Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10
Ապրիլ 1—Իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէս զի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ։—Ա. Կորն. 9։27, Դիտ. 6/1/96 3, 4բ
Ապրիլ 2—Ցեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի։—Եփ. 5։33, Դիտ. 1/1/96 15, 16
Ապրիլ 3—Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ։—Մատթ. 4։4, Դիտ. 4/1/96 12, 13
Ապրիլ 4—Իմ բարկութիւնս պիտի կատարուի եւ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի իջեցնեմ ու վրէժ պիտի առնեմ։ Երբ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ կատարեմ, պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ իմ նախանձովս խօսեցայ։—Եզեկ. 5։13, Դիտ. 12/1/95 2, 3բ
Ապրիլ 5—Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։ Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, անիկա իմ ականջս կը բանայ, որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։—Եսայ. 50։4, Դիտ. 11/1/95 12, 13ա
Ապրիլ 6—Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։—Սաղմ. 145։10, Դիտ. 6/1/96 17, 18բ
Ապրիլ 7—Զանոնք ձեր տղոցը սորվեցուցէք ու տունը նստած ատենդ, ճամբան քալած ատենդ եւ պառկելու ու ելլելու ատենդ զանոնք պատմէ։—Բ. Օր. 11։19, Դիտ. 5/1/96 18, 19
Ապրիլ 8—Պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը պիտի տեսնէք։—Մաղ. 3։18, Դիտ. 1/1/96 24, 25գ
Ապրիլ 9—Ժողովուրդը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։ Իսրայէլի որդիները գացին ու Տէրոջը Մովսէսին ու Ահարոնին պատուիրածին պէս ըրին։—Ել. 12։27, 28, Դիտ. 2/1/96 8
Ապրիլ 10—Ձեր որդիները . . . մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը։—Եփ. 6։4, Դիտ. 1/1/96 6, 7ա
Ապրիլ 11—Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու։—Յակ. 1։19, Դիտ. 4/1/96 17, 18ա
Ապրիլ 12—Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ։ . . . Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։—Յայտ. 21։5, Դիտ. 6/1/96 6, 7բ
Ապրիլ 13—Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։—Մատթ. 24։14, Դիտ. 5/1/96 11, 12ա
Ապրիլ 14—Ո՞վ լսեց այսպիսի բան մը, ո՞վ տեսաւ նման բան։ Միթէ երկիր մէկ օրուան մէ՞ջ կը ծնի, կամ ազգ մը մէկ անգամէ՞ն ծնաւ։ Քանզի Սիօն հազիւ երկունք քաշեց երբ իր տղաքները ծնաւ։—Եսայ. 66։8, Դիտ. 2/1/96 9–12բ
Ապրիլ 15—Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած. անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք. մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։—Սաղմ. 100։3, Դիտ. 4/1/96 1–3գ
Ապրիլ 16—Վճռած եմ ազգերը հաւաքել, թագաւորութիւնները գումարել, որպէս զի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս, իմ բոլոր բարկութիւնս թափեմ. քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի։—Սոփ. 3։8, Դիտ. 6/1/96 1
Ապրիլ 17—Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես։—Յես. 1։8, Դիտ. 2/1/96 10, 11
Ապրիլ 18—Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք։—Ա. Թես. 5։14, Դիտ. 1/1/96 9, 10ա
Ապրիլ 19—Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է։—Մատթ. 4։17, Դիտ. 5/1/96 2, 3ա
Ապրիլ 20—Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասն զի Դո՛ւն միայն սուրբ [«հաւատարիմ», ՆԱ] ես։—Յայտ. 15։4, Դիտ. 6/1/96 8, 9բ
Ապրիլ 21—Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես։—Սաղմ. 86։5, Դիտ. 4/1/96 10
Ապրիլ 22—Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ [«արագացնեմ», ՆԱ] ասիկա։—Եսայ. 60։22, Դիտ. 4/1/96 4, 5, 7բ
Ապրիլ 23—«Այն ատեն ձեզ ետ պիտի բերեմ, այն ատեն ձեզ պիտի հաւաքեմ եւ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ, երբ ձեր գերութիւնը ձեր աչքերուն առջեւ դադրեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։—Սոփ. 3։20, Դիտ. 6/1/96 7, 8ա
Ապրիլ 24—Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, այլ ես Տէրոջը զօրավարն եմ ու հիմա եկայ»։ Յեսու երեսի վրայ գետինը ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ անոր եւ ըսաւ. «Իմ Տէրս իր ծառային ի՞նչ կը հրամայէ»։—Յես. 5։14, Դիտ. 11/1/95 20, 21
Ապրիլ 25—Ձեզի քաղաքներ որոշեցէք, իբր ապաստանի քաղաքներ, որպէս զի սխալմամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի։—Թուոց 35։11, Դիտ. 3/1/96 7, 17բ
Ապրիլ 26—Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։—Մատթ. 24։45, Դիտ. 6/1/96 9, 10գ
Ապրիլ 27—Դուն կը հաւատաս թէ Աստուած մէկ է։ Աղէկ կ’ընես, դեւերն ալ կը հաւատան եւ կը սարսափին։—Յակ. 2։19, Դիտ. 2/1/96 16ա
Ապրիլ 28—Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է։—Ա. Տիմ. 5։8, Դիտ. 5/1/96 21, 22
Ապրիլ 29—Ամէն մէկը հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ։—Եսայ. 32։2, Դիտ. 4/1/96 15, 16ա
Ապրիլ 30—Ցնծա՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, բարձրաձայն աղաղակէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, բոլոր սրտով ուրախ եւ զուարթ եղի՛ր, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ։ Տէրը քու դատապարտութիւնդ հեռացուց քեզմէ։—Սոփ. 3։14, 15, Դիտ. 6/1/96 10, 11ա