Ի՞նչպէս կրնաք պաշտպանել ձեր զաւակները
ՍԷՆ ԲԱՒԼՈՅԻ մէջ, Պրազիլիա, տարիներ իր շրջանի դպրոցը յաճախելէ ետք, Վէրնէրa 3,000 ուրիշ պատանիներու հետ սկսաւ աւելի բարձր ուսման հետեւիլ։ Առաջին անգամ ըլլալով, ան նկատեց որ իր դասընկերներէն ոմանք թմրեցուցիչ կը ծախէին ու կը գործածէին։ Մանրակազմ ըլլալով, ան շուտով աւելի հին աշակերտներուն կողմէ նորընծայութեան նուաստացուցիչ եւ վտանգաւոր արարողութիւններու զոհ դարձաւ։
Վէրնէրի քոյրը՝ Էվան ալ խնդիրներ ունեցած էր։ Իր լաւագոյնը ընել ջանալով, ան չափազանց սերտելով սպառած եւ մտային խանգարում ունեցած էր։ Ուրիշ անչափահասներու նման, Վէրնէր եւ Էվան ֆիզիքական եւ զգացական պաշտպանութեան կարիքը ունէին։ Ձեր զաւակները ի՞նչ տեսակ օգնութեան պէտք ունին։ Զանոնք ի՞նչպէս կրնաք պատրաստել չափահաս կեանքի։ Արդարեւ, ձեր զաւակներուն համար ի՞նչպիսի ապագայ մը կը փափաքիք։
Սնունդէ Աւելիին Կարիքը Ունին
Պահ մը խորհեցէք թէ ծնողներու համար ներկայիս որքա՛ն դժուար հարց է իրենց զաւակները պաշտպանել։ Ընտանեկան կեանքի որակին քայքայումով եւ աղքատութեան աւելնալով, շատ մը երկիրներու մէջ փողոցը ապրող երախաներուն թիւը կ’աւելնայ։ Երախաներու ծանր աշխատանքը, մատղաշ տարիքի մէջ եղողները շահագործուելէ պաշտպանելու համար, ձեռնածալ մնալուն հետեւանքն է։ Թմրեցուցիչի գործածութիւնն ալ բազմաթիւ պատանիներու ու երիտասարդներու կործանման պատճառ կ’ըլլայ։ Օրինակ, երբ Պրազիլիացի պատանի մը թմրեցուցիչի մոլին դարձաւ, իր տունէն խաղաղութիւնը անյայտացաւ։ Ծնողքը զգացական լարուած վիճակ մը ունենալէն զատ, իր ապաքինման ծախսերը հոգալու պայքարն ալ ունէր, իսկ անխիղճ թմրեցուցիչ ծախողներ իրենց դուռը կը զարնէին դրամ պահանջելու համար։
Սակայն, հակառակ կեանքի ճնշումներուն, շատ մը ծնողներ կը շարունակեն պայքարիլ, որպէսզի իրենց զաւակներուն ոչ միայն ուտելիք, հագուելիք եւ պատսպարան հայթայթեն, այլ նաեւ, բռնութենէն, թմրեցուցիչէն եւ ուրիշ խնդիրներէն պաշտպանեն զանոնք։ Ասիկա ազնիւ ջանք մըն է, բայց արդեօք բաւարա՞ր է։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ զգացական եւ հոգեւոր վնասներէն պաշտպանուելու մասին։ Շատեր կը գիտակցին որ յաջող ծնող ըլլալը իր մէջ կը պարփակէ իրենց զաւակներուն բարեկամներու եւ զբօսանքի ընտրութեան դժուար հարցը։ Սակայն ծնողներ ի՞նչպէս կրնան ոչ շատ պահպանողական ըլլալ եւ ոչ ալ շատ թոյլատու։ Ձեզ կը հրաւիրենք որ յաջորդ յօդուածով նկատի առնէք պատասխանները։
[Ստորանիշ]
a Այս յօդուածին մէջի անունները փոխուած են։