Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 1/1 էջ 3-5
  • Ճշմարտութիւնը կեանքեր կը փոխէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ճշմարտութիւնը կեանքեր կը փոխէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կեանքի Մէջ Նպատակ մը
  • Նոր Ընտանիք մը
  • Եհովա հոյակապ վարձատրութիւն մը կը խոստանայ Դանիէլի
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
    Դիտարան. Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 1/1 էջ 3-5

Ճշմարտութիւնը կեանքեր կը փոխէ

ԹԷԵՒ ցաւալի, սակայն իրողութիւն է թէ ներկայիս բազմաթիւ մարդոց կեանքը դժուարացած, նոյնիսկ տագնապալի դարձած է։ Կարելի՞ է որ այսպիսի մարդիկ ուրախութիւն գտնեն։ Ոմանք ոճրագործներ են ու իրենց դրացիները կը յօշոտեն։ Կարելի՞ է որ անոնք մարդկային ընկերութեան մէջ պարկեշտ անդամներ դառնան։ Այս երկու հարցումներուն պատասխանը՝ այո՛ է. մարդիկ կրնա՛ն փոխուիլ։ Մարդոց կեանքը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ։ Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ թէ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է, երբ գրեց. «Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։—Հռովմայեցիս 12։2

‘Աստուծոյ կատարեալ կամքը’ արտայայտութիւնը թերեւս մեր միտքը բերէ Պօղոսի վերոյիշեալ խօսքերէն 20 տարիներ առաջ, իր աշակերտներուն ըսած Յիսուսի խօսքերը։ Ան ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհաննու 8։32) «Ճշմարտութիւն» ըսելով Յիսուս կ’ակնարկէր աստուածային ներշնչեալ տեղեկութիւններուն՝ յատկապէս Աստուծոյ կամքին հետ առնչուած, որոնք Աստուածաշունչին մէջ մեզի համար պահպանուած են։ (Յովհաննու 17։17) Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մարդիկը իրապէ՞ս կ’ազատէ։ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ ապրիլը իրապէ՞ս կեանքեր կը փոխէ։ Ա՛րդարեւ։ Քանի մը օրինակ նկատի առէք։

Կեանքի Մէջ Նպատակ մը

Ճիպրալթարի մէջ ապրող Մոյսէսը, մինչեւ վերջերս շատ ապերջանիկ մարդ մըն էր։ Ան կ’ըսէ. «Ես գինեմոլ մըն էի ու փողոցը կը պառկէի։ Քանդուած կը զգայի։ Ամէն գիշեր Աստուծմէ կը խնդրէի որ ողորմէր ինծի եւ ուրիշ օրուան մը լոյսը տեսնել չտար ինծի։ Արցունքով Աստուծոյ կը հարցնէի թէ ինծի պէս անպիտան, առանց աշխատանքի, առանց ընտանիքի ու առանց օգնականի մէկը ի՞նչ գործ ունի այս աշխարհին մէջ։ Ի՞նչ պէտք ունէի ապրելու»։ Ապա, բան մը պատահեցաւ։

Մոյսէս կը շարունակէ. «Երբ Ռոպէրթոյին՝ Եհովայի Վկաներէն մէկուն՝ հանդիպեցայ, գիտցայ որ Աստուած աղօթքս լսած էր։ Ռոպէրթօն ինծի Աստուածաշունչ մը եւ զայն ուսումնասիրելու օժանդակող՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ՝ գրքոյկը տուաւ։a Ամէն օր միասնաբար Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէինք այն նստարանին վրայ, ուր գիշերը կը պառկէի։ Ամիս մը ետք, Ռոպէրթօն ինծի Եհովայի Վկաներու տեղական Թագաւորութեան Սրահին մէջ տեղի ունեցող ժողովի մը տարաւ։ Շատ չանցած, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը բոլորովին հայեցակէտս փոխեց։ Այլեւս դուրսերը չեմ պառկիր, ոչ կը խմեմ, ոչ ալ կը ծխեմ։ Կեանքս փոխուեցաւ ու հիմա շատ երջանիկ եմ։ Կը յուսամ շուտով մկրտուիլ ու Եհովայի ծառայել որպէս իր Վկաներէն մէկը»։

