Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 5/1 էջ 3
  • Լաւատե՞ս էք թէ՝ յոռետես

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Լաւատե՞ս էք թէ՝ յոռետես
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինքնաքննութեան Ժամանակ մը
  • Ինչպէ՞ս կրնաս ժխտական մտածելակերպին դէմ դնել
    Զարթի՛ր 2004
  • Ինչո՞ւ պէտք ունինք յոյսի
    Զարթի՛ր 2004
  • Ներկայիս լաւատես ըլլալու լուրջ հիմ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 5/1 էջ 3

Լաւատե՞ս էք թէ՝ յոռետես

ԱՆՈՆՔ լաւագոյն օրեր էին, վատագոյն օրեր էին, . . . անիկա յոյսի գարունն էր, յուսահատութեան ձմեռն էր, մեր դիմաց ամէն բան կար, ու մեր դիմաց բա՛ն մը չկար»։ Չարլզ Տիքընզի գլուխ գործոց՝ Երկու Քաղաքներու Պատմութիւնը խորագրով գրքին բացման խօսքերը հմտօրէն կը հակադրեն թէ դէպքերը ի՛նչպէս կրնան ազդել մեր մտածելակերպին, զգացումներուն եւ հայեցակէտին։

Հոս ակնարկուած երկու քաղաքներն են՝ Լոնտոն եւ Փարիզ, Ֆրանսական Յեղափոխութեան խռովալից ժամանակաշրջանին։ 18–րդ դարու Ֆրանսայի հարստահարուած քաղաքացիներուն համար, յեղափոխութեան յայտարարած մարդկային իրաւունքները՝ իրապէս «յոյսի գարուն» մըն էին։ Սակայն, նախկին վարչաձեւին կամ մեկնող քաղաքական դրութեան նեցուկ կանգնողներուն համար, անիկա մահուան եւ կործանումի առաջնորդող «յուսահատութեան ձմեռ» մըն էր։

Լաւատեսութի՞ւն թէ յոռետեսութիւն։ Ասիկա՝ հարցին մէջ ո՛ր կողմը ըլլալէն կախեալ էր։ Իսկ պարագան տակաւին նոյնն է այսօր։

Ինքնաքննութեան Ժամանակ մը

Լաւատե՞ս մըն էք։ Միշտ լաւագոյնը ակնկալելով, կեանքի փայլուն կողմը տեսնո՞ղ մըն էք։ Թէ ոչ յոռետես ըլլալու հակամէտ էք, ձեր ապագային նկատմամբ բացասական տեսակէտ մը որդեգրելով, լաւագոյնը յուսալով, բայց միեւնոյն ժամանակ յոռեգոյնը ակնկալելով։

Վաթսուն տարի առաջ, Ամերիկացի վիպագիր Ճէյմս Պրէնչ Քէյպըլ, այս երկու հակասական փիլիսոփայութիւնները ամփոփեց հետեւեալ կերպով. «Լաւատեսը կ’ըսէ թէ մարդկային լաւագոյն ընկերութեան մէջ կ’ապրինք. իսկ յոռետեսը կը խորհի թէ այդ չէ պարագան»։ Եթէ կը խորհիք թէ այս տեսակէտը անպատկառ է, նկատի առէք ներկայ աշխարհի միա՛յն երեք երեւոյթներու թեր ու դէմ ազդակները, ինչպէս որ հոս ներկայացուած են։ Ապա ձեր հակազդեցութիւնը վերլուծեցէք, դուք ձեզի հարց տալով. ‘Լաւատե՞ս եմ թէ՝ յոռետես’։

Մնայուն Խաղաղութիւն. Քանի՞ երկիրներ կրնաք թուել, ուր կռիւներ կան։ Իսկոյն մեր միտքը կու գան՝ Իրլանտան, նախկին Եուկոսլաւիան, Միջին Արեւելքը, Պուրունտին, Ռուանտան։ Ասոնք եւ նման պայքարներ պիտի լուծուի՞ն օր մը, մնայուն եւ երկրածաւալ խաղաղութիւն ապահովելու համար։ Աշխարհ դէպի խաղաղութի՞ւն կ’ուղղուի։

Տնտեսական Կայունութիւն. Մինչ 1999–ի սեմին դրամական միութիւն կ’ակնկալեն, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն ոմանք դրամահոսկի եւ հանրային մաքսատուրքի լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Այլուր, ապականութիւնը կը մաշեցնէ շատ մը ամերիկեան եւ ափրիկեան պետութիւններու կառոյցը, ուր դրամահոսկը գրեթէ անտանելի բեռ մը կը դառնայ, իսկ ազգատոհմային խնդիրները տակաւին մարդիկը կը պառակտեն։ Համաշխարհային տնտեսական կայունութիւն մը մօ՞տ է։

Անգործութիւն. 1997–ին տեղի ունեցած ազգային քուէարկութեան ընթացքին, բրիտանական եկեղեցիները միասնաբար կոչ ուղղեցին որ քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները իրենց գործացուցակին մէջ ամենուն գործ հայթայթելու ծրագիրը առաջին տեղը դնեն։ Սակայն, եթէ աշխարհի աշխատաւորներու 30 առ հարիւրը անգործ է կամ բաւարար աշխատանք չունի, կարելի՞ է որ մնայուն, լիաժամ գործ ըլլայ, յատկապէս երիտասարդներուն։

Որքա՜ն դիւրին է յոռետես ըլլալ։ Այսուհանդերձ, լաւատես ըլլալու հիմ մը կայ, եւ կը հրաւիրենք ձեզ որ նկատի առնէք թէ ի՛նչպէս կարելի է լաւատես հայեցակէտ մը զարգացնել։

[Նկար՝ էջ 3]

Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը

[Նկարին աղբիւրը]

From the book Pictorial History of the World

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել