Երբ զինեալ գողեր յարձակում գործեն
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Ափրիկեան բացառիկ արուարձանի մը՝ Իգոյիի մէջ, ապարանքները ամրոցներ դարձած են։ Անոնցմէ շատեր 3 մեթր բարձրութիւն ունեցող շրջապատեր ունին, որոնք սրածայր երկաթներով, կոշտ ու սրածայր ապակիներով, կամ բոլորաձեւ փշոտ թելով շրջապատուած են։ Պահակներ կը հսկեն հսկայական դռները, որոնք սողնակներով, նիգերով, շղթաներով եւ կախուած փականքներով ապահովուած են։ Պատուհաններուն երկաթէ ձողեր դրուած են։ Պողպատէ դռներ ննջասենեակները կ’անջատեն տան մնացեալ սենեակներէն։ Գիշերը հսկայ շուներ՝ Ալզասեաններ եւ Ռիթուէլըրներ՝ ազատ կ’արձակուին։ Զօրաւոր լոյսեր մթութիւնը կը փարատեն, իսկ երբ վտանգ մը չկայ, համակարգիչային հսկողութեան սարքէն թեթեւ սուլոց մը կը լսուի։
Ամէն մարդ իր տունը ապահովելու կարիքը կը զգայ։ Լրագիրներու խորագիրներ կը գանգատին. «Զինեալ Գողեր կը Կողոպտեն Հասարակութիւնը», «Երախաներու Գողութիւնը Անսանձելի կը Դառնայ», եւ՝ «Խուճապ՝ Երբ Փողոցի Աւազակախումբեր կը Պաշարեն [Գիւղաքաղաք մը]»։ Շատ մը երկիրներու մէջ ա՛յս է պատկերը։ Ինչպէս Աստուածաշունչը նախագուշակած էր, իրապէս չար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։—Բ. Տիմոթէոս 3։1
Ոճիրի համեմատութիւնը, զինեալ գողութիւնն ալ ներառեալ, համայն երկրի մէջ վերելքի մէջ է։ Հետզհետէ, կառավարութիւններ չեն կրնար, կամ չեն ուզեր, իրենց քաղաքացիները պաշտպանել։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ոստիկանութիւնը թիւով ու զէնքով շատ ըլլալով հանդերձ, խեղճօրէն պատրաստուած են մարդոց օգնութեան կանչերուն պատասխանելու համար։ Հանդիսատեսներէն շատեր չեն ուզեր միջամուխ ըլլալ։
Ոստիկանութենէն կամ հանրութենէն եկած օգնութեան չկարենալով վստահիլ, զոհերը ինքնապաշտպանութեան համար իրենք իրենց գլխուն ձգուած են։ Զարգացումի վրայ եղող երկիրներէն մէկուն մէջ, Քրիստոնեայ երէց մը ըսաւ. «Եթէ օգնութիւն կանչես, գողերը կրնան վնաս հասցնել կամ սպաննել։ Դուրսէն օգնութիւն մի՛ սպասէք։ Եթէ օգնութիւն հասնի, լա՛ւ, բայց զայն մի՛ ակնկալէք կամ օգնութիւն մի՛ կանչէք, քանի որ անիկա միմիայն յաւելեալ խնդիրներ կը յարուցանէ»։
Պաշտպանութիւն եւ Աստուծոյ Խօսքը
Քրիստոնեաները թէեւ աշխարհի մէկ մասը չեն, բայց աշխարհի մէջ կ’ապրին։ (Յովհաննու 17։11, 16) Ուստի, ուրիշներու նման, իրենք ալ իրենց ապահովութեան համար կարգ մը քայլեր կ’առնեն։ Սակայն Եհովայի չծառայող շատերուն հակառակը, Աստուծոյ ծառաները քրիստոնէական սկզբունքներու մէջ կը փնտռեն իրենց պաշտպանութիւնը։
Ասոր հակառակը, Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ գողերէն պաշտպանուելու համար կախարդութեան կը դիմեն։ Կախարդ բժիշկ մը իր յաճախորդին դաստակին, կուրծքին կամ կռնակին վրայ կտրուածք մը կ’ընէ։ Ապա այդ կտրուածքին մէջ կախարդական դեղաջուր կը քսէ, կախարդական քանի մը բառեր կը մրթմրթայ, եւ այս կերպով անհատը որպէս թէ գողերու յարձակումին դէմ կը պաշտպանուի։ Ուրիշներ իրենց տան մէջ հմայեակներ կամ կախարդական ջուրեր կը դնեն, հաւատալով որ այսպիսի «ապահովութիւններ» պատճառ պիտի ըլլան որ գողերը զիրենք հանգիստ ձգեն։