Ի՜նչ փոփոխութիւն։ Երբ մարդիկ անյոյս են, յաճախ պատճառը գիտութեան պակասն է։ Անոնք Աստուծոյ եւ իր հոյակապ նպատակներուն մասին չեն գիտեր։ Մոյսէսի պարագային, երբ ան գիտութիւն ձեռք ձգեց, անիկա իրեն պէտք եղած զօրութիւնն ու քաջութիւնը տուաւ որ իր կենցաղը փոխէ։ Աստուծոյ ուղղած սաղմոսերգուին աղօթքը իր պարագային ալ պատասխանուեցաւ. «Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի անոնք առաջնորդեն ինծի ու զիս հանեն քու սուրբ լեռդ ու բնակարաններդ»։—Սաղմոս 43։3

Պէլիզի մէջ, Դանիէլ նման փորձառութիւն մը ունեցաւ։ Ան փողոցը չէր պառկեր, այլ՝ պատուաբեր գործ մը ունէր։ Սակայն, 20 տարիէ ի վեր թմրեցուցիչի ու ալքոլի մոլութեան դէմ կը պայքարէր ու անբարոյ կեանք մը կը վարէր։ Թէեւ Դանիէլ որպէս Կաթողիկէ մեծցած էր, բայց կեանքը անիմաստ կը գտնէր եւ նոյնիսկ Աստուծոյ գոյութեան վրայ կը կասկածէր։ Օգնութեան համար ան տարբեր եկեղեցիներ գնաց, բայց նկատեց որ եկեղեցի գացող ու նոյնիսկ եկեղեցական իր ընկերներէն շատեր թմրեցուցիչի ու ալքոլի մոլի դարձած էին։ Մինչ այդ, իր կինը ամուսնալուծման դիմած էր։

Դանիէլ յուսահատ՝ վերակազդուրման կայանի մը դիմեց։ Սակայն, գիտէր թէ անկէ դուրս ելլելէն ետք, դարձեալ թմրեցուցիչի պիտի դառնար, եթէ օգնութիւն չստանար։ Բայց ի՞նչպիսի օգնութիւն։ Մայիս 1996–ին, վերակազդուրման կայանէն դուրս գալէն երկու օր ետք, Դանիէլ Եհովայի Վկայի մը մօտենալով զայն անակնկալի բերաւ հետեւեալ խնդրանքով. «Հաճի՜ս ինծի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ»։ Վկան կարգադրեց որ Դանիէլին հետ շաբաթը երկու անգամ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ. Դանիէլ շուտով սկսաւ Աստուծոյ կամքին համաձայն կեանք մը վարել եւ իր հին ընկերները փոխարինեց Քրիստոնեայ բարեկամներով, որոնք թմրեցուցիչի կամ ալքոլի մոլիներ չէին ու անբարոյութենէ կը խուսափէին։ Հետեւաբար, Դանիէլ գիտակցեցաւ որ Աստուածաշունչը շիտակ է, երբ կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չարիքի կը հանդիպի»։ (Առակաց 13։20) Շատ չանցած, ան ըսաւ. «Կեանքիս մէջ առաջին անգամն է որ կը հասկնամ թէ ի՛նչ կը նշանակէ մաքուր խղճմտանք ունենալ»։ Դանիէլի կեանքն ալ փոփոխութիւն կրեց։

Բորթօ Ռիքոյի մէջ, ուրիշ անհատ մըն ալ աչքառու փոփոխութիւն մը ունեցաւ։ Ան քանի մը հոգի սպաննած ըլլալուն պատճառով, վտանգաւոր բանտարկեալ մը նկատուած էր։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կրնա՞ր զինք փոխել։ Այո՛։ Եհովայի Վկաներէն մէկը, Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի պարբերաթերթերէն քանի մը օրինակներ տուաւ անոր. շուտով ան յաւելեալ օրինակներ խնդրեց։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ իր հետ, եւ մինչ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սկսաւ իր սրտին ազդել, անոր կատարած փոփոխութիւնները բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեցին։ Իր փոփոխութեան առաջին ապացոյցը եղաւ, երբ ան իր երկար մազերը կտրեց ու անխնամ մօրուքը ածիլեց։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած իրապէ՛ս զղջացող ու իրենց կենցաղը փոխող մեղաւորներուն կը ներէ։ Պօղոս գրեց. «Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ . . . Դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք»։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 11) Անկասկած այս խօսքերը, ինչպէս նաեւ Գործք Առաքելոց 24։15–ին խօսքերը՝ «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»՝ մխիթարեցին այս մարդը։ Ան ըսաւ. «Կը փափաքիմ յարութեան ժամանակ հոն ըլլալ, որպէսզի կարենամ սպաննած անձերէս ներողութիւն խնդրել»։

Նոր Ընտանիք մը

Օր մը, Արժանթինի մէջ ապրող Լուիս անունով լիաժամ քարոզող Եհովայի Վկայ մը, երիտասարդի մը ծանօթացաւ որ տխուր անցեալ մը ունէր։ Իր ծնունդէն իսկ ծնողքին կողմէ լքուած, ան զանազան հաստատութիւններու մէջ մեծցած էր։ Երբ ան շուրջ 20 տարեկան էր, իր մօր մասին տեղեկութիւններ ձեռք ձգեց ու որոշեց անոր տան մօտ բնակիլ։ Ան ծանր աշխատեցաւ, բաւական լաւ գումար մը խնայեց, ապա ճամբորդեց իր մօր բնակած քաղաքը։ Մայրը զինք իր տան մէջ ընդունեց մինչեւ որ անոր դրամը հատաւ, ապա անոր ըսաւ որ տունէն մեկնէր։ Այս մերժումը անձնասպանական գաղափարներ արթնցուց իր մէջ։

Սակայն, Լուիս կրցաւ այս երիտասարդին հետ բաժնել իր ունեցած Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը։ Այդ ճշմարտութիւնը կ’ընդգրկէ հետեւեալ երաշխիքը. «Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն, բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի»։ (Սաղմոս 27։10) Այս երիտասարդը գիտակցեցաւ թէ երկնաւոր Հայր մը ունէր որ բնաւ զինք պիտի չլքէր։ Ներկայիս, ան ուրախ է որ նոր ընտանիքի մը՝ Եհովայի ընտանիքին՝ մաս կը կազմէ։

Նոյն երկրին մէջ, ուրիշ անհատ մը Եհովայի Վկաներէն մէկուն ըսաւ որ ինք կը սիրէր Դիտարան պարբերաթերթը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա իր ամուսնութիւնը փրկած էր։ Այնպէս կը թուի թէ օր մը այս մարդը իր աշխատանքէն դուրս եկած ատեն, աղբին մէջ Դիտարան պարբերաթերթ մը տեսաւ, որ մեծ տառերով «Ամուսնալուծում» խորագիրը կը կրէր։ Քանի որ իր ամուսնութիւնը խնդիրներով լեցուն էր եւ ինք ու իր կինը օրինական բաժանումի ձեռնարկած էին, ան աղբին մէջէն հանեց պարբերաթերթը ու սկսաւ կարդալ։ Ապա, զայն տուն տարաւ ու իր կնոջ հետ միասնաբար կարդացին։ Այս զոյգը փորձեց կիրարկել պարբերաթերթին բովանդակած սուրբ գրային խրատները։ (Եփեսացիս 5։21–6։4) Շուտով անոնց յարաբերութիւնը բարելաւուեցաւ։ Անոնք բաժանումի քայլերէն հրաժարեցան ու ներկայիս Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն որպէս միացած ամոլ մը։

Ուրուկուէյի մէջ, Լուիս անունով ուրիշ անհատ մը շատ ապերջանիկ էր։ Թմրեցուցիչի մոլութիւն, ոգեհարցութիւն, կռապաշտութիւն, ալքոլի չափազանց գործածութիւն եւ նման բաներ իր կեանքը քաոսային վիճակի մը հասցուցած էին։ Վերջապէս, բոլորովին ընդվզած, ան անաստուած եղած էր։ Բարեկամ մը անոր տուաւ՝ Կեանքը Ի՞նչպէս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ գիրքը։b Ասիկա պատճառ եղաւ որ Լուիս կարճ միջոց մը Եհովայի Վկաներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ գայ, սակայն շատ չանցած, ան դարձեալ վերադարձաւ ալքոլի ու թմրեցուցիչի։ Անգամ մը, չափազանց վհատած մէկ պահուն, երբ անդրադարձաւ որ աղբանոցի մը մէջ նստած էր, ան աղօթեց ու իր աղօթքը ուղղեց «Յիսուս Քրիստոսին հօրը», քանի որ Աստուծոյ անունէն վստահ չէր։

Ան Աստուծմէ խնդրեց որ իրեն ցոյց տայ թէ իր կեանքը ի՛նչ նպատակի կը ծառայէ։ Լուիս կը պատմէ. «Յաջորդ օրն իսկ, ծանօթ մը ինծի գիրք մը տուաւ, որուն պէտքը չունէր։ Գրքին խորագիրն էր՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է»։c Այս գիրքը իրեն օգնեց որ իր հարցումին պատասխանը ստանայ։ Լուիս դարձեալ աղօթեց որ Աստուած իրեն օգնէ գտնելու այն կրօնքը որ կրնայ իրեն ցոյց տալ Աստուծոյ ծառայելու կերպը։ Ի՜նչ անակնկալի եկաւ, երբ զանգը զարնուեցաւ, եւ ահա դրան առջեւ երկու Եհովայի Վկաներ կայնած էին։ Լուիս անմիջապէս սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել անոնց հետ։ Ան արագօրէն յառաջդիմեց ու հիմա մկրտուած Վկայ մը ըլլալուն համար օրհնուած կը զգայ։ Ան մաքուր կեանք մը կը վարէ եւ կ’օգնէ ուրիշներուն որ իրենց կեանքին մէջ նպատակ մը գտնեն։ Իր պարագային, Սաղմոս 65։2–ին խօսքերը իրականացան. «Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին»։

Ֆիլիպինի մէջ, Ալան ուսանողներու մէջ քաղաքական գործիչ մըն էր։ Ան կը պատկանէր կազմակերպութեան մը, որու նպատակն էր՝ «կառավարութիւնը տապալել, որպէսզի ապագայ սերունդները կարենան հաւասարութիւն վայելել»։ Սակայն, օր մը ան Եհովայի Վկաներուն հանդիպեցաւ ու Աստուածաշունչէն սորվեցաւ թէ ի՛նչ էր Աստուծոյ նպատակը մարդկութեան համար։ Այդ նպատակը կը պարունակէ հետեւեալ ներշնչեալ խոստումը. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ . . . ։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ (Սաղմոս 37։10, 11) Ալան ըսաւ. «Շատ չանցած նշմարեցի որ մեր շարժումին ինչ բանի համար որ պայքար կը մղէր, արդէն շատոնց խոստացուած էր Աստուածաշունչին մէջ։ Այն բոլոր բաները որոնց կարօտը կը քաշենք, պիտի շնորհուին Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ»։ Ներկայիս, Ալան Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կը կանգնի եւ ուրիշներուն կ’օգնէ որ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հաւատք ընծայեն։

Այո, երբ անհատներ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ ճշմարտութեան անսան, իրենց կեանքը կրնայ փոխուիլ։ Արդարեւ, ժամանակ պիտի գայ, երբ բոլոր վերապրող մարդիկ իրենց կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ պիտի ներդաշնակեն։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ։ Ապա, հետեւեալ մարգարէութիւնը պիտի իրականանայ. «Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։—Եսայեայ 11։9

[Ստորանիշներ]

a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

b Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

c Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել