Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 1/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • 1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 1/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10

Փետրուար 1—Շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը։—Եզեկ. 38։23, Դիտ. 12/1/95 21, 22բ

Փետրուար 2—Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ։—Առ. 27։11, Դիտ. 1/1/96 19–21ա

Փետրուար 3—Ուստի, սիրելինե՛ր, որովհետեւ մենք այս խոստումները ունինք, մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը։—Բ. Կորն. 7։1, Դիտ. 1/1/96 19, 20բ

Փետրուար 4—Քանզի այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան։—Մատթ. 24։21, 22, Դիտ. 3/1/96 1

Փետրուար 5—Այն քաղաքները ձեզի ապաստանարան պէտք է ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն, որպէս զի սպաննողը առանց դատաստանի ժողովուրդին առջեւ երեւնալով չմեռնի։—Թուոց 35։12, Դիտ. 3/1/96 7, 18, 19բ

Փետրուար 6—Ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։—Ա. Պետ. 5։8, Դիտ. 4/1/96 1–3

Փետրուար 7—Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք։—Ա. Յովհ. 5։3, Դիտ. 2/1/96 1, 2

Փետրուար 8—Երուսաղէմի հրապարակներուն մէջ տակաւին ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ պիտի նստին, որոնց ամէն մէկուն ձեռքը գաւազան մը պիտի ըլլայ, քանի որ ծերացած են։ Քաղաքին հրապարակները տղաքներով ու աղջիկներով պիտի լեցուին, որոնք անոր հրապարակներուն մէջ պիտի խաղան։—Զաք. 8։4, 5, Դիտ. 2/1/96 14, 16բ

Փետրուար 9—Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։—Յովհ. 17։3, Դիտ. 4/1/96 12, 15բ

Փետրուար 10—Զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիս։—Բ. Օր. 6։7, Դիտ. 1/1/96 1, 2ա

Փետրուար 11—Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, երգով Սիօն պիտի գան եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։—Եսայ. 35։10, Դիտ. 5/1/96 3, 4գ

Փետրուար 12—Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։ Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի։ . . . Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։ Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցո՛ւցիր ինծի։ . . . Քու դատաստաններդ սորվեցո՛ւր ինծի։—Սաղմ. 25։4, 5, 119։12, 66, 108, Դիտ. 11/1/95 16, 17

Փետրուար 13—Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։—Մատթ. 11։28, Դիտ. 11/1/95 12–14բ

Փետրուար 14—Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է։—Կող. 3։5, Դիտ. 12/1/95 10, 11բ

Փետրուար 15—Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ։—Եբր. 4։12, Դիտ. 5/1/96 9, 10

Փետրուար 16—Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մեկ Տէր է. եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ։—Մար. 12։29, 30, Դիտ. 1/1/96 1, 2

Փետրուար 17—Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք։—Ղուկ. 21։36, Դիտ. 3/1/96 19, 20

Փետրուար 18—Մեր դատաւորը Տէրն է, մեր օրէնսդիրը Տէրն է, մեր թագաւորը Տէրն է, անիկա մեզ պիտի ազատէ։—Եսայ. 33։22, Դիտ. 1/1/96 5–7գ

Փետրուար 19—Մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ։—Յայտ. 18։24, Դիտ. 3/1/96 4–6գ

Փետրուար 20—Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք։—Մատթ. 11։28, 29, Դիտ. 11/1/95 1, 2բ

Փետրուար 21—Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։—Բ. Տիմ. 1։13, Դիտ. 4/1/96 10բ

Փետրուար 22—Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։—Եփ. 6։11, Դիտ. 2/1/96 4, 5

Փետրուար 23—Ահա իմ ժողովուրդս արեւելեան երկրէն ու արեւմտեան երկրէն պիտի փրկեմ եւ զանոնք պիտի բերեմ, որ Երուսաղէմի մէջ բնակին։ Անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։—Զաք. 8։7, 8, Դիտ. 2/1/96 20, 21բ

Փետրուար 24—Տէր Աստուած ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար»։—Ծննդ. 2։18, Դիտ. 1/1/96 8ա

Փետրուար 25—Ան որ ինքնիրմէ կը խօսի, իր անձին փառքը կը փնտռէ, բայց ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, անիկա ճշմարիտ է։—Յովհ. 7։18, Դիտ. 5/1/96/ 1, 2

Փետրուար 26—Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։—Մատթ. 11։28, Դիտ. 11/1/95 14, 15բ

Փետրուար 27—Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն։—Առ. 12։18, Դիտ. 4/1/96 4, 6

Փետրուար 28—Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ։—Եսայ. 50։5, Դիտ. 11/1/95 3, 4ա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել