւ յանցագործութիւնը անապահով ըլլալու զգացումը կու տայ»։—Հարաւային Ամերիկա ապրող մարդ մը
[Մէջբերում՝ էջ 6]
«Ներխուժման ժամանակ ապահով չէի զգար Եթէ երկիր մը պատերազմի մէջ է, մարդիկ ի՞նչպէս ապահով պիտի զգան»։—Միջին Արեւելքէն Նախակրթարանի աշակերտ մը
[Մէջբերում՝ էջ 7]
«Ապահով պիտի զգամ, երբ գիտնամ թէ գիշերը առանց բռնաբարուելու վախի փոփողցը կրնամ քալել»։—Ափրիկէէն դպրոցական աղջիկ մը