Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 5/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • 1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 5/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10

Յունիս 1—Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։—Մատթ. 28։19, 20, Դիտ. 11/1/95 7ա

Յունիս 2—Երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է։ ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան’։—Ղուկ. 21։31, 32, Դիտ. 3/1/96 7ա

Յունիս 3—Ձեզի հանդէպ աստուածային նախանձ մը ունիմ։ Վասն զի ես ձեզ էրկան մը նշանեցի՝ մաքուր կոյսի մը պէս Քրիստոսին առջեւ հանելու։—Բ. Կորն. 11։2, Դիտ. 12/1/95 14, 15բ

Յունիս 4—Բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան։—Եբր. 7։25, Դիտ. 3/1/96 12, 13գ

Յունիս 5—Բարեպաշտը երկրէն կորսուեցաւ։—Միք. 7։2, Դիտ. 6/1/96 2, 3բ

Յունիս 6—Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն։—Ա. Յովհ. 5։3, Դիտ. 1/1/96 13

Յունիս 7—Վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք։—Ա. Թես. 5։14, Դիտ. 4/1/96 14ա

Յունիս 8—Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք։—Յայտ. 18։4, Դիտ. 7/1/96 1, 3բ

Յունիս 9—Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։—Մատթ. 11։28, Դիտ. 11/1/95 18, 19բ

Յունիս 10—Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։—Յովհ. 17։3, Դիտ. 7/1/96 7, 8

Յունիս 11—Մարմնին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է, բայց աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի։—Ա. Տիմ. 4։8, Դիտ. 6/1/96 21գ

Յունիս 12—Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, բոլոր գործը լմնցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այնպէս ըրին։—Ել. 39։32, Դիտ. 2/1/96 9–11

Յունիս 13—Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով։—Ա. Պետ. 5։2, 3, Դիտ. 4/1/96 3, 4գ

Յունիս 14—Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ, Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ։—Սաղմ. 29։11, Դիտ. 2/1/96 20, 21գ

Յունիս 15—Շմաւոն պատմեց թէ Աստուած ի՛նչպէս առաջ այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար։ Այս բանին համար մարգարէներուն խօսքերն ալ կը միաբանին, . . . ‘որպէս զի մնացած մարդիկը Տէրը փնտռեն եւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է’, կ’ըսէ Տէրը։—Գործք 15։14-17, Դիտ. 7/1/96 5գ

Յունիս 16—Պառաւներուն այնպիսի վարմունք ունենալ, . . . բարի խրատ տուող. որ խրատեն նորահասակ կիները՝ որպէս զի այրերնին եւ զաւակնին սիրեն, խոհեմ, ողջախոհ, . . . որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի։—Տիտ. 2։3-5, Դիտ. 1/1/96 11ա

Յունիս 17—Գաղտնիքը ուրիշի մի՛ յայտներ։—Առ. 25։9, Դիտ. 6/1/96 11, 12գ

Յունիս 18—Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ։—Մատթ. 7։21, Դիտ. 5/1/96 14, 15ա

Յունիս 19—[Աստուած] զանիկա . . . նստեցուց իր աջ կողմը երկնքի մէջ ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ . . . եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ։—Եփ. 1։20-22, Դիտ. 1/1/96 13, 14գ

Յունիս 20—Ահա ես անոր վրայ խաղաղութիւնը գետի պէս ու ազգերուն փառքը յորդահոս հեղեղի պէս պիտի տարածեմ։—Եսայ. 66։12, Դիտ. 2/1/96 2, 3գ

Յունիս 21—Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։ Քանզի Աստուած ամէն գործ, ամէն ծածուկ բաներու հետ, թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ։—Ժող. 12։13, 14, Դիտ. 7/1/96 12, 13

Յունիս 22—Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ։—Յովհ. 15։19, Դիտ. 7/1/96 18գ

Յունիս 23—Կը տեսնէ՞ք թէ մարդ գործերով կ’արդարանայ, ո՛չ թէ՝ միայն հաւատքով։—Յակ. 2։24, Դիտ. 2/1/96 17ա

Յունիս 24—Անոր հատուցում ընելու համար (իբրեւ որդիներուս կը խօսիմ ձեզի,) դուք ալ դէպի զիս լայն բացէք ձեր սրտերը։—Բ. Կորն. 6։13, Դիտ. 4/1/96 9, 10ա

Յունիս 25—‘Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ։—Մար. 12։30, 31, Դիտ. 6/1/96 20, 21գ

Յունիս 26—Ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս։—Ա. Կորն. 4։7, Դիտ. 12/1/95 4գ

Յունիս 27—Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, երգով Սիօն պիտի գան եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։—Եսայ. 35։10, Դիտ. 5/1/96 2դ

Յունիս 28—Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք։—Եբր. 6։1, Դիտ. 4/1/96 19գ

Յունիս 29—Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն . . . որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը մարդոց որդիներուն գիտցնեն։ Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է ու քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։—Սաղմ. 145։11-13, Դիտ. 7/1/96 18, 19ա

Յունիս 30—Ձեռքերդ թող չթուլնան։ Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է։ Անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ։—Սոփ. 3։16, 17, Դիտ. 6/1/96 16, 17ա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել