«Խորունկ ջուրեր»ը դուրս հանել
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ առակ մը կ’ըսէ. «Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է, բայց խելացի [«ներատես», ՆԱ] մարդը զանիկա դուրս կը հանէ»։ (Առակաց 20։5) Աստուածաշունչի ժամանակներուն շատ աւելի դժուար էր ջուր ձեռք ձգելը, քան ինչ որ է պարագան ներկայիս շատ մը երկիրներու մէջ։ Երբ Յիսուս Սամարացի կնոջ խօսեցաւ, ան Յակոբի ջրհորէն ջուր կը քաշէր, հոր մը որ շուրջ 23 մեթր խորունկ էր։—Յովհաննու 4։5-15
Ինչպէս որ Առակաց 20։5 ցոյց կու տայ, անհատի մը սրտին մէջ եղած խորհուրդները ու զգացումները դուրս հանելու համար պահանջուած ներատեսութիւնը շատ նման է ջրհորէ մը ջուր քաշելու համար պահանջուած ջանքերուն։ Ասիկա կը կիրարկուի կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ։ Օրինակի համար, հաւանաբար կը ճանչնաք անհատներ, որոնք բազմաթիւ տարիներու ընթացքին ճոխ գիտութիւն ու փորձառութիւն կուտակած են։ Եթէ անոնք ինքնաբուխ խրատներ տալու հակումը չունին, թերեւս հարկ է զանոնք դուրս հանել։ Հետաքրքրութիւն ցոյց տալով, հարցումներ հարցնելով ու փափկանկատութեամբ խուզարկելով, այլաբանօրէն ձեր դոյլը իջեցուցած պիտի ըլլաք իմաստութեան խորունկ հորի մը մէջ։
Առակաց 20։5–ի խրատը ընտանիքէն ներս ալ կը կիրարկուի։ Յաճախ կիներ կ’ըսեն. «Ամուսինս ինծի չ’արտայայտեր իր զգացումները»։ Իսկ ամուսին մը կրնայ ըսել. «Կինս լուռ է ինծի հետ»։ Այսպիսի պարագաներու, կողակիցին սրտին խորը գտնուող խորհուրդները դուրս հանելու համար ներատեսութիւն կը պահանջուի։ Փափկանկատ հարցումներ (օրդ ինչպէ՞ս անցաւ, ի՞նչ պատահեցաւ, ի՞նչպէս կրնամ օգնել) յաճախ կրնան սրտակից խօսակցութեան մը դուռը բանալ։ Այսպիսի ներատեսութիւն, ամուսնութեան կապը պիտի ամրացնէ, որ օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ ամուսինին եւ թէ կնոջ համար։