Ճշմարիտ Քրիստոնեաները որեւէ տեսակի կախարդութեան հետ գործ չունին։ Աստուածաշունչը ոգեհարցութեան բոլոր ձեւերը կը դատապարտէ, եւ ասիկա տեղին է, քանի որ այսպիսի սովորութիւններ մարդիկը շփումի մէջ կը մտցնեն դեւերու՝ երկրի վրայ բուն բռնութիւնը հրահրողներուն հետ։ (Ծննդոց 6։2, 4, 11) Աստուածաշունչը բացէ ի բաց կ’ըսէ. «Գուշակութիւն մի՛ ընէք»։—Ղեւտացւոց 19։26
Կարգ մը անհատներ յուսահատած, զինուելով ապահովութիւն կը փնտռեն։ Բայց Քրիստոնեաները լուրջի կ’առնեն Յիսուսի խօսքերը, որ ըսաւ. «Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ (Մատթէոս 26։52) Աստուծոյ ծառաները «իրենց սուրերը՝ խոփեր»ու վերածած են, եւ իրենք զիրենք գողերէն, կամ յարձակումէ պաշտպանելու համար, զէնքեր չեն գներ։—Միքիայ 4։3
Բայց զինեալ պահակներու կարգադրութեան մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Թէեւ ասիկա անձնական որոշումի հարց է, բայց մի՛ մոռնաք որ այսպիսի կարգադրութիւն մը զէնքը ուրիշի մը ձեռքին մէջ կը դնէ։ Գործատէր մը ի՞նչ պիտի ակնկալէր պահակներէն, երբ գողերը յարձակէին։ Ան պիտի ակնկալէ՞ր որ եթէ հարկ ըլլար պահակները գողին վրայ կրակէին, մարդիկը եւ ստացուածքները պահպանելու համար։
Աստուած չճանչցողներուն աչքին, կրնայ յիմարութիւն թուիլ պաշտպանութեան համար կախարդութիւնը եւ զէնքերը մերժող Քրիստոնեաներուն կեցուածքը։ Սակայն, Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ. «Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ»։ (Առակաց 29։25) Թէեւ Եհովա որպէս ամբողջութիւն իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ, բայց ամէն անգամ չի միջամտեր, իր ծառաները գողերու դէմ պաշտպանելու համար։ Յոբ ուշագրաւ հաւատարմութիւն մը ունէր, բայց Աստուած թոյլ տուաւ որ ասպատակիչները կողոպտեն Յոբի արջառները, ու ծառաները սպաննեն։ (Յոբայ 1։14, 15, 17) Աստուած թոյլ տուաւ որ Պօղոս առաքեալ «աւազակներէն՝ վտանգներ»ու հանդիպի։ (Բ. Կորնթացիս 11։26) Այսուհանդերձ, Աստուած իր ծառաներուն կը սորվեցնէ որ սկզբունքներով ապրին, որ կողոպտուելու վտանգը կրնայ նուազեցնել։ Ան նաեւ գիտութեամբ կը զինէ զիրենք, որպէսզի գիտնան գողութեան պարագային այնպիսի կերպով հակազդել, որ նուազագոյն վնասի ենթարկուին։
Գողութեան Սպառնալիքը Նուազեցնել
Վաղուց՝ իմաստուն մարդը դիտել տուաւ. «Հարուստին առատութիւնը չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ»։ (Ժողովողի 5։12, ստորանիշ) Ուրիշ խօսքով, անոնք որոնք շատ ստացուածք ունին, զանոնք կորսնցնելու վախով ա՛յնքան կը մտատանջուին, որ իրենց քունը կը փախցնեն։
Ուստի, ո՛չ միայն մտատանջութիւնը, այլ նաեւ գողութեան սպառնալիքը նուազեցնելու կերպերէն մէկն է՝ թանկարժէք ստացուածքներ հաւաքելէ խուսափիլ։ Ներշնչման ներքեւ, առաքեալը գրեց. «Աշխարհին յատուկ բաներն են՝ մարմնի ցանկութիւնը, աչքին տեսածը ունենալու ցանկութիւնը եւ երկրաւոր ինչքերով հպարտանալը, որոնք Հօրմէն չեն գար, այլ՝ այս աշխարհէն»։ (Ա. Յովհաննու 2։16, Անթիլիաս) Այն ցանկութիւնները որոնք կը մղեն մարդիկը սուղ բաներ գնելու, նոյն ցանկութիւնները ուրիշները կը մղեն գողնալու։ Իսկ «երկրաւոր ինչքերով հպարտանալը» կողոպտելու հակում ունեցողներուն կրնայ հրաւէր տալ։
Աչքի զարնող բաներ չընելէ զատ, գողցուելու դէմ ուրիշ պաշտպանութիւն մըն է ձեր ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը ըլլալը յայտնել։ Եթէ ուրիշներու հանդէպ սէր ցոյց տաք, ձեր գործառնութեանց մէջ պարկեշտ ըլլաք, եւ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ գործունեայ ըլլաք, կրնաք ձեր համայնքին մէջ ուղիղ ու յարգարժան անհատ մը ըլլալու վաստակը շահիլ։ (Գաղատացիս 5։19-23) Քրիստոնէական այսպիսի համբաւ մը զէնքէն աւելի լաւ կրնայ պաշտպանել։
Երբ Զինեալ Գողեր Ներս Խուժեն
Արդ, ի՞նչ կրնաք ընել, երբ գողերը ձեր տունէն ներս խուժեն եւ անոնց հետ դէմ յանդիման գտնուիք։ Յիշեցէք որ ձեր կեանքը շա՛տ աւելի թանկագին է քան ստացուածքները։ Քրիստոս Յիսուս ըսաւ. «Չարին հակառակ մի՛ կենար, հապա եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ ծնօտիդ, դարձուր անոր միւսն ալ։ Եթէ մէկը ուզէ քեզի հետ դատ վարել ու քու շապիկդ առնել, թող տուր անոր քու վերարկուդ ալ»։—Մատթէոս 5։39, 40
Ասիկա իմաստուն խրատ մըն է։ Թէեւ Քրիստոնեաները ստիպուած չեն ոճրագործներուն տեղեկութիւն տալ իրենց արժէքաւոր իրերուն մասին, բայց գողերը սովորաբար վայրագ կը դառնան երբ ընդդիմութիւն, համագործակցութեան պակաս տեսնեն, կամ խաբուած զգան։ Անոնցմէ շատեր, «անառակ» ըլլալով, շատ դիւրութեամբ կատաղի, կամ անողորմ կրնան դառնալ։—Եփեսացիս 4։19
Սամուէլ յարկաբաժիններէ բաղկացած շէնքի մը մէջ կ’ապրի։ Գողերը շրջափակեցին շէնքը եւ յարկաբաժինէ յարկաբաժին անցան՝ կողոպտելու համար։ Սամուէլ զէնքի, դռները ուժգնութեամբ գոցուելու, պոռչտուքի, լացի ու ողբի ձայներ լսեց։ Անկարելի էր փախչիլ։ Ան իր կնոջ ու երեք տղոց ըսաւ որ գետինը ծունկի գան, իրենց ձեռքերը բարձրացնեն, աչքերնին գոցեն եւ սպասեն։ Երբ գողերը ներս խուժեցին, Սամուէլ աչքերը վար առած անոնց հետ խօսեցաւ, գիտնալով որ եթէ անոնց երեսին նայէր, անոնք կրնային խորհիլ որ հետագային պիտի ճանչնար զիրենք։ Ան ըսաւ. «Մտէք, ի՛նչ որ կ’ուզէք՝ առէք։ Ազատ էք ձեր ուզածը առնելու։ Մենք Եհովայի Վկայներ ենք եւ ձեզի պիտի չդիմադրենք»։ Ասիկա զարմանքի բերաւ գողերը։ Յաջորդ գրեթէ մէկ ժամուան ընթացքին, 12 զինեալներ ներս մտան։ Թէեւ անոնք գոհարեղէններ, դրամ եւ ելեկտրական սարքեր գողցան, բայց ընտանիքի անդամները ոչ ծեծուեցան եւ ոչ ալ դաշոյնի հարուածներ ստացան, ինչպէս եղած էր պարագան շէնքին մէջ ուրիշներուն։ Սամուէլի ընտանիքը Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեց, իրենց կեանքին պահպանման համար։
Ասիկա ցոյց կու տայ որ երբ հարցը դրամի եւ նիւթական բաներու գայ, գողութեան զոհ գացողները, եթէ չդիմադրեն՝ կրնան վնասուելու հաւանականութիւնը նուազեցնել։a
Երբեմն, Քրիստոնեայ մը վկայութիւն տալով՝ վնասուելէ կը պաշտպանուի։ Երբ գողերը Այտէի տունը խուժեցին, ան ըսաւ անոնց. «Գիտեմ որ դժուար պայմաններու մէջ էք եւ անոր համար այս գործով կը զբաղիք։ Որպէս Եհովայի Վկաներ, մենք կը հաւատանք որ պիտի գայ օր մը, երբ ամէն մարդ բաւարար ուտելիք պիտի ունենայ իրեն եւ իր ընտանիքն համար։ Ամէն մէկը խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ պիտի ապրի Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ»։ Ասիկա աստիճանաբար մեղմացուց գողերու յարձակումը։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Կը ներես որ քու տունդ եկանք, բայց պէտք է հասկնաս որ անօթի ենք»։ Անոնք թէեւ Այտէյին ունեցածը առին, բայց իրեն կամ իր ընտանիքին չդպան։
Հանդարտ Մնալ
Դիւրին չէ հանդարտ մնալ վտանգաւոր կացութեան մը դիմաց, մանաւանդ երբ գողերուն գլխաւոր նպատակն է իրենց զոհերը ահ ու սարսափի մատնել, որպէսզի իրենց ըսածին ենթարկուին։ Աղօթքը կ’օգնէ այսպիսի պարագայի։ Օգնութեան համար մեր լռելեայն ու կարճ աղաղակը Եհովան կը լսէ։ Աստուածաշունչը հետեւեալ հաւաստիքը կու տայ. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին»։ (Սաղմոս 34։15) Եհովա կը լսէ եւ պէտք եղած իմաստութիւնը կու տայ մեզի, որպէսզի որեւէ պարագայի հետ հանդարտօրէն վարուինք։—Յակոբու 1։5
Աղօթքէն զատ, հանդարտ ըլլալու նպաստող ուրիշ ազդակ մըն է նախապէս որոշել թէ ի՛նչ պիտի ընէք եւ ի՛նչ պիտի չընէք՝ եթէ կողոպտուիք։ Անշուշտ, կարելի չէ առաջուընէ գիտնալ թէ ի՛նչ վիճակի մէջ պիտի գտնուիք։ Այսուհանդերձ լաւ է կարգ մը սկզբունքներ ի մտի ունենալ, ճիշդ ինչպէս որ իմաստութիւն է գիտնալ թէ ապահովութեան ի՛նչ քայլեր պէտք է առնէք, երբ շէնքի մը մէջ էք որ կրակ կ’առնէ։ Նախապէս մտածելը ձեզի կ’օգնէ որ հանդարտ մնաք, խուճապի չմատնուիք եւ առանց վիրաւորուելու դուրս գաք խնդիրէն։
Գողութեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը որոշ է. «Ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ. անիրաւութիւնն ու յափշտակութիւնը կ’ատեմ»։ (Եսայեայ 61։8) Եհովա իր Եզեկիէլ մարգարէն ներշնչեց որպէսզի գողութիւնը լուրջ մեղքերու շարքին դասէ։ (Եզեկիէլ 18։18) Սակայն, Աստուածաշունչի նոյն գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ թէ Աստուած ողորմածօրէն պիտի ներէ այն մարդոց, որոնք կը զղջան եւ իրենց գողցածը կը վերադարձնեն։—Եզեկիէլ 33։14-16
Հակառակ անոր որ ոճիրով լեցուն աշխարհի մը մէջ կ’ապրին, Քրիստոնեաները կ’ուրախանան Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ ապրելու յոյսով, երբ ա՛լ գողութիւն պիտի չըլլայ։ Այդ ժամանակուան մասին Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «[Աստուծոյ ժողովուրդը] իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ. վասն զի զօրքերուն Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։—Միքիայ 4։4
[Ստորանիշ]
a Անշուշտ, համագործակցութիւնն ալ իր սահմանը ունի։ Եհովայի ծառաները որեւէ կերպով չեն համակերպիր, երբ Աստուծոյ օրէնքը կ’ոտնակոխուի։ Օրինակ, Քրիստոնեայ մը իր կամքով բռնաբարումի չ’ենթարկուիր։