Կրնա՛ք գիտնալ ապագան
Շատեր լրջօրէն կը մտածեն ապագայի մասին։ Անոնք կը սիրեն ծրագրել, իմաստուն կերպով ներդրում կատարել ու ապահով զգալ։ Բայց ապագայի նկատմամբ ապահով զգալու որեւէ կերպ կա՞յ։
ԱՍԻԿԱ գտնելու ջանքով, մարդիկ ամէն բան փորձած են։ Ապագայաբաններ կոչուած ընկերային գիտնականներ ընթացիկ հոսանքը կը վերլուծեն եւ անոնց վրայ հիմնուելով իրենց նախատեսութիւնները կ’ընեն։ Տնտեսագէտներ իրենց մարզին մէջ նոյնը կ’ընեն։ Աստղագուշակներ եւ գուշակներ աղթարքի, բիւրեղագունդի ու կախարդութեան կը դիմեն եւ մեծ թիւով հետեւորդներ ունին։ Օրինակ, Ֆրանսացի աստղագուշակ Նոստրատամուս կը շարունակէ ժողովրդական մնալ, թէեւ անոր մահուան վրայէն դարեր անցած են։
Այս բոլոր այդպէս կոչուած մարգարէները փաստօրէն անվստահելի եղած ու մարդիկը յուսախաբ ըրած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք կ’անտեսեն Եհովա Աստուած ու իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը։ Անոր համար անոնք չեն կրնար պատասխանել այսպիսի հիմնական հարցումներու. ‘Ինչո՞ւ կրնամ վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչին մէջ նախագուշակուած բաները պիտի պատահին։ Մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մէջ անոնք ի՞նչ տեղ կը գրաւեն։ Ընտանիքս ու ես ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ այդ մարգարէութիւններէն’։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ այս հարցումներուն։
Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ուրիշ շա՛տ կերպերով ալ գերադաս է։ Աստղագուշական նախատեսութիւններու հակառակը, անիկա անձնական ազատ ընտրութիւն կը թոյլատրէ։ Ուստի, ոեւէ մէկը ճակատագրի զոհ չ’երթար։ (Բ. Օրինաց 30։19) Նոստրատամուսի գրութիւններուն նման գրութիւններ բարոյականէ զուրկ են եւ անոնք այս պարապութիւնը կը լեցնեն առեղծուածով եւ զգայացնցութեամբ։ Բայց Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը բարոյական հաստատ հիմ մը ունի։ Անիկա կը բացատրէ թէ Աստուած ինչո՛ւ պիտի ընէ ինչ որ նպատակադրած է ընել։ (Բ. Մնացորդաց 36։15) Իսկ Եհովայի մարգարէութիւնները բնաւ չեն ձախողիր, քանի որ ան կոչուած է՝ «անսուտն Աստուած»։ (Տիտոս 1։2) Անոր համար, Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուող անհատներ լուսաւորուած, նպատակալից եւ ուրախ կեանք մը ունին, եւ իրենց թանկագին ժամանակն ու հասոյթը սին հետապնդումներով չեն մսխեր։—Սաղմոս 25։12, 13
Այս եւ շատ մը ուրիշ կէտերու մասին խօսուեցաւ համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցած Եհովայի Վկաներու 1999/2000–ի «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» Նահանգային Համաժողովներուն։ Դասախօսութիւններ, հարցազրոյցներ, ցուցադրութիւններ ու սուրբ գրային թատերախաղ մը ունկնդիրներուն ուշադրութեան յանձնեցին այն հոգեւոր հոյակապ ժառանգութիւնը, զոր կը վայելեն Աստուծոյ մարգարէական խօսքը ուսումնասիրողներն ու կիրարկողները։ Յաջորդ յօդուածը համաժողովի կարգ մը ուշագրաւ կէտերը վերաքաղ պիտի ընէ։