Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 2/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • 1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 2/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10

Մարտ 1—Քու մէջդ խոնարհ ու աղքատ ժողովուրդ մը իբր մնացորդ պիտի թողում, որոնք Տէրոջը անուանը պիտի յուսան։ Իսրայէլին մնացորդները . . . պիտի արածին ու պիտի պառկին ու վախցնող պիտի չըլլայ։—Սոփ. 3։12, 13, Դիտ. 6/1/96 5, 6ա

Մարտ 2—Ես քեզի յայտնեմ, թէ Աստուծոյ համար ուրիշ խօսելիք ալ ունիմ։ . . . Արդարութիւնը Ստեղծողիս ընծայեմ։ Արդարներուն վրայէն աչքերը չի վերցներ։—Յոբ. 36։2, 3, 7, Դիտ. 6/1/96 7, 8գ

Մարտ 3—Հոգիով գացէք [«շարունակեցէք քալել», ՆԱ] ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք։—Գաղ. 5։16, Դիտ. 12/1/95 17գ

Մարտ 4—Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ։—Յայտ. 15։3, 4, Դիտ. 1/1/96 21, 22բ

Մարտ 5—Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին։—Եսայ. 54։13, Դիտ. 11/1/95 3, 8, 9

Մարտ 6—Իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ։—Կող. 3։13, Դիտ. 4/1/96 7

Մարտ 7Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է։—Յակ. 5։11, Դիտ. 2/1/96 5, 7ա

Մարտ 8—Եթէ կենաք հաւատքին մէջ հիմնուած ու հաստատ եւ առանց խախտելու աւետարանին յոյսէն որ լսեցիք, որ երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ, որուն ես՝ Պօղոսս՝ սպասաւոր եղայ։—Կող. 1։23, Դիտ. 12/1/95 16–18ա

Մարտ 9—Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։—Մատթ. 28։19, Դիտ. 3/1/96 10, 11գ

Մարտ 10—Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։—Սաղմ. 145։10, Դիտ. 6/1/96 5, 6բ

Մարտ 11—Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։—Եսայ. 50։4, Դիտ. 11/1/95 1, 2ա

Մարտ 12—Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք։ Բայց ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի։—Մար. 13։13, Դիտ. 3/1/96 1, 2ա

Մարտ 13—Հրեաները կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս ասիկա գրքերը գիտէ, որ սորված չէ»։—Յովհ. 7։15, Դիտ. 5/1/96 4, 5

Մարտ 14—Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։ Սրբութեան մէջ փառաւորեալ, օրհնութեան մէջ սքանչելի, հրաշքներ ընող՝ ո՞վ կայ քեզի նման։—Ել. 15։11, Դիտ. 1/1/96 15, 16բ

Մարտ 15—Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ։—Յակ. 1։25, Դիտ. 2/1/96 15, 20, 21ա

Մարտ 16—Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։—Մատթ. 6։10, Դիտ. 5/1/96 18ա

Մարտ 17—Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ։ Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ։—Սաղմ. 86։11, Դիտ. 6/1/96 3, 4գ

Մարտ 18—Այն աչքը, որ իր հայրը կը ծաղրէ եւ իր մօրը հնազանդիլը կ’անարգէ, ձորերուն ագռաւները պիտի փորեն ու արծիւներուն ձագերը պիտի ուտեն զանիկա։—Առ. 30։17, Դիտ. 1/1/96 16, 17ա եւ Ղուկաս 19։29–44a

Մարտ 19—Ան որ հայրը կամ մայրը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ եւ ան որ տղան կամ աղջիկը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ։—Մատթ. 10։37, Դիտ. 1/1/96 3, 4 եւ Ղուկաս 19։45–48. Մատթէոս 21։12, 13, 18, 19*

Մարտ 20—Անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ։—Փիլ. 2։7, 8, Դիտ. 12/1/95 13, 14գ եւ Ղուկաս 20։1–40*

Մարտ 21—Միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք։—Եբր. 12։3, Դիտ. 4/1/96 18–20 եւ Ղուկաս 22։1–6*

Մարտ 22—Գրուած չէ՞ թէ «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն». բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք։—Մար. 11։17, Դիտ. 12/1/95 12, 13բ եւ Ղուկաս 22։7–13. Մարկոս 14։12–16*

Մարտ 23—Յիշատակատօն՝ Արեւնամուտէն Ետք։ Փրկութիւն . . . մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով, որ մեզի համար մեռաւ։—Ա. Թես. 5։9, 10, Դիտ. 1/1/96 7, 8 եւ Ղուկաս 22։14–71*

Մարտ 24—Բերնիս խօսքերը ու սրտիս խորհուրդը քու առջեւդ ընդունելի ըլլան, ո՛վ Տէր, իմ վէ՛մս ու փրկի՛չս։—Սաղմ. 19։14, Դիտ. 6/1/96 16, 17գ

Մարտ 25—Սակայն աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է։—Ա. Տիմ. 6։6, Դիտ. 11/1/95/ 16, 17գ

Մարտ 26—Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը։—Ա. Պետ. 2։12, Դիտ. 5/1/96 20

Մարտ 27—Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։—Սաղմ. 83։18, Դիտ. 1/1/96 11–13բ

Մարտ 28—Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին։—Հռովմ. 5։12, Դիտ. 3/1/96 6, 7գ

Մարտ 29—Երուսաղէմի հրապարակներուն մէջ տակաւին ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ պիտի նստին, որոնց ամէն մէկուն ձեռքը գաւազան մը պիտի ըլլայ, քանի որ ծերացած են։ Քաղաքին հրապարակները տղաքներով ու աղջիկներով պիտի լեցուին, որոնք անոր հրապարակներուն մէջ պիտի խաղան։—Զաք. 8։4, 5, Դիտ. 2/1/96 14, 16, 17բ

Մարտ 30—Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։—Սաղմ. 119։97, Դիտ. 2/1/96 3, 4ա

Մարտ 31—Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար։—Յովհ. 5։28, 29, Դիտ. 11/1/95 13

[Ստորանիշ]

a Յիշատակատօնին համար Սուրբ Գրոց ընթերցանութիւն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել